Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՇԷՆ ՓԱՐԻԶ

Տախտակամածը խարոյկ մըն է ճարճատող։

Իր բոցերն են կիները մերկ, որ կը պարեն։

Հեռուն ծառեր կը տապալին թմբուկին ծանր տապարէն։

Սըրահն ի վար՝ ոտքերուն ձայնն է արածող հօտերու։

 

Քլարինէթին ճիչը՝ շէկ, կանաչ բադ՝

Կը սուզուի հայելիէ հայելի,

Կ’աղաղակէ դաշնակին ջրվէժին տակ։

 

Պարասրահը եռուն կաթսայ մ’է մատաղի։

Ջութակները կ’արիւնին։

Թաւջութակին մէջ՝ ոսկի, արտերն անհուն կ’ալեկոծին։

 

Մըժեղներէն խայթուածի պէս, Մուշեղ ընկերս կը դողդղայ։

Մըշոյ դաշտի ուղտափուշեր ոտքերուն տակ կը փշրէ։

Ու բիւրաւոր լուսէ նոր-նոր մըժեղներ կ’ելլեն ամէն մէկ փըշուրէ։

Կը դառնայ աջ, կը դառնայ ձախ, կու տայ բարեւ։

Յուզում մը կայ դէմքին վըրայ իր քրտնաթոր ու ծաղկաւեր։

Ոտքերն իր մեծ տառապանքին, գաղթականի շղթաները կը կոտրեն։

Եւ ան եղբայր կը զգայ իրեն՝ գըլուխները, որ կ’առկայծին։

 

Առաստաղին եզրերէն վար մեղրի պէս լոյս է արեւի։

Սասնոյ սարերն են որ հեռուն կը շողան։

Ու մեծ Սուրբին ձիու պոչին պէս՝ յորդառատ՝

Լուսարձակ մը ահա ճերմակ, կը ծփայ, երազային մութին մէջ։

Մուշեղ ընկերս կը ցնցուի։ Ու յուռութներ, հըմայիկներ կը փայլին։

Իր խանդավառ աչքերն անյագ՝ կը նային

Սարսըռացող ըստինքներուն, զիստերուն։

Սմոքինկին տակէն ունի ան գոյնզգոյն տըպածոներ։

Եւ իր ամէն մէկ քայլին՝ կը ծածանէ նարօտներ։

Մեծ հունարներ ան կը թափէ։

 

Աքսոր չըլլար, ջարդ չըլլար ու չըլլար գաղթ,

Մուշեղ բոպիկ ոտքերուն տակ կ’ունենար լար մը կանեփէ,

Ու սուրերուն վըրայ՝ անվախ՝ կը կաքաւէր մարմինն իր յաղթ։

Բայց չար ոգի մ’այլակերպած է ամէն բան։

 

Դեւե՞րն են, թէ՞ հրեշտակները, որ լարախաղացը կ’առաջնորդեն։

Մուշեղ կըրնա՞յ հաշտեցընել Սուրբին հետ կինը դէմի,

Որ գոյնն ունի կանեփի։

Ո՞վ է որ հոս պիտի շահի այս լռելեայն մենամարտէն։

Մուշեղ սակայն կը ժպտի։

Կ’երթայ, կու գայ լուսէ լարի մը վըրայ.

Ոստոստելով կ’օրօրուի, կշռաձողի պէս՝ կուրծքին

Սեղմելով կինը ճըկուն, որ կը ճօճուի իրեն հետ։

Մուշեղ, անփոյթ՝ իր անկման, հըպարտ ահա, խանդավառ՝

Եւ ներշնչման կատարեալ կշռոյթի մէջ՝

Կը կաքաւէ սուրերու վիհին վրայ այս կախարդ։