Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲՌՆԿՈՂ ԻՐԻԿՆԱՄՈՒՏ

Կեանքի յոյզերն հոգիս նորէն կը փոթորկեն…

Նորէն վսեմ գինո՛վն եմ ես այս իրիկուն…

Ամբողջ օրը,

Հոգիս անո՛յշ տառապանքի մը շըրթներով,

Վարդենիի մը լըռութիւնն է լոկ խըմեր…

Ամբո՛ղջ օրը, ամբո՛ղջ օրը,

Ես երազեր եմ, արեւուն տակ ծնրադրած,

Վաղուան արիւնս, Արշալոյսին պէս գեղեցիկ,

Զոր ինձ համար՝ ճառագայթները անհունին

Սա օրհնուած ցորեններուն մէջ լուռ կ՚երկնեն…

 

Ահա նորէ՛ն, ահա նորէ՛ն

Յորդո՜ւմն Յոյսին արքայական աղբիւրներուն՝

Որոնք կ՚անցնին, մայրմաուտի սա մեծ ժամուն,

Իմ հոգիիս՝ ծաղի՛կ բացող անդունդներէն…

Ի՜նչ յուզումով, դղըրդող ի՜նչ սարսուռներով

Կ՚անշարժանամ՝ մայրամուտի սա մեծ ժամուն,

Ունկնդրելու կեանքի այս մութ փոթորիկին՝

Որ անծանօթ երկինքներէ կ՚իջնէ յանկարծ

Իմ քընացող արիւնս այսպէս ալեկոծել…

Օ բիւ՛ր կայծեր կ՚ելլեն մտածումս հրդեհելու…

Ու կամքըս որ այս հրդեհէն կը բըռնկի

Նո՛ր կատարներ կը նուաճէ յանկարծօրէն՝

Դէպի Անտառը երազուած…

 

Ու ահ, խռո՜վքը ալ վայրի իմ հոգիիս,

Երբ ան կ՚ապրի՝ մայրամուտի սա մեծ ժամուն,

Այսպէս գինով ու խելայեղ՝

Քերթուածն Հոգին ու Աստուծոյ…

Ու ահ, սարսո՜ւռն երակներուս, մինչ կը շտապեմ,

Մայրամուտի սա մեծ ժամուն,

Այս մահամերձ երկընքին դէմ՝

Վաղուան բոսոր Արեգակին երազանքէն

Շքեղօրէն խենդենալու… ։