Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑՆՈՐՔ

Մայթերուն վրայ ոսկեզօծ, երբ իրիկուն մը տըղան

Իր մաշած հոլը լըքեց, կեանքն իր կիզիչ մըտրակին

Տակ սկըսաւ դարձընել զայն, խօլ հոլի մը նըման։

 

Ու, - փառքի սէր կամ կեանքի, ազատութեան մեծ կարօտ

Ան խոյացաւ անհաշիւ՝ անցաւ լեռներ ահագին.

Մաքառեցաւ դառնութեամբ, յանդըգնութեամբ վեհերոտ։

 

Բայց երբ, հըպարտ՝ օր մ’ուզեց նայիլ ճամբուն իր կտրած,

Ետին դարձած դողդըղաց. աշխարհն իր շուրջ ցընորք էր։

Մղձաւանջի դիմակ մ’էր իր մէն մի հետքն իր դիմաց։

 

Հոս-հոն մեռած ընկերներ եւ ուրիշներ՝ ծանրադէմ՝

Կը քալէին հիւանդ, խեղճ՝ դէպի անկում ու գիշեր։

Ամէն ինչ խորթ էր արդէն, ամէն ինչ լուռ էր իր դէմ։

 

Աւելի վարը՝ լքուած հաւատքներ, ցեխ, տականք. մէգ…

Եւ մանկութիւն մը՝ որ զինք հիմա նոյնքան կ’ուրանար։

Եւ հոգիներ՝ որ իրմէ անջատուեցան մէկ առ մէկ։

 

Իսկ ինք իրեն՝ ծեր արդէն, թուեցաւ մարդ մը օտար։