Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՏԵՂԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ


Կը հոսի գետը հըզօր՝ փոշեթաթախ ծառերուն։

Կը թաւալի մեր ետին,

Կը պոռթկայ վեր՝ ծառուղին ահեղավազ, փրփըրուն,

Ճեղքելով մութը ցրտին։

Կը դըղըրդայ հողը յորդ՝ փըլուզումով մը, հեռուն։

Ահաբեկած կ’անհետին

Հսկայ շուքեր, կը կախուին, կ’իյնան ճըչան ճիւղերէն։

Կ’երթան խորերը անյայտ՝

Դամբանաբոյր անտառին։ Աստղ մը: Երկու։ Օ՜ երէն՝

Ալեկոծման մէջէն այդ։

Իր աչքերը զմրուխտէ՝ թաւիշի փայլ կը սփռեն։

Որոգայթէ որոգայթ՝

Մեր փարոսներն հըրահոս։ Կը փըչէ շունչ մը վայրագ

Մեքենան վառ ու արու՝

Ինքնաշարժին խոյացող, որ իր վազքին մէջ կըրակ՝

Հեւք մը կ’ըլլայ գամբռերու։

Տերվիշներու պէս դարձող կու գան ծառեր շարունակ,

Հետեւելով իրարու։

Մղձաւանջի թեւերով կ’անցնին ծառեր, որ մեր շուրջ

Սեւ տեսիլներ կը փսխեն։

Մահապարտի գըլուխներ ու արձաններ, դիեր մունջ՝

Յորձանքը մեր լուսեղէն

Կը թափթըփէ, կը նետէ երկու կողքին…

Ի՜նչ մրմունջ.

Ճամբան իր խոր երախէն

Կը հանէ ճիչ մը յուզիչ, ձայն մը ժայթքող արիւնի։

Ի՜նչ քայքայում… բայց բարի

Ի՜նչ յարութիւն նոյն ատեն։ Հոգիս քիչ-քիչ կ’ընդլայնի։

Հոգիիս մէջ կը սպառի

Ամբողջ աշխարհ մ’անցեալի։ Հոգիս կ’ուռի կուրծքիս տակ,

Արագութեամբ մ’ամեհի,

Կալվանումով մը կ’օծուի, մինչ խաւարէն անյատակ,

Անըսպառ դուրս կը սահի՝

Ճամբան փիւնիկ՝ մեր առջեւ, կեանքի բացուող լայն վանդակ։

Նոր է, նոր, նոր որ անհիմ

Այս հողերէն, թօթուելով մեր կեղծիքները բոլոր,

Այս քաոսէն կը ծընիմ։

Շղթաներու կոյտ մ’արդէն կը փշրըւի, երբ մոլոր

Ճամբորդին պէս, կապերն իմ

Կտրած կ’երթամ։ Կը հնչեն ադամանդներ մինչ վըրաս,

Ծառերն ի վար ուրուային,

Ու խաւարին մէջ, ուր լայն վարագոյրներ խօլավազ

Մեր լոյսին տակ կը բացուին,

Կառքին քամին կը պատռէ պաղ պատանքներ։ Սեւ երազ

Մը նոյն ատեն կը քաշեն,

Սեւ, նեխոտած ցեխեր՝ խոնջ ուսիս վրայէն, գլխէս վար։

Աչքերըս փայլ կ’առնեն շէն։

Սարսըռալով կու տան խոյս՝

Յուշերըս խուլ, տխրահունչ, յօշոտուելով ծառէ ծառ,

Շուքերու հետ խելասոյզ,

Որ կը փախչին՝ հըրելով փերիներու պէս իրար։

Գինի ու կրակ կը ժայթքին

Անիւներէն։ Կը յորդի հրթիռաթիռ ձիւթերէն՝

Մեծ երգն ուժին ու կեանքին,

Նըւագն հողին բազմալար, ալեկոծուող, քաղցրօրէն

Թրթըռացող գիծերուն։

Ձըգողական նոր, խոտոր օրէնքն է, որ երկրաչափ

Մը մեր առջեւ կը պարզէ։

Անհունութիւնն է կարծէք, որ խոյանքով մ’համաչափ

Կը կտրէ կառքը, որուն

Շուրջ ռիթմ է, պար փըլուզում, տարրալուծում ու խուճապ։

Ալիքներովն իր վարսէ

Ճամբան տռփոտ կը գրկէ կարապ մը վէս, կ’ըմպէ տաք

Հովը անոր թեւերուն։

Պըտուտակները սահուն

Կ’ելեւէջեն սփռելով սեռային դող եւ հեշտանք։

Մոգական գորգ՝ դէպի նոր գանձերն ու նոր ապագան

Մեր կառքն արդէն կը սուրայ,

Երազի պէս, գիւղերուն կաղկանձելով, մինչ կ’ոռնան

Շուներն, ահա, մեր վըրայ,

Ու Յիսուսներ կ’իջնեն վար իրենց մամռոտ, ծուռ խաչէն,

Աւերակէ աւերակ

Մեռելները մինչ կ’ողբան, կ’առաջանանք մենք մինչ է՛ն

Վըտանգաւոր եւ արագ

Զառիթափէն, ուր այնքան քաջ ասպետներ, իշխաններ

Ասուպներու պէս ինկան,

Ուր չոր հացի մուրացկան՝ ճգնաւորներ անձնըւէր

Կ’ապաշխարեն, կը խոկան

Ու լիճերէն դարաւոր, դողդըղալէն կ’ելլեն վեր։

Կը փայլակէ յաղթական

Լոյսէ մանգաղ մը, որուն շառաչին մէջ կը լըսեմ

Խոտերու ձայն մը անկման

Ու խըշըրտուք մը խժալուր, ձայնն առիւծի մը վըզէն

Յորդող բաշին ոսկեշող,

Շընաձուկի մը սուզման, խոյացման ձայնը վըսեմ,

Ու ճիչ մը մերթ, ձողէ ձող,

Լաց մը խեղճուկ թռչունի, որ կը խեղդեն քունին մէջ,

Կանչ, մ’աղաղակ մը հեծող

Թութակներու եւ փախուստ մը յանկարծ ծոյլ, սընամէջ

Ջայլամներու, մերթ մըռունչ

Մը լոյսին դէմ մեր ու մերթ ողբը բուի մը գոռոզ,

Օձին սահիլը մեր շուրջ,

Կուզիկ թուփեր աղերսող, որ կը կախուին փոսէ փոս,

Խըլուրդներու կողքին մունջ,

ՊԻւթոնիսներն [1] ոռնացող, - ինքնահաւան ու հոսհոս՝

Գինով՝ կուպրոտ ու ահեղ

Գործարանի ծուխերէն։ Ճահիճներու ճանճերուն

Խուժումն, հոսումը տեղ-տեղ։

 

