Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺՊԻՏ ԷՐ ՈՒ ԼԱՑ

Փարոսի լոյս մը կ ’անցնէր ծովն ի վար մթասոյզ սրահին։

 

Ետեւէն կու գար, կ’անցնէր շուք մը սեւ՝ կորուստի պէս հին։

Մոլորած աջղիկ մը հայ ու ցեղն իր ուրացող մ’էր ան։

Բայց, ամէն մէկ անցնելուն, լոյսն իր ծով հոգիս կը բանար.

Յուշերըս ի յայտ կու գային կորսուած նաւերու նըման։

 

Պարեցինք, մէկտեղ գացինք հայրենի ափերը հանդարտ։

Հողմավար կռունկներ էին մեր վըրայ՝ սրինգներն աղեկէզ։

Սոխակի ձայնով կ’երգէր, կը թռչէր ջութակն արտէ արտ։

 

Շըքեղ ու համարձակ էր, Փարիզի աղջիկներուն պէս.

Ու սիրտըս կ’ուռէր խանդովն յարութեան այդ պերճ ու հպարտ։

Թաւալող գունտ մը լոյսի կ’երկարէր մեզ ճիւղեր ծաղկած։

Բայց շուք մը կու գար կ’անցնէր…

Փոխն ի փոխ ժըպիտ էր ու լաց։