ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐ
Հսկայ,
բիւրեղ
բաժակներ
կը
բարձրանան
հորիզոնէն.
Մինչ
հովը
մեղմ՝
կը
հանէ
փրփուրի
ձայն։
Լուսակիճէ
տասը
սրունքներ
խաչաձեւուող։
Պարուհիի
քղանցքի
պէս
թափանցիկ՝
երկինքն
անվերջ
կ’ալեկոծի։
Շուշանային
ճերմակութեամբ
Տասը
հըզօր
ու
երկնամուխ
շատըրուաններ,
Որոնց
լոյսով
ողողուած՝
տանիքները
կը
շողան։
Ամպերն
ահա,
յախճապակի
մերկութիւններ
են
հեռուն։
Մինչ
ոստանէն
կը
բարձրանայ
փոթորկոտ
յոյզն
Գիշերային
վայելքներուն։
Տասը
լոյսեր՝
գիշերին
մէջ
բացուող
դուռի։
Տասը
անցնող
գիսաւորնոեր
աւետումի։
Երկինքէն
հող
երթեւեկում
ստուերներու։
Իրենց
զոհին
սպասող
տասը
հըրէշներ։
Օ՜
մեր
կեանքը
արկածալից,
Դարերն՝
հոսող
աղբիւրներ՝
լայն,
յորդառատ
կը
հոսին։
Հոգիս
յստակ,
սպիտակ
մետաղի
պէս
կ’երկարի։
Կ’արբեցնէ
նոր
յոյս
մը
զինք.
-Եղիր
անգութ,
եղիր
խրոխտ։
Գազաններու
մըռունչն
է
ոստանն
ի
վեր։
Տասը
կախարդ
հայելիներ
երկինքն
ի
վեր։
Հաւատքներու
կասկածոտ
բեկբեկումներ։
Պատերա՞զմն
է։
-Եղի՛ր
ուրախ՝
ապագայ
կենդանութեան
Այս
պատկերին
առջեւ
մեծ։
Տղայ՝
տեսայ.
տան
մը
հիմերը
դըրին
մորթուած
գառի
մը
վըրայ։
Մարդը
կոտրեց,
կտրեց,
մեռցուց,
պատերազմներ
մղեց
անվերջ։
Եւ
ան
անցուց
շոգեկառքեր
հեղեղներու
վըրայէն։
Փապուղիներ
բացաւ
հսկայ։
Երկրէ
երկիր
հեռագրական
թելեր
նետեց։
Անթելներու
իր
կայանները
ցցեց։
Պաստառներու
վրայ
կապտեց
մղոնասոյր
պատկերներ։
Գտաւ
գիրը,
գիրքըօ
եւ
տողաշար
մեքենան։
Երկաթակուռ
սաւառնակները
շինեց։
Գետերն
իրենց
դարաւոր
ճամբաներէն
քաշեց
դուրս։
Ճահիճները
ցամքեցուց
եւ
մետաղներ
հոսեցուց։
Ամպերն
ահա
սնդիկի
պէս
կը
շողան,
օ՜
տխրութեան
երգիչներ։
Անգոյն
արատ
մըն
է
լոկ՝
հեզ,
զգայնիկ
սիրողներուն
լուսինը
հոս։
Վարը
տաք
բաբախում՝
գունաւոր,
հազարաւոր
լոյսերու։
Ադամանդէ
կարծըր
աչքեր
կիներու։
Եւ
մէկզմէկ
յօշոտման
մեծ
ու
պզտիկ
տըռամներ։
-Աղբ
մը
հարուստ՝
Գիտութեան
ծառին
համար
յարաճուն։
Տասը
հսկայ
սուրերու
պէս
իրար
քսուող
լուսարձակներ։
Տասը
արծաթ
շեփորներ,
Որ
հողն
ի
վեր
առնական
մարդկութիւնը
կ’երկարէ,
Շեփորելով
դարաւոր
իր
կարօտը
պայքարի։