ԳԱՐՆԱՆ
ԵՐԵԿՈՅ
ԱՆՏԱՌԻՆ
ՄԷՋ
Գարնան
հովին
մէջ՝
ծըփացող
բաշերով,
Աներեւոյթ
ասպետներէ
խըթանուած՝
Կը
խրխնջան
ծառերն
անզուսպ
ու
խըռով։
Ելեկտրական
հոսանքներու
խօլ
հարուած՝
Ամէն
վայրկեան,
ու
խենթութիւն
ու
կորով։
Վերածնման
հրդեհ
մըն
է։
Դէմ
դիմաց՝
Ծիծառներու
արագութեամբ
կը
սուրան
Ինքնաշարժներն
ասֆալթներու
վըրայէն,
Ուր
տօնական
հրթիռներն
են
իրիկուան։
Հազար
փողեր
անտառին
մէջ
կը
վայեն,
Կատուներու
պէս
կը
ճըչան
տռփավառ։
Վազք
է,
արշաւ
ու
փսփըսուք
հըրեղէն։
Հոս-հոն
կիներ,
լուռ՝
թափառուն։
Ու
միլիառ
Տերեւներու,
ձեռքերու
կանչ,
նայուածքներ…
Արմատներ
հաստ
կը
պրկըւին
ծառէ
ծառ։
Գարնան
հովին
մէջ
ծըփացող
յոյզերով,
Ու
խըթանուած
նոր
ուժերէ
կենսաբեր՝
Կը
խրխնջայ
բեգասն
անզուսպ
ու
խըռով։