Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. [ ԳՈՐԾԸ, ԱՐՈՒԵՍՏԸ]

/218/ Կը մնայ հարկը վերջնական արդարութեան այնքան դատափետուած, հալածուած այդ մարդուն գործին։

Կը զեղչեմ՝ այդ գործէն գործունէութեան այն լայն տարիները, զոր ան յատկացուց գրականութեան օտար զբաղումներու, գլխաւորաբար Հ. Բ. Ը. Մ. ի վարչութեան մէջ ծանր պաշտօններու։ Ազգային պատմութեան կ՚իյնայ այդ գետինին վրայ արտայայտուիլ։ Դարձեալ դուրս է նկատառումէս կուսակցական իր գործունէութիւնը, նոյն պատճառներով։ Ըսի, թէ ի պաշտօնէ խմբագրի մը ախորժակները, ո՛չ ալ դերը անծանօթ են իրեն, թէեւ «անհամար յօդուածներ» ըլլայ գրած, քիչ մը ամէն բանի շուրջ։ Կը կենամ անոր գրական գործին հետ. ու կը կենամ առանց նախապաշարումի։ Խորունկ է իմ վերապահումս 1900–ի մեր ճաշակին դէմ, ատելութեան հասնելու աստիճան. եւ սակայն կը վերնայ սա տողերուն մէջ, այն պարզ պահանջով, զոր արդարութեան զգացում մը կը դնէ վրաս։ Այդ ճաշակին մէջէն է, որ հասակ առած են մեր արձակին ու ոտանաւորին ամենէն հզօր կախարդները:

Վ. Մալէզեան մեզի ձգած է բանաստեղծի զոյգ դիւաններ։

Ատոնցմէ « Կերոններ »ը կը նկատեմ դիւան մը, որ դժբախտ պատմութիւն մըն է ունեցած։ 1911-ին լոյս տեսած Գահիրէ, որ հեռու է այս օրերուն իր հիմակուան դերէն ու դիրքէն արեւմտահայ կեանքին մէջ. գիրքը չարժանանար անհրաժեշտ թափանցումի մը, ընթերցողներու լայն շրջանակի մը։ Սուրէն Պարթեւեան, Յովհաննէս Սէթեան « Հոսանք »ի մէջ (1912) ըրին չկամ ու պռատ խօսքեր (երբեմն գովեստը կ՚ազդէ աւելի տրտում լուսաբեկում, քան վայրագ պարսաւը)։ Տպուած էին « Ցեղին սիրտը », « Ցայգալոյս »ը, Սիմանթոյի ամբողջական գործը, Սեւակի առաջին ճիչերը, քիչ մը աւելի ուշ՝ « Հրաշալի յարութիւն »ը։ « Կերոններ »ը կը շարունակէին 1900–ը։ Անոր նորութիւնը Տառապանքին յաղթանակը ») վտանգը կը դիմաւորէր /219/ աննշմար անցնելու, քանի որ փոփոխութիւնը կ՚անգիտանար։ Այսպէս է եղած նաեւ ճակատագիրը երկրորդ իր հատորին, « Տարագրի մը յուշատետրը » (1916), որ գէշ նօթ մը կը կազմէր այդ թուականի մեր տագնապներուն մէջ։

« Կերոններ »ուն մէջ դժուար չէ սակայն հաստատել բանաստեղծի այն միջին տիպարը, որմէ ճշդումներ եղան կանխող գլուխին մէջ։ Միանգամ ընդմիշտ դատապարտութեան խօսքեր ունիմ այդ հատորին մէջ շատ մը քերթուածներու համար հասարակաց:

ա. Բառամոլութեան, որ օրէնք է կարծես ամէն մէկ քերթուածի համար։ Ո՛ր բանաստեղծութիւնն ալ կարդաք, պիտի տառապիք հոն վխտացող աւելորդէն։ Ահա՛ նմոյշ մը, պատահակի հնչեակէ մը.

 

Հիւանդները, շոճիներու (կարեկից)
Թեւերուն տակ (օդակարկառ) (որ կ՚օրհնեն),
Երկայն ժամեր իրենց հոգին (թախծալից),
Կ՚օրրան յոյսով մ՚որ կը պատրէ (հեգնօրէն)։

 

Վերջալոյսը ճակատներուն դեռ անբիծ՝
Հոգիներուն գիշերին մօտ դողալէն,
Անբուժելի ախտին կասկածն ու կըսկիծ՝
Հատնումի ժամն ոգեվարած՝ կը յամեն:

 

Բայց կը թորմի վարդն ա՛լ սիրտին մօտ (անտրոփ),
Լըմընցեր է… ու կը դիտեմ (սեւազգեստ)
Այդ աղջիկը, ծառին տակ, լուռ, (նրբաժեսթ)։

 

Հալած մատներն ան կը զննէ (անըսփոփ),
Շիթ մը կ՚իյնայ ձեռագործին վըրայ եւ
Կը լըսեմ հեծն Ի՞նչ կարճ է կեանքն եւ ի՜նչ սեւ …։

(«Իրիկուան դէմ», «ԿԵՐՈՆՆԵՐ»)։

 

Այնքան մարդկային սա տագնապը։ ՀԻՒԱՆԴԸ՝ իրիկուան դէմ, շոճիին տակ, սրտայոյզ է ինքնին։ Վահան Մալէզեանի բոլոր նիւթերը կու գան կեանքէն ու կեանքը, հոս, քիչիկ մը հոմանիշ է անսփոփ ցաւերով մեր մէջ մթերուած, գէշ բառով մը՝ բիւրեղացած բարեխառնութեան մը, եթէ կը ներուի այս բառը։ Կան այն մարդերը, /220/ որոնք չխնդացած պիտի անցնին այս աշխարհէն, այդ զգայարանքէն զուրկ ծնելու կամ անոր վաղաժամ թառամումին, գօսացման հետեւանքով։ Ու իրաւ է, չարագուշակ վաւերականութեամբ մը տեսարանը, զոր անոր աչքերը քանի–քանի հեղ սարսուռով գտան Հալքիի եղեւիններուն ներքեւ։ Բայց գեղագրուած ու փակագծուած բառերուն հաշիւը պարտաւոր ենք պահանջել ո՛չ թէ հիւանդէն, այլ բանաստեղծէն։ Շոճիներուն օրհնող թեւերը կու գան Ռոտէնպախէն, որ հռչակաւոր քերթուածի մը մէջ (Les béguines) գրած է ծառերուն ճիւղերուն շարժումները գծելու համար

…Ont le doux geste des prêtres qui bénissent… Կրնայ այս պատկերը վերյիշումէ մը աւելին ըլլալ։ Բայց չի պաշտպանուիր, քանի որ կը թելադրէ նախադէպը։ Բարակով տառապողներուն հոգին՝ թախծալի՜ց։ Ո՞վ չի գիտեր սակայն ասիկա։ Հնչեակին երկրորդ տունը, գէշ ճարտարապետուած՝ կը խուսափի դատումէն ու ասիկա թերութիւն մըն է։ Վարդերը արդեօք չե՞ն թոռմիր, տրոփող սրտի մը վրայ ինչպէս անտրոփ սիրտին։ Սեւազգեստ ածականը ի՞նչ կ՚աւելցնէ սա հիւանդի պատկերին։ Նրբաժե՞սթը: 1900–ին մարդիկ ինքնատւութիւն կը կարծէին բառեր կազմել, որոնց կէսը կու գար ստոր լեզուէ մը։ Ատկէ անկախաբար ի՞նչ է իր յաւելումը հիւանդին վրայ, ուրկէ մեզի գալիք զգայութիւններուն հիմնական թոնը հատնումն է, որ պիտի թելադրէ։ Նոյնն է ճակատագիրը անսփոփ զննումին։ Այս վերապահութիւնները պատճառաբանել պիտի նշանակէր վերլուծման փորձի մը ենթարկել հնչեակը, ինչ որ անտեղի է։ Կը խորհիմ, թէ ուշադիր ընթերցումը պիտի ընէր պարզ այս ամէնը։ Հնչեակի մը մէջ, որ արտասովոր խորութեամբ քերթուած մըն է ըստ սահմանին, ոչ-անհրաժեշտ այսքան տարրեր արտօնելը Վահան Մալէզեան պարտական է 1900–ի ձախորդ ճաշակին։ Ու կը մտածեմ, որ իրապաշտ անդրանիկ ազդեցութիւնն է, որ կարելի պաշտպանութիւնը բերաւ անոր, որպէսզի գէթ նիւթին կեանքը պատուէր։ Խորքին հանդէպ սա արմատացած յարգանքը մեր իրապաշտներուն քաղցրագոյն առաքինութիւնն է արդէն։ Մեր պատանութեան զգայութիւններն են, որ անզգալի կերպով կը վարեն մեզ։

