Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՅԵԼԻՆ

Կը շըքեղնայ ամէն գիշեր, սեւ մայթին վրայ, ջուրն անձրեւին,

Երբ լապտերին լոյսն իր վըրայ Յիսուսի պէս կը տարածուի։

 

Աստղեր, բոցեր կ’արտացոլան, կը թրթըռան արծաթ թելեր։

Անդրաշխարհ մը անդորր ու պերճ կը ծաւալի իր ծոցն ի վեր։

 

Ան կը խօսի ու կը պատմէ իր յոյսերէն, որ կը վառին,

Մինչ անոնց տակ՝ լուռ՝ կը լողայ ծանըր ոգին ցուրտ խաւարին։

 

Աղերսագին ի՜նչ վախ յանկարծ՝ հողմակոծ լոյսն երբ կը մարի

Պահ մը։ Ան գոյնն իսկոյն կ’առնէ դամբաններու սեւ մարմարին։

 

Ու կ’ընկղմին մէկէն գանձերն՝ իր ծոցն ի վար խեղճ, մահաշուք,

Ուր կըռիւ է խորհուրդներու եւ գալարուող շուքի շշուկ։

 

-Եթէ լըքէ քեզ կեանքն այդպէս, որով, օ՜ մահ, կ’աղուորնաս դուն…

Իմ պատիս տակ, թաքնաթաքուր, օ՜ ինչ տրտում ողբերգութիւն։