Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՑՈՐԴԸ

Թուղթէ լապտեր մը բերնին՝ կարմիր սրտի մը պէս կախ,

Անցաւ սիքլիսթ մը քովէս, - փայլակող լոյս ու մանգաղ։

Արիւնի գոյն այդ դէմքէն ճանչցայ յանկարծ՝ հայ տըղան։

 

Հայ պատանին սրտի ձեւ նստարանին, սրտին վրան

Նստած կ’երթայ, մրրիկի, թռչունի պէս խիզախ, շուտ,

Գինով՝ ձայնէն մետաղի անիւներուն, որ կ’եռան

Արիւնին հետ համընթաց, սրունքներուն տակ ջղուտ։

Բայց ոստանին մէջ այս մեծ, քաոսային, բամզամադր՝

Ժողովուրդի մը վերջին մէկ շողն է լոկ, ակնթարթ։

 

Պերճ բռնկում մը յոյսի եւ եղաւ պահ մը խաւար…