Բ.
ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հոս,
սակայն
հոս,
արեւին
Այս
ճամբուն
մէջ,
այնքան
մօտ
այն
աշխարհին,
որ
ինծի
Իմ
մանկութեանըս
տըւին,
Հոս,
այս
օտար
ափին
վրայ…
Ի՜նչ
կսկիծ
է:
Դիմացի
Ջուրերն
ահա…
Ի՜նչ
հեգնանք`
վայրագօրէն
արձակուած`
Տարիներուս
ետեւէն:
Ի՜նչ
բողոք
է
անողոք:
Հեքիաթներու
կարօտ,
լաց…
Հովերն
հեռուն
կը
դաւեն:
Ուրուականի
մը
տըժգոյն
իր
դիմակովը
խաղաղ`
Լուսինը
լուռ
կը
դաւէ:
Արեւին
տակ
անսահման
վիհի
մը
պէս
կը
շողայ
Աւազն
անգոյն
կըտաւէ:
Ի՜նչ
խուժում
է
յուշերու,
որ
կ’ողողեն
զիս
կրկին:
Օդը
համբոյր
է,
գորով…
Կը
բարձրանայ
սիրտս
ի
վեր
սիրոյ
փափաք
մը
ուժգին:
Հորիզոնէն
դուրս
խըռով
Կը
յորդի
ծովը
ահա,
ձուլածոյի
մը
պէս
ջինջ,
Սալի,
մուրճի
ձայներով,
Գըլաններով
թաւալուն,
բիւրեղներու
պէս
կիզիչ,
Շուշաններով
կուսական:
Բայց
տատասկներ,
իժեր
են
ահա
ջուրերն
այդ
յորդող,
Միլիառ
որդեր,
որ
կու
գան
Գալարուելով,
շողալով,
օդին,
հողին
տալով
դող:
Խեղճ
խենթութիւն
է
եղեր
Ինչ
որ
տըւի
ծագէ
ծագ,
ես`
խոյանքով
մ’անվարան,
Այս
առաւօտ
ճամբան
մեր
Դարձընելով
ծիածան,
սին
յոխորտանք…
Չըկրցան
Թեւերս
տանիլ
ոչ
մէկ
բեռ,
Եւ
ճիգերէ
վերջ
այսքան,
չունեցայ
ոչ
մէկ
կայան,
Ոչ
մէկ
հանգիստ…
Տարուբեր`
Մինչեւ
հիմա
չըգիտցայ
յոյսերուս
վրայ
ցիր
ու
ցան
Խարիսխ
նետել,
ամրամալ
Կեղծիքներուն
վըրայ
մեր
անբուժելի
խեղճութեան:
Ի՜նչ
զառանցանք,
ի՜նչ
սըխալ
Այդ
ուրացումը
անձիս,
այլակերպումն
առտըւան:
Ծովին
տակ
տունն
էր
մեր
հին,
Ուր
մանեցինք
քով
քովի`
մայրըս
սեւ
բուրդ,
ես`
երազ:
Տունն
ունէր
իր
երկնային
Ու
դըժոխքի
իշխաններն,
որ
հսկելով
միշտ
վըրաս,
Իմ
շուրջըս
ման
կու
գային:
Շըւոտ
մը
կար
անոնց
մէջ,
-
վախ,
մղձաւանջ
հանապազ:
Անոր
գըլուխն
էր
շրջած
Դէպի
ձըգած
խոռոչներն,
հետքերն
իր
ծուռ
ոտքերուն:
Ան
ունէր
տենդ,
տըղու
լաց:
Կը
շըփոթուէր
ծառերուն
հետ
իր
հասակն
ահարկու:
Ան
կ’երեւար
իմ
աչաց
Ու
հազիւ
հազ
երեւցած`
կը
խուսափէր
միշտ
հեռու:
Վերադառնալ
ան
կ’ուզէր
Կարծէք
եկած
ճամբայով,
որ
արցունքով
կը
թրջէր:
Բարի
ու
չար,
մարդասէր
Ու
մարդերէն
խուսափող,
հակասական
ան
տենչեր,
Աչքերուն
մէջ
յարաշարժ
Դարերու
կեանքն
ունէր,
խանդ:
Անոր
անցած
ատեն
վիշտ,
Փոթորիկ
էր,
երկրաշարժ:
Կը
կաղկանձէր
շունը
տան,
որուն
կ’ոռնար
ինքն
ալ
միշտ:
Մեր
տան
դիմաց
ծովը
մերթ՝
Յովազավազ
ալքերով։
Հովն
ու
դեւերն
ամբարիշտ,
Ձեղունին
մէջ
փայտակերտ՝
Կը
սուլէին
գիշերներն
–
անդրաշխարհիկ
երաժիշտ…
Ու
անծանօթ
կըռուի
երթ,
Խոյանք
մըն
էր
մութին
մէջ։
Ապրելու
վախ
ախտագին
Ու
յուսադրող
կեանքի
սէր…
Հին,
հեթանոս
դարերէն
դէպի
լայն
դուռն
երկնքին։
Մայրըս
սուրբեր
կը
լըսէր։
Իմ
ծընած
օրըս
Զատիկ,
զանգերու
զարկ
էր
ուժգին,
Մեծ
յարութիւն
հողն
ի
վեր։
Բեղմնաւորում
էր
չորս
դին։
Խոյամարտ
էր,
հըրախաղ։
Իմ
ծընած
օրըս
քունէն
Կ’արթննար
օձը
դաշտին։
Գառներու
ձայն
էր
անուշ,
ցուլերու
շունչը
հրեղէն։
Իմ
ծընած
օրըս
կրկին
Կը
հեռանար
մեր
երկրէն՝
արեւը
տաք,
իր
ձմրան
Մերձեցումէն
վերջ
երկար։
Ու
թարմ
արիւնըս
կեանքին
մակընթացումն
հողին
վրան,
Տեղատըւումը
կը
զգար
Բնութեան
յօգնած
ուժերուն։
Կենդանութիւն,
տեւական
Հակասութիւն
էր,
պայքար
Արեանըս
մէջ
յարաշարժ։
Ճշմարտութեան
մը
վերջին
Չունեցան
ձեւը
երբեք
Խոհերը
մեր։
Կը
դառնան
կոհակները,
կը
փըլին
Կըլափելով
մէկըզմէկ։
Կ’երթեւեկեն
ետ-առաջ
դարերն,
ամէն
հինգ
քայլի՝
Նահանջի
քայլ
մը
կ’առնեն։
Ջերմերն
իրենց
ելեւէջն
ունին,
սէրերը
իրենց
Տեղատըւումն
ամենէն
Հարուստ
սրտին
մէջ
անգամ։
Ժողովուրդներն
իրենց
մեծ
Մահն
ու
զարթումն
ունին
շէն։
Օ՜
հակասանք,
ըստեղծման
դա՛ռըն
պայման։
Տեսայ
քեզ՝
Անոր
մէջ
իսկ,
որ
անխախտ,
Յաւակնութիւնն
ունէր
միշտ՝
երթալ
ուղիղ
գիծի
պէս։
Եւ
մահ
էր
հոն,
ուր
խաղըդ,
Ալեկոծումըդ
չըկար՝
սահմանափակ
գլխէն
ներս։
Այսպէս,
իմ
դէմըս
դըրախտ
Եւ
դըժոխք
է
նոյն
ատեն։
Հրեշտակներու
հետ
լուսէ՝
Հրէշներու
կռիւ
է։
Անվերջ
Ալիքներու
գլխատում
եւ
յարութիւն։
Կը
յուզէ
Զիս
յայտնութիւնը
այս
պերճ,
Կ’ահաբեկէ
նոյն
ատեն։
Մանկութիւնս
իմ
ցաւ
ու
սէր,
Վէրք
մըն
է
մերթ,
շըքեղ
