ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ
Հայելիները
դէմ
դէմի՝
ցոլացումով
կը
հաղորդեն
Սիրային
տըռամներն
անցեալ
եւ
գալիք։
Երաժշտութեան
միեւնոյն
գետին
վըրայ,
Եւ
նաւուն
մէջ
կախարդական
միեւնոյն,
Միշտ
միեւնոյն
պատրանքներու
ափը
տարուող
Նոր
ճամբորդներ։
Պա՜ր,
պա՜ր.
ժամն
է
լացի։
Անհետացած
դէմքերուն,
յուշերուն
ժամն
է
անձկագին։
Լուսարձակ
մը
փերիի
պէս
կը
շրջի,
կը
փսփըսայ.
-Սարգի՛ս,
Արշա՛մ,
Խաչի՛կ…
Ժա՛ք…
Ոչ
ոք,
ոչ
ոք
այդ
խանդավառ
խմբակէն։
Վահէ,
եղով-մեղրով
մեծցած
պատանին,
Պարէն
հիւծուած՝
անվերադարձ
օր
մը
գնաց
բուժարան.
Լեւոն
ինկաւ
կառքի
մը
տակ։
Արշամ
ողջ-ողջ
հրկիզուեցաւ։
Վահան
անցաւ
Ամերիկա,
ուր
քաղցկեղը
զինք
կրծեց։
Միհրան,
բոլոր
կիներէն
սիրուած
տղան
պարթեւակազմ՝
Գլուխը
կախ
հայր
մ’է
հիմա
օտարացած։
Ոչ
ոք,
ոչ
ոք
բոլոր
խօլ
աղջիկներէն
յեղյեղուկ.
Քլօտէթ,
Սիւզան,
Կապռի,
Ժանն…
Որ
մեր
քսան
տարեկանի
սէրն
ու
լացերն
առնելով
Անհետացան։
Խշրտուք
մը
թաց,
հողմավար
տերեւներու։
Սըրինգներու
ծակերէն
կեանքի
հոսումն
անդադար…
Հայելիներն,
ուղիղ
ու
շեղ՝
ծիծաղելով
կը
նային
Իմ
ցաւերուս
վրայ,
սակայն։
Ու
զիստ
զիստի՝
ամբարտաւան
պարողներն,
Ուրուականներ
ճզմելէն,
Դժոխքն
ի
վար
անփութութեամբ
կը
քալեն։