Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԳ

Ծառի մը տակ, մամուռն ինձ բարձ,
Ընկողմանած կը խոկայի.
Ծաղկէ մ’անոյշ բուրումն առի.
Մանիշակ մ’էր քովս բուսած:

Արշալոյսի երկու ցօղեր
Կը վառէին լուրթ ծոցին մէջ.
Աղուոր կոյսի մ’աչքին պէս գեղ
Ո՜հ, կու լա՞ր ան թէ կը ժըպտէր:

Սարսըռեցաւ հոգիս յանկարծ
Տերեւի պէս` որ կը դեղնի,
Այդ ծաղկին մէջ գըտած էի
Սէրս ու արցունքս իրար գըրկած:

Եւդոկիա