Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՐԲՈՒՀԻՆ

Աշնան ծաղիկ մըն եմ, ծաղիկ արցունքի`
Որ շողերու ըսպասումով կաթոգին`
Վըհի մը նենգ եզերքին կը ցամաքի.
Ցամքում մը լուռ, անըզգալի եւ հեշտի՜ն:
Սըրտիս` որբի կըսկիծն ունիմ հիւծող զիս.
Գեղըս նախկին ճանկըռթեցին զըրկանքներ.
Եւ անհրաժեշտ գըգուանքներն իմ տարիքիս
Չը ճանչցայ ես եւ չը գըտայ սիրոյս` սէ՜ր:
Ծուխ ու մուրի եւ սարսուռի խըշտեկին.
Զիս թողուցին անօգնական, մենաւոր.
Ո՛հ, քամահրա՜նքը սեմիս վրայ գըրեցին,
Եւ մոռացօնքն` որ կը ստուարի օրէօր:
…Ո՛հ, խե՜ղճ ծընողք, ըսէ՛ք, արդեօք ձեր աչքեր
Ո՞ր սեւ ամպէն եւ կամ երկրի ո՞ր խորշէն
Ձեր այս բոկո՛տըն ճըռզածին են յառեր`
Զոր անօթի թափառումներ կը մաշեն:
Տեսէ՛ք, կեանքի փոթորկին մէջ ինչպէ՛ս նա
Միշտ կը կըրէ եւ կ’արիւնի լըլկման տակ.
Համբոյրով մ’իսկ ձեր չը յուզած ճակտի վրան
Կը դալկանայ, տեսէք, շուշանն ըսպիտակ:
Է՞ր դու եզերքն հեղեղատի մ’արիւնի
Տընկեցիր քու թոյլ եղէգնի՛կըդ վախկոտ.
Դու, ո՜վ մըշակ, ո՜վ դու մըշակ եղեռնի,
Դու, ո՜վ մայրիկ յիշատակի մը աղօտ…
…Ո՜վ մարդեր, դուք որ ինձ գութով կը նայիք,
Մի՛ տաք ինծի ձերին հաց պատառը` զոր է
Թըրած օտար աշխատութեան մը քըրտինք,
Եթէ զանի նոյնիսկ Սէրն ալ խըմորէ:
Մի՛ տաք, մի՛ տաք ինծի ձեր ծածքը ջերմին`
Ուր եւ սակայն բընիկ ոգին չի շընչեր.
Մի՛ տաք ինծի մախրերը ձեր կըրակին,
Կամ հանգըրուան մը ոտքերուս կարեվէր:
Մի՛ կըտրատէք ձեր խընդութիւնն ինձ համար.
Թողէ՛ք որ իր մացառուտին մէջ խեղդի
Կեանքիս ծաղիկը վայրահակ, դալկահար.
Հոգ չէ թ’ըլլամ թօշնած, լալկան, կամ նօթի:
Այլ - սա բոլոր դաշտերուն վրայ խանձոտած`
Ուր շուշանին ցամքած է սերմն իսկ վերջին.
Սա վերիվար բըլուրներուն սըգազգեաց`
Ուր սոսկ եղիճն ու բաղըրջո՛ւկը կ’աճին:
Արաքսի սա սեւ ափունքներն արցունքոտ`
Ուր անընդհատ կը ծըփան ցուրտ դիակներ,
Եւ յօշոտուած քըղամիդի մահահոտ
Պատըռուածքները խութերու են կառչեր.
Սա արիւնի գետեր բերող լեռներուն
Կամ բերնին քով քարայրներու` որք եղան
Մարդ գիշատող անգըղ-մարդու մը սեւ բոյն,
Եւ թագըստոց հափափումի մը դաժան.
Փըլուզին մէջ տաճարներու, տուներու`
Ուրտեղ թաղուած գանկեր երկա՜ր կը նընջեն,
Եւ կը մաշեն կուրծքեր, թեւեր ահարկու.
Ուր կ’իջնայ սոսկ լուսնին արցունքն ուղխօրէն:
Վերջապէս սեւ ու սուգ ամենայն տեղիք`
Ուր վանդալի մ’կը տեսնըւի երթեւեկ,
Ո՜վ մարդեր, դուք, որ ինձ գութով կը նայիք`
Մօրըս միայն գերեզմա՜նն ինձ ցոյց տըւէք…