մերթ
Անդրաշխարհիկ
յիշատակ
մ’որ
զիս
խորքէս
կը
ցնցէ։
Անցեալն
այնքան
քաղցրակերտ,
Այնքան
վըսեմ
է
երբեմն,
անարատ՝
զուրկ
թախիծէ,
Այնքան
պղտոր
են
օրերդ։
Որ
կը
կարծես
ինկած
վար
ըլլալ
երկնի
մը
ծոցէն։
Խորհուրդն
անցեալ,
մանկական,
Օրերն
հնչուն
ջուրերուն
շողերուն
պէս
սըրարշաւ՝
Աստուածային
են
այնքան
Որ
կեանքս
ի
վեր
աղարտա՛ծ,
մաշած
տակաւ
առ
տակաւ՝
Ըզգայնութեան
մը
կը
զգամ
Անցնող
ալիքը
ներսէս…
Ջուրերուն
հետ
կը
հոսին
Փսփըսուքներ
ու
լոյսեր,
Որ
կը
մաղէր
իմ
վըրաս
ծուռ
թըզենին
պարտէզին,
Ուր
սիրտըս
ժիր
կը
լըսէր
Հեւքը
բնութեան
անսահման,
անրջային
մեղեդին։
Տեսիլներու
կարկեհան՝
Ծառը
ծովին
պէս,
երազ,
կը
հիւսէր
քող
մը
սարսռուն։
Ու
միջատները
նըման
Ծառէն
առկախ
քնարներու
բիւրեղավառ
լարերուն՝
Կը
ձայնէին
իր
վըրան։
Եւ
ահա
ճիչ
մը
ցաւի,
-
Տարիներուս
ետեւէն
ձայնող
թռչուն
մը
հեռուն։
Անմեղութեամբ
կը
բացուի
Ամէն
ալիք՝
սրտին
պէս
հեծկլտացող
փոքրերուն,
Ամէն
մէկը
դողահար…
Կը
յիշեմ
լացըս
անուշ՝
քարէ
մ’ինկող
ջուրին
պէս,
Վարժուհիի
մը
համար։
Առաջին
սէր։
Դողդըղաց
իմ
մանկութիւնս
յուզումէս։
Խորհուրդ
մ’իր
շուրջ
կը
ծըփար։
Լըսեցի
ձայնն
աստղերուն՝
ծղրիթներուն
բերնէն
ես։
Եղայ
խըրոխտ
նաւավար՝
Հեղեղներուն
վրայ
բակին
եւ
ձիաւոր՝
հովերուն
Վըրայ
հեծած
ու
սուզակ՝
Արտերն
ի
վար
ալեծուփ,
լարախաղաց
ու
թըռչուն,
Հրամանատար՝
աւերակ
Բերդերու
տակ,
երկրախոյզ
եւ
ուղեւոր
մոլորուն՝
Տարուած
տենչէ
մը
անյագ
Գտնելու
նոր-նոր
հողեր։
Ձըմեռը
ձիւն
ու
թելեր
Հեռագրական,
դպրոցին
Կաղանդի
ծառը
լուսէ,
գիշերը
տան
կրակը
մեր,
Հովերն՝
որ
զիս
օրրեցին։
Յետոյ
տարիք
մը
խոհեմ.
տըղան
տանիքը
կ’ելլէր՝
Ձեռքին
գըրիչ,
գիրք,
վրձին։
Ճարտարագէտ,
նըկարիչ,
արձանագործ՝
ձեռքիս
տակ
Ցեխն
ու
քարերն
ապրեցան։
Եղայ
ճարտար
դերասան,
ձեղուններու
ողբերգակ։
Յետոյ
հըրաշք
սինեման։
Եղայ
հըպարտ՝
մարդկութեան
Յաղթանակով,
հեռաւոր
ոստաններովն
իր
հըզօր,
Ուր
փրկութիւն
մը
կարծես
Կը
սպասէր
ինձ,
կը
կանչէր,
զիս
կը
դիւթէր
ամէն
օր։
Յետոյ
պայքարը.
