Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Կը քաշուին ալիքները արեան,

Ձգելով դաշտ մը միայն թաց աւազի,

Ուր դողալով կը խրի սիրտս նաւու մը նման։

Ու հոսանուտ բիւրեղին, ծփուն լոյսին փոխարէն,

Որ տուին խոյս,

Կը յայտնուին խանդերն, յոյսերն ընկղմած։

Ժայռե՜ր, ժայռե՜ր, մղձաւանջի նայուածքնե՜ր։

 

Ամէն բան փուլ կու գայ, ամէն բան պաղ,

Մածուցիկ օձի մը պէս կը սողայ։

Թանձր ու թոյլ կը հոսի սոսինձ մը մութ մայթերէն,

Ուր քիչ առաջ ծովեր էին գանձերու…

Վարդեր, ջահեր ու փիւնիկներ թեւածող։

 

Վերադարձ՝ կէս գիշերէն վերջ, յանկարծ,

Երբ ծանր գլուխս կ’այրի, թաւալելով բարձէ բարձ,

Անքնութեան ցեխին մէջ։

 

Ու հեղեղը փրկարար առաւօտեան աղմուկին։