Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԷՐՍ ՈՒ ՀՈԳԻՍ

Իմ սէրըս նման է

Ովկիանի մը անհուն՝

Ուր հոգիս, օրն ի բուն,

Մարգարի՜տ կը հանէ...

 

Իմ հոգիս նման է

Երկընքի մը անհուն՝

Ուր իմ սէրս, օրն ի բուն,

Բոյլ ա՜ստղ կը ցանէ... ։

ՄԻԱՅՆ ՔԵ՛Զ...

Կէս գիշերի երկընքէն՝

Լըռութիւնով մը ամբաւ՝

Աստղե՛րն անգամ քե՜զ կ՚երգեն...

 

Ու մենաւոր թուփերէն՝

Լըռութիւնով մը ամբաւ՝

Վարդերը քե՜զ կը բուրեն...

 

Ու մինչ կ՚երթամ հովին դէմ՝

Լըռութիւնով մը անբաւ՝

Ես միայն քե՜զ կ՚աղօթեմ... ։

ԳԻՇԵՐՆԵՐ ԿԱՆ...

Գիշերներ կան ա՛յնպէս լոյս որ՝ կարծես թէ

Երկինքն ի վար կը կաթէ

Արծաթէ

Երգը հին

Այն անծանօթ աշխարհին,

Ուր կ՚ըսեն թէ աստուածները կը խորհին...

 

Գիշերներ կան այնպէ՜ս մութ որ՝ կարծես թէ

Ծառերն ի վար կը կաթէ

Արծաթէ

Երգը հին

Այս գեղեցիկ աշխարհին,

Ուր հոգիներ հոգիներու կը փարին... ։

ԱԼ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՄ

Ալ պէտք չունի՛մ ես երկընքի բաղձալու.

Ինչու որ քու այս աչքերուդ մէջ աղու

Ահա՜, ահա՜

Ինձ կ՚երեւայ

Իմ երազած երկինքներուս կապոյտը ծով,

Բի՛ւր աստղերով...

 

Ալ պէտք չունի՛մ հարցընելու ես հովերուն

Թէ ո՜ր ճամբան է որ կ՚երթայ դէպի անհուն.

Ահա՜, ահա՜

Ինձ կ՚երեւայ

Անհունասոյզ այդ մեծ ճամբան արփաւէտ

Որ կը սկսի հոգիէդ... ։

ԾՈՎՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

Հոգիս այսօր մութ-կապո՜յտ է ծովուն պէս,

Եկուր լըռել իր ամայի ափունքին...

Հոգիս այսօր ե՜րգ ունի ճի՛շտ ծովուն պէս,

Եկուր լըսել՝ մինչեւ աչքերըդ թըրջին...

 

Գիշեր է, մե՜ծ լուսընկայով արծաթէ,

Բայց լոյսն այս ցուրտ, օ՜, չեմ կրնար սիրել ես.

Իմ լուսընկան դո՛ւն ես, ամպէ մը ծաթէ՛,

Եղիր Աստոա՜ծն իմ երկընքին տրտմերես...

 

Հոգիս այսօր խենթեցե՜ր է ծովուն պէս...

ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ

Ահ, կ՚երգե՜ն շիւղերէն...

Նոր ծաղկող գարունին

Ամբողջ հե՛ւքը ունին.

Կեանքն այնպէ՜ս կը սիրեն...

 

Ու կ՚երգե՜ն, ու կ՚երգե՜ն,

Ճառագայթ կոցելով...

Ահ, այնպէ՜ս են գինով

Արեւէն ու կեանքէն...

 

Սենեակէս, երկիւղած,

Կ՚ունկնդրեմ այս երգին.

Ու հոգիս, անձկագին,

Աղօթե՛լ կ՚ուզէ ցած... ։

ԱՇՈՒՆ ԳԻՇԵՐ

Լուսընկայ գիշերուան

Թափառողն եմմ լըռին.

Ծեր վարդեր կը դողա՜ն

Որ ցուրտէն չսառին...

 

Լուսնի լո՜յս ամէն դի,

Նոյնիսկ ի՜մ աչքերուս.

Բայց ինչո՞ւ կը կաթի

Սա արցունքն այտերուս...

 

Լուսընկայ գիշերուան

Թափառողն եմ լըռին.

Երազներս կը դողա՜ն

Որ լուսնէն չսառին... ։

ԱՆՄԱՏՈՅՑ ՍԷՐ

Ինչո՞ւ այդքան դեռ հեռու ես՝

Երկընքին պէս՝

Իմ հոգիէս...

