ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ
ՈԳԻԻՆ
Անտառին
մէջ
ամայի,
լուսաբացին
տակ
պայծառ,
Ստեղնաշար
մը
լոյսի
Ու
շուքերու
շարժելով,
կ’առաջնորդես
ծառէ
ծառ
Զիս՝
քայլերովըդ
կոյսի։
Խորհրդաւոր
բիւր
լարեր
կը
թրթըռան։
Քու
արագ
Սրունքներըդ
րիթմ
մը
ներքին
Կ’արտայայտեն,
ու
լըռին
շրթունքներուդ
վրայ
կըրակ,
Կայ
տենդոտ
սէրը
կեանքին։
Մենք
կը
սահինք
ծառերուն
տակէն
փղոսկրէ,
վըրայէն
Տերեւներուն
թաց,
ոսկի
Որ
շողալով
ոտքերուդ
տակ
կը
հանեն
ձայն
մը
շէն
Մարգարտահիւս
քըղանցքի։
Մերթ
կը
դողամ
ես
վախէն
անծանօթին,
որուն
դուն
Գաղտնիքն
ինէ
կը
պահես։
Բայց
կը
քալեմ՝
ենթակայ
միշտ
հըմայքիդ
քու
ժպտուն,
Որ
կը
բուժէ
զիս
ահէս։
Արհամարհոտ
ու
անգութ՝
դուն
ունիս
սիրտը
վագրին,
Աչքերն
անոր
բազմերանգ։
Զիս
կը
ստիպես,
որ
քալեմ,
քու
նայուածքովըդ
վայրի,
Երբ
յոգնատանջ
կ’առնեմ
կանգ։
Հոգիս
իր
բերքը
տուած՝
մերկ
է
աշնան
հողին
պէս,
Բայց
յըղի՝
նոր
գարունով։
Ու
կը
թուի
ինձ՝
կեանքի
դուն
այն
մաքուր
ոգին
ես,
Որ
կը
ծաղկի
մահուան
քով
[1]
։
[1]
«
Առաջնորդող
Ոգիին
»
քերթուածին
մէկ
տարբերակը,
«
Առաւօտ
մը
»
խօրագրուած,
լոյս
տեսած
է
«
Արդի
Հայ
Գրականութիւն
»
ժողովածուի
առաջին
հատորին
մէջ
(«
Հայ
Գրագէտներու
Բարեկամներ
»
Մատենաշար):
Տարբերակը
չէ
վերարտադրուած
ներկայ
հատորի
վերջին
բաժինին
մէջ,
որովհետեւ
տողաշարական
անվերականգնելի
վրէպներ
կը
պարունակէ: