Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. [ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ]

/132/ Արտաշէս Յարութիւնեանի բանաստեղծութիւնները կնիքը կը կրեն անցման շրջանի մը. անոնք գրուած են իրապաշտութեան ոսկեդարէն իսկ սկսած մեր մէջ, հասնելու համար մինչեւ 1910։ « Նոր քնար »ը, տպուած 1912–ին, կազմուած է « Երկունք »ին (1906) յաջորդ չորս–հինգ տարիներու ընթացքին։ Անցման բանաստեղծութիւն, իր սկիզբովն ու վախճանովը։ Այս հաստատումը թերեւս անհրաժեշտ է, բացատրելի ընելու համար դժուարութիւնը, զոր կը զգայ քննադատը, այդ քերթուածները արժեւորելու նախ իրենք իրենց, յետոյ իր մէջէն գալիք ժամանակի մը հաշւոյն։ Չեմ կրնար զանոնք «գամել անարգութեան սիւնին», ինչպէս կը սիրէին արտայայտուիլ 1910–ի մարդերը։ Իբր տղայական խաղարկութիւն, տաղաչափական մարզանք կամ անհեթեթ բաներ ըսելու սնոպութիւն բոլորն ալ իրականութիւն՝ 1900–ի քերթողներուն մօտ։ Վ. Մալէզեանի առիթով այս շարժումին պարագրումը կատարուած է ըստ բաւականի։ Եթէ Արտաշէս Յարութիւնեան Վարդգէս մը, Խանճեան մը, Ուղուրլեան մը չէ, այսինքն բառախաղաց մը, չէ նոյն ատեն Վահան Մալէզեան մը, որուն զգայնութիւնը, հակառակ հեղինակին կողմէ կրած բոլոր չարիքին, իրական է ու տեղ–տեղ կը գտնէ արտայայտութեան բարիքն ալ։ Անիմաստ պիտի ըլլար, միւս կողմէն, անոր մէջ եզրեր, կողմեր փնտռել, որոնք թելադրէին Վարուժանը, նոյնիսկ Մեծարենցը։ Այն ատե՞ն։ Ո՞վ է բանաստեղծը, Արտաշէս Յարութիւնեան անունով մեզի եկած քերթողական գործերուն ետին։ Ո՞ր զգայնութեան թարգմանութիւնը եղան անոնք։ Տխուր որքան դժուար հարցումներ։

 

Հ. Ասատուրէ խմբագրուած « Մասիս »ի մէջ (1893) կարդացած եմ Կարօ կեղծանունով իր ոտանաւորը։ 1902-ին՝ « Լքուած քնար »ը։ Սիմպոլիստ հեղիանկներու կողմէ գործածուած այս պիտակին տակ, Արտաշէս Յարութիւնեան կը համախմբէ իր մինչեւ այդ թուականը հանդէսներու մէջ հրատարակած քերթուածները։ 1898–ի Շամտան/133/ճեանի «Մասիս»ին մէջ անոնց մեծ մասը ունէր այլապէս յատկանշական վերնագիր «Խզուած լարեր ու թրթռուն թելեր»։ 1904–ին «Երկունք»ին իբր կարճ նախաբան ան ունի ընթերցողին ուղղուած էջ մը խօսք։ Հոն է, որ տրուած է անունը յառաջիկայ հատորին, «Նոր քնար», որ լոյս պիտի տեսնէր 1912–ին։

Այդ խոստովանութեան ու թուականներուն լոյսովը, Արտաշէս Յարութիւնեանի համար քերթելու արարքը կը վերածուի հոգեկան տագնապի մը։ «Երկունք»ը երբ անցման գիրք մըն է ընդմէջ երիտասարդութեան (գրեթէ պարմանութեան) եւ չափահասութեան, ապա ուրեմն Արտաշէս Յարութիւնեանի քերթողութիւնը պատմութիւնն է հոգիի մը, ամենէն քիչը՝ կեանքի մը։ Կը գրեմ այսպէս, վասնզի քանի՜-քանի անգամներ մենք ստիպուեր ենք շատ տարբեր բաներ զգալ քերթողական դիւաններու մէջ ու հետ։ Հարցուցէ՛ք պատուական բանաստեղծ Յովհաննէս Սէթեանին, թե ինչո՞ւ հրատարակած էր «Գրչի զբօսանք»ը, մանաւանդ « Յուզման ժամեր »ը։ Չունի պատասխան։ Նոյնը, նման բառերով, ճիշդ է Նար–Պէյին, Աճէմեանին։ Տրտում փառասիրութիւն, եթէ ոչ ամօթալի նանրամտութիւն մը կուրուանան մեր մտքին մէջ ամէն անգամ, որ մուսաներու դարպասը փորձող գիրքերու կը հանդիպինք։ Այդ տարուան սկիզբը լոյս տեսնող « Ցոլքեր » (Սիպիլ) հաւաքածոն ի՞նչ հոգեվիճակ կը սեւեռէր, կամ՝ ի՞նչ երանգէ գոհացում կը պատճառէր մեր անզուգական քերթողուհիին…։ Շատ մը տրտում բաներ կը ներկայանան մեր մտքին։ Բայց աւելի արդար չէ՞ պատասխան մը գտած ըլլալ այն ամուր վերապահութեան մէջ, որով Տիկինը պիտի մերժէր իր քերթուածներուն ամբողջական հրատարակութիւնը ո՛չ միայն 1910–ին, այլեւ 1925–ին։ Սա իմաստնացումը, տպագրիչներու շահագործումին դէմ ինքզինք, իր վարկը պաշտպանելու կ՚արձանագրեմ հոս, ուրիշ ալ ապահովութեամբ։ Տիկին Սիպիլ գիտակցութեան էր հասած դառն փորձառութիւններով։ Նման բախտ մը չվիճակուեցաւ Արտաշէս Յարութիւնեանին։ Չզղջաց անշուշտ « Նոր քնար »էն։ Բայց ինքզինք կարծեց մխիթարել, իր բանաստեղծութեան մէջ ինքզինք դրած ըլլալու հաւատքով։ Ու սրտառուչ է ատիկա։

 

Արտաշէսի հետ իմ խօսակցութիւնները, վէճերը, տարակարծութիւնները բանաստեղծութեան շուրջ ընդհանրապէս, իր բանաստեղծութեան շուրջ մասնաւորապէս, ունէին իրենց այլապէս սրտառուչ կողմերէն դուրս, որոնց ակնարկեցի վերերը, գրական ծանր /134/ տարողութիւն։ Հանգանակ, դպրոցներ, գրական յեղաշրջում կրնան դեր մը ունենալ գրագէտի մը ճակատագրին վրայ։ Անկարելի է Չրաքեան մը 1880–ին, պատճառներէն ամենէն պարզովը, որ արեւմտահայ գրական յղացքին, շրջափոխութեամբ, գտած տագնապն է, տաղանդներու վրայ տիրական կնիքով մը։ Բայց Դուրեա՞ն մը։ Ան կայ մեր սրբազան քերթողներուն, մեր աշուղներուն եւ մեր ժողովրդական երգերուն մէջ, պարզ այն պատճառով է, որ բանաստեղծ մըն է։ Դուք կրնաք հարիւրաւոր փաստեր օգտագործել բանաստեղծութիւնն ալ ենթարկելու, գրական շրջափոխութեան օրէնքներուն եւ յիշել մեզմէ ու օտարներէն մեծագոյն բանաստեղծներու անուններ, որոնք գրական խոշոր զարգացում, թեքնիքի մեծ ու փորձ կատարելութիւն ու այս ամէնուն հետեւանք խոշոր համբաւ ունեցան, գրական պատմութեան մէջ իրենց յատկացուած ջոջ բաժիններով, բայց… չկարդացուելու ճակատագրով։ Կու տամ անունները պատկառելի Ալիշանին, անտարազելի Պայրընին, ողիմպիական Կէօթէին, աստուածային Ռասինին, դիւային Շէյքսփիրին այսինքն ամենէն անառարկելի, հոյակապ փառքերուն միջազգային գրականութեանց։ Այդ համբաւներուն վրայ դուրսէն դիզուածն է, որ մեզ կը տանի տակաւին ամրախարիսխ մեր պատրանքին խորը։ Բանաստեղծութիւնը յաւիտենական է ու քիչեր պիտի յանդգնին ուրանալ ասիկա։ Բայց ի՞նչն է պատճառ, որ այդ անուններով մեզի հասած քերթուածները կ՚ընէ անընթեռնելի այսօր։ Վասնզի այդ անունները իրենց վարկը շահած են ուրիշ մարզերէ։ Ու մեր հիացումը, միշտ զգացական (հայրենասիրութիւն, հիւմանիզմ, պիկոթիզմ, ունայնամտութիւն, հետեւակութիւն, անինքնութիւն եւայլն), միշտ անհակակշիռ, մեզի համար վերջ ի վերջոյ արժանապատուութեան պատրաստ տարազ մը կ՚ըլլայ։ Մեր մէջ ո՞վ ունի կարգաւորեալ թեքնիք, կանոնաւոր լեզու, տաղաչափական սխրալի շնորհներ քան Սիպիլը։ Փորձեցէ՛ք էջ մը կարդալ ու պիտի համոզուիք, թէ որքա՛ն տարբեր բան է բանաստեղծութիւնը, բայց իրաւը։ 1876–ին « Լճակ »ը . Դուրեան) նոր, անբացատրելի բան մըն էր։ 1900–ին քերթուածը կը պահէր այդ նկարագիրները իմ պատանիի զգացողութեանս վրայ։ 1940–ին իմ հասուն ու իմաստուն ջիղերս այդ քերթուածին խորքէն կ՚առնէին նոյն յուզումները։ Իմ միտքը կը դատէր քերթուածին կարելի նուազումները, ժամանակէն մթերուած տարրերուն կորնչական բաժինները, բայց անզօր էր խորտակելու անոր ադամանդ խորքը։ 2000–ին, կը հաւատամ, այդ քերթուածը կ՚ըլլայ բիւրեղացած, անվերածելի վկայութիւն մը հայ գրականութենէն, ինչպէս են այսօր « Մայր Սուրբ »ը, /135/ « Ընկալ քաղցրութեամբ »ը, « Լեառն վիմածին »ը, « Գթա Տէր »ը, « Նորահրաշ »ը, « Կռունկ »ը, « Մէ խօսք ունիմ իլթիմազով »ը, « Լուսնակն անուշ հովն անուշ »ը եւ մեր ժողովրդական այնքան կատարեալ, զմայլելի գոհարները։ Արտաշէս Յարութիւնեան իմաստուն եւ արդար մարդ մըն էր։ Մտիկ կ՚ընէր իմ առարկութիւնները, կը ջանար օտար մեծ համբաւներուն հանդէպ իմ անզգածութիւնը բացատրել բանաստեղծութեան իսկ էութեամբ, որ ոգեկան է ու ոչ-մատչելի ամէնուն։ Շահադիտօրէն կ՚օգտագործէր այդ էութեան ազգային ըլլալը, որով եւ անփոխանցելի օտարներուն։ Բայց ինծի հետ էր հիանալու այն քանի մը անմահ քերթուածներուն վրայ, որոնք ֆրանսացիներուն ԺԶ. դարուն կը պատկանէին (Ռոնսարէն, մանաւանդ Տիւ Պէլլիէն)։ Իմ քիչիկ մը գերմաներէնս զիս կ՚ընէր խորապէս ատակ Հայնէէն տպաւորուելու (անշուշտ քանի մը քերթուածը միայն, բայց մնալու ցուրտ Կէօթէին դէմ։ Ասոնք հիմա միայն բացատրելի վիճակներ են իմ մէջ։ Ինչպէս միշտ, այս causerie–ն կ՚երկարաձգուէր մինչեւ մութին իյնալը ու մենք, անզիջող իրարու սկզբունքներուն, քիչ մը աւելի համեստ, կը դառնայինք մեր սեղաններուն։ Մեծ էր իմ զարմանքը իր քերթուածներուն հանդէպ իր տկարութեան վրայ։ Ու այդ զարմանքը ցաւագին բան մը կ՚ըլլար իմ մէջ, երբ նկատի առնէի իր բացարձակ անկեղծութիւնը գրելու պարտքին, արարքին դէմ։ Ըսի՞, թէ ոչ մէկ ունայնամտութիւն կը միջամտէր իր քերթուածներուն կեանքի կոչուելուն։ Թէ անոնք, այդ քերթուածները, առնուազն իրաւ պահերու անյաջող հրիտակներ էին։ Ուշադիր ու լրջամիտ վերծանում մը միշտ կը վարձատրուէր, աշխարհ մը նուազումներու հակառակ, խորքին իրաւ, հանդարտ բարիքէն։