 

Կ՚երդնո՛ւմ, ո՜վ Սէր,

Թէ չե՜մ ուզեր

Աստղերդ խռով

Բըռնել դեղի՛ն այս մատներով...

 

Մի՛, մի՛ փախչիր ինձմէ հեռու,

Հոգիս քոյր է կարապներո՜ւ,

Կոյսերուն դէմ՝

Ես կ՚աղօթե՜մ...

 

Սէ՜ր, ժլա՜տ Սէ՜ր,

Շի՛թ մը արցունքդ ինձ կը բաւէր...

Ես երազեր եմ ա՛յդ միայն...

Արցո՛ւնքըդ ջինջ՝ քնարիս վրան...

 

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ դեռ հեռու ես՝

Երկընքին պէս՝

Իմ հոգիէս... ։

ԵՐԿԻՒՂ

Սա ծեր լուսընկան,

Տե՛ս, դեռ չէ՜ գըտեր

Ոչ մէկ սիրական,

Ու կու լա՛յ անտէր...

 

Տե՛ս դեռ չէ՜ գըտեր

Սա հովը վայրի

Իրեն ոչ մէկ սէր.

Դեռ կը թափառի...

 

Հովն ու լուսընկան

Նախա՜նձ են, գիտե՞ս.

Փախչի՛նք, սիրական,

Եւ ըլլանք անտես... ։

ԼՈՒՌ ՑԱՒ

Գունատ իր դէմքէն

Արցունք մը կ՚իյնայ

Ցուրտ ձեռքիս վըրայ...

 

Լըռութի՜ւնն այդ մութ...

Աչքերն իր ունին

Թախի՛ծն անհունին...

 

«Ինչո՞ւ, քոյր, ինչո՞ւ... »

Արցո՛ւնք մ՚ալ կ՚իյնայ

Ցուրտ ձեռքիս վրայ...

 

«Անդո՞ւնդը տեսար... »

Աչքերն իր ունին

Գիշե՛րն անհունին...

 

«Քեզ կը սիրե՜մ, քոյր... »

Հիւանդ կուրծքիս վրայ

Լուռ կը հեկեկայ...

 

Տէ՛ր, մեզի գըթա՜... ։

ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԻ ԵՐԳ

Ահա լուսընկայ

Գիշերով եկայ

Քեզի՜, իմ աղուոր...

 

Ծառերն հեռաւոր

Գիտե՞ս կու լային

Մահերգ մ՚երկնային...

 

Բայց դեռ կը հոսեր

Մարգըրտի պես սեր՝

Մութ ջուրերն   ի վար...

 

Ու ես՝ հողմավար՝

Համբոյրիդ եկայ

Ճամբէն լուսընկայ...

 

Թեւերըդ վըզիս՝

Աստղերու՜ն տար զիս,

Իմ աղուո՛ր, աղուո՛ր...

 

Ծառերն հեռաւոր

Գիտե՞ս կու լային

Մահերգ մ՚երկնային...

ԿԸ ՍԻՐԵՄ...

Կը սիրեմ իրեն

Գիշե՜ր նայուածքին

Տաղերը մեկին...

 

Կը սիրեմ իրեն

Անդու՜նդ   մազերուն

Նուագն օրօրուն...

 

Կը սիրեմ իրեն

Ծոծրակը ձիւնէ

Որ երա՜զ մըն է...

 

Ու շա՜տ կը սիրեմ

Իրիկնամուտին՝

Համբոյր մ՚իր ճակտին...

 

Բայց ամենէն շատ

Կը սիրեմ իրեն

Արցու՜նքն հոգիէն... ։

ԲԱՂՆԻՔԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅ...

Մազերն իր նըրբին

-Ջրվե՜ժ տարօրեն-

Ծով ծով կը թափին

Երկու ուսերէն...

 

Բաղնիքէն կու գայ.

Բոյրերն օճառին

Ծոծրակին վըրայ

Դեռ կը թափառին...

 

Ու դեռ մատներէ

Շիթեր կը շողան.

Հոգի՜ կը բուրէ

Մարմինն իր շուշան...

 

Ու Մինչ կ՚երկարէ

Համբոյր մը վըճիտ՝

Կ՚ըսես նըկա՜ր է

Սուրբի մը վըտիտ...

ԿՈՅՍԻ ՀՈԳԻ

Այս ո՜րքան վարդ նորէն այսօր

Աչքերուդ մէջ, իմ աղուո՜ր...

-Քե՜զ եմ բերեր, մըռա՜յլ տըղայ,

Եկուր անոնց մեջ լողա՜...

