ԼՈՒՍՆԻ
ԼՈՅՍ
Նոր
ծաղկած
ծառ՝
ծովն
ի
վեր
կ’ալեկոծի
ու
կ’աճի
Լուսինին
լոյսն
անսահման։
Փսփըսալով
կը
ծըփան
Ծաղիկներն
իր՝
որ
ունին
գոյնը
մեղրի
եւ
գաճի։
Կատարն
իր
վէս
կը
քսուի
հորիզոնին
փայլփըլուն,
Ուր
յորդում
մ’է
աւիշի։
Եւ
շարունակ
կը
վիժի
Իր
վազքին
մէջ՝
խորհուրդին,
գաղտնիքներուն
հասնելու:
Չար
ու
բարի
ուժերու
կըռիւ
մըն
է
անընդհատ՝
Լըռութեան
մէջ
գիշերուան։
Հակառակորդ
մ’ափին
վրան՝
Կը
փրցընէ
մէկ
առ
մէկ
աճող
ամէն
մէկ
արմատ։
Ես
կը
նայիմ
յոյսիս
խօլ,
որ
անըսպառ
կը
սպառի,
Կ’աճի՝
առանց
աճելու։
Կը
նորոգուի
միշտ՝
հըլու՝
Կեանքին,
որմէ
ան
կ’առնէ
գիծերը
չար
մերթ
բարի։
Օրերը
զայն
կը
հիւսեն
ու
կը
քակեն
շարունակ,
Անյայտ
սիրոյ
մը
համար։
Եւ
ես
կ’օրհնեմ
գաղտնաբար
Զոհաբերումն
անարդիւնք՝
խունկի
այս
ծուխը
բարակ։
Լուսինին
լոյսը
հեղուկ՝
ճերմակ
ճամբայ
մ’է
յըղի,
Ուրկէ
աստղերը
կարծես
Պիտի
երթամ
անդարձ՝
ես…
Ան
ապագան
է,
բիւրեղ՝
որ
անհունէն
կը
բըխի։
Եւ
ես
արբշիռ՝
կը
նայիմ
պատրանքներուս։
Կը
ծըփան
Յուշերս,
կ’իյնան
քարափին։
Կը
դիտեմ
խաղը
նրբին
Ինէ
բըխող
հոգիիս,
որ
կ’երկարի
անսահման
[1]
։
[1]
«
Լուսնի
լոյս»
քերթուածին
ամբողջացեալ
տարբերակը
տեսնել
«
Միջերկրական
»
բաժնին
մէջ: