ՍԱՒԱՌՆԱԿ
Կոծ
մ’արտառոց
մեքենական
սըղոցի
Կ’աւետէ
անցքը
շէկ
աստղին՝
ամէն
գիշեր։
Կը
դղըրդայ
անոր
շուրջ,
Կը
պատռի
եբենոսէ
երկինքը
չոր։
Ու
լոյսի
թարմ
տաշեղներ
պատերն
ի
վար
կը
թափին։
Կը
կախուի,
կը
ճօճուի
լուսարձակ
մ’ընդարձակ՝
Լոյսէ
ողորկ
գերանի
պէս։
(Ա՜,
ինչ
քաղցըր
պիտի
ըլլար
քալել
անոր
վըրայէն։)
Վարէն
սուր,
վերէն
անհունօրէն
լայն՝
Փըղոսկրէ
վառ
ժանիք
մ’է
ան,
Որ
կ’երկարէ
կարծէք
երկինքը
մեզի։
Գընացքի
մը
ճիչը
պատահաբար,
Ամէն
գիշեր
նոյն
ժամուն,
Սարսուռը
խօլ
քաղաքին՝
Ուր
հեգնական
կամ
ողբերգու
թռչուններ
Կ’աղաղակեն
ու
կը
սուրան
անձկագին՝
Մետաղային
թեւթափումով…
Մահամերձի
ի՜նչ
ծանըր
հեւք
եւ
ի՜նչ
հեւոց
գինովի։
Կը
թաւալին
հնչուն
հսկայ
տակառները՝
փողոցներէն,
Ուր
գինիներ
լոյս
կը
սփռեն։
Ու
յորդումով
մը
բընական,
երկիւղով
լի՝
Կը
բարձրանայ
մէջէս
աղօթք
մը
տարտամ
Ամէն
գիշեր՝
աստղին
համար,
որ
կը
սահի։
Օ՜
սաւառնակ…
Լուսարձակին
նման
հսկայ
Կը
հետեւի
թեւըս
քեզի,
խոյանքիդ
մէջ,
Անկարող
քաղելու
քեզ։
Կը
դողդըղամ
ամէն
անգամ՝
որ
կ’անցնիս,
Չար
ու
բարի
տենչերէն,
որոնցմով
ես
կը
նըմանիմ
այնքան
քեզի։
Կը
փափաքիմ,
որ
սրտիս
պէս
իյնաս,
վիժիս
գիշեր
մ’յանկարծ.
Հրեշտակի
կամ
հրէշի
պէս,
Հսկայական
ջահի
նման,
գիսաւորի
մը
խոյանքով,
Քաշելով
վար
քեզի
հետ՝
ամբողջ
երկինքն
հրավառ։
Կը
փափաքիմ,
որ
դուն
դառնաս
Ու
թափես
թոյնըդ,
ոռնաս
ոստաններուն
վրայ
մեր։
Օ՜
խենթ
հրճուանք։
Մահուան
փափաքը
սակայն
կեանքի
մեծ
սէր
մ’է
յաճախ։
Կը
փափաքիմ…
Ա՜
ձայնըդ
բարկ
մեքենական
հնձանի՝
Սպառնալիք
մ’է
յաւիտեան
հոգիներուն
համար
բոլոր,
Դուն
համազարկ՝
փամփուշտներու
տեղատարափ՝
Թեւ
առած
հին
գուշակութիւն
Ասուպ՝
որուն
անցքը
մեր
երկնքէն՝
կը
յայտնէր
մահը
մէկուն։
Երկինքն
ամբողջ
կը
հնչէ,
կը
թրթըռայ
Մեծ
վտանգի
մը
զանգին
պէս։
Մատ
մը
այնայտ՝
կը
կոխէ
Խորհուրդներու
ելեկտրական
կոճակին։
Ու
կը
շրջին
մեր
վարկածները
բոլոր՝
Հեղեղին
տակ
ահռելի
ու
գեղեցիկ
գալիքներուն,
Որ
կը
թափես
երկնքին
մէջ,
Ամէն
անգամ՝
որ
կ’անցնիս։
Կը
թրթըռայ,
կը
հնչէ
հոգիս
ամբողջ,
Ինչպէս
խառնակ
երազին
մէջ
կը
դողան,
Ինչպէս
անյայտ
հրաշքի
մ’առջեւ,
Որ
վայրկեանի
մը
մէջ
կ՛անցնի,
Ինչպէս
նըւագի
մը
ձայներուն
տակ,
Որ
սարսափով
ու
հաճոյքով
կ’ողողեն,
Կ’ալեկոծեն
մեր
թոքերուն
ամէն
մէկ
ծալքն,
Ինչպէս
երբեմն
դողացին
Փրկիչն
յայտնող
հրեշտակին
դէմ։
Օ՜
սաւառնակ,
դարերով
սպասուած
երազ,
Երգեհոն
պատարագի
մը
արտակարգ՝
Որ
արձագանգ
մը
կ’արձակէ
ծագէ
ծագ։
Հիմա
է
որ
իրապէս
կը
հնչեն
աստղերը,
Որոնց
մէջէն
դուն
կ’անցնիս։
Հիմա
է
որ
կը
դառնայ,
արդարեւ,
բախտանիւը
զոտիաքներուն,
Հիմա
է
որ
խորհուրդով
եւ
յոյսերով
իրապէս,
Լի
է
երկինքն՝
հանքի
մը
պէս,
որ
կը
պեղես։
Քարի
նըման,
ապառաժի՝
կը
շարժի,
Կտոր-կտոր,
կը
գըլորի
պարապութիւնը
հիմա,
փշրուելով
Խելացընոր
կերպով
դարձող
պըտուտակիդ
տակ
անյայտ։
Կը
դողդղամ
ամէն
անգամ՝
որ
կ’անցնիս
վրայէս,
Վայրագ
ու
թովիչ
թռչուն…։
Կը
շարժի
կուրծքիս
տակ
երազներու
իւղը
սահուն,
Կը
կակըթի,
կը
քալէ
երակէ
երակ,
անիւէ
անիւ,
Պըղինձէ
տաք
ջիղերուս
մէջ
պայթող
բնազդին
հետ՝
զարկ
առ
զարկ։
Մինչ
թըռիչքով
մը
արագ՝
իմ
լայն
թեւերս
կը
սահին
Քաղաքներուն
եւ
հողերուն
վըրայէն,
Մոռացումի
գիշերուան
մէջ
ընկղմած,
Տարիներուն
վրայէն
հին։
Կը
բաբախէ
սիրտըս
ու
կ’որոտայ
անհունութիւն
մը
ներքին,
Որ
կը
պեղեմ
իմ
կարգիս։
Հոգիս
վայրագ՝
կը
խըմէ
անյագօրէն՝
հոսանուտ
տարածութիւնը,
Որ
տաք
կուրծքիս
տակ
ջրվէժի
պէս
կ’արձագանգէ։
Ու
յորդումով
մը
բնական՝
Ահեղավազ
աղմուկիդ,
եռուն
ջուրին
պէս
արթեզեան,
Երկիւղով
լի՝
կը
բարձրանայ,
կը
թաւալի
մէջէս
աղօթք
մը
փարթամ՝
Ամէն
գիշեր՝
երբ
դուն
կ’անցնիս։