«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՍԱԿՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՎԵՐՋ

Այսպէս կ’ըսէ. «Ներսըս, կը զգամ, սէրն ամբողջ
Կը խըտանայ. լոկ բոյր չէ այն եւ ոչ գոյն,
Նոյն ծաղիկն է` հագած մարմինը դողդոջ.
Կը զգամ թէ բա՛ն մը կը դըպչի իմ հոգւոյն:

Բացուեցաւ քօղը գաղտնիքին երազիս.
Կը հասկընամ. սա երգն էր սա՛ թըռչունին.
Ահա երկինքն իմ բոցերուս, սիրտն` ըղձիս,
Շարժմանս առեղն, արբեցութեանըս` գինին:

Գետն իրեն հունը կը ճանչնայ, ծովուն գոգն`
Ալ կը գըտնի անձրեւը իր վիհն անչափ:
Հիմա շուրթերըս չեն ըսեր. Ե՜րբ արդեօք…
Էութիւնս է` որ կը հըծծէ. Ա՛հ, որչա՜փ:

Եւ չեմ ըզգար այլեւս երազն ըստուերէ.
Կը տեսնըւի՛ այդ երազն արդ իմ աչքին.
Ինծի համար ծարաւն հիմա համբոյր է,
Իղձը` վայելք, խոստումը` ուխտ, սէրը` կին:

Ես կ’իմանամ թէ մէկ չեմ, իմ մըտածման
Շուրջն ուրիշ լայն պարոյր մըն ալ դարձած է.
Մէկ երակէս կ’անցնի երկո՛ւ գիծ արեան`
Եկած երկու համակեդրոն սըրտերէ:

Կուրծքիս տակ կայ սիրոյ կըշիռ մը տարտամ.
Ծանր է նըժարն ինձ պատկանող նըժարէն:
Հիմա Աստուածս երկո՛ւ էջէն կը կարդամ.
Զոյգ ճառագայթ հոգւոյս վըրայ կը փայլեն:
Հոգին ջահն է, եւ իր մէջի կրակը` յոյս.
Իսկ մարդուս մէջ ջահակիրն է ըզգօն կինն:
…Այսօր կայ ձեռք մ’որ մերթ քայլերս վըհասոյզ
Պիտ’ հաստատէ ճամբուն վըրայ հաւատքին:

Եւ այսպէս ո՞ւր պիտի երթանք մենք մեզի.
Ի՜նչ վըճիռներ կը սպասեն, ո՛հ, մեզ անդի՜ն.
Մընաս բարով երէ՜կ, օրեր երազի.
Ողջոյն քեզ վա՜ղ, օրեր մութին, գաղտնիքին:

Անցեալն` ուր միշտ մեզ ամէն ձայն էր աւա՜չ,
Եւ մեր կոչման ամէն թիթեռ կը շտապէր,
Ուր դէպի ետ չէինք նայեր, ոչ առաջ,
Կեանքն իր գինին կու տար, սէրը` չէր չափեր:

Ապագային` պիտի գըտնե՞նք այդ Անցեալ`
Փոխադըրուած մեր ուխտերուն հետ մէկտեղ.
Պիտի գըտնե՞նք զայն` վերածնած անայլայլ`
Հոգեակներու մէջ կայտըռուն, վարսագեղ:

Տէր իմ, արդեօք մըրրիկներո՞վ պիտ’ յուզի
Ճիւղն որուն վրայ հաստատեցինք մերին բոյն.
Ո՛հ, արդեօք ի՞նչ տեսակ արեւ կ’ընկլուի`
Մեր վաղորդեան հորիզոնին տակ մրափուն:

Սա նոր ալիքն ի՞նչ անդունդներ է ծածկեր.
Պիտի վըխտան մեր կամարին ներքեւէն
Սիրոյ ծիտե՞ր, թէ արիւնի անգըղներ.
Ծաղկէ՜ն կու գանք, մեզի փուշե՞ր կը սպասեն:

Կը մօտենայ վայրկեանն ահա սարսուռի.
Պիտի բացուի առջի համբոյրս իր ճակտին,
Իմ կոկոնն այդ` զոր ես կոկոն պահեցի
Երկար, երկա՜ր տարիներ սուրբ, կաթոգին:

 
Ի՞նչ կ’ապրի այդ համբոյրին մէջ (փա՜կ ծաղիկ).
Հոն ցօ՞ղ մ’երկնի կայ` թէ արցունք մը կենաց.
Վաղը` որո՞ւն վրայ պիտ’ գըտնեմ ցոլացիկ`
Զինքն ինծմով` ինք, զիս իրմով ես կազմըւած»:

20 յունիս, 1904