Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՆՈՒԿԸ

Ա

Ո՞վ պըճնեց զայն այս աստիճան գեղեցիկ`
Շուշան ճակտով, խոպոպներով գեղաշէն,
Սեւ-մարգարիտ աչքով, յօնքով կոր-մահիկ
Եւ այտերով վարդ` որ եդեմ կը բուրեն…
Երբ կը ժըպտի ան` արշալոյսն է բացուող`
Գրաւիչ գոյնով, եւ թարմութեամբ կենսատու.
Եւ կամ զըւարթ կապոյտին մէջ լուսնին շող,
Ուր կայ հրապոյր մը հոգիներ դիւթելու:

Երբոր կու լայ` իր արցունքն է` գարունին
Առտըւան ցօղն` որ թուլօրէն կը հոսի
Բոց աչքերէն հուրիներու օդային,
Եւ կը փըռուի դալարին վրայ մայիսի:
Երբ կը քալէ` ճառագայթն է` որ դողայ.
Երբ թոթովէ դաշըն` մըրմունջն է հովի,
Կամ դայլայլող, երկի՜նքն ի վեր, գանարեայ.
Երբ կը խօսի ան խորհուրդն է որ կ’լուծուի:
Երբ կը նընջէ, լըռեցէ՛ք, ո՛վ մարդիկ, ան
Հրեշտակ մըն է` որ կ’երազէ բացօթեայ.
Իր խաղաղիկ միջոցին մէջ ձերին ձայնն
Ահաբեկող որոտման պէ՛ս պիտ’ ըլլայ:
Մի՛ դըպցընէք ձեր շըրթունքներն իրենին.
Ձեր խորշակներն այդ կոկոններ կը խամրեն.
Եւ մի՛ դընէք ճակատներնիդ իր ճակտին,
Զի երկինքն այդ կը պըղտորի ձեր ամպէն:
…Ան` Տիրոջ քով ճաճանչի փունջ մ’էր առաջ,
Օրոցքին մէջ տրոփուն ծաղիկ մ’է հիմա.
Ապագային, ճակատագրին հետ` սառած,
Շիրմին մէջ կմախքը տերեւի մ’պիտ’ ըլլայ:

Բ

Անմե՜ղ մանուկ, դու տակաւին չե՛ս գիտեր
Թէ ինչպիսի՜ բախտ մը գըրուած է ճակտիդ,
Եւ գըլխուդ վրայ կը դառնան ի՜նչ մըրրիկներ,
Ի՜նչ յորձանքներ կը պըտոյտքեն քու չորս դիդ:
Կը զգա՞ս արդեօք` ընդուսներու մէջ քընքուշ`
Թէ կըտրել քեզ ի՜նչ ճամբայ է մընացած,
Կամ կը տեսնե՞ս, թեւերուն տակ մօրդ անուշ,
Փափուկ կուրծքիդ ի՛նչ տեսակ նետ է ուղղուած:

Գ

Օրերդ հիմա ծաղիկներու մէջ կ’անցնին.
Դու ժըպիտն ես` խորն արցունքին մեր անվերջ,
Գարունի երգն` հիւսուած մեր սեւ հառաչին,
Ձիթենի ճիւղը մեր կեանքի մարտին մէջ:
Արդ կը պահեն գըգուող սըրտի վրա՛յ ըզքեզ`
Որ, կըրելով, կը գուրգուրայ քու դիմաց.
Դու նորաբոյս, իբրեւ արքայ` պաշտուած մ’ես
Էակներու ալ խորշոմած, ծերացած:

Դեռ տըղեկ մ’ես եւ պիտի օր մը մեծնաս.
Պիտի ճանչնաս թէ ի՛նչ բան քեզ կը պատէ,
Եւ կը հիւսեն շուրջըդ ի՛նչ տեսակ երագազ,
Կամ որպիսի՛ օրէնք ըզքեզ կը դատէ:
Թերեւըս վա՜ղն, արտասուելով Վիշտին մէջ`
Մեր մըտքերուն անոր գաղտնիքը մեկնես.
Քըրքրես Կեանքին խաւերը խոր եւ անվերջ.
Կամ ճանչցընես Մարդը մարդուն ողբակէզ:

Օ՜ր մը. այդ օ՛րը մեզ համար պիտ’ մընայ
Խորհո՜ւրդ, մինչ դու թերեւս ըլլաս անոր տէր.
Եւ սերմանես, լուսաւորես զանիկա`
Զոր ճանչնան քու անունովդ ե՛տքն եկողներ:

Երնե՜կ քեզի` երբոր մայրիկըդ օրն այն,
Այլեւս հանգչած իր շիրմին մէջ մըթամած,
Սօսափն առնէ դափնիներուդ, որք ըլլան
Շուշաններու հետ միասի՛ն բողբոջած:

Երնե՜կ քեզի, երնե՜կ ազգիդ ալ համակ.
Երբ (Աստուծոյ կամքովն եղած յաղթական)
Այն մեծ համբո՛յրն ըլլայ քուկին յիշատակ`
Զոր անցեալէն կ’առնէ անմահ ապագան:

[22 յունիս, 1903]