Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՍԻՐՈՅ ԹԱՂՈՒՄԷՆ

Դատարկուեցան սափորներն իմ արցունքին,
Եւ լեցուեցաւ վըշտով` սըրտիս խոր անդունդ:
Բաւական է, թող ա՛լ ճիչերս ողբագին`
Յամառօրէն չը վըրդովեն խաղաղ քունդ:

Բաւակա՜ն է: Բուի նըման չեմ ուզեր
Չը դադարիլ հանգըստի բոյն յուզելէն.
Թող լիճն հեռու մընայ հովէն տարուբեր.
Քունն` աղմուկէն, եւ գերեզմանն` ապրողէն:
Կը բաժնըւի՜մ, որ է ճակատըս փոշոտ
Հողեղէն այդ սեւ վերմակէդ կ’առնում վեր,
Եւ կը տանիմ մարմինս` թողլով հոգիս հոտ.
Անդունդ մըն եմ` ուր լուսինն ա՛լ չի ցաթեր:

Զի՜ս կը կանչեն մութ երկինքներն աստղազուրկ,
Առանց թիթռան, առանց ծաղկի վարդանոցն,
Անյոյս կեանքներն ու բուրվառները անխունկ.
Կ’երթա՜մ, այլեւս ընկերն եղայ ես անոնց:

Արշալուսէն ձայնըդ ի զուր, սըրտաբաց
Պիտի յուսամ, եւ ժըպիտդ ալ կոկոնէն.
Իմ աներես ըսպասումէս ամչըցած`
Պիտի անոնք իրենց գլուխը ծըռեն:

Քունը հազիւ թօթուած` թեւե՛րըս, առտուն,
Պիտի գըրկեն սարսուռը լոկ խօլայած
Աղօտ խուցիս ըստուերներուն, շողերուն.
Պիտի շուրթերս դողան` շուրթէդ չը տաքցած:
Պիտի փըրփրի ծովը` ձայնէս իմ լալկան.
Ողբըս լըսած` թըռչուններն իսկ անընդել`
Բուրաստանէն դէպ նոճաստան պիտի գան`
Քեզի լալու համար` ինծի ընկերել:

Ան ջինջ շուշանն, որուն մէկ թերթը դեղին.
Դո՛ւ փետեցիր, աչքիս ցօղովն հըրակէզ
Պիտի լեցուի` ցօղէն առաջ երկընքին.
Եւ պիտի ան թոռմի՜, թոռմի՜մ պիտի ես:

Պիտի լամ մեր յուշերն պահող ամէ՜ն ինչ.
Այն սիրերգներն` որոնց մէջ սիրտն, հեշտօրէն
Կուրծքին տակէ դէպ դուրս կ’ելլէ առած թռիչ,
Ինչպէս թըրթռուն թիթեռը` նեղ բըոժէն:
Այն հանգըստի ծովեզրն` որ բուռն հովերէ
Ալիքներուն տակ կը հակի. այն լուսնակն
Ուր նայուածքներս` նայուածքներուդ ետեւէ
Կաքաւի պէս կը շըրջէին միայնակ:
Այն ճիւղն` որ մեր ծածկեց համբոյրն առաջին,
Այն ցիրուցան ապրիմ-մեռնիմն հողմախռով`
Զոր մատերէս վերջ քու մատեր փետէին,
Եւ դու, աւա՜ղ, լըմընցուցիր մեռնիմով:

‘Ւ այսպէս լանջքիս վէրք մը սեղմած ես, դողդոջ,
Պիտի քաշեմ արտասուքէ պատանքներ
Անցեալի այդ մեր գարունին վրայ, ողջ ողջ.
Ո՞ր ծաղիկն ինձ` քեզմէ հեռու է ժըպտեր:

Պիտի հիմա տուն դառնամ` ե՛ս ինծի հետ`
Քաշկըռտուելով ճամբաներուն վըրայէ
Մէկ թեւն կոտրած թըռչունի պէս դառնաղէտ,
Ու դեղձանիկդ ըսէ պիտի. «Ան ո՞ւր է…»
Աստուա՜ծ իմ. ի՞նչ պիտ պատասխան տամ խեղճին.
Ինչպէ՜ս խըլել իր զըւարթ երգն. հէ՛գ թըռչնակ.
Ո՛հ, դա՜ռն է այդ, զի գիտեմ երբ խըլեցին
Քուկին աղեղ սիրտըդ` սըրտէս հլու ջութակ:

Այլեւըս զիս պիտի գըգուին ըստուերներ.
Իմ ընկերս է` դատարկութիւնը հըսկայ.
Դաշտերուն մէջ ձըգած հետքիս քովն ի վեր
Ուրիշ հետք մ’ալ պիտի բընաւ չերկըննայ:

Պիտ’ չը գայ ձայնըդ երազանքիս մէջ վըրդով
Հոն գըտնելու իր արձագա՛նգը վերջի.
Գող հովահարդ յանկարծական դըպչելով`
Պիտի չնետէ քեզմէ համբոյր մը` ինծի:

Չը կա՜ն աչքերդ. պիտի երկինքն ո՞ւր դիտեմ`
Իր աստղերովն ու վարիչովն առեղծուած.
Չը կա՜ն շուրթերդ. պիտի սէրն ո՞ւր ես գըգուեմ,
Սէրն որ հոս Կոյսն է, երկընքի մէջ` Աստուա՜ծ:

Սեւեր հագած պիտի ըսեմ ողբաձայն.
«Սուրբ արշալոյս մ’արդեօք կ’իջնէ՞ մարմնոյն քով.
Ի՛նչ, չը թողո՞ւց մութն` որ գըտնէ սիրտըս ան,
Զոր փոսին մէջ դըրի փաթթած արցունքով:

Արդեօք ոգի մ’յըղուած դժոխքէն, կը փետէ՞
Իր փետուրները թեւերուն ճեփճերմակ`
Զոր ան ժողվեց անմեղութեան բոյներէ
Դէպ թըռչելու համար երկի՛նքը շիտակ:

Օր մ’երբ փորէ մեռելաթաղն, վա՜յ ինձ, բահն
Պիտի ցաւցնէ՞ արդեօք մէկ դին իր մարմնոյն.
Արդեօք կ’ուզէ՞ երգ մը որպէսզի թըրթռայ,
Յետոյ սիրտ մ’ալ որպէս չ’առնէ յարութիւն»:

Ու երբ այսպէս` վիշտերուս հետ, դալկահար.
Քեզ կանչելով մոլոր իյնամ ձոր ու լեռ`
Պիտի ըսէ շիկահաւն իր բոյնէն վար.
«Սաւոր գըլխուն կը թըռչըտին ագռաւնե՜ր»:
Մարգարիտ ծաղկունք, առջեւս գլուխնին սատապի
Ըսքողելով տերեւներու տակ, գաղտնի,
Պիտ’ տըրտընջան. Բոցէ արցո՜ւնք կը թափի:
Աստղերն վերէն պիտի ըսեն. «Կը հատնի»:

Չորս դիս հովերը մէկմէկու պիտ’ հըծծեն.
«Մի՛ մօտենաք, կը դողդողայ արդէն ատ»:
Եւ դառնալով դէմքիս` անցորդը ճամբէն.
Քըթին տակէ պիտի մընչէ. «Չապրի՜ր շատ…»:

2 յունիս, 1904