ծոցէս
Բըխող
սուրբ
կիրքը
ուսման…
Ջուրերը
փայլն
ունին
հին
Պատկերներուն
մանկական։
Կորսըւած
հին
ձայներ
են,
որ
ծովուն
հետ
կը
սահին։
Հեռուն
տըղաք
կը
խաղան։
Հին
առաւօտ
մը
կարծես…
Օ՜
մանկութեան
աշխարհին
Մէջ
հանդիպումն
այս…
Տըղան
Ու
իր
վէպերը
տըխուր,
հայրենասէր…
Ամրան
տաք
Տանիքն
է
մեր
ծուռիկ
տան։
Չորցող
միրգերն
են
ահա,
սաւանին
վրայ
ըսպիտակ։
Ջուրերն
անդին
կը
պոռթկան,
Արցունքի
պէս
կը
ժայթքին
ժայռի
մը
թաց
դէմքէն
վար։
Խորհուրդներու
մոգական
Շողարձակումն
է
լըռին՝
հոսանքներէն
հողմավար։
Օ՜,
մանկութիւն,
արդ
ո՜րքան
Կը
շըքեղնաս,
կը
մեծանաս։
Պատանութիւնըս։
Խաւար
Երազի
ծով
մը
ճեղքող,
Ննջող
տըղու
խռկոցով
կը
քալէ
նաւ
մը։
Անոր
Ճիչը
հին
ճիչն
է
յուզող
Այն
նաւերուն,
որոնց
դէմ
տըղան
կ’երթար
ամէն
օր,
Մեկնումներու
սէր
ու
դող
Իր
սրտին
մէջ՝
բոյրն
ըմպել
քաղաքներուն
հեռաւոր։
Ու
ան
գընաց
ամէն
կողմ,
Հալածական
ուղեւոր,
ամբոխներու
մէջէն
խենթ,
Վրայէն
հիւանդ
հողերուն։
Լաց,
յուսաբեկ
ընդվըզում,
անքընութիւն
էր
ու
տենդ,
Մահուան
սարսափ,
թափառում՝
Քարափներու
վրայ
օտար,
պայուսակ
մ’իր
կողէն
կախ։
Ռըմբակոծում
է,
հեռուն,
Տեղատարափ
փամփուշտի։
Վառօդի
բոյր
է,
ժըխոր։
Դիակներու
պէս
ինկած՝
խուտի
դէզեր
հոս
ու
հոն,
Փըլուզման
ձայն
մ’ահաւոր։
Բայց
ի՜նչ
կորով
էր
իր
այդ
Փախուստին
մէջ
ուժասպառ։
Ի՜նչ
հաւատք
էր
գալիք
իր
Տարիներուն
դէմ
անյայտ,
Եւ
ի՜նչ
կարօտ
էր
կեանքի՝
հորիզոնին
դէմ
կարմիր։
Դէմըս
պայծառ,
հսկայ
ծով։
Դէմըս
շարժուն
յուշերու
անհունութիւն
մը
կ’այրի
Տեսիլներու
ծըփանքով։
Աչքերս
անոր
մէջ
ցցուող
կը
տեսնեն
դէմքը
վայրի
Պատանիին
հոգեթով,
Խորհուրդներն
իր,
մենաւոր
հոգին
անոր,
որ
նըման
Հոսանքներուն
մշտախռով՝
Լոյսի
ծիլեր
նետելով,
կ’երթար
անյայտ
իր
ճամբան։
Դէմէս
կու
գան,
կ’ողողեն
Օրերը
զիս։
Սրտիս
մէջ
կ’արձագանգեն,
կ’որոտան
Ադամանդէ,
ոսկեղէն
Ապառաժներն
ու
սիւներն
երբեմնի
ճոխ
յոյսի
տան։
Կը
թրթըռայ,
կը
շողայ
Շուրջս
ամէն
ինչ…
Մաքրութեան,
խոստում
մըն
է
հանգըստեան
Վըրաս
երկինքը
խաղաղ։
Բայց
կը
խուժէ
վախն
ահա…
Ձեռքերըս
դողը
կը
զգան
Թոյլ,
պարտըւած
ձեռքերուն։
Ես
դասալիքն
եմ
ահա,
այդ
բոլորին
անարժան։
Մոլորումէն
շըւարուն՝
Հայրենական
տան
առջեւ
կանգ
առնող
մարդն
եմ։
Ո՜րքան
Կը
զգամ
ինքզինքըս
հեռու,
Օտար,
փոխուած,
ծերացած,
ճամբէն
շեղած
մէկուն
պէս։
Խոստումներու,
յոյսերու
Կոյս
հողն
է
որ
աւերեր,
փըճացուցեր
եմ
կարծես։
Աւազին
վրայ
շափիւղայ՝
Սողուն
մըն
է
հսկայ,
ծոյլ՝
լոյսն
արեւին
դիմացի։
Ոտքերուս
տակ
կը
սողայ
Աւազն
հեղուկ
ու
գոռոզ
լըռութիւնով
մը
օձի
Կը
պատգամէ,
կը
յայտնէ
Տալիք
աղէտը
ծովին,
որ
կը
հասնի,
կը
կոծի.
