Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐԱԳԻՐ

Տարիներ վերջ, զարթնելով պատրանքներէն, որ տուին

Մեծ ոստաններն, յանձնելով զիս իրենց խօլ արշաւին,

Եկեր, գըտեր էի տունն, ուր մանկութիւնս էր անցեր։

Յիսուն մըղոն ձիւն կտրած՝ ոտքերուս կրակ ու խոց էր։

 

Ճերմակութեան տակ լըռին՝ հին կուսութիւնն էր առջիս։

Երկար ատեն յուսացի, որ բանալով դուռը հին՝

Յուշեր, մոռցուած պատկերներ պիտի գային յուզել զիս.

Եւ պիտի ձայնըս պոռթկար, աչքերս լոյսով լեցուէին։

 

Բայց ոչ արցունք եւ ոչ խինդ. կըռիւի սէրն սպաններ

Էր մէջըս սէրն անդորրին։ Շէնքերէն վերջ երկնասլաց,

Զորըս տեսեր էի. խեղճ՝ քաղաքն օտար կը թուէր,

Արուեստը սիրտս էր կոփեր։ Ոչ մէկ գորով, ոչ մէկ լաց։

 

Օ՜ չարչարանք. յանցաւոր՝ երկար ատեն կեցած՝ ես

Ըսպասեցի դուռին տակ։ Օտարի պէս կ’ունկնդրէր

Զիս լըռութիւնն իսկ բակին, ատելութեամբ մը կարծես.

Ու ձիւնածածկ թըզենին կը խըռովուէր մշտերեր։

 

Թափահարում փետրաթափ կարապներու հոգեվար,

Ձիւն էր, քամի՝ տրտմութիւն մեռելային։ Ի՜նչ պայքար։

Վերջալոյսի արեւն իսկ լքուած օճախն էր, ուրկէ

Կը յառէին պապերս իմ իրենց նայուածքը կրակէ։

 

Ու, մարդուն պէս անկարող ձըգելու դառն հաշիշն իր,

Կը փնտռէի ես կրկին փրկութիւնս իմ՝ բազմամբոխ

Քաղաքներուն եւ անոնց լոյսերուն մէջ մեզ խաբող…

Օ՜ ճակտի գիրն անխընայ՝ մեր հոգիին տարագիր։