 

բ. Փնտռտուքին ։ Չեմ կրնար գործածել բռնազբօսութիւնը, որ պսակումը պիտի ըլլար սա խնամքին։ Բայց ահա՛ stance մը։

 

«Սիրելի ձայներ, շատոնց լռած, որ կը խօսին
Հին բառեր փաղաքուշ,
/221/ Եւ բացակայ հմայքներու նայուածքը սին
Որ չերազուած անուրջներու պատանքին վրայ՝
Մաշած եւ տխուր բոյրի մը պէս՝
Հոգեվարքներուն կը քսուի եւ կը սարսռայ»։

(«Լիսթի «Ռաբսոտին», «ԿԵՐՈՆՆԵՐ»)։

 

ուր բացակայ հմայքը ու ասոր սին նայուածքը, չերազուած անուրջը ու ասոր պատանքը պատրաստ են հաշիւը տալ իրենց ներկայութեան։ Այդ ամէնը կ՚ընդունիմ, որ կարող են խառնել մեր հոգիին խորը, երաժշտութեան մը կախարդանքին ընդմէջէն։ Բայց այդ ամէնը պարտաւոր են հագնիլ վաւերական այն ապրումը, որ մերն էր ձայնին անդրանիկ անձրեւին պաչուն մեր ջիղերուն անհունօրէն ծարաւի ցանցին վրայ։ Չեմ ըսեր, թէ անգոյ, անկարելի, բռնազբօսիկ բաներ են բացակայ հմայքներու սին նայուածքները եւայլն…։ Սեղմեցէ՛ք ձեր ուշադրութիւնը ձեզմէ ներս, դէպի խորունկը, քակելու համար յուշերուն քոզմոսէն հմայք ու անուրջ, մաշած բոյրեր, հոգեվարքի քսուող ու սարսռացող նայուածքներ ։ Ձեզի գալի՞քը։ Այդ նրբենի, ազազուն բառերէն աւելի բան մըն է անշուշտ։ Ու հոս է ահաւասիկ դժբախտութիւնը։ Հմայքը վերածեցէ՛ք սանկ տարտամօրէն հանդիպուած գեղեցկութեան մը, որ ըլլար զարկած ձեր մէջ մթին լարերու, պահ մը դողացած ու դողացուցած ու յետոյ… անցած, թաքնուելու բլուրի մը կռնակին ետին, պուրակի մը ծոցը, պահ մը վանդակորմին թանձր ու նոյնիսկ կանգուն մը հողին խորը…։ Այս փոխակերպումով, սա բառերը պիտի ըլլային հոգիի պահեր, կտորներ, ձեր ներկան գունաւորող կամ մսեցնող սարսուռներ…։ Վ. Մալէզեան խորհրդապաշտ ձգտումներով բանաստեղծն էր, իր իսկ սահմանումով։ Ու խորհրդապաշտութիւնը հոմանիշ է քիչ ըսելու, շատ թելադրելու: Ու երբ քիչ ըսուածը շատ չի թելադրեր, չի կրնար թելադրել, կը շփոթուի փնտռուած, հազուադէպ, նրբացումէն անգայտանալու մօտ տարտամ բաներու հանդէսի մը։ Ահա՛ ձեզի ուրիշ նմոյշ մը, ուրիշ քերթողէ մը.

 

«Վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է։
Ըսէ՛, մասուր ու կանանչէ
Ցանկապատին շուքին նստած.
Վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է։

 

/222/ Ըսպիտակ, կաթ ու մազտաքէ
Բուրող ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է։
Ըսէ՛, քի՛չ մը գէթ չե՞ս դողար
Հովիկն անուշ երբոր փըչէ…:

Հըպարտ ծաղիկ, անունն ի՞նչ է
Պարիկին, որ անցաւ քովէդ
Հեզուկ ու սեւ սաթի վետվետ
Ցայտք մը ձգած իր քամակէն :

Գիտե՜ս, ծաղիկ, անունն ի՞նչ է
Դողին` զոր քեզ տըւաւ հովիկ,
Ու ձայնին՝ որ զիս կը կանչէ…»։

  («Անանուն», ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾ, Մ. Մեծարենց)։

 

որուն մէջ խորհուրդը (սիմպոլը) գտած է բաւարար ընդլայնում, որպէսզի հասնի մեր ընկալչութեան բայց չսպառէ ինքզինքը, մնայ ընդունակ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ արթնցնելու մեզի սիրելի խռովքներ։ Խորհուրդին եւ իրականութեան սա հաւասարակշռութիւնն է, որ մեզ կը լիացնէ քաղցր վայելքովը մեր անձին ալ մաս առնելուն, բանաստեղծէն թելադրուած յուզումներուն։ Վահան Մալէզեան անշուշտ որ անցած է Մեծարենցի զգայութեանց մեծ մասին մէջէն։ Բնութիւն, հիւանդութիւն, մահուան ստուեր ու պատանքի սարսուռներ կեղծ բաներ չեն իր մօտ։ Բայց չեն ալ այն այլամերժ, բացարձակ իրականութիւնը որ Մեծարենցի հոգիին համար կեանքը եղաւ, այնքան կարճ, արագ, սպառիչ։ Կղզիի մը մէջ իր աչքերը ընդմիշտ փակող պատանին, մինչեւ վերջին օրը, ապրեր էր քանի մը տարիներու մէջ, ինչ որ Վ. Մալէզեան պիտի փնտռէր քառորդ դարու մը երկայնքով։ Այս ձեւ յարդարուած ապրումն է թերեւս, որ կը մղէ « Կերոններ »ու հեղինակը խտացման ճիգի մը, որ շատ քիչ կը վերածուի որոշ փնտռտուքի ։ Միւս կողմէն մոռնալու չէք միւս, այս անգամ եղերօրէն իրաւ սարսուռը, որ մեզ կը չարչարէ ըսելիք չունեցող մարդոց քերթուածին մէջ։ Ու 1900–ը ոսկեդարն էր, ըսի ատիկա, անոնց։ Այս դժբախտները պիտի սպառեն իրենց ամբողջ կորովը որպէսզի մեզի թելադրեն ինչ որ չունին: Փոխաբերութեանց մթերք, պատկերներու ետեւէն խելացնոր արշաւ, նրբահիւս բաներու հիւսիսայգ, երբեմն ալ հաստ ու պիրկ զգայնոտութիւն. աւելի յաճախ /223/ անգայտացած, թորեալ յուշումներ բոլորը դուք կրնաք հաստատել այն ոտանաւորներու շեղջակոյտին մէջ, որով կը հպարտանային 1900–էն մինչեւ 1910 մեր հանդէսները։ Փնտռտուքը ՝ միս-մինակը, դժբախտութիւնն է անդարման։ Վ. Մալէզեան, ենթակայ շրջանին ախորժակներուն, գնած է իր ազատութիւնը սուղ գնով մը իր կեանքին գնովը, ինչպէս կ՚ըսեն։ Այդ փնտռտուքը նշմար մըն է, կտոր մըն է, պահ մըն է իր որեւէ մէկ քերթուածին մէջ, զգալի արատ մը, բայց ո՛չ կործանարար, վասնզի այդ քերթուածը ստեղծող ներքին իրողութիւնը աւելի քան ամուր, իրաւ, պարզ, մարդկային, կ՚ընէ ինքզինքը զգալի։ Ու մենք զինաթափ ենք անոնց առջեւ, որոնք կեանքէն կը պաշտպանուին։ Չեմ յիշեր հոս անունը մեր վաւերական քերթողներուն, որոնց մէջ ոչ նուազ իրաւ է այդ ճիգը։ Մեր ամենէն իրաւ բանաստեղծին, Պ. Դուրեանի մէջ որքա՛ն առատ է թիւը փնտռուած պատկերներուն։ Բայց անոր աստուածային տաղանդը այդ փնտռտուքն իսկ ըրած է իրական տագնապ մը։ Յիշեցի այն քերթուածը, ուր այդ փնտռտուքը (1870–ի փնտռտուքը չի նմանիր 1900–ի ախորժանքին, այնքան իրական կերպով մը փռած է իր թեզանները։