Տարիներ անցել են այդ օրերէն։ Ձեռքիս տակն են իր դիւանները, որոնցմէ առաջին երկուքին պարունակութիւնը իմ մէջ պայմանաոր է զգայուն ալ տարրերով։ Տասնհինգամեայ պատանիի մը համար համակ նորութիւն էին այն քերթուածները, որոնք « Խզուած լարեր ու թրթռուն թելեր » ընդհանուր վերնագրին տակ լոյս կը տեսնէին 1898–ի Շամտանճեանի « Մասիս »ին մէջ (ըսի, թէ յետոյ « Երկունք » անունով պիտի կազմէին անոր երկրորդ հատորը)։ Ո՛չ միայն նորութի՛ւն։ Ո՛չ միայն թարմութի՛ւն։ Այլեւ իրաւ ու լուրջ գեղեցկութիւն։ Հիմա կրնամ լուսաբանել այս տպաւորութեանց տարօրինակութիւնը։ Բանաստեղծը, գերազա՛նցը՝ անշուշտ Պետրոս Դուրեանն էր։ Այսինքն՝ 1870–ը։ Քալեցէ՛ք այս թուականն ի վեր, մեր քերթողութեան ածուներէն։ Դուք պիտի հանդիպիք միշտ գրքունակ /136/ Թերզեանին, վարժապետ ու վարդապետ Պէրպէրեանին, անկշիռ Սէթեանին ու անհաւասար Եղիային։ Մինչեւ Սիպիլ ու Չօպանեան սա աննկարագիր քերթողութիւնը նկարագիր մը կ՚ըլլայ պատանիին համար։ Սիպիլի եւ Չօպանեանի իրապաշտութիւնը յուսահատեցնող դժգոհութիւն մըն էր ինծի։ Ու այդ վիճակներուն իբրեւ հակազդեցութիւն էր, որ սիրեց հաւանաբար այդ մարդը, անհաւասար բայց երիտասարդութեամբ լեցուն ոտանաւորը (տեղ մը գրած եմ այս ազդեցութեան տարողութիւնը։ Վ. Մալէզեան, Եդուարդ Գօլանճեան, Արտաշէս Յարութիւնեան առաջին գրական իրողութիւններ են իմ մտքին համար։ Դուրեանը կեանք մըն էր ու ատով տարբեր այդ անուններուն իմաստէն։ Զայն կ՚ապրէի ես՝ տարօրէն դժբախտ պատանութիւնը իբրեւ)։ Ու ժամանակը, որ քալեց այդ տողերուն վրայէն ու իմ վրայէն։ 1910–ին արդէն թռած էր Արտաշէս Յարութիւնեանի տողէն իր երիտասարդութիւնը, ինձմէ` իմ պատանութիւնը։ Միշտ 1910–ին, « Լքուած քնար »ը, մանաւանդ « Երկունք »ը դիւաններ են, այն իրաւունքներով, որոնք « Ցոլքեր »ը, աւելի հին « Շողեր ու ցօղեր »ը կը պաշտպանեն իսպառ մոռացումէն։ Անոնք ունեն իրենց գոյութեան փաստը եւ արդարացումը։ Բայց անոնք չեն պաշտպանուած հարազատ, որով եւ անառարկելի խառնուածքի մը բարիքէն, որով միայն մենք պիտի յօժարենք զիջում ընել քերթողական դիւանի մը, վարկ շնորհել իբր այդ, անկախաբար ուրիշ բարեմասնութիւններէ, բոլորն ալ ժամանակի տուրք ու մթերք, երբեմն այնքան օգտաւէտ խորքի խոցերը, պալարները ծածկելու, բայց ի վերջոյ հովէն հալածուող ու երերուն, մերկ ձգող այդ խորքին բովանդակ դժբախտութիւնը։ Գրական հանգանակներ, փախառիկ պատմուճան, եւրոպական փառասիրութիւններ, ներկ ու ճարտարանք մեզ չեն կրնար պաշտպանել։ Պատերազմէն (1914) անմիջապէս առաջ Կոստան Զարեան « Մեհեան »ի մէջ ստորագրեց « Ժամերի քայլը » իբր թէ խորհրդապաշտ քերթուածները։ Պատերազմէն ետք անոր « Օրերի պսակը » (բացի քանի մը « ասացուածք »ների) կը փորձէր ուրիշ թեքնիք։ Նոյնքան աղկաղկ, որքան « Ժամերի քայլը »։ Ու իբրեւ հետաքրքրական իրողութիւն, հոս կը յիշեմ անոր քնարական տրաման, « Երեք երգ, ասելու համար վիշտը երկրի եւ երկինքների », շրջուած ռոմանթիզմի փառաւոր սնոտիք մը, զուրկ միշտ ու միշտ խառնուածքին բարիքէն։ Եւ սակայն Կոստան Զարեան առաջապահ (avan-garde) շարժումներու մարտիկ մըն էր ու ասպարէզէն գրագէտ մը, աչքի հզօր տուրքերով եւ պարսաւի բացառիկ, դժնէ դիտողութեամբ ու սրութեամբ, արձակով միայն իրագործելի, բեղմնաւոր։ Զարեան ուշ պիտի հասկնար ինքզինք։ /137/ Խառնուածքը անշուշտ չէր ուրանար։ Բայց կը կարծէր զայն հակակշռել verbe–ին ուժովը, պատկերին նորութեամբը, յանդգնութեամբը եւ կամ ներհակէն՝ միտքին, dégagé–ին, բռնի պարզութեան truc-ներովը։ Իր հաւատքը, ինչպէս իր ճիգերը անբաւական մնացին սակայն իր անունը ազատելու իբրեւ քերթող։ Սրտառուչ են այդ պատրանքին վերջին յաճախանքները՝ « Հայաստանս » ու « Տատրագոմի հարսը », « Հայրենիք » հանդէսին մէջ, Ամերիկա։ Հակառակ թացիկ հիացումին [1], Կոստան Զարեան պարտաւորուեցաւ ընդունիլ անխուսափելին, համակերպել արձակ ին որ լաւագոյն գետինն էր անոր ընդունակութիւնները արժեւորող։ Միշտ պատերազմէն վերջ, Մ. Զարիֆեան ալ հրատարակեց իր « Երգեր »ը, որոնց ամբողջ արժանիքը իրենց ինքնաբուխ, խառնուածքէ մը փրթած վկայութիւն մը ըլլալն էր սակայն։ Երիտասարդ բանաստեղծը ունէր ու չունէր, միայն այդ ունէր։ Ո՛չ աչք, որ ահա հարիւր տարի կայ, մտած է ոտանաւորէն ներս, գոյներու եւ կարկառներու խնդրական էսթեթիք մը պարտադրելով քերթուածին, դէպի իրապաշտութիւն մութ ձգտումներով, երբեմն խղդելու չափ ամբողջութեամբ թշուառ կայլակը զգացումին։ Ո՛չ ականջ, որուն բնախօսական ընկալչութիւնը մարդիկ կամովին կը շփոթեն, երբ բառերուն assonance-ներուն կը վստահին քերթուածին բախտը, երբեմն հծծագին, երբեմն որոտալից յարդարանքով մը վանկերու, իմաստուն կամ զգացումէն գրեթէ անկախ, ասոնց ալ դէմ  /138/ նոյնիսկ, վերածելու աստիճան քերթուածը բառերով ածուած երաժշտական ճարտարապետութեան մը։ Ո՛չ երեւակայութիւն, որուն թռիչքը, պատկերակերտական շնորհները, ոգեկոչող զօրութիւնը, երբեմն ստեղծագործ ուժը բաւական ամուր պատրանքներ եղան ու ահա հարիւր տարի կայ, կը յաւակնին փոխարինել քնարականը ։ Ո՛չ խելք, զոր դարերով նուիրագործուած տեղն ու դերէն, հարիւր տարի կայ, հանեցին մարդիկ ու բերին բռնի բանտարկելու քերթուածին մէջ։ Ո՛չ նոյնիսկ կառուցանող շնորհները, որոնք առնուազն տաղաչափ մը կ՚երաշխաւորեն։ Մ. Զարիֆեան զգայնութիւն մըն էր լոկ, որ բաւեց սակայն, եթէ ո՛չ նուիրագործելու իր անունը, գէթ մոռացումէն ազատագրելու իր յիշատակը։ Այսօր հպարտ չենք անշուշտ « Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր »ով։ Բայց չենք տառապիր անոնց մակաբուծային համբաւովը։ Կան, որ կը սիրեն ալ այդ պարզուկ, առանց յաւակնութեան, բայց արուեստի վստահ զգայարանքով մը յօրինուած կտորները, այդ ուզուած ցամաքութիւնը, ուր զգացումը մինակ է ու մերկ, խորունկ գարշանքով մը զարդէն ու շպարէն, այնքան աղիտալի կերպով մը ծանրաբեռնող, տգեղցնող չքնաղ ու զաղփաղփուն պարիկը, որուն անունն է իրաւ բանաստեղծութիւն: Կ. Զարեանի « Երեք երգ »ը գրքի անուն մըն է շատ-շատ. « Օրերի պսակը » եւ « Տատրագոմի հարսը »՝ նմանապէս։ Ըսել կ՚ուզեմ անկնիք, անինքն բաներ։ Զարիֆեանի դիւանը՝ վկայութիւն մըն է ։ Առաջինէն յիշուած գիրքերուն պակասը տողի մը պակասը պիտի ըլլար մեր գրականութեան պատմութենէն, ինչպէս է բախտը « Նուագք » քերթողաշարքին։ Երկրորդին « Երգեր » յաւելում մը չեն մեր քնարերգութեան ո՛չ փառքերուն, ո՛չ ալ կողմերուն, բայց կը կազմեն համեստ ու անկեղծ վկայութիւն մը նոյն այդ քնարականութենէն, որոշ կնիքով։ Յիշել Հերանուշ Արշակեանը, որուն սանթիմանթալ ողբը զուրկ եղաւ այդ կնիքէն ու այդ իսկ մեղքով չ՚անցնիր մեր գրականութեան պատմութեան։ Տոյժով մը միայն պիտի կրնայինք պակսեցնել Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը մեզմէ։ Ու ահա՛ ողբերգականը` վերցուցէ՛ք արեւմտահայ քնարերգութենէն Արտաշէս Յարութիւնեանի երեք դիւանները։ Դուք ո՛չ մէկ չարիք կ՚ըլլաք գործած մեր բանաստեղծութեան ոգիին ինչպէս մարմինին դէմ, ինչպէս այդ չարիքը չունենար պիտի գոյութիւն, եթէ պակսէին Ալիշանի « Նուագ »ները, Թերզեանի ամբողջական քերթուածները, Նար-Պէյի, Աճէմեանի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի տաղարանները, որոնց հեղինակները անտաղանդ մարդեր չէին սակայն։ Այսօր գրականութեան պատմութեան մէջ այդ անուններով մեզի կտակուած ոտանաւորներու շեղջակոյտը շատ-շատ /139/ դատապարտութեան խարոյկ մը կը հանդերձէ եւ կամ մեր լեզուէն կերպեր սեւեռած ըլլալու հնագիտական փաստեր կ՚արժեւորէ։ Սխալ չ՚ըլլար խորհիլ, թէ Արտաշէս Յարութիւնեանի դիւաններուն պակասը բարիք մը պիտի նշանակէր իր անունին։ Ու ասիկա ողբերգական է։

 

Այդ գործին մէջ անշուշտ կայ ժամանակին յատուկ սնոտիքը։ 1900–ը, տաղաչափութեան ոսկեզօծ վազքը, բառամոլութիւնը արեւմըտահայ գրականութեան, սուտն ու փուտը, որոնց վրայ երբեմն այնքան կը հպարտանանք, երբ գրիչը կը գործածենք թեթեւութեամբ, հրապարակին համար, մրցումի շահադիտական նպատակներով։ Կ՚ընդունիմ, որ այդ գործին երեք չորրորդը չազատիր այս դատապարտութենէն։ Բայց այս վճիռը ի զօրու է, գրեթէ նոյնութեամբ, մեր վաւերական քերթողներէն բոլորին համար ալ։ Մեծարենցի ոտանաւորները ուրիշ ճակատագիր մը չունեցան։ Դուրեան Սրբազանի դիւանը, Սիամանթոյի մեծահռչակ լիթան ին, Վարուժանի առնուազն կէսը, թերեւս նոյնքան մըն ալ Թէքէեանի տաղարաններէն, Սիպիլը ամբողջութեամբ կ՚իյնան սա ճակատագրին տակ։ Բայց տարբերութեամբ մը։ Այս անուններին մենք կրնանք առնուազն որոշ քանակ մը ազատել աւարտած քերթուածներու, որոնք կ՚արհամարհեն մեր վճիռները, դիւրազգածութիւնը, յարափոփոխ ճաշակները ու կ՚անցնին մեզմէ անդին, հպարտ, անզիջող ու իրաւ։ Այս բախտէն ահա զուրկ են Արտաշէս Յարութիւնեանի երեք գիրքերը։ Ու կու գամ սա տրամային ամենէն տխուր կողմին։ Ո՛չ Թերզեան, ո՛չ Սէթեան, ո՛չ Սիպիլ չեն տառապած իրենց գործին իրականութեանը համար։ Գիրքերէ, թեթեւ վիճակներէ, վերյիշումներէ, նմանողական ձգտումներէ կանչուած մարդերու կը նմանին անոնք։ Արտաշէս Յարութիւնեան ապրած է իր քերթուածները: Տուի անոր ապացոյցները։ Զեղչեցէ՛ք անվաւեր ապրումները, որոնք իրական են նոյնքան մեր ամէնուն օրերուն համար ալ։ Դուք կ՚ունենաք առնուազն տասը-քսան քերթուած, ուր դժուար չէ զգալ այդ իրաւ ապրումին շեշտը։ Կրնաք այդ կտորներէն քերթողական փառասիրութիւնը (որ բազմաթիւ քերթուածներու հոգեյատակ կը յաւակնին տալ) բաշխել գաւառացի պարզամիտ պատանիին, երբ նոյն այդ փառասիրութիւնը Նեսոսեան պատմուճանի մը նման վարշամակած էր Եւրոպա տեսած մեր մեծ գրողները։ Կրնաք այդ հատորներէն տղայականը, անվաւերը, նկարչականը, ձայնախազականը, հոս–հոսականը դիտել թեթեւ քմծիծաղով մը, իբր արձագանգ արեւմտահայ քնարերգութեան ամենէն տիրական համբաւներուն։ Ու տակաւին տառապիլ խակութիւններէ, տժգոյն տողերէ, քիչիկ մը յոխորտ /140/ ռոմանթիզմէ, պատեհապաշտութենէ (որ անխուսափելի զեղում մըն է, մանաւանդ մեզի պէս ժողովուրդի մը գրողներուն համար, ինչպէս է խմբագրութիւնը)։ Բայց չէք կրնար կասկածի ենթարկել այդ գործին մէջ իրական յատակի մը գոյութիւնը։ Այդ յատակը ես գտած եմ, իմ անձնական շփումիս գնովը, չէք մոռնար անշուշտ։ Սիրտ մը, աչք մը, միտք մը, արտաքին աշխարհ մը, գիւղի մը ողբերգական աննշանութիւնը իրական են այդ գործին որոշ մասերուն մէջ։ Ա՞յն ատեն։ Բայց խօսքէն աւելի՝ օրինակը։ Գիտէք, ասկէ առաջ կատարուած արտագրումներուն փաստը։ Նորը կ՚առնեմ « Նոր քնար »էն, որուն վրայ իր վստահութիւնը, թէ՛ գիրով թէ՛ բերանացի, ան չէր վարանած յայտարարելէ։ Ազատեցէ՛ք ձեզ մեղքի ամեն նախապաշարումէ։ Մոռցէ՛ք վերի requisitoire–ը։ Մաքրեցէ՛ք ձեր բիբերը « մթարք »էն, ինչպէս կ՚ըսէ Եզնիկ հին գիրքի մը Եղծ աղանդոց ») սկիզբը։ Յանձնեցէ՛ք ինքզինքնիդ քերթուածին, հաւատալով, թէ Արտաշէս Յարութիւնեան վարկ մը ունէր իբրեւ մեծ բանաստեղծ։ Կարդացէ՛ք զայն անկեղծ, անվերապահ, նոյնիսկ համակրագին տրամադրութեամբ մը.

 

«ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Նոյեմբերի վերջին, իրիկուն մ՚երբ տըխուր
Վերելակել կու գաս գիւղիս իմ բըլուր,
Շրթունքներըս քաղցր հեգնութեամբ ժըպտագին,
Մըռա՛յլ ձըմեռ, քեզ կ՚ողջունեմ վերըստին:

 

Կը գտնես զիս նորէն՝ ճամբուն եզրը լայն,
Անձուկին մէջ եկւորի մը ըսպասման.
Սիրտս այս տարի ա՛լ աւելի է շըփոթ,
Հոգիս՝ հոգեր ունի, ճակատս՝ ամպ ու փոթ։

Չոր տերեւ մը թըթենիի կիսամեռ,
Քայլերուս տակ հեծկըլտանք մը կ՚ապրի դեռ.
Եւ, հոն, վարը տերեւաթափ իմ այգին՝
Սուգը կ՚ողբայ դափնեկորոյս իր փառքին։

Ես խոկալէն վերադառնամ դէպի տուն
Ու յամրաքայլ՝ իմ ետեւէս եկուր դուն,
Եւ աշխարհէն ու մարդերէն ալ հեռու,
Հարիւր գիշեր մեր վիշտն հծծենք իրարու:

/141/ Այս իրիկուն երբ, ո՜վ ձըմեռ, վերըստին
Վերելակել կու գաս բլրակն իմ գիւղին,
Կը գտնես զիս նոր ճամբուն մէ՛ջը երկար,
Ուր կը սպասեմ եկւորին որ դեռ չի՜ գար»։