 

Այս ո՜րքան աստղ, այս իրիկուն,

Աչքերուդ մէջ, իմ անհու՛ն...

-Քե՜զ եմ բերեր, մըռա՛յլ տըղա՜յ,

Սիրտըս սերէն կը դողա՜յ...

 

Այս ո՜րքան վիհ սակայն հիմա

Աչքերուդ մէջ կ՚երեւայ...

-Գիշերն ի՛մն է, անսի՛րտ տըղայ,

Աստղերուս տակ դուն խաղա՜... ։

ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիսամութին մեջ հոգիիդ

Պիտի իջնեմ այս իրիկուն,

Քանի մը վարդ աղուափըթիթ

Պիտի գողնամ ու տանիմ տուն։

 

Պիտի արդեօք վըշտանա՞ս դուն...

 

Գարո՜ւն է, քոյր, ամէն տունի...

 

Իմ տունըս, տե՜ս, ծի՜լ մը չունի... ։

ՍԱ ՄՈՒԹ ԱՉՔԵՐՈՒԴ

Հոգիիս պէս մութ

Սա մութ աչքերուդ

Կ՚ուզէի ըլլայ

Խորհո՜ւրդը մըռայյլ...

 

Կ՚ուզէի կաթիլ

Կաթիլ առ կաթիլ

Անհունին պէս մութ

Սա մութ աչքերուդ... ։

ՀՈՎԸ ՔԻՉ-ՔԻՉ

Հովը քիչ-քիչ կ՚անհունի,

Հիւա՜նդ եւ ծովը արդէն...

Կարծես թէ բի՛ւր վէրք ունի

Որոնք շարա՜ւ կը ծորեն...

 

Սէրըս քիչ-քիչ կ՚անհունի,

Հիւա՜նդ է սիրտըս արդէն...

Հազար-հազա՛ր վէրք ունի

Որոնք արե՛ւ կը ծորեն... ։

ԱՐԵՒՈՏ ՐՈՊԷ

Գանգուրներն այս հովին,

Մետաքսներն այս ծովին

Կ՚ընեն զիս իրենցմով

Կէ՛ս գինով...

 

Ծո՜վ սէրն իմ աղուորին,

Փոթորիկն իր սըրտին

Կ՚ընեն զիս իրենցմով

Ճի՛շտ գինով... ։

ՑԱՅԳԵՐԳ

Տրտմութիւնն աչքերուդ

Շըրթներու՜ս բեր նորէն,

Անոնք շա՜տ կը սիրեն

-Գիշերն է երբ որ մութ -

Տրտմութիւնն աչքերուն...

 

Տրտմութիւնն աչքերուդ

Դի՛ր ուսիս ու նիրհէ.

Հոգիս շա՜տ կը սիրէ

- Գիշերն է երբ որ մութ -

Տրտմութիւնն աչքերուդ... ։

ՀԱՄԲՈՅՐ

Հազի՛ւ շըրթներս իր շըրթներուն էին հըպած՝

Այս առաւօտ՝

Երբ զգացի ու կ՚երգէին հազա՜ր աստուած

Հոգիիս մօտ...

 

Հոգիիս մօտ՝ երբ ալ համբոյրն էր աւարտէր՝

Զգացի որ

Կը հըծծէին ցաւէն դեղնած ուրուականներ

Բա՜ռ մը պըղտոր... ։

ՄԵՂԵԴԻ

Նայուածքն ունէր

Մութ կարօտնե՜ր

Այս առաւօտ...

 

Ու երբ գացինք

Ժայռերուն մօտ՝

Այնպէ՜ս թախծոտ

Էր նորէն ինք...

 

Ժայռերուն մօտ

Երազեցինք,

Ինչո՞ւ թախծոտ

Էր նորէն ինք...

 

Շրթունքն ունէր

Մութ սարսուռնե՜ր

Այս առաւօտ...

 

Ու երբ գացինք

Ծովերուն մօտ՝

Այնպէ՜ս թախծոտ

Էր նորէն ինք...

 

Ծովերուն մօտ

Ծնրադրեցինք.

Ինչո՞ւ թախծոտ

Էր նորէն ինք...

***

Հոգին ունէր

Փոթորկումնե՜ր

Այս առաւօտ...

 

Ու երբ գացինք

Անհունին մօտ՝

Այնպէ՜ս թախծոտ

Էր նորէն ինք...

 

Անհունին մօտ

Աղօթեցինք.

Թախծո՜տ, թախծո՜տ

Էր նորէն ինք... ։