Անհունութիւն մը խաղաղ կը ցոլայ դէմըս՝ հեռուն

Ուր բարտիներ կաթ ու մեղր

Կենսաբոյր լոյս մը կ’ըմպեն, կէս գիշերին մէջ խորունկ։

Կը թաւալին, կը շրջին

Հողերն ահա, ճզմելով, կըլափելով մէկըզմէկ։

Ճշմարտութեան մը վերջին

Գաղափարները բոլոր չունեցան ձեւը երբեք։

Ծարաւ՝ ահա, անուրջին,

Բոյսերն անգամ ապրելու կը ձգտին լոկ…

Յուսաբեկ՝

Բայց սէր մը զիս կ’ողողէ։

Շարժում, հոսում ու փլուզում, հսկայաթոք, լայնօրէն

Շնչող ծովուն վրայ հողէ։

Հոսում, պոռթկում տենչերու շղթայազերծ… Օ՜ օրրեն

Զիս՝ ճամբաներն անվախճան։

Նոր վայելքներ. յագենան սիրտս ու մարմինըս կեանքին

Բարիքներէն, թեթեւնան։

Շարժում, խուժում, խօլ վիժում։ Ամպերն մեզի կը կառչին

Շուներու պէս։ Կը քալեն

Մեր ետեւէն՝ բիւր աստղեր, նաւուն ինչպէս կը կապուին

Ձուկերն արծաթ, շողալէն։

Կարծէք լոյսերն են՝ հըզօր տորմիղներու օդային։

Օ՜ կախարդանք, հրաշքի դար։

Պատրա՜նք, պատրանք, պատրանքին պէս մանկութեան, որ ինծի

Տըղու երազըս կու տար։

Շուրջըս գիւղերն ծիրկաթին՝ փայլող կոյտեր են գանձի։

Գիսաւորներ են՝ երկար

Լուսարձակներն, որոնց տակ արտ մ’ընդարձակ կ’առկայծի։

Լոյսերն արծաթ դուռերու

Պէս կը բացուին, կը գոցուին։ Ռատիօներ են ազդարար։

Կամուրջներու սարսըռուն

Լայն ջրվիժում է, ծիծաղ։ Ճեպընթացները իրար

Կը հալածեն ու հեռուն,

Լըռութեան մէջ, մոթոյի [2] դըղըրդագին համազարկ,

Երգ է պողպատ պլպուլի։

Միլիոն, միլիոն մարդկութեան փըսփըսուքն է օդն ի վեր,

Ծըլարձակումն հրաշալի

Գալիքներուն։ Նիւթն հոգի ու հոգին նիւթ է, թեւեր

Կ’առնէ մարմինը մարդոց։

Ու հոգիի, մարմինի միաձոյլ ծնունդն է, մինչդեռ

Իմ անձս ամբողջ կը փըլի։

Մեծ կախարդանք, բայց պատրա՜նք…։ Օ՜ խարդախ դար, գովե՞մ քեզ,

Թէ՞ այպանեմ։ Դուն սուրբ խոց՝

Որ իմ մարմինս այրեցիր եւ ահա զիս կը փրկես։

Ու, անընդհատ, հողմակոծ

Կառքիս՝ տակէն անտառին կամարներուն հըրակէզ,

Ու դաշտերէն, ուր ամրան

Աւիշին հետ, տեսիլներն են մարդկային հանճարին,

Ես կը վազեմ անվարան՝

Անվերջ ու պերճ վայելքի մը ետեւէն… Օ՜ փոխուին,

Սահին գիծերը, սուրան

Յովազավազ սեւ հողերն, որ կը մըղեն զիս վըսեմ

Քայքայումիս, որմէ ես

Ապրելու սէրս ու կորովս, ուրախութիւնըս կ’առնեմ,

Փրկուելով խոր ձանձրոյթէս։

Օ՜ օրհնութիւն, բընութեան մեծ չարիքին, արարչին

Ըսկզբնական մեղքին մեծ՝

Գոռոզութեան։ Կը փրկէ ահա ան զիս, առաջին

Իր թոյնէն վերջ, որ կապեց

Իմ երակներըս, դարձուց կեանքս եղկելի ու ճըղճիմ

Ողբերգութեան մը, որմէ

Ես կը փախչիմ։

(Օ՜, ի՜նչ ցաւ, ի՜նչ խաթարում, ի՜նչ պայքար):

Սիրտըս ընդհարիլ ամէն օր

Ու ընկղմիլ կ’երթար խոր խոռոչներու մէջ խաւար,

Խարակներուն դէմ, մոլոր,

Մըրըրկավար իբրեւ նաւ մ’որ նոր ափեր կը յուսար։

Սիրտըս ի զուր իր բոլոր

Ընդվըզումով կը ճըչար. չըյագեցաւ դեւն այնքան

Զոհերէ վերջ. երաշտէն

Չորցան յոյսերը մէկ-մէկ, ընդհարումէն խօլական։

Խոնջէնք, նողկանք,

Մերթ ընդ մերթ,

Քաղաքին ցուրտ աղմուկին միանալով՝ մըթագին

Պարապութեան մէջէն, զերթ

Խորխորատ ինձ կ’ոռնար դառն ապագայի մը ոգին։

Երակներուս մէջ ցաւ, տենդ,

Ուղեղիս վրայ տաք կապար տարածելով կը մտնէր

Մահուան փափաք մ’անսահման։

Չըզգալ այլեւս, չըլըսել սրտակեղեք գանգատներն,

Կոչն անիմաստ բարձրացման

ու չըխաբուիլ, չօրօրուիլ…

 

Ոչ մէկ իտէալ ու անուրջ։

Ոչ իսկ արցունքն, - օ՜ աքսոր -,

Որ ընկրկման ու անկման մէջ ճզմըւող սրտին շուրջ,

Բարերար լոյս է հզօր։

Ոչ իսկ գինին թշուառին, անոր փարիլը ախտին,

Գինովութիւնն անձկագին,

Ու անոր յոյսը մահուան՝ փշրած կեանքէն իր անդին,

Ճիգն անոր թոյլ ծըփ՛անքին։

 

Երբեմն այսպէս կասկածոտ, հեղգ, քրտնաթոր, դիւային՝

Կը նայէի մըթասոյզ,

Չըգիտնալով՝ թէ մեռա՞ծ եմ կամ թէ ողջ՝ տակաւին։

Աշխատանքը բերկրանք, յոյս՝

Աշխատանքը երազուած փրկութեան լաստ՝ իմ պարապ,

Յուսալքման օրերուս,

Կը դառնար ցաւ, աղարտման մութ, կուրցընող խորվիրապ։

 

Ու կրկնութիւն անվախճան,

Ձանձրոյթ էր, ողբ, յոգնութիւն, օրերու վազք հըրատապ՝

Վիժում…

Պար, երգ, խըրախճանք,

Երբեմըն խանդ մ’էր վայրագ, ուրախութեան մը բոցեր,

Ճիգերն էին կոյր, ի զուր՝

Սրտի մը սեւ, խորշոմած, ու հոգիի մ’արդէն ծեր։

 

Երբեմըն կրակ էր, սարսուռ

Երիտասարդ միսերու, ցեխին ծարաւն ախտագին։

Ցասկոտ պոռթկում, զուր ճիգ էր

Ինքըզինքէս գալու դուրս, մօտենալու անուրջին,

Ընթանալու անհամբեր՝

Ճամբաներէն արգիլուած, մոռնալու կեանքըս ճղճիմ։

Մերկ, լայն զիստեր, կուրծքեր գէր,

Համբոյր ու բոյր աղիճի, գռիհներու կեանքը վայրագ,

Սեւ պատարագ… ի՜նչ երազ,

Ի՜նչ փրկութիւն… Բայց յանկարծ կ’այրէր ամէն մէկ երակ։

Դարաւոր շունչ մը վըրաս,

Հոգիիս մէջ կը հսկէր, զիս կը հըրէր, կը հըրէր…

Ու ես երկչոտ, դեռ տըհաս

Տըղու մը պէս կ’անցնէի՝ արագ, արագ, անտարբեր՝

Մրմունջներուն, հալածուած՝

Անասնական աչքերէ, փողոցներէն՝ ուր վէրքեր

Էին լոյսերն արնոտ, թաց։

 

Երբեմըն դող մը երկչոտ, գեղեցկութեան պաշտելի

Դէմ ընկրկում մ’էր յիմար։

Մինչ սիրտս հարիւր մեղրածոր զանգակներէ աւելի

Կը դըղըրդար, կը շողար

Բարձըր սիրոյ մը համար։

 

Թոյն, խաթարում էր ու ցաւ,

Օտար ու խորթ էր ինծի հայրենական սէրն անգամ,

Որուն հոգիս փարեցաւ

Երբեմն խանդով մը յիմար։ Ինչո՞ւ խաբել, ոչ մէկ կապ՝

Արեան, հողի։ Դողացին

Օր մը շրթներս՝ կեղծիքէն, պատկերին դէմ արնաքամ

Ու լըռեցին։ Գաղթածին,

Տասը երկրի արեւով, պատկերներով, ձայներով

Ես մեծցած մարդ՝ որ իր մօր

Լեզուով հազիւ կը խօսի։ Ոչ մէկ աշխարհ՝ իմ խըռով

Մատներուս տակ, որ խըմոր

Ըլլար, լուսէ կաւ, մարմար։ Այլ խեղճ, տարտամ, ծովէ ծով,

Քայքայումով մ’ահաւոր,

Զառանցումով մը մեռնող ամբոխ մը լոկ անանուն,

Եւ ուրիշ մ’որ յոխորտ, սին՝

Մեզ կ’ուրանար, ինքն իր վրայ կը գալարուէր օրն ի բուն։

Երբեմըն թոյլ ու մըթին

Թափառումներ։ Հիւանդ, ծոյլ՝ հոգիս կ’երթար ծովերուն

Յատակներէն, իր ետին

Ձըգելով հետք մը լոյսի, ըզգալով գաղտ ու ծըփուն

Կենդանութիւն մ’իր չորս դին։

 

Երակներու պէս բուստեր, սէզեր էին փայլող, թաց

Ու ձուկերու պէս տրոփող

Սրտեր էին, լուսավառ աչքեր էին դէմ դիմաց։

Բայց ոտքերուս տակ քար, հող,

Մեղկ ու սահուն սողուններ էին. հոգիս դողն ըզգաց,

Վտանգի մը վախն ահաւոր։

Եւ ընկրկումս էր՝ աշնան անձրեւներէն խայթըւած։

 

Ու հաստատումն ամէն օր,

Ճերմակ թուղթի մը առջեւ՝ անկարութեանը մտքիս։

 

Ըմբոստութիւնը բոլոր

Իմ վայրենի բնազդներուս։ Երբեմըն քաղց մը հոգիս։

Կը խըթանէր բրտօրէն։

Անմեկնելի չարութիւն մը կը մըղէր յանկարծ զիս՝

Խորտակելու ամէն շէնք,

Կուրցընելու ամէն աչք, փրցընելու ամէն սիրտ։

Ամէն լեզու, ամէն շէն

Ժըպիտ ու երգ խեղդելու՝ սինիզմով մը յոխորտ, բիրտ…

 

Երբեմըն անձըս ամբողջ՝

Սըրբանալու համար՝ լոկ կը կարօտէր սերտ մէկուն։

Կը փնտըռէր տառապող,

Անեղծ հոգի մը, Տիրոջ արդարութիւնն անսահման։

Ու ես եղայ հեզ, դողդոջ։

Եղայ պայծառ, միամիտ՝ ընդունելու համար զայն։

Զոհաբերում մ’եղայ սին…։

Օ՜ իմ զըղջումըս կիզիչ։

Բացուեր են լայն սակայն, իմ

Ահա աչքերըս լոյսին։

Լուսաւորուեր է ներքին ամէն աւեր ու շիրիմ։

Որ մեղմաբար կը սկըսին

Ահա գանձի մը փոխուիլ ու բոցերու ոխերիմ։

 

Զարթներ է ուժ մը կրկին.

