Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅԻՍՈՒՍԻ ՊԱՃՈՒՃԱՊԱՏԱՆՔԸ

Կը սըղոցէր Հայրն, եւ իր քով, սեմին վրայ.
Մանուկ Յիսուսը կու լար մերթ հեծկալով,
Սովորական, ինչպէս ամէն տղայ կու լայ.
Հայրն ըստէպ զայն կը լըռեցնէր գըգուանքով:

Ի՞նչ ունէր ան. դըրացիին տըղաներն`
Արդեօք իրմէ երե՞ս էին դարձուցած.
Խըլա՞ծ էին ձեռքէն` ժողված շուշաններն`
Զոր կը տանէր մօրն` վարդին հետ իր շըրթանց:

Թէ` ըստուերներ կը շըրջէին գողունի`
Իր մըտածման աստղերուն մէջ լուսեղէն.
Նախազգացո՜ւմ` ապագային արիւնի`
Որ կու գար զինքն արթընցընել երազէն:

Սուրբ հայր Յովսէփ մարդ մը շինեց Յիսուսին,
Աղուոր պուպրիկ մ’որ ան չը լայ ալ տըրտում:
Բարւոք է այս: Անշուշտ կ’ըլլայ շէնքն այդ սին`
Մարդ-մանկան` խի՜նդ: Աստուած-մանկան` մըտածո՜ւմ:

Զայն շինած էր Հայրը ջանքով սիրարկու,
Հոն փըչելով ամէն հընարքն արուեստի:
Ի՛նքն ալ գոհ էր. հոն տեղ, ցիր ցան, փեղկերու,
Դարաններու, սեղաններու, բազրոտնի,

Արկղիկներու, լիսեռներու, առեղի`
Որք քաոսի մ’արտաբերած շըքեղն են,
Տաշեղներու, շիւղերու մէջ մըղեղի`
Որք քաոսի մ’արտաբերած տըգեղն են:

Հօրն աչքը այդ պուպրիկին վրայ մնաց միայն
Իբր այն շինածն անծանօթէ՜ն գար ինքնին.
Արցունքներն իր աստուածախա՛ռըն Մանկան`
Կարծես հիւսն Հայրն` քանդակագործ ընէին:

Սակայն պէտք է լուրթ մըշուշներն առտըւան`
Միջօրէի արին ցըրուէ լերան վրայ.
Պէտք է հըպի արհեստի ձեռքը` բնութեան.
Հինը` նորին, լաւը` Բարւոյն տեղի տայ:

Պէտք է Սուրբ Գիրքն` Աւետարան մ’յըղանայ,
Ամպու շանթի գահն` օրոցք մը մըսուրէ.
Պէտք է Սինան Գողգոթայի տեղի տայ.
Եւ պէտք է հօր պուպրիկն Որդին սըրբագրէ՜…
Աստղերո՜ւ Տղայ. որ եկաւ մեզ հըրահրել.
Քիչ մը սարսռուն` գիրկը առաւ շինածն Հօր.
Ա՛յսպէս արփին կ’ընդգրկէ մութ կատարներ,
Եւ Ապրիլն ալ` ձըմրան բնութիւնն ամուլ, չոր:
Զայն համբուրեց, սիրտը սեղմեց իր սըրտին.
Ո՞ր մանուկն իր պուպրիկն այսքան սիրած էր.
Եւ յետոյ Հօր կըտրոցն առաւ խընդագին`
Եւ ըսկըսաւ տաշել իր փո՛քըր ձեռքեր:
Կը խաղա՜ր Էն…
Կար Անհուն մ’այդ մանկան մէջ.
Խորշ մ’ուր, թագուն, կ’ալեծըփէր մեծ ովկիան,
Կոկոն մ’ուր, գաղտ, կ’այրէր արեւ մը անշէջ.
Ահա լուրջ գործ մ’հագած խաղի պատմուճան:
Նախ` պուպրիկին ճակա՛տն յըղկեց սիրագին,
Քանզի չունէր պայծառութեան այն հրապոյր`
Զոր կը գըտնէր իրեն սուրբ Հօ՛րը ճակտին.
Ան` խաւար էր, կարծես դժոխքի վարագոյր:
Պէտք էր պարզե՛լ պըռըստիւններն յօնքերուն,
Այդ զոյգ ամպին մէջ նետելով ճաճանչներ:
Չը կար աչքին մէջ քաղցրութեան մը շողիւնն.
Մանուկ նայուածքն անոր դիպիլ կը վախէ՜ր.
Սուր կըտրոցին հըպումներով մի քանի`
Հոն զետեղեց կարծես թէ սէրն ու գորով,
Իժերու այդ զոյգ բոյնին մէջ, հոլանի
Եւ բացխըփիկ` մէյմէկ ասուպ դընելով:
Կարծես կ’երկնէր անոր շըրթունքն հըրէայի
Տըրտընջողի մը շարժըւածքն երկնի դէմ:
Կարծես կ’ըսէր բերանն. Ակռայ ակռայի…
Անոր խօսքն այդ փոխել տըւաւ. կը ներեմ:
Կուրծքը կա՜րծր էր. ներքեւն անոր ոստ մը կար…
Կուրծքը կա՜րծր էր. կար անգութ սիրտ մի’ր ներքեւ.
Պէտք էր հիմէն փոխել զանի. գործ դըժուա՜ր.
Ժողվե՜ց խանդին մատաղ ուժերը դեդեւ:
Ո՛հ, Աստուա՜ծ իմ, կըտրոցն յանկարծ սահեցաւ,
Ա՛յնքան այդ մասն էր անյողդողդ, դիմամարտ.
Եւ Մանկան գիրգ ձեռքը կըտրեց, ցաւեցա՜ւ:
Արիւն, արցունք մըկըրտեցի՜ն շինած մարդն…
Որդին մարմնով` սարսռուն, բայց գոհ իր մէջէ,
Զերդ թըռչնակ` Հօր աջ դին սուրաց սըրարշաւ.
Գորովայոյզ, սուրբ Հայրն ըսաւ. «Այդ ի՞նչ է…»:
Յիսուս, ուրախ. «Հա՛յր, Մարդն հիմա՜ մարդ եղաւ»: