ՍՈՒՏԸ
I
Խոցուած
հին
սէր
մ’է
որ
հոն
կ’աղաղակէ,
հոն,
հեռուն,
Մինչ
մութին
մէջ
անսահման
յարալէզներն
անհանգիստ
Աշնանային
հովերուն
Կը
թափառին
տանիքիս՝
Դողդըղալով,
լըզելով,
կաղկանձելով
բրտօրէն
Կաղնիներուն,
շուքերուն,
որ
լապտերներ
կ’օրօրեն։
Մեռել
մըն
է
որուն
շունչ
տալ
կը
փորձեն
հոն
կարծես,
Գեղեցկութիւն
մ’առնական
ու
մեռցըւած
ակամայ՝
Երբ
փրկարար
մաղձի
պէս
Ու
արցունքի
պէս,
կամաց՝
Կ’իջնէ
անձրեւը
բարակ՝
փեղկերն
ի
վար,
պատն
ի
վար,
Մայթերն
ի
վար
ամայի՝
զրահներու
պէս
լուսավառ։
Ու
ցասում
է
յանկարծ,
կոծ…
ճարճատումով
հրդեհի,
Աղերսանքով
մը
կընոջ
կը
հառաչեն,
կը
թափին
Ճիւղերն
ամէն,
ամեհի
Հարուածներէն,
որ
քամին
Կուտայ
անոնց։
Զղջումներ,
տռփավառ
հեծք…
Կը
շրջին
Ու
կը
սուլեն
խուռներամ՝
թաց
տերեւները
վերջին։
Օ՜,
յարութեան
ինչ
զուր
ճիգ…
Մանկութեան
մէջ
լսուած
հին
Հեքիաթային
ճիչեր,
ջերմ
երազանքներ
մոգական,
Յիշատակներ
կը
սահին,
Անցեալ
տենչեր
կը
պոռթկան
Գիշերուան
մէջ,
մութին
մէջ
մոռացութեան
նըման
խոր,
Ուրացումին
պէս՝
որ
զիս
խաւարեցուց
օրէ
օր։
Գեղեցկութի՜ւն
անցեալի։
Ի
զուր
այսպէս
կը
խորհիմ
Կենդանութիւն
տալ
անոր
եւ
կարծել
պահ
մը՝
որ
ան
Պիտի
յառնէ,
խանդըս
հին
Յիշեցընող
այս
աշնան
Հովերուն
մէջ…
եւ
ցաւով
եւ
գլխիկոր
ես
կը
զգամ։
Թէ
պէտք
է
մենք
մեզ
խաբենք,
ինչպէս
խաբեց
Շամիրամ։
II
Լուսինն
երկինքն
ի
վեր
անհուն՝
Վառ
սարդոստայն
մը
կը
հիւսէ։
Կրնայ
ըլլալ,
որ
այս
պահուն
Կ’երկարես
դուն
թելեր
լուսէ։
Երանութեամբ
մը
փողփողէջ։
Անդունդին
վրայ
կը
կարծես
պերճ
Տեսնել
երազ
մը
լուսնին
մէջ,
Փայլն
ադամանդ
դղեակներուդ,
Արքայի
չափ
վեհ
կը
զգաս
քեզ։
Իսկ
ես,
ամէն
խորհուրդէ
վերջ,
Հայելի
մը
դէմս
եմ
գըտեր,
Հրեշտակ
մ’երկչոտ՝
ջայլամի
պէս,
Սենեակս
աղքատ,
հոգերըս
մութ…
Ու
գերեզմանն
համայնակեր։
Արդ,
կը
փորձեմ
տոկալ
վէրքին,
Եւ
չունենալ
ոչ
մէկ
երազ.
Փնտռել
մութին
մէջ
զուտ
ոսկին,
Ճշմարտութեան
թաթը
վըրաս։
Առանձնութեան
մէջ
ես
կեցած
Ու
միշտ
դժգոհ՝
կը
կրծեմ
զիս։
Բայց
շարունակ,
սուտին
դիմաց
Ցցուած՝
կը
զգամ
զտուիլն
անձիս։