 

«Երեկոյեան բալն կը սողար բարդել իր…»։

 

քերթուած, որ թերեւս ամենէն հարազատ հանդիսարանն է արեւմտահայ ռոմանթիզմին լաւ ու վատ նկարագիրներուն։

 

գ. Նրբամոլութեան. թերութիւն, որ դարձեալ հակակշռուած է խառնուածքին, կեանքին բարիքներով։ «Պաղը ոսկորներուս մէջ կը սարսռայ՝ մեռելային հպումի մը յեղակարծումովը. ներս կը խուժէ, կը մխրճուիմ թիկնաթոռիս մէջ… (էջ 145, « Տարագրի մը յուշատետրը »):

 

«… Ու քահանայ մը ծերունի
Կ՚աղօթերգէր վեհապատկառ»։

  («Իրիկնամուտին», էջ 133, «ԿԵՐՈՆՆԵՐ»)։

 

«Ճերմա՜կ աղաւնի, թըռած դեմէն,
Վերջին երազիս դուն հարսը աղւոր.
Դուն բանտիս լոյսը եւ գըգուանք ամէն.
Այս թոշնած դէմքիս վըրայ սըգաւոր
Վերջին ժըպի՞տ զոր շողեր կը քամեն։

 

/224/Ճերմակ թըռիչքիդ անուշ հըպումէն
Պահ մը կը մոռնամ իմ բանտս ու աքսոր։
Աչուկներդ կարծես խոկ մը կը ծամեն։

Ճերմա՜կ աղաւնի։

 

Խո՜կ մը նոր փըրթած ճակտիս խորշոմէն։
Մութ կամարներուն ներքեւ՝ փետրածոր
Շոյանքներդ լըքուած հոգւոյս կը դիմեն։
Չըլլաս անուրջը դուն խորհրդաւոր՝
Մեռած քուրիկիս հոգեփոխ այժմէն։

Ճերմա՜կ աղաւնի»։

(«Բանտիս աղաւնին», էջ 169, «ԿԵՐՈՆՆԵՐ»)։

 

Ըրի այս արտագրումները պատահաբար։ Երկու հատորներն ալ ունին հարիւրաւոր նման հատուածներ, որոնց ընթերցումը մեր դէմքին վրայ թեթեւ տհաճութիւն մը « կը պարուտակէ », պիտի գրէր թերեւս հեշտանքով Վ. Մալէզեան, որ զգայութիւնները հարազատօրէն թարգմանելու իր ճիգին մէջ չի վախնար նոր բառեր դարբնելէ …։ Շեղագրուածները չունիմ ժամանակ բացատրելու։ Ամէն ընթերցող իր ջանքը կ՚ընէ այս բառերով թելադրուածը վերածելու իրական մտածման կամ զգացման մը շեմա յին։ Այս գործողութիւնը անկարելիութեան, որով եւ անհեթեթութեան չի յանգիր անշուշտ. բայց աւելորդ անհանգստութիւն մը կը պատճառէ։ Այսպէս պաղը եւ մեռելային հպումին յեղակարծումը նուրբ, փրթելու չափ նուրբ կապեր ունին իրարու հետ։ Երկրորդ եզրը ոսկորներուն մէջ սարսռացող պաղին վրայ ոչինչ կ՚աւելցնէ ։ Անշուշտ կայ թիկնաթոռին մէջ թաղուիլը. ինչո՞ւ չըլլար, պիտի ըսէք, մխրճուիլը ։ Բայց մտածեցէ՛ք, որ վերջին բառը ունի իր որոշ իմաստը ու շատ դժուար չափազանցութեան մը գնով միայն մէկը պիտի կրնար մխրճուիլ թիկնաթոռին մէջ, ու ասիկա՝ առանց անհրաժեշտութեան։ Քահանան կ՚երգէ։ Անտարակոյս։ Վ. Մալէզեան սա պարզ հաւասարումը անբաւարար պիտի կարծէ ու պիտի սրբագրէ զգայութիւնը երգին ալ պարունակութեան փայլովը, որ ապօրէն է հաւանաբար։ Ու մենք կ՚ունենանք աղօթերգել աւելորդ (որովհետեւ երկու վանկ աւելի) բառը։ Նոյնն է պարագան վեհապատկառ ին, որ տարօրէն կը ձգտի ընդարձակել իրիկնամուտին թերեւս սրտնեղ ժամերգող քահանան (դուք կը ճանչնաք քաղքենի /225/ քահանաները ու իրենց ակնկալութիւնները կիրակամուտքի արարողութենէն)։ Ու ժպիտը, զոր շողեր կը քամին, թռիչքը, որ կը հպի, աչուկները, որ խոկ մը կը ծամեն, փետրածոր շոյանքը արտայայտութեան կերպեր են, որոնք մեզ կը վրդովեն, բայց չեն նուաճեր։ Բայց ահա՛ արտայայտման ուրիշ յանդգնութիւններ:

 

«Բոյլ մը նայուածք, փունջ մը ժըպիտ,
Քուրայ մը խօսք դիւթեց իմ սիրտ»։

(ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ)

 

«Վանքին բակը կ՚աղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն,
Որոնց տամուկ շուքին մէջ Աստուածամարն է կայներ»։

(ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ)

«… Հոն, վա՛րը, տե՛ս [1],
Գիւղեր, գիւղեր եւ գիւղեր կը հրդեհուին
Ու բոցն անոնց կը հասնի
Արարատէն բարձր եւ բա՛րձր Քեզմէ…»։

(ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ)

 

Էջերով կարելի է շարունակել սա մէջբերումները։ Վերջին երեք նմոյշները մեզ կը նուաճեն, վասնզի կատարեալ բխումներ են: Մալէզեանի նրբութիւնները տողին մէջ կը ծնին ու կը պահեն այդ ծնունդին, ի՛նչ ճիշդ է՝ երկունքին ցաւն ու տագնապը։ Ո՛չ ոք միտքէն կ՚անցընէ ծնունդին processus-ը փնտռել բոյլ ին, փունջ ին, քուրա յին։ Մտապատկերին եւ անոր տարազին մէջ ձուլումը եղած է ակնթարթային ու անճանաչելի՝ արդիւնքին, բառին մէջ։ Թիկնաթոռին մէջ մխրճուիլը զուրկ է այս բախտէն։ Արտայայտման սա նորութիւնները, յանդգնութիւնները երբ այսպէս նկատի կ՚առնեմ, ժխտական տրամադրութիւններով, ասիկա անոր համար է, որ Վ. Մալէզեանի յաջողագոյն քերթուածները սիրտի իրաւ խօսքեր են, որոնք պէտք չունին այդ նոր, ուշագրաւ դառնալու համար տարօրինակ զարդարանքին մեր ալ սիրտը գտնելու համար։ Դուք տեսաք ատոր գեղեցիկ ապացոյցը « Վերջին խօսքեր » ոտանաւորին մէջ, գլխովին արդիական է, ուր երբեք չէք իսկ մտածեր տարազի, փայլի, վայելչութեան (ասոնք յա/226/ճախ մեզ կը խրտչեցնեն երկրորդաբար, իրենց յորդութիւնով կամ պակասով։ Ամէն իրաւ ապրում ինքզինք հաղորդելու ձեւ մըն ալ ճարած կ՚ըլլայ ինքնաբերաբար), որքան խռովիչ է մարմինը այդ խօսքերուն: Ո՛չ միայն մեր օրերուն մենք կը փնտռենք մերկը, մինակը, ցամաքը, dégage–ն, այլեւ մեր ժողովրդական բանաստեղծութեան համար մեր հիացումը կը բանաձեւենք նոյն օրէնքով։

 

«… Աշխարս աշխարով կըշտացաւ, եիս քիզանից սո՜վ,

ա՛չկի լուս :

…Էշխէմէդ ջունուն իմ էլի, ման իմ գալի եանա-եանա .. ։
Սիրտըս լուրի պէս խորվեցիր, էշխիտ կըրակով,

ա՛չկի լուս…:

…Եիս մե փուքըր նաւի նըման, քու էշխըն է՝ ծո՜վ,

ա՛չկի լուս …»։

 

