Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴՈՒՌԻՆ ԱՌՋԵՒ

Փոթորիկէն արմատահան

Ծառի մը պէս, ճիչ կ’արձակէ

Ու խաւարին մէջ կայծակէ

Բռնկած՝ կ’երթայ մեր գնացքն ահա։

 

Կամարներու տակ որոտուն՝

Փըլուզում է յորձանավար։

Ցընցում՝ մըթին իմ անձս ի վար,

Ամէն առտու, գործի ժամուն։

 

Կ’ուզեմ բանալ դուռը կողքիս,

Ուրկէ կ’անցնի հոսանքն հովին։

Մահն արշաւող նըժոյգ է, վին։

Խոնջէնքըս թոյն մ’է դիւթող զիս։

 

Մահուան դուռին վըրայ սակայն՝

Պատկերս ահա դեռ անաւարտ։

Ի՜նչ քաղցրութիւն. անարատ վարդ՝

Մեր դիմաց, միշտ՝ մեր ապագան։

 

Սաւառնաթեւ հրեշտակ մ’առտուն

Կը խոյանայ, կը փակէ դուռն։

Ապակիին՝ հրթիռներ բուռն,

Հուրիներ են. կենդանութիւն…