Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱԹՈՐ

Կ’ելլէ արեւ մը բեմէն, ուր կը կտրի լուսարձակ

Մը, ճեղքելով թատերասրահն ընդարձակ։

 

Եղջերաձեւ աղեղումով մը բացուած

Երկու թեւեր զայն կը կըրեն։

Շուք մը՝ նման արեւակիր եգիպտական սուրբ եզան,

Որ ունէր կնոջ մը անդրին։

 

Պարուհին մերկ՝ իր շուքին տակ կ’առնէ կանգ։

Մարմինն ամբողջ կը փայլի։

Ու հոսումն է Նեղոսին։

Ան կը ծըփայ արտի նըման ցորենի։

Կը սփռէ բոյր մ’զգլխիչ ծաղիկներու ցօղաթուրմ։

 

Պաշտամունքի աղօթք մ’է երաժշտութիւնն,

Այս լոյսին մէջ լուսաբացի։

 

Ուր սրահն ահա կ’ուռճանայ

Բեղմնաւորման խորհուրդէն։

 

Օ՜ լոյսը, օ՜ տռփավառ դիցուհին։