Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՇՈՒՇ

I

Ստուերասոյզ օր մը նորէն։

Աներեւոյթ անձրեւ մ’աշնան.

-Միլիառ ցեցեր, որ կը դառնան

Միջոցին մէջ ու կը փորեն,

 

Կը ծակծըկեն դէմի դեղին

Ծառերն ահա, քարերն անգամ.

Եւ ճիւղերը թոյլ ու դժկամ՝

Կը շըփոթին, կը տատանին…

 

Պառկած եմ. խոնջ՝ ականջ կու տամ.

- Աշխարհ մ’օտար։ Տանիքներէն

Ծորող մըշուշ։ Կեանք մը տարտամ։

Երկչոտ եմ ես՝ որպէս երէն։

 

Տենչեր բազում, հորիզոններ,

Նոր, անծանօթ ուժեր ներքին…

Բայց այս բոլոր գանձերուն մեր՝

Դարձեր ենք մենք անզօր գերին։

 

Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ եւ սրտաւեր

Օտարութի՜ւն։ Ա՜, ինչպէս մարդ

Խանդավառուի, ըլլայ հըպարտ։

Ոչ դաշտ կռուի եւ ոչ հրաւէր։

II

Ծառերը թաց են լացէն։

Երկինքը գոյնն ունի խոնաւ գերեզմանի մը կաւին։

Ծխնելոյզները կ’երկարեն սուգի քողեր։

Ծովամայրի թաց, մածուցիկ մեղկութիւն։

Անցորդները՝ ծըփուն խոտեր ջրային։

 

Շնաձուկի խոյանքով լոյսերն իրար կը հալածեն։

Ու յօշոտուած եւ բաբախուն միսերէ ծորող արիւն։

 

Երկչոտ եմ ես, դատարկ եմ ես այս իրիկուն։

Փլող, հոսող աւազի ձայն մ’է հեռուն։

Բայց աստիճան-աստիճան բիւրեղացում մը թաքուն

Կը ծաւալի ծծումբ բուրող այս տխրութեան մէջ օդին։

 

Աշխարհն ինծի կը նայի՝ ողկոյզ-ողկոյզ

Մեղրածորան աչքերով։

III

Ձեղնայարկին մէջ պանդոկի մ’, առանձին՝

Կեանքիս է՛ն պերճ ճամբորդութիւնը ըրի։

Աշունն ամբողջ դիւթանք մըն էր այդ տարի,

Մըշուշն անհուն երազի դաշտ՝ ճերմակ ձի։

 

Հրթիռի պէս կը բարձրանար, կը սահէր

Սըրընթաց ձայնն հանրակառքի մը ձողին։

Ու կը հասնէր փողոցէն ձայն մ’երկնային

Աւետումի… Օ՜ երկունքի սուրբ պահեր։

 

Մըշուշն ի վեր, տանիքներուն վրայէն վառ՝

Ես կ’երթայի մոգի մը պէս՝ գանձերով՝

Դէպի մեծ լոյսը Մանուկի մը, որով

Կը մեծնային կեանք, մարդկութիւն եւ աշխարհ։