-«Ապրի՜լ,
ապրիլ
նենգօրէն,
Շարունակել
ապրիլ
չար,
սողունի
պէս,
խելացի,
Անվախ,
խաբել
ու
ամէն
Տարի
շապիկը
փոխել։
Ի՞նչ
է
տըղու
խեղճ
հոգին
Մեր
հոյակապ
կեանքին
քով.
-
Անմըտութիւն՝
աղուորցած
ժամանակին
մըշուշին,
Մոռացութեան
ետեւէն,
Անզօրութիւն`
հաւատքին
ետին
իսկ
իր,
խոյանքին
Մէջ
իսկ
երկիւղ
մը
խըռով։
Քու
մանկութիւնըդ
եղաւ
տխմարութիւն
մը
ամբողջ»։
Օ՜
վայելել,
հովն
հրեղէն
Մազերու
ձայն
մը
ահա,
կը
բերէ
բոյր
մը
մարմնի։
Գոյն-գոյն
դրօշներ
խենթն
ի
խենթ
Կը
ծածանին
ափերուն…
Ապրի՜լ,
կու
գայ
ու
կ’անցնի
Փրփուրը
զուր
ճիգերով։
Ու
փրփուրին
պէս
մարդիկ
կու
գան,
կ’անցնին։
Երանի՜
Անոր,
որ
ոտքն
ապահով
Հողին
դըրած՝
կը
քալէ։
Աղօթք,
երազ,
խեղճ
լացեր,
Նեխած
մտքեր,
ցաւեր
խռով,
Ազնըւացման
մեծ
փափաք…
Ինչպէ՜ս
բառեր
ըստեղծեր
Վարագոյրներ
ենք
քաշեր
Խորունկ
վիհերը
ներքին
քողարկելու
համար
մեր։
Ոտքերուս
տակ
ցեխ,
խէժեր,
Որ
սակայն
քաղցր
են
նոյնքան,
որքան
պատկերը
տըղուն…
Աւազին
մէջ,
մահուան
մեր
Ոգին՝
որ
մեզ
կը
մըղէ
վայելքներուն…
Շողշողուն
Ալիքները
կը
խուժեն
Ոստումներով
գազանի։
Օ՜
այս
պայքարն
աւազին,
Ծովուն
միջեւ՝
մըշուշէն
Հորիզոնին՝
մինչեւ
վառ
աւազներն,
որ
կը
սուզին,
Կը
կըլանուին
յամրօրէն։
Օ՜
այս
պայքարն
անցեալիս
եւ
ներկայիս
միջեւ
իմ։
Կը
բարձրանան,
կը
բախին,
Կը
զարնըւին
իրարու
վահաններու
ժըխորով,
Կ’իյնան
կրկին
ու
կրկին,
Խոյանալով
կը
փշրեն
իրար
ալքերը։
Հով,
հով
Ու
հովին
մէջ
զայրագին
Ծիծաղ
ու
ծաղր
ու
բողոք։
Մերթ
հեծեծանք
մը
թոթով։
Տարածութեան
ծոցն
ի
վեր՝
Հսկաներու
շրթներէ
անձրեւող
թուք։
Սըլացիկ
Խըրող
նետի
պէս
ճիչեր,
Աղաղակներ։
Յարատեւ
մրճահարում,
վազք,
հեւք,
ճիգ։
Փառաբանում
գլխահակ։
Թուխ
ժայռերու
զարնըւող
ջուրի
մըրմունջ
ու
շղթայ
Մը
ճըռընչող,
մինչ
կոհակ
Մը
կոհակներ
ճզմելէն՝
նոր
կոհակի
մը
կ’երթայ,
Կ’անհետանայ
անոր
տակ։
Կը
ճզմըւի,
կը
զարնէ,
կը
զարնէ
սիրտըս,
կ’այրին
Քունքերս
յոգնած
ու
գետնէն
Ոտքերս
քիչ-քիչ
կը
կտրին,
մինչ
արիւնիս
մէջ
ծով,
կին,
Ճամբան,
հողերը
ամէն
Արագահոս
կը
սահին.
