ԱՆԷԱՑՈՒՄ
Լուսնի
լոյսով
ըզմռսուած
դիակըս
ծըփար
ծովն
ի
վար։
Ջուրերուն
հետ
գալարուող
մեռելներուն
վրայէն
ան,
Յաւերժութեան
մէջ
սուզուած՝
շընաձուկի
պէս
երթար։
Լուսաբացին
մէջ
մաքուր,
յօշոտումով
մ’ահռելի,
Ան՝
ողջակէզ
անհունին՝
մեծ
ձուկերուն
դառնար
կեր։
Արիւնս
լուծուած՝
ծովուն
վրայ
կոյսի
ժըպիտ
մը
ձըգէր
-Բանդագուշանք
որ
լոյսէն
փարատուելով
կը
հալի։
Խընայուէին
իրեն
խունկ,
արցունք,
պատանք
ու
դագաղ,
Շնորհն
ողջերէն
յիշուելու
եւ
յամըր
մահը
մահուան,
Սեւ
որդերուն,
հողերուն
ներքեւ
նեխումը
դանդաղ,
Մեռելներու
ամբոխին
դըրացնութեան
մէջ
դաժան։
Երազային
լըռութեան,
ամայութեան
մէջէն,
մինչ
Հոսանքները
յարափոխ,
յամրաթաւալ
կը
սողան,
Բաժան-բաժան,
ժպտաշող
իմ
մասնիկներս
իյնային,
Տարրալուծուած
հալէին,
ամպի
մը
պէս,
քիչ
առ
քիչ։
Թունոտ
երախը
հրէշին,
անդունդներու
բընակիչ՝
Խըմէր
տականքը
վերջին
մըսեղէն
դառն
այդ
ցեխին։