ՅԻՍՈՒՍԻ
ՊԱՃՈՒՃԱՊԱՏԱՆՔԸ
Կը
սըղոցէր
Հայրն,
եւ
իր
քով,
սեմին
վրայ.
Մանուկ
Յիսուսը
կու
լար
մերթ
հեծկալով,
Սովորական,
ինչպէս
ամէն
տղայ
կու
լայ.
Հայրն
ըստէպ
զայն
կը
լըռեցնէր
գըգուանքով:
Ի՞նչ
ունէր
ան.
դըրացիին
տըղաներն`
Արդեօք
իրմէ
երե՞ս
էին
դարձուցած.
Խըլա՞ծ
էին
ձեռքէն`
ժողված
շուշաններն`
Զոր
կը
տանէր
մօրն`
վարդին
հետ
իր
շըրթանց:
Թէ`
ըստուերներ
կը
շըրջէին
գողունի`
Իր
մըտածման
աստղերուն
մէջ
լուսեղէն.
Նախազգացո՜ւմ`
ապագային
արիւնի`
Որ
կու
գար
զինքն
արթընցընել
երազէն:
Սուրբ
հայր
Յովսէփ
մարդ
մը
շինեց
Յիսուսին,
Աղուոր
պուպրիկ
մ’որ
ան
չը
լայ
ալ
տըրտում:
Բարւոք
է
այս:
Անշուշտ
կ’ըլլայ
շէնքն
այդ
սին`
Մարդ-մանկան`
խի՜նդ:
Աստուած-մանկան`
մըտածո՜ւմ:
Զայն
շինած
էր
Հայրը
ջանքով
սիրարկու,
Հոն
փըչելով
ամէն
հընարքն
արուեստի:
Ի՛նքն
ալ
գոհ
էր.
հոն
տեղ,
ցիր
ցան,
փեղկերու,
Դարաններու,
սեղաններու,
բազրոտնի,
Արկղիկներու,
լիսեռներու,
առեղի`
Որք
քաոսի
մ’արտաբերած
շըքեղն
են,
Տաշեղներու,
շիւղերու
մէջ
մըղեղի`
Որք
քաոսի
մ’արտաբերած
տըգեղն
են:
Հօրն
աչքը
այդ
պուպրիկին
վրայ
մնաց
միայն
Իբր
այն
շինածն
անծանօթէ՜ն
գար
ինքնին.
Արցունքներն
իր
աստուածախա՛ռըն
Մանկան`
Կարծես
հիւսն
Հայրն`
քանդակագործ
ընէին:
Սակայն
պէտք
է
լուրթ
մըշուշներն
առտըւան`
Միջօրէի
արին
ցըրուէ
լերան
վրայ.
Պէտք
է
հըպի
արհեստի
ձեռքը`
բնութեան.
Հինը`
նորին,
լաւը`
Բարւոյն
տեղի
տայ:
Պէտք
է
Սուրբ
Գիրքն`
Աւետարան
մ’յըղանայ,
Ամպու
շանթի
գահն`
օրոցք
մը
մըսուրէ.
Պէտք
է
Սինան
Գողգոթայի
տեղի
տայ.
Եւ
պէտք
է
հօր
պուպրիկն
Որդին
սըրբագրէ՜…
Աստղերո՜ւ
Տղայ.
որ
եկաւ
մեզ
հըրահրել.
Քիչ
մը
սարսռուն`
գիրկը
առաւ
շինածն
Հօր.
Ա՛յսպէս
արփին
կ’ընդգրկէ
մութ
կատարներ,
Եւ
Ապրիլն
ալ`
ձըմրան
բնութիւնն
ամուլ,
չոր:
Զայն
համբուրեց,
սիրտը
սեղմեց
իր
սըրտին.
Ո՞ր
մանուկն
իր
պուպրիկն
այսքան
սիրած
էր.
Եւ
յետոյ
Հօր
կըտրոցն
առաւ
խընդագին`
Եւ
ըսկըսաւ
տաշել
իր
փո՛քըր
ձեռքեր:
Կը
խաղա՜ր
Էն…
Կար
Անհուն
մ’այդ
մանկան
մէջ.
Խորշ
մ’ուր,
թագուն,
կ’ալեծըփէր
մեծ
ովկիան,
Կոկոն
մ’ուր,
գաղտ,
կ’այրէր
արեւ
մը
անշէջ.
Ահա
լուրջ
գործ
մ’հագած
խաղի
պատմուճան:
Նախ`
պուպրիկին
ճակա՛տն
յըղկեց
սիրագին,
Քանզի
չունէր
պայծառութեան
այն
հրապոյր`
Զոր
կը
գըտնէր
իրեն
սուրբ
Հօ՛րը
ճակտին.
Ան`
խաւար
էր,
կարծես
դժոխքի
վարագոյր:
Պէտք
էր
պարզե՛լ
պըռըստիւններն
յօնքերուն,
Այդ
զոյգ
ամպին
մէջ
նետելով
ճաճանչներ:
Չը
կար
աչքին
մէջ
քաղցրութեան
մը
շողիւնն.
Մանուկ
նայուածքն
անոր
դիպիլ
կը
վախէ՜ր.
Սուր
կըտրոցին
հըպումներով
մի
քանի`
Հոն
զետեղեց
կարծես
թէ
սէրն
ու
գորով,
Իժերու
այդ
զոյգ
բոյնին
մէջ,
հոլանի
Եւ
բացխըփիկ`
մէյմէկ
ասուպ
դընելով:
Կարծես
կ’երկնէր
անոր
շըրթունքն
հըրէայի
Տըրտընջողի
մը
շարժըւածքն
երկնի
դէմ:
Կարծես
կ’ըսէր
բերանն.
Ակռայ
ակռայի…
Անոր
խօսքն
այդ
փոխել
տըւաւ.
կը
ներեմ:
Կուրծքը
կա՜րծր
էր.
ներքեւն
անոր
ոստ
մը
կար…
Կուրծքը
կա՜րծր
էր.
կար
անգութ
սիրտ
մի’ր
ներքեւ.
Պէտք
էր
հիմէն
փոխել
զանի.
գործ
դըժուա՜ր.
Ժողվե՜ց
խանդին
մատաղ
ուժերը
դեդեւ:
Ո՛հ,
Աստուա՜ծ
իմ,
կըտրոցն
յանկարծ
սահեցաւ,
Ա՛յնքան
այդ
մասն
էր
անյողդողդ,
դիմամարտ.
Եւ
Մանկան
գիրգ
ձեռքը
կըտրեց,
ցաւեցա՜ւ:
Արիւն,
արցունք
մըկըրտեցի՜ն
շինած
մարդն…
Որդին
մարմնով`
սարսռուն,
բայց
գոհ
իր
մէջէ,
Զերդ
թըռչնակ`
Հօր
աջ
դին
սուրաց
սըրարշաւ.
Գորովայոյզ,
սուրբ
Հայրն
ըսաւ.
«Այդ
ի՞նչ
է…»:
Յիսուս,
ուրախ.
«Հա՛յր,
Մարդն
հիմա՜
մարդ
եղաւ»: