Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

«ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» կոթողական գործի այս իններորդ հատորով կ՚աւարտի վերջին երեք հատորներու (7-րդ, 8–րդ եւ 9–րդ) հրատարակութեան մեր ծրագիրը, որուն մասին լայն կերպով արտայայտուեր էինք եօթներորդ հատորի Յառաջաբանին մէջ։ Տասն եւ ինն հայ արդի հեղինակներ, բոլորն ալ «Արուեստագէտ սերունդ» հասարակաց բնորոշումին մէջ սէւեռուած, Յ. Օշականի տաղանդաւոր մտքի հայեացքին տակ ու խուզարկու գրչի վրձինումով, այսպէս, հեղ մը եւս բացուեցան իրենց ժողովուրդի գիտակցութեան եւ կեանքին մէջ:

Վերջին երեք հատորներուն մէջ ներկայացուած բոլոր հեղինակները, բացի մէկէն, «Համապատկեր»ի ցարդ անտիպ ձեռագիրէն անցան տպագրութեան։ Բացառութիւնը Վահան Թէքէեանի բաժինն է, որով կը փակուի սոյն 9–րդ հատորը: Յ. Օշականի զաւակներուն եւ իր գրական ժառանգին մօտիկ եղող անձերուն հետ միասին ամիսներով փնտռեցինք «կորսուած» ձեռագիրը Վահան Թէքէեանին ձօնուած բաժնին։ Ապարդիւն անցան մեր ջանքերը: Անկարելի թուեցաւ մեզի, սակայն, Վահան Թէքէեանը բացակայ տեսնել «Արուեստագէտ սերունդ»ի քառահատոր այս շարքէն։ Արդար պիտի չըլլար այդ մանաւանդ Յակոբ Օշականի հաշւոյն, որովհետեւ Թէքէեանը իւրայատուկ տեղ ունէր իր գրական արժեւորումին մէջ։ Ուստի, յարմար դատեցինք վերահրատարակել այն գրքոյկը, զոր 1945–ին, Օշական հրատարակած էր «Սփիւռքը եւ Իրաւ Բանաստեղծութիւնը» խորագրին տակ, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի տպարանին մէջ:

Հարկ չենք զգար անդրադառնալու այստեղ Յ. Օշականի գործի արժէքին, որուն մասին արդէն իսկ արտայայտուեր էինք եօթներորդ հատորի մեր Յառաջաբանին մէջ: Այստեղ պարզապէս կ՚ուզենք նշել, որ անցնող մօտաւորապէս մէկ տարուան ընթացքին հրատարակուած այս երեք մեծադիր հատորները, 1500 էջերու մէջ սեղմուած, կը կազմեն ամէնէն ընդարձակ բաժինը «Համապատկեր»ին։ Զարթօնքի սերունդին, Ռոմանթիքներուն, Իրապաշտներուն նուիրուած հինգ հատորներէն ետք, չորս հատորներով (6–րդէն 9–րդ) Յ. Օշական կ՚անդրադառնայ այն սերունդին, որ իր հայեցողութեան մէջ հայ գրականության ամենէն վաւերական նկարագիրն ու տարողութիւնը կը յայտնաբերեն հայ դպրության արդի ժամանակներու աւանդութեան մէջ: «Արուեստագէտ սերունդ»–ը Օշականի՛ սերունդն է։ Որպէս գրող՝ ի՛նք այդ սերունդի յատուկ տրոփն ունի իր հոգիին մէջ: Արուեստի կերպափոխող զօրութեան հանդիսարանն եղող գրականութիւնը այս սերունդին` Օշականի ըմբռնողության եւ գրական խառնուածքին, հոգեմտաւոր տեսողության հարազատ աշխարհն է։

Ասոր համար, կը հաւատանք որ «Համապատկերտի Օշականեան այս շարքը պէտք չէ փակուի այստեղ, այլ իր լրումը պէտք է գտնէ… Օշականո՛վ։ Մեր հայեցողութեամբ՝ իր «ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը, տակաւին ձեռագիր վիճակի մէջ, պէտք է գայ պսակելու հատորներու այս ոսկեշարքը։ «Վկայութիւն»ը Օշականի խորահայեաց ինքնատեսության, ինքնավերլուծման ամենէն խիտ եւ ուժեղ արտայայտութիւնն է։ Որքա՜ն յայտնաբերիչ պիտի ըլլայ հայ գրականության սիրողներուն եւ սպասարկուներուն համար լսել Օշականը՝ Օշականի մասին…։

Այս յոյսն ու փափաքը մեր սրտին մէջ՝ այժմ կը փակենք վերջին երեք հատորներու այս շարքը, անգամ մը եւս մեր խոր շնորհակալութիւնները յայտնելով 7-րդ եւ 8-րդ հատորներու մեկենաս՝ Տիար Աւետիս Չագըճեանին եւ սոյն 9–րդ հատորի մեկենաս՝ Տիար Եդուարդ Սահակեանին, որոնց նիւթական սիրայօժար եւ առատաձեռն ընծայաբերումով կարելի դարձաւ անոնց ի լոյս ընծայումը այսքան կարճ ժամանակի մէջ։

Երանի՜ նման մեկենասներ ի յայտ գան այսպիսի մեծարժէք եւ բազմաշահ գրական գործերով ճոխացնելու համար հայ տպագրութեան արուեստին պտղաբերումը՝ ի վայելումն Գիրին ու Տիպին հաւատացող եւ սպասարկու հայ ժողովուրդին։

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱԹՈՌԱԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

7 Օգոստոս 1980

Անթիլիաս