Երկու հարիւր տարի կայ այս տողերուն վրայ, բայց անոնք երկու հազար տարի ալ ապրին, չունին ծերանալիք։ Աշուղէն ամբողջ քառեակ մը մեզի կը թելադրէ այդ մերկութեան, իրաւին, խոր ապրումին հարազատ յղացքը։

 

«Թէգուզ հազար դարդ ունենամ, եիս սըրտումըս

ա՜հ չիմ ասի:

Իմ հիւքմի–հէքիմըն դուն իս, եիս էլ ուրիշ շահ չիմ ասի։
Սայեաթ-Նովէն ասաց. զա՛լում, եիս էն մահին մահ չիմ ասի:
Հէնչաք ըլի, դուն վըրէս լաս, մազըդ շաղ տալով,

ա՛չկի լուս»։

ՍԱՅԵԱԹ-ՆՈՎԱ [2]

 

Հարկ կա՞յ զգացնելու, թէ պարզուկ, բայց հարազատ բանաստեղծը ի՛նչ կատարելութեան է հասած, միայն ու միայն հիմնականին մէջ, ու ազատած է իր զգացումին անհուն ուժգնութիւնը գրական չափազանցութենէն, ուրիշ տառով մը՝ հռետորութենէն, մեր գրա/227/կան դպրոցներուն պայքարներէն շատ ալ առաջ։ Ո՞վ է առաջնորդած զինք այդ մեզի այնքան դժուար թուող մերկութեան։ Ի՛նք, բնութիւնը, որ ամէն աւելորդ տարր կը խղդէ անխնայ։ Ու հիմա, դարձեալ մէջբերում.

 

« Եթէ չըլլայի՜ն, տրտում ու անպատում, Նեղոսին երկայնքն ի վար, նիհար արմաւենիները երկնամբարձ՝ որոնց խոյրերը հովանոցակ, ցերեկին, արեւակէզ աւազուտքին վրայ քիչ մը ստուեր կը ձուլեն, ու գիշերներն ալ՝ զովութիւնները հեշտածորիկ, զոր գրեթէ հասարակածային՝ աստղազարդ կամ լուսնանշոյլ երկինքը տօթահեղձ հոգիներուն վրայ կը շողարձակէ, ձիւնաթոյր համբոյրներու պէս հեշտասարսուռ …»։

(«Ամառնաչու», «ՏԱՐԱԳՐԻ ՄԸ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ»)։

 

ուր ծեր հոգին պիտի ցաւի, իրաւ զգայութիւնները գրեթէ ածականահեղձ (ներեցէք այս բառին) ընող սա գէշ, ուզուած, ու ասով աւելի դատապարտելի մոլորանքէն։ Կ՚ընդունիմ, որ նման հատուածներ բացառութիւն չեն Վ. Մալէզեանի մօտ, բայց չեն դադրիր վտանգի ենթարկելէ անոր խորքին տոկունութիւնը։ Ածականին սա լրբենի կայսրութի՛ւնը։ Կ՚անցնիմ։ Միւս կողմէն դարձեալ կ՚ընդունիմ, որ ճաշակի հիմնական աղճատման մը հետքը չեն, կամ՝ այն միւս մոլութի՛ւնը, պատկերներ միայն դարբնելու, պարզագոյն բաները հանդիսաւորելու մեղապարտ յաւակնութեամբ մը, ինչպէս է պարագան Կոստան Զարեանի, որուն կրկնակ, երրեակ, (double, triple) պատկերներու փոխառիկ դրութիւնը (ֆրանսացիներէն) ստիպուած ենք արժեւորել իբր հեռահայեաց ճարտարանք մը՝ զգացական անբաւարարութիւն մը, չորութիւն մը, ջղային ցանցէ նիհարութիւն մը ծածկելու։ Փոխաբերութիւնը չէ, որ կ՚արհամարհեմ, այլ անոր սիրոյն գրելու նանրամտութիւնը։ Վ. Մալէզեան, իր գործին մէջ աւելի պարզ, աւելի իրաւ խառնուածք մըն է ու չեմ փորձեր իր տառապանքը ներկել կամ ուռեցնել, ուրիշներու վրայ անոր անդրադարձը փնտռելու սնապարծութեամբ, կամ չ՚ուղեղնացնել իր տեսածները, արտաքին զգայութիւնները գրական զգայախաբութիւններու վերածելու կանխամտածումովը։ Ոչ Պարթեւեան, ո՛չ Սիամանթօ, ո՛չ Զարեան, ո՛չ ալ… Գ. Խանճեան, Մ. Ուղուրլեան, Վարդգէս եւ այն սպրիկ փառքերը, որոնց պատուանդան ծառայեցին 1900–էն ետք մեր հանդէսները սանկ տասնամեակ մը։ Այդ՝ երկու վիճակներուն միջինը։ Չեմ գիտեր, սա ընդլայնումը կը կազմէ՞ մեղմացուցիչ պարագայ մը, /228/ Վ. Մալէզեանի ամենէն ծանր տկարութիւնը դիմաւորող։ Ապագան պիտի յայտնէ ինքզինք աւելի կտրուկ վճիռով մը անշուշտ։ Բայց դիտել կու տամ. պատերազմէն անմիջապէս առաջ (1910) Վ. Մալէզեան տարագիր մըն էր արեւմտահայ գրականութեան մէջ ու կը նկատուէր անտանելի փղշտացի մը, սեթեւեթեալ տաղաչափ մը, կեղծ քերթող մը։ Նոյնիսկ Որբերեանի մը վարկը Պոլիս զլացաւ անոր։ Ըսի, թէ « Կերոններ »ը անցաւ աննշմար։ Ատիկա պիտի չխռովէր զիս անշուշտ, քանի որ երբեմն, նոյնիսկ բաւական յաճախ, իրաւ, նոր գործերը ուրիշ բախտ չեն ունենար։ Մեր քնարերգութեան ամենէն կատարեալ փառքերէն մէկը, « Հրաշալի յարութիւն »ը ուրիշ ճակատագիր մը չվայելեց։ Բայց ահա՛ աւելին։ « Կերոններ »ը մեր գրական հրապարակին վրայ իր ընկերները ունեցաւ «Նոր քնար», «Խաչուած երազներ» ու աւելի թշուառ անուններու մէջ։ Մենք աջ եզերք ու ձախ եզերք չենք դրած, գաղիացիներուն նման, գրական հոսանքները պիտակող։ Վարուժանի, Մեծարենցի եւ Սիամանթոյի վաւերացուած վարկին մօտ Վ. Մալէզեանի երկդիմի, քաղաքական զգացումներով ալ այլակերպ համբաւը անկարող եղաւ ինքզինք պարտադրելու։ Հետագային՝ աւելի տխուր պայմաններ։ 1912–ին Ս. Պարթեւեան իր « Հոսանք » հանդէսովը կը նուիրագործէր նրբամոլ գրականութեան պաշտամունքը, նախ՝ իր խմբագրականներով, որոնք խնամուած, նրբացած ոճի տախտակներ են ունայն մտքերու վրայ (այդ մարդը գրական հասկացողութիւն ունեցաւ միայն, այս ալ գործածելու համար ի հաշիւ ծանրաթաւալ կիրքերու, որով եւ ըրաւ զայն անվստահելի), յետոյ իր աշխատակիցներուն բռնաթոր, ֆանթասթին գրութիւններովը։ « Տարագրի մը յուշատետրը » եւ Կիւրճեանի քրոնիկները, Յ. Սէթեանի արձանները բոլորը մէկ գունաւորուած են մէկ ու նոյն զգայութիւնով յոգնած, ըսելիք քիչ ունեցող մարդոց քրտինքովը։ 1916–ին, երբ ձախորդ գաղափարը ունեցաւ Մալէզեան այդ արձակ քերթուածները հատորի տակ խմբելու, արեւմտահայ գրականութիւնը դադրեր էր գոյութիւն ունենալու։ Քառորդ դար է անցել այդ օրերէն։ Այսօր Վահան Մալէզեանի քերթողութեան վրայ արձակուած խեցեվճիռը տակաւին կը պահէ իր ուժը։ Բայց նշաններ ցոյց կու տան, թէ մեղմացումը սկսած է արդէն։ Կրնաք ամէն քերթուածի մէջ Կերոններ ») քանի մը պզտիկ խայթումներով դառնալ անհանգիստ։ Խայթումներ՝ ածականէ, մակբայէ, աւելորդ տարրերէ։ Բայց կը հանդուրժէք քերթուածը, որ միշտ ապրումի մը հրիտակն է։ Յետոյ, ապահով էք ուրիշ ալ առաւելութեանց բարիքէն, քանի որ հատորին վերջին մասը կազմող շար/229/քը, « Տառապանքին յաղթանակը » ընդհանուր վերնագրին տակ խմբուած, ձեզի կու տայ մեր մէջ քիչ վայելուած հաճոյքը մերկ, պարզ բաներուն։ Կրնաք, թղթատման մը գնով, հանդուրժել « Տարագրի մը յուշատետրը », որ, առնուազն, ամբողջական պատկերի մը մէջ ձեզի կը պարզէ գրական նորոյթի մը ( արձակ քերթուած ին յիմարութիւնը մեր մէջ) բոլոր կողմերը, չարիքը՝ զոր բառերը կը դիզեն, երբ անխնայ գործածուին, մեր ամենէն խոր ապրումներուն վրայ, տկարացումը՝ որ գինն է աւելորդ նրբացման եւ վերի պզտիկ մէջբերումին մէջ Եգիպտոս եղող մը պիտի ընդզգայ կարգ մը բաներ, բայց ուրիշներ՝ բառերու կոյտ միայն։ Ու ինծի հետ պիտի ցաւիք ցաւը գրականութիւն ըսուած յիմարութեան, որ այսպէս մեզ կը զառածէ ո՛չ թէ ուղիղ բանէն, այլ մերկ պատմումէն։ Չեմ կարծեր, որ խոստացուած հատորները Կարապին երգը » եւ « Հոգիի ձայներ »), գէթ իրենց անցեալ մասին մէջ մեզի բերեն վերի տպաւորութիւնները հիմնովին հերքող գեղեցկութիւններ։ Նման բախտի մը առջեւ ապագայ կրնայ մոռնալ իմ վերապահումս, վախս, ու հպարտանալ հարազատ բանաստեղծի մը այլեւս անկործանելի փառքովը։ Բայց մարգարէութիւնը տկարութիւն է ըսեր են եւ իրաւունք ունին։ Գրականութեանց պատմութիւնը ունի ուրիշ կարգէ անակնկալներ։ Վերափառքը, նոր բառ մը, իրական վիճակ մը կը թելադրէ մեր յիմարութիւններէն, երբ մեր անհասկացողութեամբը կը փառաբանենք անկարելի խեղճութիւններ (Ալիշան, Թերզեան, Նար–Պէյ, Պէրպէրեան, Սէթեան, որոնց ո՛չ թէ տաղանդը կ՚ուրանամ՝, այլ մեծ գրագէտի վարկն ու համբաւը) ու աննշմար կը ձգենք վաւերական մեծութիւնները։ « Հրաշալի յարութիւն »ը կազմող ձեռագիրները 1900–էն ետք լոյս տեսած էին քիչ մը ամէն թերթի մէջ։ Երբ ասոնք հատորի մը ծածկին տակ մտան, Վահան Թէքէեան նշանաւոր անծանօթ մըն էր, իսկ իբրեւ բանաստեղծ, ըլլալով հանդերձ կուսակցական լիտր, ազգային երեսփոխան, խմբագրապետ եւ որ ի կարգին։ Շատ քիչեր գիտէին, թէ այս յամառ, անկաշառ մարդը ոտանաւորներ ալ գրած էր, կը գրէր։ Բայց զանգուածը զայն կ՚ատէր կուսակցական հակամարտութեանց հաշւոյն կամ կը փառաբանէր նոյն ազդակներէ։

