«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՀԱՊԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԻՍ

Տարածեցիր իմ վըրան
Չըքնաղ թեւերդ մինչեւ ցարդ,
Որոնք ասպար մ’ինձ եղան
Ծըփուն կեանքիս դէպի մարտ:
Աչքերդ որ գութ կը շողեն.
Հըսկեցին վրաս սիրագին.
Տեսան մեղքերս իմ ամէն`
Սոսկացին` բայց… ներեցի՜ն:
Կեանքի երգերս` որք լի են
Տըրտունջներով, թեւերուդ
Վրայ մաքրացած` լուսեղէն
Դուռը Գութի զարկին շուտ:

*

Ահա եկաւ սեւ գիշեր.
Նըմա՛ն է ալ կեանքըս` սա
Պատրոյգին` վառ տարուբեր…
Խընդրեմ հըսկէ՛ իմ վըրայ:
Ըստուերներ զիս կը պատեն,
Եւ անուրջներ` չարադէմ:
Մահուան մը միշտ գալուստէն
Բիբերս վախո՛վ կը փակեմ:

Աչքերուդ ցոլքն ամէ՛ն սեւ
Կը փարատէ: Ծընունդէս,
Որ ինձ միացար, մահս մինչեւ
Զիս աղէտքէ’տի փըրկե՜ս:

23 յուն., 1903