Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

* * *

Միտքըս ունիմ յիշատակներ ես անշէջ,
Որոնց վըրայ սեւ ժամանակ մ’ահագին
Կոխեց անցաւ: Հիմա ինկայ անոնց մէ՛ջ,
Առջեւն իրենց բեկորներուն` ծընրադիր:
Կը համբուրեմ ըստէպ զանոնք, զի ունին
Դեռ հըրապոյր մը անթառամ, ճիշտ նըման
Իբր յիշատակ տըրուած ծաղկի մ’հրապոյրին`
Որ տարփածուի մը գըրքին մէջ կը դեղնի:
Զերդ աշնան վարդ սիրտս հիւծած է եւ թօշնած,
Բայց իր յոգնած թերթերը դե՜ռ կը պահին
Սիրոյ գաղտնիքն երկու թիթռուն գըրկուած,
Ու սեւ սարսուռն այրի կընոջ մ’համբոյրին:

1 յունիս, 1902