(«ՆՈՐ ՔՆԱՐ»)։

Նի՞ւթը։ Պահ մը։ Աչքիս առջեւն է ճամբան, իրաւ ու ընտանի։ Խօսեր եմ անկէ։ Այս յատակին վրայ փռեցէ՛ք ձմեռնամուտ իրիկունը ։ Դրէ՛ք վրան բանաստեղծը ։ Ունինք ուրեմն ճշմարիտ տրամա մը։ Արտաքին աշխարհ մը. անկէ պահ մը. զայն ներքին աշխարհին հետ միախառնող զգայնութիւնն ալ բանաստեղծի մը ։ Առաջին քառեակին մէջ մենք անհանգիստ տրամադրութեամբ մը կը տառապինք բանաստեղծին շրթունքներուն ողջոյնէն, ուր ժպտագին, քաղցր հեգնութեան մը ստուերը մեզի կը թուի տարօրինակ։ Զո՞վ կը հեգնէ այդ բանաստեղծը, երբ քերթուածին զարգացումը մեզ կը համակէ ատկէ բոլորովին տարբեր զգացումներով։ Ցաւը միակ բանն է, որ չի հեգնուիր։ Կրնանք զայն արհամարհել, զայն զգետնել։ Բայց անոր հետ չենք կատակեր։ Քերթուածին մէջ մենք կը հաղորդուինք բեկումի, անձուկի, տրտմութեան զգայութիւններուն, այնքան իրաւ, երբ մսկոտ հովէ մը խայթուելուն ընդմէջէն տակաւ կը պարուրուինք ուրիշ ալ սարսուռներով։ Ամբողջ գելանքովը անյոյս, առանձին, անարձագանգ մեր օրուան, մանաւանդ գիշերուան ողբերգութեան վերադարձին ստուգութեամբը։ Ձմեռը բարիք մըն է. թերեւս, բայց աշնանավերջը հիւանդութիւնն է։ Ձիւն է. մշուշը. սողոսկուն մահուան նախավայելքը։ Սրբեցէ՛ք այդ քառեակին երրորդ տողը ու կարդացէ՛ք։ Դուք կը համակուիք արդար յուզումով։ Բայց տողին չարիքը կը դիմանայ։ Զայն անհետելու համար զօրաւոր գեղեցկութիւններ պարտաւոր են կրկին գալ։ Ի՞նչ է մեր գտածը երկրորդ քառեակին մէջ։ Երկու նոր տարր։ Ասոնցմէ առաջինը, եկւորի մը սպասումը, իր բոլոր խոր գեղեցկութիւնը կը հագնի, եթէ երբեք բացուին տողին dimension-ները։ Արտաշէս Յարութիւնեան, սիրոյ անդրանիկ տագնապէ մը ետք, ա՛լ չափահասութեան կէսէն անդին, ապրեցաւ երկրորդ, բայց աւելի զօրաւոր տագնապ մը։ Առաջինին մէջ անդրանիկ երիտասարդութեան խանդը, անհոգութիւնը, պայմաններու տարբեր արդարանք մը դիմաւորեցին այդ տագնապը, որուն ցոլքերը իր «Երկունք»ին մէջ հազիւ եղած են զգալի, ու գրիչի խակութեան մը պատճառով ալ անցան անկշիռ իր հոգին, ինչպէս արուեստին վրայէն։ Երկրորդը մեր կեանքին մէջ իր վճռական հետեւանքը ունեցող /142/ իրողութիւն մըն էր։ Պոլսէն գալիք այդ եկւորը ։ Ո՜վ յիմարութիւնը մեր խելքերուն։ Աւանդամոլութիւնը մեր բարքերուն։ Պոլսէն հարս բերելու տղայական փառասիրութիւնը։ Արտաշէս աւելի վերջը Պոլիս պիտի զգար հարուածին լման ծանրութիւնը։ Այդ քերթուածին խմբագրութեան թուականին ան, անորոշութեան մէջ, շփոթ էր միայն, եթէ հաւատանք իր բառերուն, հոգերով լեցուն, ճակտին ալ՝ ամպ ու փոթ: Յետոյ պիտի իմանար, թէ իր երազին աղջիկը որքա՛ն ծիծաղելի, անարժան, թշուառական ողբերգութիւն մըն էր, սիրտը ատոնց ծախած ուրիշներու եւ այդ վիճակով ալ սակարկութեան մտած արեւմըտահայ գեղարուեստագէտ-քննադատին հետ, պահ մը հաւանած, իր Պոլսէն, զայն իր սրբազան պատրանքին մէջ ամէն օր, հոգիէն կործանելով։ Պոլսէն հարսի սա փառասիրութիւնը չեմ մեծցներ։ Տունին աւանդութիւնն էր ատիկա։ Ու ձեզ կը դարձնեմ բանաստեղծին կիսայոյս հոգեբանութեան եւ երկրորդ յաւելումը խոստովանութիւնն է այդ կիսաստուեր վիճակին։ Ու չեմ պարզեր զայն, տրուած ըլլալով մեր ամէնուն համար մէկ եղող սա կորանքը, բեկումը։ Ու ահա՛ տարօրինակը։ Առաջին քառեակին երրորդ տողը, « Շրթունքներս քաղցր հեգնութեամբ ժպտագին »ը, ահաւոր իր նենգութեամբը կը զօրանայ, փոխանակ տարտամելու։ Հեգնութի՞ւն։ Այդ էր պակաս, երբ ամպերու եւ փոթերու տակ կալանուած ճակատ մը կը պարզուի իր տողերէն։ Մեր վստահութիւնը խախտած է բոլորովին: Իրաւ է, թէ բառերուն ներքին տարողութիւնը, հակառակ արտաքին սովորականութեան ( փոթ ու շփոթ, հոգ ու հոգի ), դեռ չէ վտանգուած անդարմանելի կաֆով մը։ Բայց երկու հակադիր վիճակներու սա մերձաւորութիւնը պատճառ է պղտորման։ Երրորդ քառեակին մէջ տերեւի մը հեծկլտանքը, քայլերու տակ, եւ տերեւաթափ այգիի մը սուգը տեղքայլ մը կը կազմեն։ Մեր հետաքրքրութիւնը, համակարգին տրամադրութիւնը կ՚ենթարկուին դժուար փորձութեան։ Մենք, սպասման մէջ հոգեկան տրամին զարգացման, կը բաւարարուինք շատ սովորական երկու պատկերով։ Թթենիի տերեւի մը եւ որթատունկի պարտէզի մը սուգն է ատիկա, հազար անգամ ողբացուած, աշխարհի սկիզբէն մինչեւ իր օրերը։ Աշնան շահագործումը չէ ասիկա։ Չորս տողեր մատուցուեցան մեզի եւ ատոնք դուրսէն, պակսելիք բաներ միայն ըսին։ Բանաստեղծը չարաչար կը գործածէ մեր զիջումը։ Այս չհաճելու զգայութիւնը, քերթուածին կէսին, մէկէն կը դառնայ մեր նախկին ալ տպաւորութեանց խուժումովը մեր տրամադրութեան վրայ։ Քիչ-քիչ մարմին կ՚առնէ բառ միայն գործածող աւանդութիւնը արեւմտահայ քնարերգութեան։ Ու այս մտածումը չի տարտամիր գէթ այդ /143/ արտաքին ձեւական գեղեցկութեամբը, նորութեամբը։ Նկարագրութեան հիւանդութի՛ւնը։ 1900–ի մարդը։ Արտաշէս Յարութիւնեան, այդ հիւանդութիւնը տանելու իր կերպին մէջ, կը փորձէ տարբերացում ատիկա մտածականին ցոլքն է արտաքին պատկերումին վրայ (զուր տեղը չէ, որ քննադատ կ՚ըլլանք)։ Չորրորդ քառեակին խոկալը ի՛նչ անբաւարար բառ մըն է, նախ ինք իրեն համար, յետոյ վիճակին իբրեւ յայտարար։ Նիւթը՝ հրաւէ՛ր իրիկուան, որպէսզի « աշխարհին ու մարդերէն հեռու », իրենց վիշտը լան, « հարիւր գիշեր », իրարու։ Հինգերորդ քառեակը կրկնութիւն մը եկւորին սպասման։ Աւարտած է քերթուածը։ Այս մանրամասնութիւնները կը գումարեմ։ Անշուշտ գտածս այն մէկուկէս տողն է, որ իբր յատակ առանձնացուցեր էի վերլուծման սկիզբին։ Նիւթի սա տրտում աղքատութիւնը դեռ չկասկածուած դժբախտութիւն է արեւմտահայ գրականութեան մէջ, բառերու կախարդանքին մահացու մեղքը։ Վ. Մալէզեանի առիթով ես տուի նիւթի հարստութեան տեսակէտէն այնքան ուշագրաւ ուրիշ նմոյշներ մեր ժողովրդական ու աշուղական բանաստեղծութենէն։ Չեմ կրկներ իմ նկատողութիւնները։

 

