Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.
ՍԷԼԱՄՍԸԶ

Ահա վիճաբանելու, հայհոյելու եւ իրարու գլուխ պատառելու յարմարութիւն ունեցող թաղ մը, որու մէջ մարդս եթէ վայրկեան մը մնայ՝ ինքզինքն ազգային երեսփոխանական ժողովոյ մէջ կկարծէ եւ դուրս ելնելու ճար մը կմտածէ։ Հարցո՛ւր սա թաղեցւոյն, թէ ի՛նչ է այս անսպառ վիճաբանութիւններու պատճառն, եւ վստահ եղիր, որ հետեւեալ պատասխանը պիտի առնես.

«Սահմանադրութեան գործադրութիւն »։

Այս թաղին մէջ մտնալուդ պէս՝ գինետունէ մը հետեւեալ խօսակցութիւնը պիտի լսես.

—Այս շաբաթ անպատճառ փոխելու է ։

—Այո՛, ես ալ ձեր կարծիքէն եմ, վար առնելու է եւ տեղը ուրիշ մը դնելու է։ Թաղական խորհուրդ ընտրուողը գործ տեսնելու է ։

—Ասանկ թաղական խորհուրդութիւն չըլլար ։

—Ներեցէ՛ք, բարեկամ, թաղական խորհուրդը դեռ երկու օր է, որ պաշտօնի անցաւ սպասեցէք նայինք ի՛նչ պիտի ընէ ։

—Քանի օր կ ՚ ուզէ թող ըլլայ. փոխանակագիր ընդունել տալու չենք, որ օր համրենք ։

—Եւ դեռ գործ մը չտեսաւ որ ։

—Տեսա՞ր խելացի խօսքը գործ մը տեսած չըլլալուն համար պէտք է որ իյնայ. մենք թաղական խորհուրդ ընտրեցինք, որ վարժարանները բարեկարգէ, թաղին գործերը կարգադրէ, մէկ֊երկու գանձապետներու քով մնացած դրամն ուզէ ։

—Երկու օրուան մէջ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եղբայր ։

—Երկու օրուան մէջ ի՜նչ կրնայ ըլլալ երկու օրուան մէջ գանձապետին մէկը թաղականին ամբողջ ստակը պարպեց —Շիշ մը օղի բեր ծօ։ Ինծի մի՛ բարկացներ, Աստուածդ սիրես։ Քիչ մ ՚ ալ մէզէ բեր ։

—Ես ալ համակարծիք եմ բարեկամիս շիշ մ ՚ ալ ինծի ղրկէ, Յակոբիկ ։

—Թաղին մէջ քանի խաղաղութիւն ըլլայ, վարժարանները շտկուին կ ՚ ըսենք նէ՝ միշտ բան մը կ ՚ ելլայ ազգերնիս անոր համար ետ֊ետ կ ՚ երթայ կոր ա՛ —Օխա մը ճերմակ գինիէն ղրկէ ինձ, վարպետ —Սէր եւ միութիւն ըլլայ նէ՝ գէշ կ ՚ ըլլայ —Գինիի հետ քիչ մ ՚ ալ ձուկ ղրկէ՛ —Որո՞ւ պիտի հասկցնես, ամեն մարդ մէկ կողմ կը քաշէ Կենդանութի՜ւն ի՜նչ պատուական գինի Փոխենք, եղբա՛յր, փոխենք սա թաղական խորհուրդը եւ տեղը մեր ծանօթներէն քանի մը հոգի դնենք

—Սա Տ աղան դնենք. մօտերս շատ ինկած է խեղճը, տունը օխա մը ածուխ առնելու համար դրամ չունի. ան ալ մեր ազգն է, թո՛ղ քանի մը ղրուշ ալ ան վաստկի ։

—Սա շիշը լեցո՛ւր, ծօ չեմ ըսեր որ Տ աղան չվաստկի. բայց մեր ալ վիճակն աղէկ չէ, եղբա՛յր գործերը շատ դադրած են ։

—Իմ կարծիքս ալ սա է, որ սահմանադրութենէն գոնէ մեր ածուխին ու փայտին ստակը հանենք բայց սահմանադրութիւնն ալ գործադրուելու է սահմանադրութեան դէմ եղողն իմ առաջին թշնամիս է մեղք է սահմանադրութեան, թէպէտեւ Տ աղային ալ մեղք է ։

—Ելէ՛ք, ազգային դեղարանը երթանք ու հոն լուծենք խնդիրնիս ։

—Շատ աղէկ ։

Տեսարանն է ազգային դեղարանին մէջ ։

—Բարեւ, էֆէնտի ։

—Բարեւ ։

—Բարի իրիկուն ։

—Աստուծու բարին ։

—Բարեկամներու հետ եկանք ձեզի ձանձրութիւն տալու ։

—Ձեր տալիք ձանձրութենէն շնորհակալ եմ ո՞վ է հիւանդ մէջերնիդ ։

—Թաղական խորհուրդը հիւանդ է ։

—Հասկցայ բայց մարդիկը դեռ երկու օր է, որ անցան պաշտօնի ։

—Աղէկ ա՛, մինչեւ որ տապալենք նէ՝ երկու շաբթուան կ ՚ ըլլան ։

—Ի՜նչ յանցանք պիտի գտնենք, զայն տապալելու համար ։

—Եղբա՛յր, նախ եւ առաջ տապալելու վրայ խորհինք, վերջը յանցանք մը կգտնենք հարկաւ յանցանքներու սով չկայ, փա՛ռք Աստուծոյ ։

—Գիտէք որ ես զձեզ միշտ պաշտպանած եմ, բայց այս խնդրոյն մէջ կէտ մը կայ, որուն հակառակ եմ ես ։

—Ի՞նչ կէտ ։

—Թաղականը յանցանք չունի դեռ. սպասեցէք քանի մը օր, որ սխալ քայլ մ ՚ առնէ եւ ան ատեն իրաւունքով հրապարակ ելնենք ։

—Պիտի համաձայնիս մեզի ։

—Անկարելի է այս կէտին մէջ ։

—Մեզնէ չպիտի բաժնուիս ։

—Խղճիս կդպչի ։

Ռօպ տը լաֆէքթէօր մը կու տա՞ս ինծի դուն ։

—Գլխուս վրայ ։

—Ինձ ալ շիշ մը Պօրտօյի գինի տուէք։

—Շատ լաւ։ Չհասկնաք թէ ես թաղականը չտապալելու կողմն եմ. ես ալ կ՚ուզեմ որ տապալուի, բայց…

—Երկար մի՛ ըներ, օխա մը ձկան իւղ տուր ինձի։

—Ձեր ալ սիրտը կոտրել չեմ ուզեր… կաշխատիմ այս գիշեր մէկ աղուոր պատուական եւ ընտիր յանցանք մը գտնել եւ անով տապալել թաղականը, բայց պայմանաւ մը…

—Այսինքն մէկու բան չըսենք։

—Ո՛չ ։ Սա պայմանաւ, որ եթէ ասկից վերջը հիւանդանալով դեղ գնելու ստիպուիք՝ իմ դեղարանս հրամմէք։

—Պարտքերնիս է, եղբայր, այս գիշերուընէ բոլոր բարեկամներուս կ ՚ ըսեմ, վաղուընէ անդին հիւանդանան եւ հոս գան դեղ առնեն. հիւանդ չեղած ատեննին ալ թող գան առնեն. էֆէնտիմ, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր պարապ տեղը հազարումէկ բանի ստակ կտրուի կոր

—Շնորհակալ եմ ։

—Մնաք բարով ։

—Երթաք բարով ։

Հետեւեալ օրը կռիւը կծագի թաղին մէջ. թաղեցիներէն խումբ մը պատուաւոր ազգայիններ փայտերով զինուած՝ Թաղ. խորհրդարանի վրայ կյարձակին եւ թաղականներուն մէկուն ոտներէն, միւսին մօրուքէն, մէկալին ականջէն քաշելով խորհրդարանէն դուրս կը հանեն։ Պատրիարքարանը եղելութիւնը կ ՚ իմանայ եւ հրահանգ մը կղրկէ, որ նկատելով, որ֊ ով կսկսի եւ խորհուրդ լուծեալ է ֊ով կը վերջանայ ։

Ինչ որ կպատմենք հոս՝ տարին հինգ վեց անգամ կպատահի այս թաղին մէջ։ Սահմանադրութեան հաստատութենէն ի վեր չէ եղած թաղական մը, որ իր պաշտօնավարութեան ամբողջ շրջանն լրացուցած ըլլայ։ Առժամանակեայ թաղական խորհուրդ մը մէկ քանի տարի պաշտօն կը վարէ երբեմն։ Եւ ոչ մի թաղական խորհուրդ կանոնաւոր հաշիւ կրցած է տալ այս թաղին մէջ. թաղեցին ալ թաղական խորհուրդ ընտրելէն գլուխը քերելու ժամանակ չունի, որ հաշիւ պահանջէ եւ առնէ։ Հինգհարիւր քսանեւհինգ տուն հայ կայ հոս, վեցհարիւր երեսուն քուէարկու եւ երկու հազարի մօտ բնակիչ բայց երբ թաղականի համար քուէ տալ հարկ ըլլայ՝ քուէարկուներու թիւը վեց հազար կ ՚ անցնի. ա՛լ հասկցիր, թէ մէկ հոգի քանի՛ քուէ կու տայ հոս. Սէլամսըզցին շատ շռայլ է քուէի մասին ։

  Երեք կուսակցութիւն կայ հոս կեդրոնական, աջակողմեան եւ ձախակողմեան ։

Կեդրոնականն է՝ թաղական տապալող, աջակողմեանն է՝ վայրահաջ մասն, որ քահանաներու գործիք է, իսկ ձախակողմեանն է՝ անտարբեր մասը, որ միշտ խոհեմութիւն կը համարի լռելն ։

  Թաղեցւոյն բարեպաշտութեանը գալով՝ կրնաք շուտով հասկնալ զայն, երբ ըսեմ ձեզ, թէ կիրակի օրերը եկեղեցւոյ մէջ երկու հարիւրէ աւելի մարդ չըլլար, եւ ժողովրդեան մէջ շրջաբերութեան հանուած գանձանակին մէջ ալ հազիւ եօթանասունըհինգ փարա կգոյանայ։ Այս եկեղեցին տասը քահանայ ունի. Աստուած ամենն ալ անփորձ պահեսցէ եւ Սէլամսըզցիին պարգեւեսցէ։ Եկեղեցւոյ խաչահանգստին ջուրը երկու տեսակ է. մէկն անարատ է, իսկ միւսը նենգուած։ Անարատին գինը քիչ մը սուղ է, իսկ միւսը ձրի է, ուզածիդ չափ կրնաս խմել։ Առաջին տեսակէն ուզողն լուսարարին կդիմէ, որ անմիջապէս կ ՚ երթայ եւ պահած տեղէն կբերէ. երկրորդ տեսակէն խմել ուզողը գլուխն եկեղեցւոյ ջրշեղջին վրայ դրուած դոյլին կ ՚ երկնցնէ եւ ուզածին չափ կը խմէ. այդ ջուրն ախորժակ կը բանայ եղեր ։

  Հոս ալ թաղային վարժարանն յետ երթալու մասին կը մրցի միւս թաղային վարժարաններու հետ, եւ շատերը կը յուսան թէ առաջին մրցանակն աս պիտի վաստկի ։

Քանի մը տարիներ առաջ սովորութիւն կար հոս՝ օրը երեք ընկերութիւն կազմել տարուան մը մէջ երեք հազարի չափ ընկերութիւններ կազմուեցան դպրոցներ բարեկարգելու ընկերութիւն, ընթերցասիրութիւն տարածելու ընկերութիւն, ծխախոտը ձգելու եւ ափիոն կլնելու ընկերութիւն, ընկերութիւններ կազմելու ընկերութիւն, գիրք հրատարակելու ընկերութիւն, գիրք չկարդալու ընկերութիւն ո՞ր մէկը համրեմ. բայց ասոնց ամէն ն ալ խոտի պէս անցան գնացին։ Հիմ այ հատ մը միայն կայ, որու անուն է Կրթասիրաց ընկերութիւն, բայց գործը չգիտենք տակաւին, եւ չգիտնալու իրաւունք ունինք, վասն զի դեռ նոր է, տղայ է եւ Աստուած գիտէ մեծնալիքը։ Մեր փափաքն է, որ գոնէ այդ ընկերութիւնն իւր նախորդներուն չնմանի ։

  Իւսկիւտարցին ուր որ ալ ըլլայ՝ շուտ կը ճանչցուի։ Երբ կտեսնես մարդ մը, որ լեցուն ճերմակ տոպրակ մը ունի ձեռքը՝ գիտցիր, որ մարդը իւսկիւտարցի է, եւ եթէ չէ՝ մօտերս անպատճառ իւսկիւտարցի պիտի ըլլայ ։

  Իւսկիւտարցին իւր կեանքի մէջ բնաւ չըսեր իւր մէկ մտերիմ բարեկամին կամ ազգականին. « Այս գիշեր մեր տուն հրամմէ, կերակուրը մէկ տեղ ուտենք »։ Բայց իւր կեանքին ամեն օրերու մէջ ըսելէ չդադարիր այն մարդուն՝ որու երեսը կեանքին մէջ անգամ մը տեսած է. « Գիշեր մը խնճոյք մը ըրէ՛ ու զիս ալ հրաւիրէ եղբայր, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ. մենք ալ օտարական չենք »։

  Գինետուները հոս այնչափ համակրութիւն եւ քաջալերութիւն գտած են, որ յանդգնած են եկեղեցւոյն քիթը մտնել, այնքան մօտեցած են անոր։ Գինետու նն երուն յաճախորդները Արամեան զաւակներն են, որ գիշերուան երեքին տուն կդառնան, վասնզի, ինչպէս ըսինք՝ ազգային վիճաբանութիւնները գինետան մէջ տեղի կ ՚ ունենան եւ ան ալ ժամը երկուքէն վերջը։ Ժամը երկուքէն առաջ վիճաբանութիւնն արգիլուած է. երկու ժամ շարունակ օղի կը խմուի եւ ետքը ատենապետն գինեպանը զանգակ հնչեցնելով՝ դիւանին պատրաստուած եւ ատենին բացուած ըլլալն կը յայտնէ ։

  Իւսկիւտարցիին նմանը չկայ առեւտուրի մէջ. Պօլսոյ կողմը տասը բարայի ծախուած թօմաթէսը երկու դահեկան վար չեն տար Իւսկիւտար ։

  Սէլամսըզցին լաւ հմտութիւն եւ կատարեալ տեղեկութիւն ունի ածուխին վրայ. ուստի երբ ձմեռուան համար ածուխ առնելու երթաք՝ սէլամսըզցի մը առէք ձեր հետը եւ թող տուէք, որ ան ընէ ընտրութիւնը։ Ածուխդ առի՞ր, մնաք բարով դ ըսէ ու գործդ գնա՜ ։

Սէլամսըզցի ժողովուրդն ընդհանրապէս բարձր ձայնով կխօսի կամ կհայհոյէ, եւ աս ալ քաջութեան եւ անկեղծութեան նշան կը համարի։

Հնութիւններու մէջ նշանաւոր են թիւյսիւզի սրճարանն եւ անոր բազմոցները։ Այս սրճարանի մէջ կսովորի ամեն մարդ, թէ ի՛նչ է ածուխի, փայտի եւ միսի գիները թէ որո՛ւ կնիկն էրիկն թողած ու փախած է, թէ էրիկն թողած ու ինչո՛ւ փախած է, թէ որո՛ւ աղջիկն ո՛ր երիտասարդի պիտի նշանուի եւ թէ ինչո՛ւ պիտի նշանուի։ Հոս է նաեւ չիֆթլիկ ըսուած զբօսավայրն, որ ամեն տեսակ զբօսանք ունի իւր մէջը. մուտքը ազատ է, ելնելու համար ալ դրամ վճարելու հարկ չկայ։ Հոս ալ երբեմն ազգային խնդիրներու վրայ վիճաբանութիւններ տեղի կ ՚ ունենան։ Ազգային վիճաբանութիւնները տեղի չեն ունենար միայն այն տեղերն՝ ուր որ պէտք էին ըլլալ ։