օ՜
փոփոխումն
այս
կրկին…
Կու
գայ,
կու
գայ,
կը
հասնի
Ծովն
ահա
խրոխտ։
Անարգել
մակընթացում.
թիզ
առ
թիզ
Գրաւում,
գրաւում…
Մարմինի,
Մտքի
զարթում
մը
քիչ-քիչ։
Վերազարթումը
սրտիս։
Արոյրի
ձայն
ու
բոցեր,
Ծովը
աստղեր
է
տըւեր,
կապոյտ
թեւեր,
այդ
բարի
Պատանին,
որուն
ծեր
Ձեռքս
հաշտութեամբ,
գորովով,
դողդըղալով
կ’երկարի։
Աստղերու
րիթմ
է
իր
մէջ,
տարածութիւնն
է՝
որուն
Շունչէն
իմ
կուրծքըս
կ’ուռի։
Արարչութեան
մը
տանող
ծովը
ճամբան
է
օրրուն։
Հոգիս
կ’աճի
վառ՝
ջուրի
Վեհութիւնով,
մինչ
իր
մէջ
կը
թաղուի
կեանքն
առտըւան։
Կը
փայլակեն
ահաւոր
Նոր
մանգաղներ։
Բայց
ափէն
միլիառ
աստղեր
դուրս
կու
գան։
Յարութեան
ժամն
է,
շեփոր
Մըն
է
ամէն
մէկ
ալիք,
յառնող
մեռել
ու
պատգամ՝
Մագաղաթի
վրայ
ոլոր։
Վարագոյրներ
խօլաբար
կը
բըզըկտէ
պաղ
քամին,
Կը
փըռէ
նոր-նոր
գորգեր,
Կը
սփռէ
նոր-նոր
կրակներ,
փայլող
շերտեր
երկնքի։
Շիշի
մը
պէս
դէպի
վեր
Փրփըրացայտ
կը
յորդի,
ամէն
ալիք
կը
ժայթքի։
Հրթիռաթիռ,
հըրակերտ
Ալիքներէն
արբշիռ
ես՝
ահա
կրկին
կը
ծընիմ
Այս
քաոսին
առջեւ,
մինչ
Կը
տապալին
երազներն,
որ,
այս
առտու
դեռ,
անձն
իմ,
Լուսածագին
մէջէն
ջինջ,
Իրեն
առջեւ
կը
գտնէր։
Աչքերըս
փայլ
կ’առնեն
շէն,
Ու
հոգւոյս
վրայ
կը
բացուին
Նոր-նոր
լոյսեր։
Ալիքներն
աչքերէս
ներս
կը
խուժեն։
Հորիզոնին
չափ
ծովին
Թեւերուս
մէջ
բարձրացած
կը
թրթըռայ
ամենէն
Հորիզոնէն՝
ձուլարա՛ն
Մետաղներու,
կը
հոսին
ջուրերն
ահա։
Կը
վազէ
Ծովը
մեղրի
մը
նըման,
Թաղելով
հին
թիթեղներ,
կեղտեր,
հացեր
ու
սէզեր։
Կը
սարսըռան,
կը
շողան
Խիճերն
ահա,
կը
փըլին
տըղոց
բուրգերն
աւազէ։
Մէջըս
տակաւ
առ
տակաւ
Ըզգայնութիւնը
մեծցաւ,
եղաւ
ծովին
անսահման
Վըրայ
փռուած
լոյսի
խաւ։
Հովը
ճակատըս
սրբեց։
Ոգեւորեց
զիս
տըղան,
Մարմնիս
իր
շունչը
տըւաւ։
Միսերս
առին
ուժ
մը
նոր,
բոյսերն
ինչպէս
կը
ստանան
Փոթորիկէ
վերջ
ամէն։
Մեռան
տենչերըս
թեթեւ։
Անասնային,
սընամիտ
Զուր
ընդվըզում,
զուր
ճիգ
էր
Այս
առաւօտ։
Կ’երգէի։
