«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻ

Ժամը սո՜ւրբ է:
Ո՛վ Գողգոթա, թողութի՜ւն:
Իմ անունս ա՛լ, անունըս չէ. Զըղջում է.
Մըկըրտեցի` ողբանքներուս մէջ անհուն`
Տխուր ճակատս` որ հընոցի տաք խուփ մ’է:
Կախեցի գլուխս, հեկտալով, ա՛յն ժայռէն ցած`
Որուն տակ խոր ձորն է հոգւոյս. մերթ անկէ
Անցած ատեն կը քաղէր վարդ մը Աստուած:
Անոր բերքն է` Տիրամօր պսակը ծաղկէ.
Անոր բերքն է` Արքայութեան խունկն անուշ`
Որով եղաւ մանկութիւնս այնքան բեղուն
Հիմակ, աւա՜ղ, հոն ալ չունի հողը ուժ,
Ծառը` տերեւ. հոն կը տիրէ ամլութիւն:
Կախեցի գլուխս, հեկտալով, այն ժայռէն ցած.
Մազերս քարին սըփռըւեցան ցանցի պէս.
Տարածեցի թեւերըս` թոյլ, գիրկըս` բաց.
Զոյգ բիբերուս տակ դրի զոյգ լիճ սըրտէս.
Ամպ մը եղայ այդ ձորին վրայ, եւ լացի՜:
Կը տեսնեմ, հո՛ն, վարը, կ’անցնին: Աչքերուս
Անձրեւին տակ այս ի՜նչ պատկեր ես բացի.
Մեղքերըս են. կ’հանեմ հոգւոյս ձորէն դուրս:
Կ’անցնին, կ’անցնին, շարան շարան. լուռ թափօր:
Սեւ քօղերու մէջ` կիներ են կաթներես,
Դանդաղ քայլով, նայուածքնին վար, քամակոր,
Կը դողան, լուռ, վրանին կաթող արցունքէս:
Ի՜նչ երկար շարք, լայն սարսուռով մը ծալծալ,
Հեռուէն եկող ալիքներուն պէս հեւքոտ.
Ալիքին պէս կ’երթան փըշրիլ իրենք ալ.
Ո՞ւր, ո՞ւր փըշրիլ. ո՞ր ժայռին դէմ անծանօթ.
Մեղքն որ դեւէն եւ դըրախտէն մեզ եկաւ`
(Գովուա՛ծ պարտէզ, որուն պըտուղը տեսա՜նք)
Մեղքն` որուն իբր օրօրան մարդըս եղաւ`
Իր գերեզմա՞նն ով պիտ’ ըլլայ…
Վայրահակ
Եւ լուռ, սա ո՞վ է որ կ’երթայ, խօլայած.
Թափօրին միշտ առջեւէն, ո՞վ. - ան կոյս մ’է,
Գըլխուն` սեւ քօղ, ձեռքին մէջ մոմ մը, մարա՜ծ,
Ուրկէ առանց բոցի միշտ ծուխ մը կ’ելլէ`
Կըսկըծցնելով իր խօթ աչքերն ողբագին.
Կը ծըփայ դէմքը մազերուն տակ ծըփուն
Ամբողջ մարմնէն դուրս կու գայ հոտն արցունքին.
Կոյր է եւ խուլ. Յուսահատութիւն է անունն:
Եւ այդ կոյրին ետեւէն է` որ բոլոր
Թափօրը հետք հետք կ’երթայ, ողջ աչքով:
Կիներ, հրէշներ ու դեւեր են ահաւոր.
Կ’անցնի՜ն, իրենց ձեւին ներքեւ կըրելով
Մեղքի ոգին: Ուրիշ աղջկունք դեռ ահա,
Մերկ կուրծքերով եւ աչքերով շամբուշի,
Որոնց տուի զոհ` սիրտս Աստըղկի բագնին վրայ,
Որոնց համար իրկունն ողջոյնըս չըսի:
Մէկն ինձ անո՛ւր ըրաւ թեւերն հըմայուն,
Վըզիս համար` մանեակ, հոգւոյս` կուռ շըղթայ.
Միւսը շըրջեց իր բերանն իմ շըրթներուն,
Զերդ բաժակին` գինւոյ սափոր մը ոսկեայ.
Անոր պատկերն իր աչքերէն կախարդուած
Երեք անգամ ժամագըրքիս մէջ դըրի.
Ւ’ Ափրոդիտի պարտէզներուն մէջ բերրի
Կերայ ամէն տեսակ պըտուղ արգիլուած:
Ահա, խումբ խումբ օձեր մարդու գանկերով`
Եւ պոչերով իրար հիւսուած, թաւարծի.
Դուրս կը ճեպեն, կը ֆըշֆըշան ինձ նըզով`
Թէ` իրենց խոր բոյներն ինչո՞ւ լեցուցի
Աղօթք եւ խունկ: Եւ կը կըրեն կուրծքերուն
Կընոջ ծիծեր` զոր ես երկա՜ր ծըծեցի.
Գոյնով` հազար, հոտով` միակ, համով` թոյն,
Տարակոյսի այդ կաթն երկա՜ր ծըծեցի.
Զայն շիթ առ շիթ հաւաքեցին երակներ,
Այն երակները շեղումի, դիւական`
Որ լըւալով օձակերպ թոք. սիրտ, գանկեր`
Պատրաստեցին ինծի այդ հիւթը դաժան:
Ներէ՛, ո՛վ Տէր, ես մարդ, ես օձ ծըծեցի…
Գանկս անդունդ մ’է` ուր փըրփրեցաւ ոռնագին
Տարակոյսի ծովը, բնոյթով կանացի.
Եւ միշտ կըրծեց հաւատքըս, թո՜ւմբն ալիքին.
Ես գըրկեցի, փոխն ի փոխ, Տէրն ու Սատանն,
Արեւն ու ամպն. հոգւոյս աչքին ափերով
Հող նետեցի` ճառագայթի մը փոխան`
Ճըշմարիտին արդեօքն ակնոց դընելով:
Կ’անցնին, կ’անցնին: Մեղքեր են սեւ, մոլեգին,
Հարպիաներ են ճապռաւոր, ոհմակներ
Են գայլերու` որոնց հետ մենք միասին
Հալածեցինք Աստըծոյ Գառն եւ իր սէր.
Եւ որդիներ են Բագոսի, հին աստըւած
Միշտ պաշտելի անցեալին մէջ եւ այժմիկ,
Որդիներ են` զոր սընուցի հոգիս հաց
Տալով իրենց, եւ սիրտըս ալ` խաղալիք:
Էգ սատաններ են` որոնց հետ, քովէքով.
Ես գինովցայ նոյն գաւաթի մ’անհամբեր
Շըրթունք դըրած, դըժոխքի նոյն գինիով.
Համբուրեցի՜ ես զանոնք, սեւ սիրուններ:
Ահա թափօրն ալ լըմընցաւ, եւ շիթ շիթ
Արցունքս իջաւ այդ հրէշներուն թուխ ճակտին
Ինչպէս մոմերն, հալած, իբրեւ լոյծ մարգրիտ,
Սեւ դագաղի մը վրայ լըռիկ կը կաթին:
Հոգւոյս ձորին մէջ Լըռութիւնն (իմ բարի
Այդ սիրուհիս` որ բերնին մէջ չունի բնաւ
Լեզու` խօսքի, այլ լոկ շըրթունք համբոյրի)
Միապաղա՜ղ, իր լայն բիբերը բացաւ:
Հոն հիմա հողն է բեղնաւոր: Կոշտերուն
Ներքեւ ապրիլը մայիս մ’հոն կը ծածկէ.
Փուշին տակ վարդը կը սպասէ շողալուն
Ճառագայթի մ’որ բընութեան տաք երակն է,
Եւ վաղը այդ ճառագայթովն Յիսուսին`
Պիտի փոխուի այս Սոդոմ հոգիս` դըրախտ պերճ.
Եւ վաղն ինծի պիտ’ դառնան ա՛ստղ, լուսին,
Իրենց Աստուածը գըտնելու սըրտիս մէջ…
21 նոյեմբերի, 1904