Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ԴԱՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒԳԱՅ

(Դաշնակցականի մը երազը)

Հրաշքներն ահա կը ծընին,

Երբ դառնութիւնն օրերուն զիս քայքայել կը սկսի։

Կը թաւալին, կը ծաղկին հայելիներ, շատըրուաններ աստղերու,

Որունց վրայէն, լուսիններով բեռնաւոր՝

Նաւեր հանդարտ կը սահին։

Գոռ երգերով կը թնդան, գիշերին մէջ, բոլոր ծովերն աշխարհի։

Լուսէ երկար ու ճերմակ թեւերու տակ կը շարժին

Փղոսկրափայլ անհաշուելի ըստեղներ։

Կամուրջներու վըրայէն շոգեկառքերը կ’անցնին,

Վառ ամպերուն զարնելով մետաղահունչ թեւերն իրենց փիւնիկի,

Մինչ յարութեան փողերու պէս կայծկլտուն՝

Ծուխերն իրենց կ’երկարին հորիզոնէ հորիզոն։

Փարոսները կը լարեն լուսէ հսկայ դիտակներ։

Ու քաղաքներ իրենց քունէն արթնցած՝

Զարմացումով կը նային բարձր լերան մ’հեռաւոր,

Ուր կը դիմեն անընդհատ՝ աշխարհի չորս կողմերէն եկող Հայեր։

Կայարանները բոլոր ու ծովափները ահա միշտ կ’ողողուին անոնցմով,

Որոնք տասը այլազան լեզուներով կ’աղաղակեն, կը խօսին։

Ու տօն, խնջոյք է կարծէք եւ արբեցում եւ եռանդ…

Ճամբաները շամփուրներու անցըւած եզներու պէս արնածոր՝

Կը խորովուին նոյն ուղղութեամբ արշաւող լոյսերուն տակ։

Դրօշներու ձայնն հովին մէջ՝ ձայնն է պայթող շիշերու։

Դարերն ինչպէ՜ս են փոխուած ջարդի, քաղցի, աքսորի,

Հերոսական մարտնչումի,

Գաղթականի քեմփերու խեղճութենէն ի վեր մեր։

Վակոնները բըլուրներ են արշաւող,

Տեղափոխուող արջառներն՝ եղջիւրներու անտառներ։

 

Օտարացման այլասէր շրջանն անցած է ահա,

Երբ տունի տէր դարձողն իր հայրենիքը կ’ուրանար,

Իսկ թշուառը կը մեռնէր կամուրջին տակ՝

Անկարող բաժնըւելու ոստաններէն լուսաւոր։

 

Շրջանն անցած է ահա միջազգային միամիտ երազներուն։

Ու ամէն ոք, գինով՝ կ’երգէ հայրենաբաղձ երգ մը նոր։

Ու ամէն ոք, յուսաբեկ՝ պատրանքներէն մարդկային,

Լքած պաշտօն, փառք, վայելք՝

Կը տանի հուր մը ցասկոտ աչքերուն մէջ պողպատէ։

-Ճզմել, տիրել… բարձրանալ…

 

Հեռուն, հեռուն, կռունկներու պէս թեւածող

Ելեկտրական տառերն ահա մեսրոպեան

Հարուստ, հըզօր Հայաստանի երկինքն ի վեր։

Սաւառնակներ կ’որոտան դաշտերուն վրայ անսահման։

Ծովերէ ծով կ’երթեւեկեն զրահապատ նաւերը մեր։

Ու ռատիոները, հսկայ շատրուաններ կայծերու՝

Նոր յոյսերու սերմնացան՝ կը ցցուին վեր լայնածաւալ ոստաններէն,

Բարի գալուստ մաղթելով…

Ծովերէ ծով երկարող մեր երկրին մէջ ապահով՝

Քիւրտ, թուրք, չէրքէզ, ժողովուրդները բոլոր

Կ’օրհնեն արդար ըստեղծագործ հանճարն անմահ մեր ցեղին։

Խաղաղութիւն, ճոխութիւն, առատութիւն է չորս դի։

Հեռուն, հեռուն՝ նոր ոստաններ.

-Ռոստոմ, Ռուբէն, Անդրանիկ, Արամ, Ռաֆֆի եւ Վարուժան…

Ու արձաններ, թանգարաններ…

 

Շրջանն անցած է ահա երբ մայր երկիրն իր գաղութները բոլոր

Կ’արհամարհէր, կ’ուրանար։

Եւ մեր տաղերը ահա Օ՜ քաջութիւն, գաղթաշխարհի քերթողներ,

Կը կարդացուին, կը հասկըցուին վերջապէս ողջ աշխարհէն

Ու կը մտնեն սրբազան մատեաններու շարքին մէջ։

Նոր քերթողներ կուգան առնել մեր աճիւնները՝ կապոյտ

Սափորներու մէջ, որոնք պիտի դառնան

Իմաստութիւն, յաւերժութիւնն արձագանգող ժժմակներ…

 

Դարերն ինչպէ՜ս են փոխուած։

Բժիշկ, գիտուն, փաստաբան, մասնագէտներ զանազան,

Երաժիշտներ, նկարիչներ, բեմադիրներ ու բանուորներ յաղթիրան,

Շքեղ կիներ, պատանիներ խանդավառ…

Ու բոլորը կը գրկեն ահա իրար…

 

Հրաշքներն ահա կը ծընին,

Երբ դառնութիւնն օրերուն զիս քայքայել կը սկսի։

Եւ յոյսն այսպէս կը բարձրանայ,

Սահանքներու ետին աճող ջուրին նման…