 

Վ. Մալէզեանի գործին վերընթերցումը մեզի կու տայ այլապէս դժնդակ տպաւորութիւններ։ Կը տառապինք իր հաշւոյն, մեղքնալով անշուշտ, որ կեանքի հարազատ բեկորներ Կերոններ »ը չունի կտոր մը որ գրական, այսինքն ունայն ստեղծումէն գայ) ըլլան այնքան նրբացուած, փնտռուած, բառազարդ, երբ նման աշխատանք մը մենք /230/ սիրով պիտի ներէինք կեանքէ անմասն բառախաղացներուն։ Քիչեր մեզմէ կրնան գիտնալ, թէ Հրանդ Նազարեանց անունով տղայ մը կար, որ մեր լեզուին ամենէն նուրբ բառերը տողաշար ընելու համար տարիներ աշխատեցաւ ու չըսաւ իրաւ վիճակ մը իր հոգիէն։ Ու երեսուն տարի կայ, որ մեր թերթերն ու հանդէսները անխնայ յաճախուած են Արսէն Երկաթ անունով մէկու մը ստորագրութենէն։ Դժբախտ մա՞րդը։ Երեսուն տարին գէթ մէկ անգամ չեղաւ մեր ամէնուն պէս մարդ մը, այսինքն չըսաւ իրաւ խօսք մը։ Եւ սակայն այս մարդիկը իրենց սա դժբախտութիւնը կը պարտին իրենց խառնուածքին։ Ու այս վերջինին պատասխանատուն՝ ծնողքը, հաւանաբար։ Տ. Կամսարական նամակի մը մէջ տաղանդը կ՚որակէր գործը ձեր ծնողքին («C՛est l՛affaire de vos parents»)։ Եւ իրաւունք ունէր պատուական ծերունին, որուն տաղանդը հազիւ տժգունեցաւ։

Վ. Մալէզեանի պարագան, ուրեմն, կը վերածուի ձեւի տագնապի մը, թերացման մը, որոնց ճակատագիրն է ժամանակին հետ խոշորնալ, տգեղնալ, մակաբուծային ուրիշ տարրերու ալ նպաստովը (որ մեր զիջումն է մեր ժամանակին երբեմն ստիպման, երբեմն շողոմին, աւելի յաճախ մեր սնափառութեան) խղդելու աստիճան խորքին հարազատ արժէքները։ Կ՚երեւակայեմ թերեւս տրտում գոհունակութիւնը Թովմաս Թերզեանի, որ իր ոտանաւորները կը չափաբերէր հաւանաբար ապրումներու շուքին մէջ, փախած անոնց տագնապէն, զանոնք անճանաչելի ընելու երկիւղէն հալածական, ու ապաստան մուրալով գրական զարդարանքին նուէր։ Մարդիկ կ՚ախորժէին այդ ծպտումէն, շրջաբանեալ հոգեվիճակներէն ու բառերուն փաղփիւնէն։ Պսակաւոր քերթողները տակաւին իրաւունքն ունէին ուրիշ փառքերու։ Կ՚երեւակայեմ Նար–Պէյը, որ իր ծիրանաւոր եկեղեցականի գեղեցիկ դէմքը կը պտըտցնէր աշխարհէ աշխարհ, իր մարմնին խոր ձգողութիւնը խռովքի մը պէս արտածորելով, հոգին պարաձգելու արագ տագնապով մը, զոր կը կարծէր դիմաւորել իր քերթուածներուն հաստատ, օրինապաշտ հասարակութեամբը։ Այսօ՞ր: Անոր համար է, որ կէս դար մը, երբեմն աւելի համեստ թիւ մը տարիներու սպառսպուռ կը ջնջէ քերթող մը, անոր ամբողջ գործը փոշիացնելէ ետք, անձնաւորութիւնն ալ դատապարտելով ծանրածանր մեղքերով կը պատահի նոյնիսկ, որ քերթուածի մը մեծվայելուչ երիտասարդութիւնը հալի, անհետանայ քերթողին երիտասարդութենէն ալ առաջ։ 1898–ին, Շամտանճեանի « Մասիս »ին մէջ լոյս տեսած ոտանաւոր մը, « Անցնելու մօտ » (Սիպիլ) ողջունուեցաւ մեր մամուլէն իբրեւ անշամանդաղ գլուխ–գործոց մը։ Առանց չա/231/րութեան կ՚ընեմ սա յիշատակութիւնը։ Քառասուն տարի ետք, գաղջ, նոյնիսկ բարեացակամ վերլուծում մը անոր քառասունէն աւելի տողերէն հազիւ չորս–հինգ տող պիտի գտնէր հանդուրժելի ։ Վահան Մալէզեան, որմէ փառքը խոյս տուաւ աննահանջ խստութեամբ մը, չունի տառապելիք, այդ ուղղութեամբ։ Ըսի, թէ պատերազմէն առաջ ցուրտ, անծանօթ անուն մըն էր ան։ Երկու պատերազմներու միջեւ, այդ անունը այցուեցաւ ուրիշ կարեւորութիւններէ, որոնք դրական գօտիէն դուրս կ՚իյնան։ Յետոյ, ան ալ պիտի կրէր հակահարուածը արժեզրկման ընդհանուր տագնապի մը, որ գօսացուց մեր գրականութեան ոգին։

Չեմ զբաղիր, ուրեմն,

ա. Սեթեւեթով, որով կը տառապին արձակները Վ. Մալէզեանի, որուն հետքը ծանր, տրտում, զգալի է « Կերոններ »ը կազմող քերթուածներուն մեծ մասին մէջ եւ որմէ զերծ գրագէտ դժուար է գտնել գրական որոշ շրջաններու։ 1870–ին առանց լուսինի բանաստեղծ չկայ։ 1900–ին առանց ներկի տուփի՝ ոչ մէկ քերթող։

բ. Թեթեւութեամբ, որ մասնաւորապէս կը վիրաւորէ անոր արձակը։ Իր անունը տպուած տեսնելու դպրոցական փառասիրութիւն մը ենթադրելի չէր տառապակոծ Վ. Մալէզեանի մօտ, երբ կը գրէր « Տարագրի մը յուշատետրը »։ Բայց դժբախտ էր, հազիւ կամ բնաւ չայցուելէն դրական խղճմտութեան բարերար տագնապէն։ Սուրէն Պարթեւեան, ամէն օր պատնէշին վրայ, օրինակը կու տար այդ թեթեւսիրտ չարիքին։ Վ. Մալէզեան կ՚ընդունէր վարակիչ չարիքը։ Լրագրական պահանջներ, մարդկօրէն հասկնալի տկարացումներ (մեր տարեդարձները մեծ դեր ունեցան մեր գրողները չսաստելու չարագործութեան մէջ, անոնց լուսանկարները շահագործելու իրենց բնազդէն առաջնորդուած, անոնցմէ կորզելով էջեր, ուր գրագէտին տեղ անոր զարդարուն անձը կար միայն), քան թէ տաղանդի ճշմարիտ նուազում մը պատճառներն են սա թեթեւութեան։

գ. Անբաւականութեամբ, որուն ուղղակի պատասխանատուն կը մնայ, գրագէտին անձին չափովը ու թերեւս աւելի, մեր գրական հրապարակը։ 1900–ին արեւմտահայ գրագէտը, որ կ՚ապրէր Թուրքիոյ մէջ, կաշկանդուած է նիւթի տագնապէն, ու անտեղեակ ալ չէ թուրքին վճիռէն, մեր գոյութեան վերեւ, բայց մեր գրականութիւնը կերպը գտաւ չմեռնելու։ Բայց մոռնալու չէք ժողովրդական առածը, որ կ՚ըսէ « Ճնճուղն ալ կ՚ապրի, ոտքը բարակ »։ Թէ այդ անբաւարարութիւնը ինչո՞ւ չէ զարկած Վարուժանը, Մեծարենցը, Չրաքեանը, /232/ որոնք ժամանակակից դէմքեր են Մալէզեանին, հարցում մըն է, որ դարձեալ կը դնէ ծնունդին ու ստացումին, խառնուածքին եւ տիրումին անլուծելի տագնապները կրկէս։ Պատերազմէն ետք, Վ. Մալէզեան չէր կրնար ինքզինք ազատագրել մեր հոգին կործանող լքումէն։ 1930–ին, արեւմտահայ գրականութիւնը (Սփիւռքը բովանդակ) դժուար ըմբռնելի յղացք մըն է, ո՛չ միայն զանգուածին, այլեւ ընտրանիին համար, որմէ ոմանք կը շարունակեն գրել, ուրիշ բան ընելու անկարող ըլլալնուն։ Մեր հայրենիքին պաշտօնական գրականութիւնը հիմնովին կ՚անգիտանայ հոսհոսական այս շարժումը ո՛չ թէ որովհետեւ այդպէս ընելու վարժուած էր ան, շատ առաջները արդէն, այլ որովհետեւ Պոլիսը անհետացած է գրական կրկէսէն եւ Սփիւռքը արիւնաքամ է, օրուան հացին տագնապովը։ Ի՛նչ որ գաղթաuտանի մէջ իբրեւ գրականութիւն կը մշակուի, բան մըն է գրեթէ անկարելի։ Ատոր համար է, որ այդ գրականութիւնը ըլլայ անբնական, մասնակի, հերձուածային, գրեթէ զուրկ ներքին, համատարած ջերմութենէ, երազէ։ Հիմա, մեր մէջ կան անհատ ձայներ, անցեալէն պատմող ու մրմնջող, որոնց երկարող ականջները տակաւ կը պաղին։ Ու կան, տառապանքի մէջ արմատ առած հզօր հակազդեցութիւններ, ընկերային չարիքին խուլ, անողոք թուրին տակը գալարապիրկ ու անկարող։ Մեր երիտասարդութիւնը, որմէ պիտի հասնէր մեր գրականութեան մատաղ սպայակոյտը, գործարաններու իւղին ու մուրին, օրուան քրտինքին ու գիշերուան անձուկին մէջ ատելաւառ զգացումներու միայն ատակ եղաւ ու անիծեց իր երէցները, ինչպէս իր ցեղը։ Կը կարդանք այն մարդերը, ուրեմն, որոնք հին ձայներու մէջ խիստ, ամուր անհատներ եղան ու այն միւսները, որոնք կը յաջողին մարմին տալ մեզ չարչարող ցաւերուն համար իրենց երեւակայած, հնարած պայմաններուն։ Ու ասոնցմէ մէկը կը կարծեն զիրենք խնկողներուն սխալանքը խորանարդելով մխիթարուիլ (1915–ին այդ սերունդը քալեց իր սխալը [3] /233/ Կրնաք աւելցնել համայնավար պրոպագանդին մեզի արժած հռետորութիւնը։ Ու դիւրած կ՚ըլլաք մեր ներկայ իմացական քաոսին եթէ ոչ լիակատար հասկացողութիւնը, գէթ անոր մերձաւոր մտքի վիճակ մը, ոչ անշուշտ բոլորէն ընդունելի, բայց որոշ չափով բացատրող « Այգեկութք »ը . Նուրիկեան), « Ուրացումի եւ զղջումի երգեր »ը . Գլըճեան), « Արեւագալ » . Թոփալեան), « Յարալէզներու դաւաճանութիւնը » . Շահնուր) անուններու տակ մշակուող գրականութեան թաքուն ձգտումները։ Վահան Մալէզեանի վարկը անշուշտ աւելի հաստատ է այսօր, քան քառորդ դար առաջ։ Եթէ երբեք քիչ առաջ յիշուած գիրքերուն աստիճանովը չեն յատկանշական անոր հատորները, ատիկա չի նշանակեր, թէ անոնք վկայութիւններ չեն ուրիշ շրջաններէ։ Ըսի՞, թէ այդ հատորներուն հիմնանիւթը կը կազմեն անհատի մը տագնապները։ Ու մինչ Սփիւռքի ծերերուն համար ա՛լ աւլուած, անվերադարձ կործանած երազ մըն է առնուազն հարիւր տարի մեր իմացական ընտրանին խանդավառող, նախապատերազմեան մեր հոգեբանութիւնը, ու այդ Սփիւռքի երիտասարդներուն համար ալ անկարելի եղջերուաքաղ մը, զարմանալի չէ, որ գետին շահին անհատը կամ համամարդկայինը արտայայտող գործեր։ 1937–ին, Փարիզի քիչ շատ հայ մնացած իմացական շրջանակներու մէջ անկարելի էր լսել, այսինքն հանդուրժել Սիամանթօն, այսինքն այն ամէնը, որ այդ անունին տակ սանկ տաս-տասնհինգ տարի թրթռացուցեր էր արեւմտահայութիւնը ամբողջութեամբ։ Ոչ միայն տիեզերական եղբայրութեան մունետիկները կը քարկոծէին անոր յիշատակը, այլեւ իր երազակիցները յոգնած էին անոր փառքէն։ Բայց նոյն այդ շրջանակներուն մէջ Վահան Մալէզեանի վրայ հրապարակային բանախօսութիւն մը փարատոքսը կ՚իրագործէր բազմութիւններ համախմբելու։ Վ. Մալէզեան Ֆորէլ մը չէր անշուշտ, պահպանելու հետաքրքութեան յագուրդ տալու համար թանգարան ցուցադրուած։ Մարդիկ անոր մէջ գտան ձայն մը, անձնականութիւն մը, իրենց քանի մը խռովքները, պատրանքները, տառապանքները եւ /234/ վայելքները աւելի կամ նուազ ուժգնութեամբ վերստին իրենց ներսը արձագանգի հանող մը։ Ու վերը վերլուծումի անցած նուազումներն իսկ տեսակ մը հեռաւոր, չըսելու համար մեղաւոր հրապոյր մը կազմեցին այդ գործին շուրջը։ « Անհատին երգը », իբր շատ անսովոր բան մը, հեղինակութիւն կը ստանար։ Չեմ գիտեր, ներելի՞ է ինծի այս երեւոյթը մօտեցնել հիմնովին ներհակ ուրիշի մը, այս ալ Ամերիկայէն, ուր Խորհրդային մեր հայրենիքի փառքերուն ներբողը բաւ է բանաստեղծի եւ մեծ բանաստեղծի համբաւ չափիլ մարդոց, nրոնք հասարակ, չըսելու համար գռեհիկ, տաղաչափներ ծնան ու ապրեցան այդ անջնջելի կնիքին տակ, ուրիշ բան չըլլալու թշուառութեամբ։ Մարդ պիտի չզարմանայ, թէ ո՞ր սատանան կը միջամտէ, որպէսզի Կ. Սիտալ անունով լարախաղաց մը ինքզինք քերթող յայտարարելէ ետք, ներէ իր ո՛չ բարի տափակութեան, յանուն ապսպրուած իտէալներու, աղաւաղել մեր նուիրական, հազարամեայ աւանդութեանց հոգին, նորերգելու իր կատաղութեան մէջ, մեր նախնիքներուն վերագրելով անոնց հիմնովին օտար հոգեբանութիւն։ «Քսան տարի առաջ ես յայտներ եմ իմ զայրոյթը նման խաչագողութեան մը համար, երբ մեր ժողովուրդին ամենէն հարազատ մարմնառութիւններէն մէկուն՝ Մհեր ին, Աւետիք Իսահակեան անունով ուրիշ անկանգնելի տաղաչափ մը շուկայէն ռամկութիւն ծախու առնող ու տուն բերող հացկատակի մը տիպարը չամչցաւ հանդերձելու։ Բայց այս զիջումը, նման զեղծումներու հանդէպ, մեր երիտասարդութեան կողմէ, նոյնիսկ յարգելու համար այդ երիտասարդութիւնը, ստիպուած եմ մէկ մասը ընդունիլ նոր կարգերու սպասարկու հոգեբանութեան մը հաւաքական տագնապը, համամարդկային երազը, սա Երկրորդ Մեծ պատերազմին սարսափներուն ընդմէջէն անգամ մըն ալ տիրական լուծումներ իբրեւ, երբ կ՚առաջարկուին ապշահար բազմութիններու, նշաններ են, թէ « յայտնելոց է Որդին Մարդոյ »։

 

Այս նկատողութեանց տեղը չէ անշուշտ Վահան Մալէզեանին նուիրուած սա վերլուծականը։ Դժուար է սակայն վստահիլ արդէն բեկուած անօթի մը հաւանական տարողութեան։ Ներկայ ընդարձակ աշխատանքը, իր վերջին մասին մէջ . հատոր, Նորագոյն գրականութիւն 1920-1940) [4] լայնօրէն ընթացք պիտի տայ այդ ամէնուն։ Թերեւս արդարացնէք իմ աճապարանքը։ Ամէն պարագայի, /235/ Վ. Մալէզեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ, իր բովանդակ անբաւարարութեամբը, կը մնայ այս կարգի ընդհանրացումներ թելադրող գրողը։

 

« Տարագրի մը յուշատետրը » հատորէն դուրս Վ. Մալէզեանի խոստացած հատորը, « Հոգիի ձայներ » [5], որ հաւանաբար հաւաքածոն է անոր բոլոր արձակներուն ու քերթուած (արձակ), բնանկար, նորավէպ, մեծ մասը արդէն լոյս տեսած պարբերաթերթերու եւ օրագիրներու մէջ, քիչ բան պիտի աւելցնէր վերի նկատողութեանց, ժխտական ինչպէս դրական տեսակէտներէ։ Կարդացի վերստին անոնցմէ շատերը, գլխաւորաբար նորավէպ տարազին տակ ապաստանածները։ Այդ մասին քիչ վերջը։ Ատկէ առաջ իմ կատարեալ անտարբերութիւնս՝ այն «անհամար» յօդուածներուն դիմաց, զորս անոր գրիչը տարտղնած է քառասուն ու աւելի տարիներէ ասդին, մեր մամուլին մէջ։ Թէ անոնք լաւագոյն բարեկամեցողութեան մը, օգտապաշտութեան մը, խելքի մը վկայութիւնը կը կազմեն, չունիմ առարկութիւն։ Չեմ ալ տարակուսիր, թէ անոնց մեծ մասին մէջ ներկայ ըլլայ ամենէն comprehensif (ինչպէս չի վարանիր կասկածելի դատումներու մարդը, Սուրէն Պարթեւեան, որակել) միտքը, չըսելու համար համապարփակ իմացականութիւն մը։ Այս վճիռէն երբ կատարուի թեթեւ շողոմին զեղչը, Պարթեւեանը սպաննող հաշուեխոյզ հետաքրքրութեան բաժինը, դարձեալ կ՚ունենանք մտքի մարդու մը կենդանագիրը մեր առջեւ, բայց սա տարբերութեամբ, որ այդ շրջանէն մեզի գալիք բուն թելադրանքը, խմբագրական կամ ուսուցչական աշխատանք մը ստանձնած մարդուն, կը պակսի այս անգամ։ Յայտնեցի, թե ինչ կ՚արժէր Հ. Բ. Ը. Մ. ի օրկան « Միութիւն » ամսաթերթը: Գործնական կարիքներու դիմաւոր՝ այդ հրատարակութիւնը ձրի սպառում մը պիտի ըլլար ամենէն անսպառ մեղքին համար ալ ու եղաւ։ Մալէզեանի յօդուածները ազգային, քաղաքական, կուսակցական հարցերու շուրջ ունին հիմնական պակասութիւն մը անոնք քիչ մը վեր են առօրեայէն, այսինքն կը` յաւակնին մտածել, բայց մտածումով մը, որուն գնացքը, ջերմութիւնը խմբագրական /236/ ձիրքերով չեն ապահովուիր։ Ու այս է պատճառը, որ մենք կարդանք զանոնք ու չտպաւորուինք, մենք՝ երբ սովորական ընթերցող մըն ենք, ոճի, տրամաբանելու քիչ մը պիրկ բռնուածքէն սրտնեղած։ Խմբագրին առաջին շնորհը իր ընթերցողներուն միջինին պէս ու չափ մտածելուն, մանաւանդ այդ մտածումը այդ ձեւով արդարացնելուն մէջ կը կայանայ։ Այս նկատումը կը լուսաւորէ անհուն վարկերը, Կ. Իւթիւճեանի մը, Մ. Մամուրեանի մը, Բիւզանդ Քէչեանի մը։ Միւս կողմէն, այդ հարցերուն էապէս վիճելի հանգամանքը ընտրանիին մէջ հարկադրաբար պիտի ունենայ այլազան անդրադարձ, ծնունդ ըլլալով խորունկ կիրքերու, բուռն հակառակութիւններու։ Ասկէ դուրս, փաստաբանի կամ վարչական պատուիրակի իր ապահով աթոռէն անոր կատարած միջամտութիւնները հանրային վէճերու մէջ պիտի ընդունուին՝ դուրսէն, առնուազն փորը կուշտ, իր կային ապահոված մարդու խօսքեր։ Քառորդ դարէ ի վեր ան կը պատկանի ազգային ու ազատական կուսակցութեան մը։ Ունէր զօրաւոր ընկերներ։ Կը վայելէր վստահութիւնը մեր քաղքենիին։ Եւ սակայն այդ կուսակցութիւնը իր գերազանցապէս օգտապաշտ նպատակներուն գեղեցկութիւնը չարժեւորեց [6] ։ Վահան Մալէզեան կողմ/237/նակի ձայն մը մնաց։ Յօդուածներու շեղջակոյտը յարդին բաժինն է իր գործին մէջ։