Վերի քերթուածը Արտաշէս Յարութիւնեանի ամենէն քիչ մեղաւոր բանաստեղծութիւններէն մէկն է։ Ունի ուրիշ շատեր, որոնք չեն կարդացուիր։ Խանդի ու զգացման որոշ թարմութիւն մը « Լքուած քնար » եւ « Երկունք » տաղարաններուն մէջ չի յաջողիր դիմագրաւել ձեւի տղայական թերացումները, առնուազն բառական տեղքայլը։ Հասուն դատողութիւնը, որուն փաստ կը կարծէ տալ «Նոր քնար»ը, մեր մէջ առաջնորդած է աղէտի։ Բացի Վահան Թէքէեանի տաղերէն, ինծի չէ վիճակուած իբր յաջողութիւն արձանագրել այն քերթուածները, որոնց ներսը մեր բանաստեղծները մտածում ՍԵՐՄԱՆԵՑԻՆ: Ահաւոր կաֆ մըն է այդ ուղղութեամբ « Իմ կեանքը » . Թերզեան), ուր այնքան իրաւ մտավիճակ մը այնքան անյարիր, հակասական պատկերներու թափթփուքի մը կը վերածուի։ Իր մահուան դռներուն, օր տեսած, աշխարհ ճանչցած, լիովին ապրած վաթսնամենի արքեպիսկոպոս մը իր բաժանումը կը փորձէ կեանքէն, թռչնիկի մը ուղղելով վարդ ու առուակ, գարուն ու ձմեռ… Սգացող ռոմանթիք բառակոյտ մը Հիւանդին մրմունջը », ՆԱՐ–ՊԷՅ Իր կեանքին ամբողջ տեւողութեամբը միայն ու միայն մտածած, ասոր փառքը մենաշնորհած ուրիշ գրագէտ մը, Ռ. Պէրպէրեան, մահուամբ ողողուած աշխարհը իր զգայութեանց Խոհք եւ յուշք ») չի յաջողիր ազատագրել բառական տարտամութենէն։ Ու այդ մահախորհուրդ հոգեվիճակին իբրեւ /144/ նուաճում փորձուած քերթուածաշարք մը, « Նոճաստան » . Չրաքեան) շրջուած նկարագրամոլութեան միայն կը հասնի։ Բա՞ւ այս օրինակները, որպէսզի « Նոր քնար »ը ըլլայ հասկնալի հիմնական իր վրիպանքին մէջ։ Հատորին այն շարքը, որ կը կրէ « Պատկերներ ու տեսիլքներ » վերնագիրը, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ « Դիմաստուերներ »ու վրայ փորձուած տապանագիր։ Հոն կ՚ոգեկոչուին Դուրեան, Պէրպէրեան, Եղիա, Մաշտոց, Մամուրեան, Փիէռ Քիյառ, Սկիւտար, Uթանտալ, այսինքն պատմութեամբ ու մտածումով կնքաւոր իրողութիւններ, իրենք զիրենք ամրօրէն կառուցած է ժամանակին բեմին վրայ, որոնց այդ հանգամանքը պարտադիր պաշտպանութիւն մըն է անշուշտ։ Այդ հոգիները եւ այդ տեղերը չենք կրնար, անփութօրէն, ընել անհանգիստ ու կանչել, իրենց ըսելու համար սովորական խօսքեր, ինչ որ անհասկնալի անտարբերութեամբ մը, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, շրջանին մղումներուն ու փառքերուն հանդէպ դժուար ժուժելի փառասիրութեամբ մը, ներած է իրեն ընել Արտաշէս Յարութիւնեան, որ քիչ մը հանրամատոյց, աժան քերթողի իր դերը պիտի փափաքէր փոխանակել այլապէս դժուարամատոյց պաշտօնովը քննադատի, ճարտար դիմանկարչի։ Ինչո՞ւ այս անհասկացողութիւնը շատ բան հասկցող սա իմաստուն մտքին համար։ Հարցուցեր եմ ասիկա, ես ինծի, երեսուն տարի առաջ։ Կը հարցնեմ այսօր ալ։ Բաներ կան, որոնք պատասխան չունին։ 1910–ը փարատի բանաստեղծութեան ոսկեդարն է մեր մէջ։ Միամտօրէն անհատապաշտ, իր փոքրիկ եսին տագնապներովը ձանձրացած մարդու մը ինք իրմէ փախո՞ւստը, թէ ամէնուն պէս ինքզինք իր ժամանակին ընդհանուր ոգիին խառնելու այլապէս մեղադրելի զիջում մը։ Ինչ որ ալ ըլլայ, այդ կտորները կը մնան ամենէն անյաջողները « Նոր քնար »ի ոտանաւորներուն։

Կ՚առաջարկեմ ձեզի վերնագիրներու փոխանակում մը։ Օրինակի համար, Մատթէոս Մամուրեանը փոխադրել Ռ. Պէրպէրեանին ։ Ու կարդալ։ Արդիւնքը ձեզ պիտի համոզէր, թէ ի՛նչ անկնիք խօսքերու շէնքեր են այս կտորները։ Աւելորդ կը նկատեմ զբաղիլ « Պարուհի »ով, որ Սիպիլեան իրապաշտիկ պատմումին ու Տիկին Եսայեանի քիչ մը ներկուած զգայապաշտութեան (sensualisme) խառնուրդ մըն է, տպաւորութեանց անյաջող հանդիսաւորում մը։ Թեքնիքի, գործադրութեան տեսակէտներով « Նոր քնար »ը գերազանց է առաջին երկու դիւաններէն ու ասիկա բացատրելի տրտմութիւն մըն է։ Առաջին երիտասարդութեան խանդը մեզ կ՚ընէ անզգոյշ կեանքին, ինչպէս արուեստին դէմ։ Մեր տարիները զուր չեն անցնիր մեր գլխէն։ Անոնք մեր ուղեղին, անոր ճարտարագիտական ընդունակութիւնները կը /145/ սիրեն, բայց անոր ընկալչականութիւնը, առաձգական հակազդեցութիւնները վիրաւորելու, տկարացնելու գնով մը։ Այս տպաւորութիւնը կ՚առնենք այդ դիւանէն, ուր ոտանաւորը, բացի ածականներու քլիշէ փառքէն ու կարգ մը խժալուր բառերու չարիքէն, կը մնայ անյարձակելի, բայց չի յաջողիր ինքզինք պարտադրել մեզի։ Բոլոր կտորներն ալ կը մեղանչեն, ակամայ, ո՛չ թէ թեքնիքին դէմ՝, այլ բանաստեղծութեան դէմ, որ եթէ տաղաչափութիւնը չէ, իր մօտ, կրտսեր ռոմանթիքներուն կամ իրապաշտ Սիպիլ ին, բայց չէ նոյն ատեն ստեղծագործուած աշխարհ մը, հոգիի մը բառերով նուաճումը ։ Բոլոր փառքը Պետրոս Դուրեանի իր փոխաբերութիւններէն չի գար։ Անիկա գործողութիւն մըն է (փոխաբերութիւն դարբնելը), որ կրնայ պակսիլ, առանց քերթուածը խորտակելու։

 

«Սարերի հովին մեռնեմ,
Շէկ տղի բոյին մեռնեմ,
Մի տարի ա չեմ տեսել,
Տեսնողին աչին մեռնեմ»։

 

Այս քառեակին մէջ ո՛չ մէկ հետք այդ գործողութեան։ Բայց քառեակը անմահ է, վասնզի հոգեվիճակ մը կը նուաճէ անվերածելի պարզութեամբ։ Դալկահարը, մխալը, դողդոջելը, համբոյրը բառարանին անմեղ բնակիչներն էին Դուրեանի ժամանակ, են հիմա ալ։ Այդ անմեղ արարածներէն բոցաթեւ պատկերներ ճարտարապետելը՝ Դուրեանի փառքը պիտի ըլլար սակայն։ Վասնզի այդ տղան չէ սորված, այլ գիտէր։ Քիչ մը subtile, pédant նրբամոլութիւն մը չէ սա բառերուն միջեւ թելադրել ուզուած ընդարձակ բացը։ Արտաշէս Յարութիւնեան փոխանակ տող չափելու, յանգ հալածելու, պատկերի ետեէն երկար թափառելու, թող պատմէր մեզի ողբերգութիւնը երիտասարդին այդ ամայքներուն առանձին, իր մտքին տխուր ու գեղեցիկ ապրումները մօտէն կամ հեռուէն, շրջապատին գորշ ու անկնիք տպաւորութիւններէն մինչեւ մեր քաղաքակրթութեան բարձրագոյն սարսուռներէն իր մէջ ինկած կրակները, իր գիրքերուն իրեն առթած իմացական նահատակութիւնը, կարճ՝ այն սրտայոյզ տառապանքը, որուն պատկերը, թելադրանքը ես կը գտնեմ « Նոր քնար »ի ամենէն անյաջող ոտանաւորին իսկ ներսը, բայց անզօր, անամբողջ ու ատով իսկ անազդեցիկ բոլոր անոնց համար, որ այդ ամենէն ոչինչ գիտեն։ Քերթուածը հոգեղէն լուսանկար մըն է թերեւս։ Ու դուք ծանօթ էք լուսանկարներու հիմնական մեղքին։ Անոնք չեն խօսիր: Ու հեգեկա՞նը: /146/ Ձեզի կը ձգեմ՝ հետեւցնել, նայեցէ՛ք ձեր մէկ լուսանկարին, սանկ քսան տարի մը ձեզմէ ետ բերող։ Ձեր գտա՞ծը, առաջին ակնարկով։ Ապահովաբար մունջ գոյներ ու շերտեր։ Բայց թափեցէ՛ք ձեր մէջէն ձեր արիւնը այդ գիծերուն մէջը։ Այն ատեն թուղթը պիտի փոխուի ու պիտի թրթռայ, տաքնայ այլ հեղումէն ու պիտի ըլլայ ձեր մէկ վկայութիւնը։ Ուրիշներու համար սակայն մնալով անխօս, անհոգի թուղթի մը նոյն կտորը։ Բանաստեղծը՝ իր ոտանաւորին դէ՜մ։ Բայց մի՛ մոռնաք լուսանկարին ճակատագիրը օտար աչքերուն տակ։ Ու մենք անմահ չենք բնակելու համար մեր ոտանաւորին քով ու հետ։ Իրական բանաստեղծը այն կախարդն է, որ գիծին ու ձեւին ետին գտած է գաղտնիքը ինք իրմէ անկորուստ բան մըն ալ ծրարելու, այն անշէջ իսկութիւնը, որ ծուէն–ծուէն պիտի բաշխուի։ Համեմատական կենդանութիւն մը ճարելու համար բառերուն կտաւին։ Ինչ որ նկար մը կը զատէ լուսանկարէն։

* * *

Արտաշէս Յարութիւնեանի քերթուածները զիս զբաղեցուցին թերեւս քիչ մը աւելի, որքան իրաւունք էր իրենց։ Բայց ունիմ իմ արդարացումս։ Չեմ շահագործեր իմ մօտէն ծանօթութիւնս իր ապրումներուն, միջավայրին, նկարագրին։ Իմ սերունդին բոլոր ուշագրաւ դէմքերուն հետ ես անցել եմ տպաւորութեանց նոյն հանդէսէն։ Պարագան բացառիկ է սակայն Արտաշէս Յարութիւնեանի։ Իր վարկը դատողի, արժէքներ գնահատողի, իր պիտակը՝ գեղարուեստագէտ—քննադատի, սանկ քսան տարիներու փորձառութեամբ մըն ալ պաշտպանուած, կը միջամտեն իմ տպաւորութեանց ու այդ քերթուածներուն ընդմէջ, անոնց վրիպանքը ընելու համար ցաւագին բեկում մը ինձմէ ներս։ Կը խոստովանիմք, թէ այդ տրտմութիւնը չէ նուազած երեսուն տարիներու ալ փոշիով։ Չեմ տառապիր, որ ըլլայ անհետացած յաւակնոտ փառքը Ռ. Որբերեանի իբրեւ մեծ բանաստեղծ։ Կամ չկարենամ կարդալ անզուգական բանաստեղծուհիէն՝ Սիպիլէն որեւէ քերթուած առանց ծանր դառնութեան եւ Ռուբէն Որբերեան հիմնովին ունայնամիտ մը ու արտաքին ձեւի միայն մոլի, ուրիշ շատ մը աշխարհիկ ցանկութեանց կարգին, իրեն թերեւս ներեց մտքէն անցընել դրական փառքն ալ հալածելու փառքը եւ գրեց իր ոտանաւորները ուրիշներու հաշւոյն, ամենէն քիչը անոնց իրմէ դուրս աղմուկին հետամուտ։ Տիկին Սիպիլ, տարբեր ապրումներու հպատակ, իր բազմակողմանի արժանիքներուն ցանկալով կրնար ցանկալ նաեւ մուսանե/147/րու պսակին ու կրել իր այլապէս դժբախտ ոտանաւորները (դիւրին է այս անուանացանկը երկարել ու մեր կիսակատար քերթողներուն վրիպանքը հասկնալ արուեստէն, անձէն, հեղումէն օտար, անմասն արարքներու իբր արդար պատուհասում) ու դիմաւորել վաղանցուկ փառքը, թերեւս կանխապէս համակերպելով կարելի պատիժին։ Արտաշէս Յարութիւնեան ո՛չ ունայնամիտ էր, ո՛չ ալ ամուլ, անծակ փառասէր մը։ Իր քննադատութեանց մէջ փչող հովը թող չմոլորեցնէ ձեզ։ Պարկեշտ ու անկեղծ մարդ մըն էր, ըսել կ՚ուզեմ՝ իրաւ մարդ մը։ Ու իրաւ մարդու մը վրիպանքը դարձեալ մեզ կ՚ընէ զինաթափ։ Ու հո՛դ է ահա իմ ցաւը։ Արտաշէս Յարութիւնեան կը հասկնար բանաստեղծութիւնը ։ 1898–ին « Մասիս »ի մէջ իր ոտանաւորները հիացումով կարդացող տասնհինգամեայ պատանին, որ սա տողերը գրողն էր այն ատեն, այցուած է այդ թեւաւոր պատրանքէն։ Թերեւս ծիծաղելի չէ հոս խոստովանիլ, որ նման բոլոր գրագէտներուն, ես ալ ըլլամ ըրած դարպասը մուսաներուն եւ պահ մը վայելած պուէտիկոսի դափնին… թաղային վարժարանի մը Զ. դասարանին մէջ, պաշտօնական բանաստեղծ մը իբրեւ։ Այդ չէ, որ պիտի ըսէի սակայն։ Թաղային վարժարանի հոգաբարձուները հայերէն չէին հասկնար ու թուրքերէն միայն խօսիլ գիտէին։ Ու անտէր վարժապետն ալ հայերէնի դասը վերածած էր Բագրատունիէն գրաբար քերթուածներու ուղղագրութեան։ 1900–ին Դպրեվանքին մէջ ալ գրեցի քերթուածներ, որոնք հաւանութեանը արժանացան Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեանի, այն ատեն մեզի ուսուցիչ հայերէնի…։ Տարի մը ետքը, ես իմ գիւղն եմ նորէն։ Կը կարդամ ոսկեզօծ վկայականները իմ փառքին, կրկին, այս անգամ ճշմարիտ լճակի մը ափին, խորունկ կրակի մը եզերքը։ Կուշտիս ձկնորսը եւ իր աղջիկը, որոնք այդ լիճին մէջ ձուկ ու երազ կը հալածեն եւ ո՛չ թէ իմ գրածին պէս ամպ ու փրփուր…։ Ողջ ըլլայ կրակը։ Մոխիր ու հով ըրաւ իմ քերթուածները։ Ու անկէ ասդին թերեւս, նոր պատրանքը պիտի վախնար իմ բարբարոսութենէս։ Իմ ընթերցումներս չէին անշուշտ դրդապատճառը սա անողոք պատիժին։ Աղջիկը մեղքցաւ թուղթերուն կարմրուկ մոխիրին։ Ձկնորսը զանոնք հովին յանձնեց …։ Քանի մը տարի ետք նորէն ընդունեցի այցելութիւնը չարաբաստիկ աղջիկներուն (կրնաք սրբագրել՝ մուսաներուն), որոնք այս անգամ երազին շղարշներով չէին ծփար իմ միամիտ աչուըներուս դիմաց, այլ իրաւ մարմիններ էին, ունէին իրենց ափին ո՛չ թէ Ապողոնի քնար, այլ մեր աղիքներէն յօրինուած ճակատագրական նուագարանը ու եկեր էին ամրութիւն, թիւ բերելու, կեանքին մէջ խղդելու չափ մխրճուած թշուառ իմ /148/ պատկերին, գործածելու համար Ս. Գիրքին ծանօթ բառը։ Ու բարի ալ էին, իմ ցաւերուն վրայ իրենց ամոքիչ թելադրանքներով։ Իրենց ճամբան ցոյց տուին ինծի, որ վերերը կամար կը կապէր։ Արուեստին մխիթարանքը ։ Ղրկեցի զիրենք իրենց արքայութեան, ցաւելով, որ իմ թեւերը շատ հաստ էին, իրենց հետեւելու համար։ Գերեզմանի մը կուշտին էր այս խորհրդաւոր տեսարանը, լացէ մը ետք, երբ նոր թաղուած հարսնուկը, հոդ եկած անծանօթ ցաւէ մը, իր մարմնական հրաշքին ամբողջ անթառամ խորհուրդովը։ Գացին ու ա՛լ չփորձեցին ետ դարձ մը: Այս պատմութիւնը գիտէր Արտաշէս Յարութիւնեան ու իր սովորական թափանցամտութեամբ դատեց զայն ու տուաւ, կտրուկ, վճիռը. Բանաստեղծ չես ծնած ։ Կ՚ընդունիմ այդ վճիռը, այսօր, բայց անոր հիմունքը կազմող մտածումը մերժելով։ Բանաստեղծութիւնը, բառերու պարտական անշուշտ, բայց գերին չէ։ Այն օրերուն իրեն չափ հաւատացող մըն էի իմ դժբախտ ծնունդիս։ Բայց միշտ ալ վճիռը զբաղեցուց իմ միտքը, Արտաշեսի հաշւոյն։ Ինչո՞ւ ան այդ վճիռը չէր տուած, ինք իրեն համար, ի՛նք որ իմաստուն մըն էր։ Ու պատասխանը: Վասնզի իր ոտանաւորները, այսինքն անոնց աղմուկը [2] առին տարին զինք։ Չեղաւ մէկը իրեն ըսող, որ բանաստեղծ չէր ծնած: Ու ըսին ճիշդ հակառակը, գիտցողն ու չգիտցողը: Ամէն յիմարութեան, չափազանցութեան, հռետորական զեղծանումներու հանդէպ չափազանց զգայուն, իր զգաստութեան բծախնդիր այս պատուական երիտասարդը անկարող դուրս եկաւ հաւաքական յիմարութեան, հռետորութեան, հոսհոսութեան ճազպանտին դէմ ու զառածեցաւ։ Իր կործանման գնով, ընդդէմ ուղիղ բանին, ան արդարացնել փորձեց Վիրգիլիոսի պատմուճանը իր ուսերուն ու շարունակեց քերթել, մեր քնարերգութեան կտակելով չարաբախտ իր դիւանը։ Արտաշէս Յարութիւնեան բռնի, մեր չարիքովը ստեղծուած բանաստեղծ մըն է։

