Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՈՒԺՈՒՄ

Փողոցներէն բարձրացող գոռ որոտն էր որ զիս կը բուժէր

Յոգնութենէս, զիս կ’ողողէր, կ’արբեցընէր ամէն գիշեր։

Վաղուան մը պերճ դիմող մարդուն, յուսադըրիչ գալիքներուն

Գացող նաւուն շուրջ պոռթկացող ջուրերուն ձայնն էր փրփըրուն։

 

Կը թաւալէր քաղաքն հեռուն, փըլուզումով մը կը վիժէր։

Ասֆալթ ծակող գործիքներ զայն կը քանդէին ամէն գիշեր։

Էփիլէփթիք կընոջ մը պէս կը զարնըւէր ան քարէ քար.

Բայց նոր կեանքի խորհուրդ մը, թարմ աւիշ մ’իր մէջ կուրծքըս կը զգար։

 

Փողոցներէն գահավիժող թաւ աղմուկն էր, ամէն գիշեր,

Հեղեղատին, որ իրեն հետ անդունդներէն վար կը քըշէր

Կեղտերն օրուան, ցաւերը սին. ու մաքրըւած ծոցէն կեանքին՝

Կը բարձրանար շէնքերն ի վեր արարչական պայծառ ոգին։

 

Փողոցներէն եկող օձի խոստում մըն էր, ամէն գիշեր,

Աշխարհներու ձայն մ’հեռաւոր անձրեւներուն մէջ կը լսուէր։

Մուրճերուն զարկն էր անծանօթ դարբիններու բարձր ու կայտառ։

Ու սիրտս ամէն գիշեր, հրաշէկ՝ մետաղահունչ կը դղըրդար։

 

Տենչեր, տենչեր… մինչեւ հատնին. ցանկութիւններ, սէրեր՝ վերջին

Մինչեւ յագուրդ. որպէսզի կուշտ՝ կարօտակէզ միսերս հանգչին։

Աշտարակէն վար լուսարձակն սպիտակ զրահն էր, վերարկուն՝

Հին ասպետի. եւ ես հերոսն էի կեանքին սուրբ հրաշքներուն։