Վարդն իսկ քնքուշ, վարդն իսկ հեզ, իր փրկութեանը համար

Ունի իր փուշը, որ մեզ

Յանկարծակի կը խոցէ։ Գառնուկն անգամ, հողմավար

Եղնիկն իսկ մեղկ, մեղրի պէս,

Իր մեղքն ունի, երբ երկչոտ կը սըլանայ քարէ քար։

Կը բարձրանայ հոգիէս

Ուրիշ հոգի մը կայտառ։ Կը սուրայ վեր՝ սանձարձակ՝

Արտաւազդի հրաշէկ ձին։

 

Ծըփալէ վերջ իմ ձեռքերս՝ լուսածագէ լուսածագ,

Տիրոջ ծարաւ՝ մերժեցին

Արդէն փնտռել զայն, առին կառքին սեւ ղեկն իրենց տակ։

 

Օ՜, քայքայում, կ’արթննամ։

Հարուածներով բռունցքներու կը ցնցէ զիս կառքն։ Անոր

Աղմուկն անձրեւ բարերար։

 

Շոգեկառքերն ու նաւերն ես կը լըսեմ. մեծ ճամբորդ,

Շրջիկն էի ափէ ափ։

 

Յարալէզներ՝ կը լըզեն հովերը զիս անդադար։

Կը բարձրանայ մեղկ, տարտամ

Մըշուշներէն իր՝ հոգիս, որ կեանքին դէմ կը դողար։

Ան կ’ազատի բառերէն,

Որ մատնեցին զինք ցաւին։ Ունայնութեան, տրտմութեան

Բերին սեւ բոյրը իրեն։

Ու գոհացած իր ներքին յաւերժութեամբ՝ լըռութեան,

Ազատութեան կը դիմէ։

Ըլլալ մարդ, պարզ մարդ մը լոկ։ Ինքզինքը լոկ…

Ահա վառ

Արեւածագը արդէն

Եւ յըղութիւնը վըսեմ։ Երկինքներէն դէպի վար

Հեղեղատներն հըրեղէն,

Եւ անարատ ծընընդեան ահա սարսուռը։ Լոյսեր՝

Որ կը հոսին յամրօրէն։

Շէկ կակաչներ վիթխարի՝ հորիզոնի կողն ի վեր։

Ամպերէն վարդ ու բոլոր

Ծառերն ի վար կը հոսի կայտառ ժըպիտը լոյսին։

Արեգնալոյծ, մեղրածոր

Բլուրներն, արտերն ու ծառերն ռատիօներով կը խօսին,

Մինչ կանչն հըզօր՝ ձորէ ձոր

Կը ծաւալի գիւղերուն աքլորներուն։ Զով արփին…

Ամպերն հեռուն կը ցնդին

Կիսամութին մէջ մոլոշ, որպէս փախչող ուրուական։

Կը փրթի աստղ մը։ Կաթին

Նըման ճերմակ ծաղիկներ, լոյսերու տակ մոգական։

Մաքրագործուած, սրբացած, ծառերն քիչ-քիչ կը ստանան

Նոր ձեւ, նոր կեանք մը կ’առնեն։

Բեմի մը պէս բարձրացող, աշխարհն ամբողջ, քիչ առ քիչ

Կը բարձրանայ խաւարէն,

Որուն վըրայ կը հիւսեն մատներն ուժին ըստեղծիչ,

Կը քանդակեն յամրօրէն։

Ու անոնց տակ, ամէն ինչ

Մանուկի պէս կը շարժի։

Մոգերու պերճ, անըսպառ գանձերն ահա ամէն դի։

Հարըստութիւն անհաշիւ։

Կոկորդիս մէջ կը սառի խոշոր արցունք մը խանդի։

Հորիզոնէն՝ ձուլարան

Մետաղներու, կը սահի արեւն ահա, կը թափի

Թանձր անուշի մը նման։ Եւ ամէն ինչ կը սթափի։

Կեանք ու պերճանք կը ստանան

Ահա ցեխերն իսկ կառքիս, որուն կապոյտ թեւերուն,

Կամարակերպ գլխուն վրան

Ինկած ցօղերը մէկ-մէկ կը փայլփըլին, թրթըռուն,

Թիթեռաթիռ։ Կը սուրան

Արոյրն ի վեր բիւր գիծերը գոյնզգոյն լոյսերուն։

 

Լոյսեր, որայ առ որայ՝

Առաստաղին տակ, թաւշոտ բարձերն ի վեր կառքին մեր,

Վէտքեր, շողեր անարատ,

Բիւրեղի նուրբ կոհակներ, զորըս իրար կը խառնէ

Ու կը նետէ պատէ պատ

Թեւ մը շուքի, պըտուտակ մ’որ կ’առնէ նոր-նոր թափեր։

 

Արիւն ու միս, ու ծառեր, ծաղիկ, շրթներ տենդագին,

Պիտի դառնան կարծըր վէմ՝

Ճառագայթներն իր բոլոր։

 

Արեւն ելաւ. կը բռնկին

Ահա հողերն, կը հնչեն

Պղինձէ լիճեր, մինչ կ’ուռի ձայնը գիւղի մը զանգին

Լիճի մը պէս, մինչ ծովի

Կըծու քամին խենթն ի խենթ կը սըլանայ տունկէ տունկ։

Թեւթափելով կը ցցուի

Մըշուշներուն դէմ փախչող, սփռելով բոյր, փռելով շուք՝

Դեղին, կարմիր ու ծաւի։

Արեւն անցաւ ծառէ ծառ, թափեց ծոցէն ճիւղերուն

Թռչուն, սուտակ ու բեհեզ,

Կատարներէն ծառերուն, որ քրքիջով մ’արծաթէ

Աղջիկներու լուսագէս,

Կը սըլանան, կը ցայտեն,

Կը խոնարհին դէպի մեզ.

Կառքին վըրայ՝ տօնական կը թրթըռան բաժակներ

Բիւրեղահունչ ու թեթեւ։

Արեւն հասաւ ու սանձեց, գրկեց, ցնցեց հողը մեր։

Դողդըղացին, առին թեւ՝

Քարերն ահա, փըղոսկրէ, ժըպիտներով անձնըւէր։

Կը թեթեւնայ մեր դիմաց,

Կը բարձրանայ հողը՝ բաց

Երկինքն ի վեր, նաւուն պէս, որ ցօղերով է օծուն։

Արեւն եկաւ. կը խօսին

Ճառագայթներն իրարու՝ ժիր, անտարբեր ցաւերուն,

Մեր լացերուն բոլոր սին։

Արեւն ելաւ փողին պէս մեծ յարութեան մը։ Հեռուն՝

Ձայներ, սիւներն լուսաւոր,

Երգեհոնի մը հսկայ։ Արգասիքի եղջիւր [3] մ’էր,

Ոսկի բըռունցք, մեծ արօր։

Մաքրեց, հերկեց, թարմ երանգներով հողը մեր։

Արեւն բերաւ մանկութեան

Տեսարաններ։ Կը ճօճուի հիւղ մ’իր ծուխին ծայրէն կախ։

Պարտէզ, ջրհոր, փա՜յտ, փա՜յտ, փա՜յտ. հաւնոց մը, հաւ, ։

Դէզ մը խոտի, բահ մը վրան։

Պզտիկ կամուրջ մը փայտէ։

Առու մ’որուն աղեղէն կը նետուի բադ մը շողուն։

Մարդ մ’որ իր ձին կը պայտէ։

Ժայռ մը ծունկի՝ կը մորթէ վիհի մ’եզրին, արտերուն

ակօսները հօտի պէս

Առաջացող։ Կը փորեն երկու կիներ հողն, որուն

Զաւակներն են պարզ ու հեզ։

Առտուն կանուխ կը փորեն, գըլուխը կախ կը բանին,

Մինչ անհունին վըրայ, ես

Նստած՝ կ’երթամ, խորթ արդէն՝ հողին, գիւղին, արօրին։

Օ՜ թագուհիս, կը լըսե՞ս

Նըւագս այս նոր. արթնցի՛ր։ Քեզ կը փրկեմ տրտմագին

Մեզ ընկճող մութ անտառէն։

Չարչարուեցար ինծի հետ, տարիներով։ Դէպի կեանք։

Ահա ընդմիշտ կ’ազատիս

Իմ թուղթերէս, գըրիչէս, խեղճութենէն՝ ուր չորցանք,

Նոպաներէն թախիծիս…

Կը սեղմեմ կինը ահա, որ կ’արթննայ։ Կը ժպտի։

Ապակիին ետեւէն

Կարուսելը կը դիտէ պատկերներուն։ Ու բուստի

Գոյն շրթներն իր կը պարպեն

Մնացորդ մը սեւ երազի։

 

Անկիւնադարձ։ Հրէշային

Շուք մը կ’անցնի։ Թոքերէս կ’անցնի մանգաղ մը։ Խորին

Ճնշում մ’յանկարծ։ Պահ մը վախ։

Կը դանդաղի կառքըս՝ մեր դէմէն ելլող կառքին քով։

Դանդա՜ղ, դան-դա՜ղ։ Հով մը պաղ։

Ու ամէն ինչ խըտացած՝ կը թանձրանայ։ Համրանքով

Կը բաժնըւին աջ ու ձախ

Գիծեր, գոյներ։ Ու դանդաղ՝ կ’առաջանան երկու կով։

Դղեակ մ’հանդարտ կը հանգնի։

Աշտակարներն՝ ասպետներ՝ խաղաղօրէն կը նային։

 

