Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹԶԵՆԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

Հոն, դէպի վա՛ր, մորճ բըլուրի մ’ըստորոտ
Հիւղակ մը կայ թըզենեաց տակ ծածկըւած.
Տե՛ղը կարծես հուրիներու երազկոտ,
Ուր զետեղեց անհուն ժըպիտ մը Աստուած:

Երբ արեւելք կը կարմըրի դիմացէն`
Կեանք կ’առնէ հիւղն, եւ խինդը հո՛ն կը վազէ:
Ծառերուն տակ շահարիկները կ’երգեն.
-Երջանկութիւնն, երջանկութիւնը հո՜ս է…
Գիշերուան դէմ երբ կ’իջնէ մութն, ուշադի՜ր.
Մինչ հիւղին կեանքն` անդորրաւէտ կ’երազէ,
Ծառերուն տակ կ’երգէ պըլպուլն անձանձիր.
-Երջանկութիւնն, երջանկութիւնը հո՜ս է…

9 օգոստ., 1902