 

Քիչ վերը ես յիշեցի իր նորավէպերը, որոնց ճակատագիրը կը թուի զարտուղիլ քերթուածներուն ճակատագրէն։ Իմ պատանութեանս, այսինքն այս դարուն սկիզբը, անոնք տարօրինակ գրութիւններ էին։ Դեռ մտքէս չեն ելած այդ օրերու իմ խռովքներս, որոնք իր այս էջերը կը բանային իմ ներսը։ Տեղ մը Սուրէն Պարթեւեան կը գրէ իր հիացիկ ու պատկառոտ նայուածքը, 1890–ի շրջաններուն, Վ. Մալէզեանի ետեւէն, Մօտա (Պոլսոյ մէկ հրուանդանը եւ անոր հարթ սարին ճեմավայրը), խուլ ձգողութեամբ մը, որ նման էր իմ ալ տպաւորութեանս։ Վ. Մալէզեան, կը կրկնեմ, իմ պատանութեանս վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցող գրագէտը եղաւ։ Երբ կ՚աւարտէի մէկը անոր վիպակներէն, նուրբ, անսովոր, հիւծանուշ ու տխուր, որոնց շատին տիպարները դատապարտուած մարդեր էին, թոյլ ու խոր սարսափներու մէջէն մահուան ծովերը ճամբայ ինկած, վախով ականջ կու տայի թոյլ ու խոր սարսափներու իմ մէջս։ Դուրեանի հետ իմ մէջ տարիներ ապրեցաւ հիւծախտը, գէթ անոր կարօտը, գրական ռոմանթիզմը կեանքի ռոմանթիզմով մը վաւերագրելու կարօտը։ Վ. Մալէզեան զգայութիւններու ռոմանթիզմ մը կը թելադրէր ու իմ համբակ տղու ջիղերուն վրայ անլուր խռովք մըն էր ատիկա։ Հիմա կը մտածեմ, որ քիչ շատ աղ ստացած, խորհրդանշանի վերածուած այդ պատմումը տկար էր այդ օրերու պատանութեան, որ հիւծասպառ (ամէնքն ալ կու գային 1895–ի ջարդերուն մէջէն), չէր հասկնար Զօհրապի արու, լեցուն, հաստատ տիպարները, շքեղ կիները, բոլորն ալ պոլսեցիներուն վայելքին տրամադրուած։ Ու նոյն գինով, այդ պատանութիւնս շատ տժգոյն, շատ շինծու կը գտնէր Տ. Սիպիլի կիները, իր նորավէպերուն մէջ։

Ու ահա տարօրինակը։ Վահան Մալէզեանի քերթողութիւնը, հակառակ իր խոշոր թերութեանց, շահած է ժամանակը, գէթ այս է իմ տպաւորութիւնս։ Տարբեր է ճակատագիրը անոր արձակ քերթողութեան, որ արդէն մեռած է։ Ուրիշ, դարձեալ՝ ճակատագիրը անոր վիպակին, ուրկէ թռած է անվերադարձ հեշտախտաւորը, բոյրը, մինակ ձգելով կմախք մը։ Ծաղիկնե՜ր, որոնցմէ ինկած ըլլար իրենց հոտը։

Վ. Մալէզեան դեռ չէ անցած ժամանակին փորձէն։


 



[1]     Խօսքը ուղղուած է Աստուծոյ:

[2]     Փուքըր = փոքր։ Էշխ = սէր։ Եիս = ես: Ջունուն = Խենթացած։ Եանա–եանա = այրելով։ Լուր = լորամարգ։ Թէգուզ = նոյնիսկ։ Դարդ = վիշտ։ Հիւքմի-հեքիմ = վճիռը տուող, դատաւոր։ Շահ = թագաւոր: Զալում = անգութ բռնաւոր: Հէնչաք = այնչափ, բաւ է որ։ Շաղ տալ = թրջել (արցունքով)։

[3]     Ի՛նչ դժնդակ ժողովուրդ մըն ենք, պայծառ իրականութիւնը յամառելով չտեսնել, մեր գլուխները պատէպատ կը զարնենք, հասկանալու համար անհասկանալին (մեզի համար)։ Մեր առաջաւոր երիտասարդութիւնը, մեր ցեղին բոլոր բարութիւններուն շտեմարան, երբ կ՚իյնար ամենէն անողոք վճիռի մը ներքեւ, դեռ չէր համոզուած բլուր մը անդին իրեն սպասող վախճանին: Ու այդ երիտասարդութենէն ազատուած փոքրամասնութիւն մը այսօր անմարդկային տգեղութիւնը կ՚ընէ այս մահուան հեղինակ նոյն այդ երիտասարդութիւնը նկատելու: Այս մտավիճակը` դուրս է դատումին հասողութենէն։ Ժողովուրդները կ՚անցընեն նման տագնապները: 1940–ի Ֆրանսան, զոր այնքան յուզիչ հեգնութեամբ մը Վիշիի կառավարութիւն կը կոչեն, տարբեր պատկեր մը չի պարզեր հոգեկան անկումի։ 1941–ի հայ երիտասարդութիւնը դեռ կը շարունակէ մեզ ջարդողները արդարացնել մեր յիմարութեամբը։ Չեմ գիտեր: Կտրուած Փարիզէն, ուր ամենէն աւելի ամուր էր այդ լրբութիւնը, կտրուած Երեւանէն, որ գրեթե միշտ մեզ ուրացած է, Սփիւռքի վայրավատին ուժերը կը ջանան մշտնջենաւորել սա հոգեկան թրքութիւնը, իրար հերքելու, հալածելու մէջ դնելով անլուր խանդ ու կատաղութիւն:

[4]     Օշականի այս խոստումը մնացած է անկատար։ (– Ծանօթ. հրատարակչութեան)։

[5]     «Հոգիի ձայներ»ը (արձակ) լոյս է տեսած 1949–ին, Փարիզ։ Մալէզեան լոյս է ընծայած նաեւ իր «Կարապի երգը» (ոտանաւոր), դարձեալ 1949–ին, Փարիզ։ Ծանօթ. հրատարակչութեան։

[6]     Ինքզինքս գրականութենէն դուրս չեմ զգար, երբ ընթացք կու տամ սա նկատումներում: Մեր օրերուն, ուզենք թէ չուզենք, գրականութիւնը աշտարակի մարդոց զբաղում մը չէ։ Ինչ որ սերունդ կը կոչենք, խումբն է մարդոց, որոնք իրենց ժամանակը յուզող խնդիրներուն դիմաց կեցուածքի որոշ նոյնութիւն մը կը պարզեն: Չունեցանք դաշնակցական կամ ռամկավար գրականութիւն մը։ Ասիկա բարիք մըն էր անշուշտ: Բայց չարիք մըն էր, որ մեր լաւագոյն գրագէտները եղան դաշնակցական կամ ռամկավար, այսինքն իրենց ուժերուն լիութիւնը սպառեցին՝ ստեղծումի օտար նպատակներու իրագործման։ Վ. Թէքէեանի կէս դար տեւող խմբագրութիւնը այդ պատուական տաղանդին արժեց հաւանաբար քանի մը տասնեակ հատոր վէպ, որոնք սահմանուած էին մեր գրական ժառանգութիւնը բազմապատկելու իրմէն, այլապէս տիրական գեղեցկութեամբ մը։ Ի՛նչ շքեղ տաղանդ մըն էր Ս. Պարթեւեան, ու ի՛նչ ահաւոր չափով մը ինքզինք սպառեց լրագրական ծանծաղուտին մէջ: Ու ասիկա ճիշդ է եղերօրէն Ռ. Զարդարեանին, Արփիարեանին, Հրանդին բոլորն ալ մեծատաղանդ մարդեր, բայց որոնցմէ մեր ունեցածը այնքան քիչ կը թուի մեզի այսօր, բաղդատուած իրենց շնորհներուն։ Հաւաքական աշխատանքին մէկ ուրիշ երեսը հաւաքական սպառումն է։ Այսօր չունինք իմացական հոսանքներ, գէթ այն չափով, որով կային անոնք 1885–1890–ի օրերուն։ Կուսակցութիւնները (մեր գրական գործին վրայ) առին մեր ուժին սէրը ու չտուին փոխարէն բան մը, որ արժէր այդ զոհողութիւնը։