Բայց
վաղը
ոչ
մէկ
ժըպիտ
Պիտի
իմ
սիրտըս
դիւթէր։
Ոչինչ,
ոչինչ
զիս
օրրէր
պիտի,
ոչ
տենչը
բախտին,
Ոչ
փառքին
սէրն,
անձնըւէր
Զոհաբերման,
սրբազան
ոչ
մէկ
կարօտ՝
իմ
ցրտին
Ու
քարացած
սիրտս
ի
վեր։
Ոչ
մէկ
հըմայք
ու
խորհուրդ…
Աւազին
պէս
ընդունեց
Մարմինս
ամբողջ՝
այսպէս
քեզ։
Օ՜
ծով,
ահա
կը
կըրէ
ան,
կը
տանի
բեռըդ
մեծ։
Հովն
օծեց
զիս
ճակատէս։
Աչքերուս
մէջ
վանքեր
են
ու
զանգակներ,
ծնծղաներ։
Պատարագ
է,
մոմերու
Բոցերու
մէջ
ծըփանուտ։
Ու
ոսկետառ
շիրիմներ
Են
մարմարէ
հոն,
հեռուն,
Խունկ,
բուրվառներ,
սուրբ
գիրքեր…
Ու
տաղերս
են
հին
ու
նոր,
որ
կը
հնչեն
ծովն
ի
վեր։
Քաղաքներու
կարօտն
էր
Դեռ
այս
առտու…
Ծովէ՛
ծով
Պիտի
երթամ
տեսնել
ես
բոլոր
բերքերն
հողին
մեր,
Ըսփինքսներէն
անվըդրով,
Տաճարներէն
կիսափուլ,
անտառներու
հոծ
ծառոց
Տակ
թաղուած
հին
կուռքերէն
Մինչեւ
շէնքերն
երկնասլաց՝ոստաններու
արտառոց…
Տեսնել
ինչպէս
կը
պարեն
Փոլինեզեան
վըհուկներն,
հաւայեան
մերկ
կիներուն
Տեսնել
պարերն
ալեկոծ։
Լուսնով
օծուած
լիճերու
ափերուն
վրայ
փայլփըլուն,
Տեսնել
ինչպէս
օձ
մը
օձ
Մը
կուլ
կու
տայ
ծայրէ
ծայր,
ինչպէս
ամէն
նոր
գարուն
Գետին
հըրէշը
մարդոց
Կը
խըլէ
զոհը…
Տեսնել
կենդանային
ամէն
սեռ,
Ամէն
թըռիչք
մարդկային,
Աշխարհն
համայն,
որ
հոգիս
իր
խորութեամբ
կը
յուզէր,
Որով
ներքին
բացուէին
Պիտի
դռները
գաղտնի։
Տեսնել,
ապրիլ…
Ցանկասէր
Ճամբորդին
տեղ
առտըւան,
Խորհուրդներու
Քոլոմպոս՝
ես,
ահա
հոս,
կուրծքս
հովին
Ու
կապոյտին
արգաւանդ։
Ողջո՜յն,
ողջո՜յն,
մութ
ցաւին,
Կասկածներուս,
որ
ինծի
Աստուածային
ընդվըզումն
ու
մեծ
գարշանքը
տըւին։
Տրտմութիւնը
սոսինձի
Պէս
կաշկանդող
երէկ
զիս
ու
տագնապն
էր
տակաւին
Այս
առաւօտ։
Ծըռեցի
Ահա
գըլուխս
համերաշխ
խոնարհութեամբ.
բարձրացայ,
Վըստահութիւնը
եկաւ
Ու
Տիրոջ
շունչն
ողողեց
զիս,
գերագոյն
իբր
ընծայ։
Ջուրերուն
հետ,
որ
տակաւ
Կը
մօտենան,
բերկրանքի
հեղեղումն
է,
լուսեղէն
Արցունքն…
Ողջո՜յն
գիրքերուն
Ունայնութեան.
