ՆՊԱՏԱԿԻՆ
Երկայն
ճամբան
փոշելից
է
եւ
քարոտ:
Ան`
փուշերու
եւ
խիճերու
մէջ`
բոկոտ
Կը
յառաջէ:
Եւ
իր
չորս
կողմն
ամէն
բան
Չորցած
այրած
է
արեւէ
մ’ափրիկեան:
Ան
կը
քալէ:
Ճակտէն
քիրտեր
կը
հոսին,
Եւ
միացած
բոկ
ոտքերուն
արիւնին`
Հողն
ու
քարե՛րը
ծիրանի
կը
ներկեն.
Կը
գինովնայ
երկիր
կամքի
գինիէն:
Կ’այրի
գըլուխն.
արտեւանունքն
ու
մազեր
Ճերմըկցած
են.
հրատապ
փոշի՛ն
է
ձիւներ:
Ամբողջ
մարմինն
յոգնութենէ
կը
հակի,
Բայց
կը
քալէ՜
դեռ
քաջ
ճամբորդը
կեանքի:
Ան`
հոգւոյն
մէջ
կը
կըրէ
յոյսն,
ու
սըրտին,
Սըրտին
մէջ
կամքն
երկաթի
պէս
պինդ,
ուժգին,
Ու
հեղեղի
նըման
յառաջ
խիզախող,
Որ
խոչ
ու
խութ
կը
տապալէ
ոտնակոխ:
Եւ
կը
քալէ՜,
կը
քալէ
միշտ:
Իր
ուժեր
Տեղի
կու
տան.
պէ՞տք
է
արդեօք
գահվիժել
Սա
ժայռէն
վար,
ա՛լ
վերջ
տալու
այս
կեանքին,
Ո՛չ,
ո՛չ,
յառա՜ջ,
դէպ
նըպատակն
ըղձագին…
…Բոց
աչքերով
ալ
նըշմարեց
ջուր,
ծառեր,
Եւ
բուրաստան
մ’
(յոյսին
Եդեմ)
եւ
ըստուեր:
Անոնք
էին
ովասիսներ
հոգեգրաւ
Իր
անապատ
կեանքին.
քալե՛ց
ու
հասաւ:
Հոն
խաղաղ
կեանք,
երջանկութիւն
գըտաւ
ան,
Կար
կոյս
մը
գիրգ`
շըրթունքներն
իր
խընկաման
Համբոյրներու.
հոն
վէրքերէն
իր`
վարդեր
Բողբոջեցան,
եւ
քըրտինքէն
դափնիներ…