ՊԱՀԱՊԱՆ
ՀՐԵՇՏԱԿԻՍ
Տարածեցիր
իմ
վըրան
Չըքնաղ
թեւերդ
մինչեւ
ցարդ,
Որոնք
ասպար
մ’ինձ
եղան
Ծըփուն
կեանքիս
դէպի
մարտ:
Աչքերդ
որ
գութ
կը
շողեն.
Հըսկեցին
վրաս
սիրագին.
Տեսան
մեղքերս
իմ
ամէն`
Սոսկացին`
բայց…
ներեցի՜ն:
Կեանքի
երգերս`
որք
լի
են
Տըրտունջներով,
թեւերուդ
Վրայ
մաքրացած`
լուսեղէն
Դուռը
Գութի
զարկին
շուտ:
*
Ահա
եկաւ
սեւ
գիշեր.
Նըմա՛ն
է
ալ
կեանքըս`
սա
Պատրոյգին`
վառ
տարուբեր…
Խընդրեմ
հըսկէ՛
իմ
վըրայ:
Ըստուերներ
զիս
կը
պատեն,
Եւ
անուրջներ`
չարադէմ:
Մահուան
մը
միշտ
գալուստէն
Բիբերս
վախո՛վ
կը
փակեմ:
Աչքերուդ
ցոլքն
ամէ՛ն
սեւ
Կը
փարատէ:
Ծընունդէս,
Որ
ինձ
միացար,
մահս
մինչեւ
Զիս
աղէտքէ’տի
փըրկե՜ս:
23
յուն.,
1903