«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ

Խորունկ ձոր մ’էր` ամլութեան տակ պըրկըւած.
Անկէ գետակ մ’հառաչելով կը սահէր,
Որուն ջուրէն խըմող բոյս չէր մընացած.
Կ’աղտոտէին իր մաքրութիւնն աւերներ:

Լեռը, աջ դին, ցուրտ լըռութեամբ, մութին մէջ.
Կը բարձրանար ելեւէջող սեպերով.
Գլուխը մինչեւ երկնի աստղերը անշէջ`
Վար կը նայէր հեգնութեամբ լուռ, անվըրդով:

Ա՛ն, մեծ արծիւն իտէալի, մըտածման,
Ըստորոտն էր, նըպատակին աչքն յառած.
Ա՛ն, որ այնքան մօտ նըշմարեց ապագան,
Եւ սերունդին գալիք` շինեց լուսազգեաց
Փառքի պըսակն…
Ա՛ն, որ երկար դարերու
Հետ կը խօսի - պիտի երբեք չը մեռնի:
Ամէն բարձունք, ըստուերին մէջ ահարկու,
Իրեն կ’նայէր, իրեն կուրծքին հոլանի:

Քովէն կ’անցնէր Մարդկութիւն մ’իր` նոր եւ հին
Հեծկըլտանքով. եւ արցունքովն այն գետակ
Կ’աճէր, կ’ուռէր… Ան նայեցաւ այդ Խումբին,
Եւ որպէսզի անոր դարձնէ նախնի փառք,
Գութով մը լի` դըրաւ դաստակը ժայռին.
«Վե՜ր, վե՜ր, ըսաւ, հո՛ն, դէպ կատար, ցըրուի՜ն թող
Խօլ ըստուերներ. հոն տեղ միայն կը կարմրին
Պըտուղներ, հո՛ն լուսնակն, արփին լուսացող
Լոկ կը քամուին…
Հոն` կեանքն երբեք չարտասուեր,
Եւ արեւուն արդար համբոյրն է` բեղուն»:
Ելաւ, ելաւ. ոտքին ներքեւ լըքումներ`
Եւ հոգւոյն մէջ յոյսն հաւատքով թաթաղուն:

Ելաւ, ելաւ. սուրբ քըրտինքով խոխոմցաւ
Կուրծքը լերան, եւ իրենն ալ` վէրքերով,
Ուրկէ յետոյ լոյս պիտ’ բըխէր, եւ հոգեգրաւ
Իր օրէնքներ դըրոշմըւած սուրբ սիրով:
Քաջալերուած Եղիցիով` վերջապէս
Գըրկեց լերան կատարն, ու հոն` խելացի
Կամքին դափնին դըրաւ` յետոյ ան գոչեց
Յաղթանակով. նըպատակս ա՛լ գըրկեցի:

Եւ մութ լեռները դողալով ձայն տըւին.
Նըպատակս ա՛լ գըրկեցի: Հոն, ա՜լ յաղթեց
Լոյսը` ճընշող ըստուերուն այն ձորին,
Ու մխիթարանք գըտան սըրտեր լալահեղց:

Աշխարհ մը մեծ, ապշած, անոր նայեցաւ`
Որ մինչեւ ցարդ գլուխը կըծկած կը խիթար.
Եւ Անին ալ գերեզմանէն, մեծ անձկաւ,
Շեշտ վեր կանգնած գոչեց. կեցցէ՜ Մխիթար…
Կեցցե՜ս Մխիթար, կանգնիչ լուսոյ կոթողի,
Կեցցե՜ս Մխիթար, դու մեզ հանգիստ կազմեցիր
Մինչդեռ բաժին քեզ եղաւ վի՛շտը լեղի.
Ուղիղ դիտմանըդ դէմ` նենգանքը զազիր:

Դու ցըցուցիր ծեր Արեւելքը` Մուտքին.
Եւ Կրօնքին հետ խեղճ Ազգութիւնը` ոսկեայ
Միակ լըծով պինդ լըծեցիր. եւ մէկին`
Մըխիթարէ՛, ըսիր, միւսին ալ` Յուսա՛…
10 յունիս, 1903