անծանօթ
գոհարներ
զիս
կ’ողողեն։
Ողջո՜յն,
վրէժի,
չարիքի
Մեծ
ծարաւին։
Ողջո՜յն
զիս
Խոցողներուն,
վատերուն։
Ո՞վ
կը
սպասէր,
որ
կրկին
Դառնայի
հեզ։
Ծովն
ուսիս
Կը
դընէ
ձեռք
մը
բարի։
Ու
կեանքը
քաղցր
է,
պայծառ՝
Ահա
դարձեալ։
Օ՜
երթան
Շունչս
ու
նայուածքըս
գալիք
օրերն
ի
վեր,
դարէ
դար։
Ողջո՜յն
անցեալ
ծուլութեան։
Մեքենաներն,
անիւներն
ու
մեր
մուրճերը
այստեղ,
Այս
ծովուն
վրայ
կը
ստանան
Գեղեցկութիւն
մը
ահա։
Հոս
աշխատանքը՝
անծիր
Հարըստութիւնը
գալիք։
Ալիքներն
հոս
ռատիոմ
են,
Արծաթ,
մարմար
ու
պորփիւր։
Հոս
կայաններն
անթելի՝
տիեզերական
ձայներուն։
Ապագայի
մը
անհուն
Տարածութիւնը։
Դարձող
պըտուտակները,
սահուն
Սաւառնակի
թեւերուն
Շաչումը
հոս։
Այս
արու
մերձեցումէն
ժըխորին՝
Կը
դարբնըւի,
կը
պնդուի,
Կը
պրկըւի
իմ
հոգիս։
Մարմինս
կ’աճի։
Հոս
խորին
Կանչ
մ’,
աղաղակ
մը
կըռուի։
Ողջո՜յն
ցեղին,
իր
բոլոր
մեռելներուն
ձայնն
է
հոս,
Բողոքը
գոռ,
հեծքը
դառն,
Որոնք
ինծի
հաւատք,
սէր
կու
տան,
կորով։
Մշտահոս
Այս
ծովուն
պէս
ի՜նչ
խաւար
Եւ
ի՜նչ
գանձեր
են
նոյնպէս՝
իր
ծոցին
մէջ
տարուբեր։
Նոր
է,
նոր,
նոր,
որ
անբան
Մեր
տրտունջներն
հեգնելով,
ատելութիւնն
ամբողջ
մեր
Ոռոգելով,
հարուստ
ծով
Մը
կուրծքիս
տակ՝
կը
ծընիմ։
Մակընթացումն
է,
կու
գայ
Կերոններով
ու
կոծով՝
Ծո՛վը,
ծո՛վը
յարանոր։
Մակընթացումն
է.
հսկայ
Բազուկներ
վեր
կը
հանեն
աւազներուն
մէջ
խըրած
Նաւերն,
ահա
կը
պոռթկայ
Ծովն
ահարկու
ծաւալմամբ,
ծոցին
միլիառ
արարած։
Բախտագուշակ
կընոջ
պէս,
Ծովը
կու
գայ,
կը
սփռէ
խաժ
ուլունքներ,
ոստրէներ։
Ջուրի
հոլեր՝
լուսակէզ
Կը
թաւալին։
Ոսկորի
խըշըրտուքով,
տարուբեր,
Քարերն
իրար
կը
քըսուին։
Կը
փսփըսան
աւազներն։
Խըխունջներու
բիւր՝
ճերմակ,
Փրփրուն
լորձունք
մ’արեւին
Տակ
կը
շողայ։
Կը
դողայ
ջուրի
ամէն
մէկ
երակ
Սրինգի
նըման։
Կը
դողան
Մեղրոտ
շրթներ։
Կարապի
վազքով
ամէն
մէկ
կոհակ
Կու
գայ,
կ’իյնայ
ափին
վրան,
Կը
սարսըռայ
կեանքով
ժիր։
Անդին
կանչեր,
խօլ
ճիչեր,
Երթեւեկում
վրանէ
վրան՝
Պըղինձի
գոյն
բազմութեան
մ’որ
կը
խայտայ
կենսաբեր
Ծովուն
դիմաց,
նախնական
Մերկութեան
մէջ։
Մարդկային
խոր
պաշտամունքն
ահա։
Սէր՝
Ծովուն
հանդէպ,
որ
շող,
ցօղ
Առատաբուռն
ցանելով
սերմնացանի
պէս
կու
գայ։
Մերկ
ահա
ես,
մեզ
ծընող
Ծովուն
առջեւ,
կուրծքըս
լայն,
հովերուն
դէմ…
պաղ,
հսկայ
Կանաչին
մէջ
յարափոխ։
Հրճուանք։
Ողջո՜յն
իմ
ներքին
հակասանքիս,
ողջո՜յն
մեծ
Մակընթացման
ողողող։
Ողջոյն
ծովուն,
որ
այս
նոր
վերածընումըս
օծեց։