Արիւնաքամ՝
Քեզի՜ կու գամ,
Մանիշակներ շրթներուս,
Կապոյտ լոյսեր աչքերուս,
Մատուըներուդ այդ անյատակ
Գութին տակ
Ծունկի գալու
Եւ լալու…
Տըժգոյն, կարկամ՝
Աղօթք հըծծող հոգիով,
- Թէեւ գինո՜վ -
Մատուըներուդ գորովանքին
Ու կեանքին
Հաւատալու
Կը կարեկցի՞ս…
Դի՛ր տաք ճակտիս
Այդ մատուըներըդ ներող.
Ու թո՛ղ, ու թո՛ղ,
Քո՜յր աղօթող,
Աւետարանդ այս անգին
Տանիմ Կեանքին,
Ու Նո՜ր Մարդ ըլլամ.
Տես, կու լամ… ։
Don't have an account? Register