Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼՈՒՍՆԿԱՅ ԳԻՇԵՐ

Ահ, հաճո՜յխն ըլլալուն՝

Այս յըստակ

Լուսնին տակ…

Ահ, հեշտա՜նքը լալուն՝

Մինչ քու մութ

Աչքերուդ

Կը սպասեմ ինձ գալուն…

 

Հոգիիս կը թափին

Կարծես թէ

Արծաթէ

Մըրմունջներն երկընքին՝

Մինչ հոս լուռ

Ու տըխուր

Կը սպասեմ քու դարձին…

 

Ալ եկո՜ւր, ալ եկո՜ւր

Այս յըստակ

Լուսնին տակ…

Ալ եկո՜ւր, ալ եկո՜ւր

Որ այդ մութ

Աչքերուդ

Աղօթե՜մ - ալ եկո՜ւր… ։