Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԶ ԵՒ ԿԵԱՆՔ

Կեանքըս, տեղ-տեղ, երազիս

Եղաւ այնքան մօտ, նըման՝

Որ մերթ ընդ մերթ յուզեց զիս

Վախն ահարկու շըփոթման։

 

Առտու մը, լիճ մը յստակ՝

Նոյն ցընորքին զիս յանձնեց։

Երկինքն իր մէջ լիճ մը կրակ՝

Եւ ինք երկինք մըն էր մեծ։

 

Երա՞զս էր որ կը ցոլար,

Կ’ընդարձակէր ամէն բան,

Կը կերտէր կեանքս, անոր վառ

Խորք մը տալով անսահման,

 

Թէ՞ կեանքս էր որ միշտ կու տար

Զայն՝ ծոցն ի վեր իր խորին,

Զերթ յայտնութիւնն անկատար

Իր ապագայ պատկերին։