Պաղ աչքերուս մէջ քունի

Ծանրութիւն է։ Ձախ ուսիս մէջ ծով մըն է օդային։

Դանդաղ, դանդաղ, արքենի

Վըսեմութեամբ կը նստին սրտիս վըրայ՝ արեւ, հող,

Տարածութիւն։

Մեր կառքն իր

Մեղուները կ’արձակէ։ Տաք շոգիին մէջ սահող

Բզզիւնն է մերթ անոնց ժիր։

Օ՜ տաք, օ՜ ջինջ առաւօտ։ Երգի ոսկի ժապաւէն

Մը թռչուն մը կը քակէ։

Տերեւի շուք եւ լոյսեր

Կը թեւածեն կընոջ լայն կուրծքին վըրայ։ Աչքերուն

Մէջ իր խոշոր, ժըպիտ, սէր,

Երկինք ու կարծր ադամանդ ու բըզէզներ են վառվռուն։

Նուրբ իր ռունգերը կ’ուռին

Ներքին հեւքէն, հովերէն, որ կը սեղմեն, կը ծըծեն

Կուրծքն իր հըպարտ, ուր լըռին

Կը լեցուին քաղցըր յոյզեր։ Ու մազերէն ու ծոցէն

Տարաշխարհիկ իր հուրին

Խորհուրդը։

(Օ՜, ինչ բուժիչ սպեղանի՝ մեր ախտին

Համար փառքի։ Ջահակալ՝

Տրտմութեան դէմ… Օ՜ ըզգալ

Ցընորական սէրէն վերջ՝ Միսը. մոռնալ մեղեդին

Վշտոտ սրտին… ի՜նչ վըրէժ՝

Ամլութեան դէմ հոգեկան):

Անյագ ահա, երկնքին,

Ապրումներու գահավէժ,

Կ’առնէ ճամբուն աղմուկին մէջէն սուլոցը օձին

Ու կը ժպտի։ Կոկորդէն

Ալիք-ալիք լոյսը վար կը կուտակուի։ Կ’առկայծին

Շրթներն իր նուրբ, որ կ’ըմպեն

Տարածութիւնը լուսեղ, բոյրի մը պէս ըզգլխիչ։

 

Դէմէն, դէմէն,

Մեր դէմէն

Պարարտ միսերը ծովին, կապոյտ հոգին… Տըղու ճիչ

Մը կ’արձակէ սըլացող

Թռչուն մ’յանկարծ, հուրիի կանչ մը նուաղուն ու քիչ-քիչ

Տօնական բեմ մը, շէնշող,

Խայտաբըղէտ վրաններով, տաւիղներով լուսավառ…

Ժայռեր։ Փարոս մը ճերմակ

Լուսարձակն իր՝ քօղին պէս իր ետեւէն ձըգած վար

Կ’իջնէ բլուրէ մը, բամպակ

Մը մանելով ծովուն վրայ։

 

Առագաստ մը։ Ո՞ր կոպիտ

Միլիոնատէրը կ’երթայ, ծովերն ի վեր հրեշտակի

Թեւ մը բացած, մարգարիտ

Ցանելով իր ետեւէն։ Լըռութեան մէջ կը ծաղկի

Քիչ-քիչ թաւ ձայնը ծովին։

 

Ծխնելոյզներ, պարիսպներ, տուներ, փեղկեր, վիլլաներ

Կը բարձրանան, կը ցցուին

Հետըզհետէ։ Կը խուժեն հեռագրական տարուբեր

Ձողերն՝ ամէն մէկը վին…

Մինչ կը դառնան, կը սուլեն մեր անիւները ահեղ,

Որպէս հրդեհ, օձ, ուրու,

Որսի վըրայ խոյացող արծիւ, յովազ… ռումբ, հեղեղ,

Սփռելով հուր, ծուխ, արիւն,

Այրելով ձիւթը ճամբուն, թրթըռալով ու տեղ-տեղ՝

Ձայնագրի սուր ադամանդ՝

Նետելով ճիչ մը հըզօր՝ մեռնող խըրոխտ կարապի։

Տան մը քովէն հընաւանդ՝

Կը թնճուկուին երկաթէ չորս զոյգ գիծեր։ Թշնամի

Մէկըզմէկու՝ կը սուրան

Քովէ քով, մեծ սուրերու պէս կը շողան դէմ դէմի։

Ձեռքեր, նետեր կը քալեն

Դէպի քաղաք։ Ցիցեցու վըրայ թառած, յայտարար

Լայն տախտակներ։ Շողալէն

Քաղաքը նոր կը մեծնայ։ Ու աչքերուս դէմ իրար

Կու գան բոլոր քաղաքներն,

Որ ես տեսայ եւ անցայ։ Ու աղմուկին մէջ կառքին

Քաղցըր, քաղցըր ձայնն է դեռ

Քաղաքներուն անծանօթ։ Աղմուկին մէջ տենդագին

Մանկութիւնս է, որ կ’անցնէր

Մէկ երկրէն միւսն անդադար։ Անոր խանդին չափ դեռ թարմ

Խանդ մը կ’երգէ կուրծքս ի վեր։

 

