Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՕՏ

Կ՚ուզեմ երթա՜լ ես նորէն

Հին օրերու Աղբիւրին.

Ահ, ո՜րքան քաղցր էր, դիւրին,

Ըմպել այդ ջուրը լըռին,

Ծունկի վրայ, յամրօրեն…

 

Կ՚ուզեմ ըլլայ ես նորէն

Այդ   Աղբիւրէն, ահ, գինո՜վ,

Կ՚ուզեմ բանալ, քովէ քով,

Հիւանդ ձեռքերս, ժամերո՜վ

Ըմպելու ցուրտ այդ ջուրէն…

Երթա՜մ Աղբիւր նորէն…