Իգական սեռն ալ արականին պէս վիճաբանութիւնը քիչ մը շատ կսիրէ հոս։ Քանի մը անգամներ խնամակալութիւններ կազմուեցան եւ լուծուեցան՝ աղջիկներու վարժարանն բարեկարգելու համար. չյաջողեցան բարեկարգելու ինքզինքնին նախ եւ առաջ ։

Գեղեցիկ սեռն հոս գեղեցիկ է, աղքատասէր է, զբօսասէր է։ Նորաձեւութեան դասերը Գատը գիւղէն կսովրի ։

Այս թաղին մէջ կան պակլայ նետող, թուղթ բացող կիներ, որ ամեն բան կբացատրեն քեզի, ամեն գաղտնիք կգտնեն։ Իգական սեռին մէջ շատ հաւատացողներ կան այս կիներուն, սակայն չմոռնանք ըսելու՝ որ Սէլամսըզի այրերուն մէկ քառորդն իգական սեռին մէջն կը հաշուի միշտ։

Հոս ամեն տուն Լէպլէպիճի Հօռհօռ էն մէյ֊մէկ կտոր կկանչեն, եւ եթէ օր մը ամբողջ Սէլամսըզը պտտելու ըլլաս՝ Լէպլէպիճի Հօռհօռին ամբողջ օբերան մտիկ ըրած կ ՚ ըլլաս ։

Ազգային երգերը մինչեւ այսօր չեն կարողացած այս տուներէն ներս մտնել ։

Սիրահարութեան համար հոս մինչեւ հիմա յատուկ տեղ մը պատրաստուած չըլլալով՝ թաղեցին շատ անգամ Իճատիէ կ ՚ երթայ Խալֆային լեռը եւ հոն խօսկապ, նշանտուք կ ՚ ընէ։ Կիները շատ անգամ հոն ձեռնոց կը նետեն իրենց անարգանք ընող կիներուն եւ մենամարտութեան կհրաւիրեն զանոնք։ Դեռ անցեալ օր երկու կին իրարու բաւական հայհոյութիւններ ուղղեցին եւ իրարու գլխարկ պատռտեցին, եւ եթէ ոստիկանութիւնը չմիջամտէր՝ իրարու գլուխ ալ պատռտելու հաւանականութիւն կար։

Դպրոցականներուն մեծագոյն մասը փողոցներու մէջ հայերէն չեն խօսիր, սակայն երբ հայհոյել հարկ ըլլա լ ՝ մայրենի լեզուն կը գործածեն եւ սամաթիացիներու երկրորդը կրնան համարուիլ։

Սէլամսըզցին այնքան սիրով է իրեն դրացի եէնիմահալ լէց իի հետ, որ անցեալներն երբ դպրոցները միացնելու փորձ եղաւ՝ մազ մնաց, որ երկու թաղն ալ զիրար կործանելու չափ յառաջ պիտի երթային։ Սէլամսըզցին իւր դրացւոյն հետ դժոխք անգամ երթալ չուզեր։ Եէնիմահալլէցին ալ անոր հետ արքայութիւն ալ չերթար։ Սէլամսըզցին հիմա այնչափ բաժնուած է եէնիմահալլէցիէն, որ ներքին համոզմամբ զայն ուրիշ ազգ մը կ ՚ ընդունի։ Իրարու քահանայէ հաղորդութիւն չեն առներ, եւ ոչ ալ իրարու եկեղեցի կ ՚ երթան. արդէն երկու թաղի քահանաներն ալ իրենց ծուխերուն հետ համընթաց կը քալեն ։

Եթէ Եէնիմահալլէի վարժարանի մէջ աշակերտ մը կռիւ ընէ՝ իսկոյն զինքը կյանդիմանեն ըսելով. « Կ ՚ երեւի, որ Սէլամսըզի քահանաները կնքած են զքեզ »։

Իւսկիւտարի օդը խիստ է. տկարները անմիջապէս կ ՚ առնէ կտանի անդիի աշխարհ ։

  Ներքին բերքն է հրաժարեալ պատրիարքներ, որ կու գան այս թաղին մէջ կնստին տան մը մէջ, որ ձրի կտրուի. թէպէտեւ շատ մը պատրիարքներ առանց վարձքի նստելու տուն մ ՚ ունենալով հանդերձ՝ չեն ուզեր իրենց հրաժարականը տալ ։