Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՍ

Յուշով մը քաղցրիկ, յուշով մ’ըղձական
Թօթով հեգումներս արդ միտքըս կու գան:
Քերականը ես բոլոր սովրեցայ
Մօրըս սիրալի ծունկերուն վըրայ:
Ի՛նքն էր` որ շողեց տակաւին շուշան
Հոգւոյս վրայ լոյսի շիթեր կենսական.
Սըրտիս ա՛ն ցանեց Սէրին եւ Գութին
Սերմերը արդար` որոնք կը փըթթին
Արշալոյսին պէս` որ պիտի ծընի
Շըքեղ փընջակներ շողի եւ գոյնի…
Ես լա՛ւ կը յիշեմ այն առտուն գարնան,
Երբ իր գըրկին մէջ, սիրո՜յ գըրգարան
Դասըս հեգեցի. այն ի՜նչ դըժուար էր.
Մանկութեանս ամբողջ կամքերն անհամբեր
Զինաթափ ըրաւ… Ո՜հ, փարելի՛ մայր.
Խոնարհած հոգին հոգւոյս կը տեղար
Կանացի բոլոր հընարքն ու ջանքեր…
Այն ատեն տեսայ պահ մ’որ կը պակսէր
Աչքերէն նայուածքն իր համբերութեան`
Մերկացնելով հոն Սէրը սըրբազան:

Գորովանքի այդ պերճ մարմնացումին
Դէմքին վրայ պատեց մըշուշ մը նըրբին
Իր սըրտնեղութեան, որ տըւաւ ինծի
Լուծել շըղթաներն արցունքիս. լացի՜:
(Միամիտ մանկութեանս մէջ դեռ կը յիշեմ
Իր գուրգուրանքներ բուժող եւ վըսեմ):
Իսկոյն զիս գըրկեց իր սըրտին ամբողջ
Ջերմիկ շողերովն, ու սիրաբողբոջ
Իր համբոյրներով սըրբե՜ց արցունքներն`
Որոնք բիբերէս վար էին սահեր:

29 մարտ, 1903