/149/ Իր գիրքերուն մէջ կան տողեր յաճախադէպ։ Աւելի ցանցառ՝ ամբողջական տաղեր, որոնց խորքին իրաւութիւնը այսօր կը տառապեցնէ մեզ, ձեւին դժնդակ թափթփուածութեամբը։ Այդ գիրքերուն ետին զգալի է այնքան իրաւ իր անձնաւորութիւնը, միայն անոնց, որոնք կը ճանչնային այդ մարդը։ Այդ անձնաւորութիւնը, ինք իրեն, առանց երկրորդ ձեռքի մը օգնութեան, անկարող է ինքզինք ազատագրել բառերուն այնքան թեթեւ թուող, բայց կապարեայ պատանքէն։ Բանաստեղծը ան է, որ յաղթահարած է բառերուն այդ զարհուրելի բռնութիւնը։ Ու զանոնք ըրած է թաւիշի պէս կակուղ, կրակի պէս այրող, դանակի պէս արիւնող, միշտ իր հաշւոյն, առանց ուրիշէ մը նպաստ մուրալու։ Ու դարձեալ բանաստեղծը ան է, որ առնուազն նորոգած է բառերը ։

Արտաշէս Յարութիւնեան մեր քնարերգութեան մէջ անուն մըն է՝ նման Սէթեանի, Չերազի, Պէրպէրեանի, Թերզեանի, Աճէմեանի, այսինքն մարդոց, որոնց տաղանդը անբաւարար դուրս եկաւ զիրենք ազատագրելու։ Բայց անոնցմէ աւելի՛ մեղաւոր, մեղադրելի։ Անոնք չէին գիտեր « զինչ գործէին »։ Ի՞նք։ Քննադատ մըն էր։


 



[1]     Այս նկատումը (Արշակ Չօպանեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ գաղթահայ մունետիկները, վաւերական ու անվաւեր) դեր մը ունեցա՞ւ Զարեանի հերոսական որոշումներուն մէջ: Դժուար է ճշդումը։ Զարեանի հետ ունեցեր եմ ծանր, լեցուն, լուրջ կապեր։ Իր փառասիրութիւնը, համբաւամոլութիւնը, ինչպէս անառարկելիօրէն առոյգ, կորովի տաղանդը զինքը կ՚ընեն բարդ հարց մը, մեր գրականութեան պարունակէն ալ դուրս: «Բարձրավանք»ի մէջ տպուած իր «Երեք երգ»երուն համար իմ վերապահումիս դէմ ան միշտ սո grand poète arménien–ի տիտղոսը կը ձգտէր արժեւորել, շահուած ո՛վ գիտէ ինչ միջոցներով, եւրոպական թերթի մը մէջ: «Երգեր»ը բառական ձայնախաղ մըն էր, առանց զգացման։ Թարգմանութիւնը չեմ ըսեր, թէ կործանած է զայն։ Ինք ալ չէր գիտեր, թէ ո՛րն է քերթուածին սկզբնական լեզուն, քանի որ ունէր հայերենէն առաջ ֆրանսերէն ձեռագիրը։ Աշխարհ անշուշտ այսօր կ՚անգիտանայ ատանկ գլուխ-գործոց մը։ Զարեան կրնայ դժգոհիլ բախտէն, բայց, ապահովաբար ոչ՝ իր բախտէն։ Առանց խառնուածքի բանաստեղծութեան մը հրաշքին հաւատալու չափ միամիտ մէկն էր, ինք իր հաշւոյն։ Ժամանակը պատժեց այդ միամտութիւնը։ «Տատրագոմի հարսը» վրիպանք մըն է, անխառն ու բացարձակ։

[2]     Ի՛նչ յուզիչ՝ մարդոց միամտութիւնը, բայց որքա՛ն եղերական` գրողներունը։ «Լքուած քնար»ին վրայ «Արեւելեան մամուլ»ի մէջ քերականագէտ մը . Գազանճեան) ստորագրած է յաջորդական երկու յօդուած։ Անտեղի է զբաղիլ հոն յայտնուած տպաւորութեանց ու կարծիքներուն դատողութեամբը։ Բայց գովեստը այն միակ բանն է, զոր չենք մոռնար։ Ա. Յարութիւնեան աւելի ետք այդ մարդուն դիմանկար մը կը նուիրէ, ի վարձատրութիւն թերեւս: Յօնք լինելու տեղ աչք հանել։ Եղերականը այս ամէնուն մէջ Յ. Գազանճեանի մէջբերումներն են «Լքուած Քնար»էն, որուն հեղինակը Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»էն փախած եղկելի մը կը դառնայ, մուսային թեւերուն վրայ իր հանգիստը փնտռող։