Հրճուանքն է մեծ փոփոխման, օտարացման, այս օտար

Քաղաքին դէմ։

Ծովէն դուրս

Եկած աւազ անսահման։ Տարիներուն տակէն՝ վառ

Հոգիս կեանքին անձնատուր։

 

Տեղատըւող ծովէն դուրս եկած աւա՜զ։ Կեանքն իմաստ

Կ’առնէ այստեղ ու նոր հուն,

Ափին պէս այս պարզ ու մերկ, կ’ընդարձակուի հոգիս աստ,

Ճամբուն վըրայ այս անհուն։

 

Աւազը միս է հրեղէն ու լըռութիւն ըսփինքսի։

Ու կեանքն է որ նորէն նոր, հոս նորէն նոր կը սկըսի։

 

Նոր է, նոր, նոր, որ անհիմ

Այս հողերէն՝ կարծիքներն, մեր կեղծիքները ամէն,

Դառն խնդուքներն հեգնելով, թօթափելով կը ծընիմ։

Կը սաւառնին, կը խուժեն

Ու կը հոսին իմ մէջէս հողերն ահա, մշտախոյս,

Ու պատկերներն… Արեւին

Հրաշքն ահա հոս… Լուսավառ տարածութիւնը խրախոյս

Եւ հոգւոյս մ’է հնչող վին։

 

Նոր, նոր է, նոր, որ տըկար

Մեր տրտունջներն հեգնելով, սիրոյ կարօտն ողբական

Չորցընելով, կարծըր քար

Մը կուրծքիս տակ` կը ծընիմ, գգուանքներէն վերջ այնքան,

Ու կեանքին ձայնը կու գայ

Բըջիջներէս իմ բոլոր. ապրիլ, տեւել տակաւին։

 

Տեղատըւումն է հսկայ,

Փրկարար թեւն է հողին, որ ջուրերուն տակ ծովին

Կը յայտնըւի յանկարծ խոնջ

Ոտքերուն դէմ լուղորդին։ Ե՛ւ նըւիրման, ե՛ւ սէրին,

Յուզումներուն մեր ամբողջ,

Դառն, ալեյոյզ պատրանքին տեղատըւումն է, վերին

Ուժին առջեւ դըրամին…–

Օ՜ յագենալ, ըսպառել ամէն փափաք… կը խայտայ,

Տեղատըւումն է մարմին

Ահա առած կը շողայ դէմի կղզին յաղթանդամ,

Ջուրերէն դուրս եկած, մերկ

Աստղիկի պէս։ Ու կա’ճի, հարթ, անվախճան պողոտայ՝

Կ’ընդարձակուի ափն, որ բերք

Մըն է հնձուած ցորենի -, միրգերու դէզ լուսավառ։

Տեղատըւումն ամբողջ մեր

Ազնըւական տենչերուն եւ յուշերուն։ Ահա, վա՛ր՝

Դիմակն անոր, որ եղայ

Եւ որ արդէն կ’ուրանամ, վար տըւած, վար, յաղթաբար

Ինչ որ ծեր էր ու տըղայ,

Դէմքս ահա նոր գիծերով, երանութեամբ կը դառնայ

Նոր աշխարհին, որ հեռուն՝

Գոյներու մեծ բախտանիւ՝ կը թաւալի ինքն իր վրայ՝

Յորձանավար, թրթըռուն։

 

Մեծ արբեցումն է. հոգիս, խոյացումով մ’անխընայ,

Կը մօտենայ քաղաքին։

 

Հրճուանքն է մեծ փոփոխման, օտարացման, այս օտար

Քաղաքին դէմ։ Ձանձրոյթին,

Տեղատըւումն է ճիգին. պիտի յոգնէր, ձանձրանար,

Լեռնախոյզն իսկ, սարսռագին՝

Պիտի սոսկար կատարէն պարտուած լերան, եթէ վար

Իջնել չըլլար… Կը բացուին

Ըզգայարանքս, ահա ներս կը խուժէ կեանքը, որ զիս

Կ’ամրապնդէ, մինչ կ’եռան,

Կը բաբախեն յարաշարժ պըտուտակները կառքին,

Արշաւանքով մ’անվարան։



[1] Պիւթոնիս. - Դիցաբանական վիշապ. նաեւ օձի տեսակ:

[2]            Մոթօ. - Խօսակցական ֆրանսերէնի եզր` շարժանիւ ի համար:

[3]            Արգասիքի եղջիւր. - Հնադարեան զարդանկարչական մոթիֆ, առատութեան խորհրդանիշ: