Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. [ԽՄԲԱԳԻՐԸ, ՎԻՊԱՍԱՆԸ, ՔՐՈՆԻԿԱԳԻՐԸ, ՀԱՒԱՔՈՂԸ, ՔՆՆԱԴԱՏԸ, ԵՐԳԻԾԱԲԱՆԸ, ԾԱՂՐԱՆԿԱՐԻՉԸ …]

/294/ Լրագրական փառասիրութիւն՝ պաշտպանուած դառնագոյն ապրումներու հակահարուածէ մը (իր խորագոյն եսին մէջ) Արամ Անտոնեանը երախտաւոր դէմքերէն մէկը կ՚ընծայէ արեւմտահայ գրականութեան ու կը հաւատամ՝ ամբողջ հայութեան։ Ի վերջոյ, ինչպէս դիտել տուի այս ուսումնասիրութեան մուտքերուն, 1915–էն մեզի եկած ամենէն իրաւ վկայութիւնները կը կազմեն « Այն սեւ օրերուն »ը եւ « Մեծ ոճիրը »։

Բայց Արամ Անտոնեան է նոյն ատեն շատ ծփուն, անսեւեռելի, բազմաշխատ ու առատապարգեւ գրողի տիպար մը։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ քիչ դէմք՝ որ խոր հետաքրքրութիւնները խուզարկէին քանի մը ծանրածանր հոգեխառնութիւններ։ Արդ, մեր 1900–ը, իր թելադրած բոլոր տկարութիւններով, գրական իրողութեան մէջ երեւան բերած բոլոր կապերով, զառածումներով, մեղքերով, դարձեալ իր ամենէն հարազատ արտայայտութիւնը կը գտնէ այս մարդուն մէջ, տարբերութեամբ մը սակայն։ Այդ 1900–ին կիսաստուածն է Յովհաննէս Ասպետ, որմէ արեւմտահայ գրականութիւնը մեղքեր միայն ժառանգած է։ Այն քիչիկ մը բարին, արժանաւորը, որոնք սերունդի մը համար կը դառնան հրամայական, մենք ի զուր կը փնտռենք այդ շփացած իմաստակին մեզի ձգածէն, ուր հասարակ, ժողովրդական օտար թերթերու եւ հանդէսներու (օրինակի համար՝ Je sais tout, Les annales politiques et littraires) խոհանոցին մէջ հասակ առնել աշխատող, բայց միշտ գաճաճ մնալու դատապարտուած միտք մը աժան–աժան փոխադրումներու կը մարզուի ու կ՚անցնի մեծ գրագէտ։ Այդ քիչիկ մը բարին, արժանաւորը ես չեմ գտներ դարձեալ Ենովք Արմէնէն գլխաւորուած սուտումուտ կիներու կամ երիտասարդներու այսօր հիմնովին մեռած արդիւնքներուն մէջ։ Ու, միշտ այդ քիչիկ մը բարին, արժանաւորը կայ Արամ Անտոնեանի մեզի ձգած գրական նիւթեղէնին մէջ։

 

/295/ Արամ Անտոնեան խմբագիր մըն է, վիպող մը, քրոնիկագիր մը, պատմիչի մը հովերովը բեռնաւոր ու հինին հանդէպ զգալի ախորժակով մը օժտուած հաւաքող մը։ Ու գիտնալու էք, որ 1900–ին չկայ գրիչ շարժող մը, որ քննադատ մը չըլլայ։ Արամ Անտոնեան գիրքերու, դէմքերու, շարժումներու վրայ ունի խորհրդաւոր յօդուածներ, զանազան ու զարմանազան օրագրութիւններով, թիւով շատ աւելի քան շրջանին պաշտօնական քննադատ Արտաշէս Յարութիւնեանի գրածները։ 1909–էն ետք անոր գրականութեան մէջ ուրիշ երակ՝ երգիծանքը, որ համով, լիրբ, շնական այդ մարդուն կը վայելէր ինչպէս վերարկու մը՝ մոլլայի մը։ Իր « Խարազան »ը, իբրեւ ծաղրանկար ու սրամտութեան հանդէս, իր նմանը չունի, ըսի անգամ մը։

Ուրեմն.

ա. Արամ Անտոնեան ի պաշտօնէ ԽՄԲԱԳԻՐ մըն է, ինչպէս են ասոր մօտիկ բան մը շրջանին բոլոր գրիչ բռնողները։ Կորով, յանդգնութիւն, գզուըտուքի ախորժակ, թափանցում, հոտառութիւն, գայթակղութիւնը շահագործելու մէջ առաջնակարգ ճարտարութիւն, յարձակողական բուռն կիրքեր, որոշ հմտութիւն, որոշ ազատութիւն միտքէ, ոգիէ, խածանութիւն, ինքնատպութիւն մտածելու, ապրելու, գործելու այն օրերուն շատ կաղապարեալ պայմաններու ընդդէմ, աշխոյժ ոճ ու տաքուկ խառնուածք ։ Ասոնք էին այն քանի մը հիմնական նկարագիրները, որոնք անոր անունը պարտադրեցին մեր հրապարակին։ Ինչպէս դիտեցիք անշուշտ, ես չյիշեցի այս կարկառուն գիծերու շարքին՝ լրջութիւն, հաւատաւորութիւն, համարում, կեցուածքի պնդութիւն ու յարատեւութիւն, հանրային իրողութեան հանդէպ՝ պատկառանք, լայն զարգացում, գործնականին` ամուր զգայարանքն ու զգացողութիւնը, պարկեշտութիւն, արիութիւն, զոհաբերում ու նուիրում, իմացական գործիչը անձնաւորող, մասնաւորող նկարագրի առաքինութիւններ, որոնք մեր խօսքն ու գիրը կը պաշտպանեն։

Շարեցէ՛ք այս յատկանիշները առանձին–առանձին սիւնակներու մէջ իրարու, ներքեւ: Արամ Անտոնեան անշուշտ առաջին սիւնակին պսակաւորը պիտի ըլլար։ Երկրորդ սիւնակին յատկանիշներէն ոչի՞նչ։ Արամ Անտոնեան իբրեւ մարդ պոհեմ մըն է, այս բառին խտացուցած խորհուրդին համար թերեւս ամենէն արժանաւոր անունը։ Այդ պոհեմը չէր Եղիա, որ ապրեցաւ ասոր պայմանները, բայց կիսախելագար իր վիճակին մէջ պահեց գրականին հանդէպ աննահանջ, աննուազ իր պաշտամունքը։ Այդ պահեմին մօտիկ մէկն էր Վահան /296/ վարդապետ Պարտիզակցի, մեր գրականութեան մէջ շատ երախտաւոր անուն մը (որմէ « Անգիր դպրութիւն եւ առակք »ին երկու հատորները ո՛չ միայն հարազատ էջերն են այդ գրականութեան, այլեւ կը ծառայեն աւելի մասնագիտական ախորժակներու, ըլլալով մօտիկ Պոլիսին կարգ մը ցեղային գիծերը համադրող տախտակներ, շատ աւելի լուրջ, հանգամանաւոր քան մեծ գրողի վարկին բարձրացած Չերազի L՛Orient inedit-ն)։ Ու զուգորդօրէն կը ներկայանան միտքիս Արփիար Արփիարեան, Երուանդ Օտեան, երկուքն ալ թերթին, թուղթին, մելանին հեշտանքներուն մէջ կազմած իրենց անկործանելի անձնաւորութիւնները, այսինքն իրենց նկարագիրներուն մէկ շատ կարեւոր կողմերը։ Բայց Արփիարեան լուրջ կիրքեր ունէր ու կը յաւակնէր այս ազգը փրկել։ Երուանդ Օտեան եղաւ աւելի ծանր կիրքի մը գերին։ Ապրեցաւ, գրեց ալքոլին մէջ ու ալքոլին համար։ Երկուքն ալ ընկերութեան լուսանցքին վրայ, այդ ընկերութիւնը զբաղեցուցին իրենց տաղանդովը, կ՚ընդունիմ, բայց չեղան հիմնովին ձերբազատեալ, մերկ կծիկը ջիղերու, որոնք Արամ Անտոնեանի յօդուածներուն թեզանը կը յօրինեն, եթէ կ՚ընդունիք այս նմանութիւնը։ Մարդիկ Օտեանը կը կարդային ու անոր օրերուն դաւերը իրենց կը ներէին պարագայ, որ հոմանիշ է Արփիարեանի խորունկ դերին, գէթ պտտցուցած լրջութեան։ Արամ Անտոնեան ամենէն շատ կը յիշեցնէ Սուրէն Պարթեւեանը, առանց այս վերջինի ժանտ սայթաքումներուն, ընթացիկ բարոյական զգայարանքը ծանր կերպով վիրաւորող։ Ու, ինչպէս որ Սուրէն Պարթեւեան չէր վարդապետեր, այդ տեսակ դերէ մը իր վարդապետական զզուանքին պատճառով, Արամ Անտոնեան ալ երբեք չքրմացաւ ու դուք գիտէք, որ քուրմերը հաւատքին խորհրդանշանն են հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ « Համապատկեր »ը չունի հետաքրքրութիւն մեր հրապարակագիրներու գործունէութիւնները վերլուծելու: Չեմ զբաղած Իւթիւճեանով, Խօճասարեանով, Կ. Փանոսեանով եւ աւելի հանգամանաւոր Բիւզանդ Քէչեանով ։ Մեր լրագրութեան պատմութիւնը պիտի դարմանէր այս թերացումը։ Բայց մեր գրականութեան իրենց սպասը այլապէս կատարող բոլոր անուններուն համար ես կը յատկացնեմ երբեմն ընդարձակ էջեր։ Արամ Անտոնեան այդ 1900–ի խմբագրական անձնակազմին մէջ կը ներկայանայ, իր թերութիւններուն բոլոր մթերքովը, այո՛։ Բայց կը պարզէ, նոյն ատեն, այդ թերութիւններով երաշխաւորուած առաջաւոր երիտասարդութիւնը։ Չունեցաւ դեր մը մեր հանրային կեանքին յեղաշրջումին մէջ։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց ո՛րն է այդ շրջանին մարդը, որ թերթի մը գլուխը անցած, ունենար որեւէ ազդեցութիւն այդ կեան /297/ քին վրայ ։ Անշուշտ խենթեր չէին անոնք, որ օրագրի, պարբերաթերթի պէս առնուազն առեւտրականօրէն լուրջ, ծանրարդիւն ձեռնարկները կը վստահէին այս մարդուն։ « Սուրհանդակ », « Արեւելք » ունեցան իրմէ խմբագրապետուած տարիներ։ « Արեւելք »ի իր « Աջ ու ձախ »երը ստեղծեցին որոշ ալ յուզում։ Ըսի, թէ զուրկ էր խմբագիրը հանդերձող էական յատկանիշէն բարոյական խառնուածքէ, որ միս-մինակը երբեմն մեզի կ՚երաշխաւորէ, եթէ ոչ հաւաքական, գէթ մասնական մեր դերը։ Համբարձում Ալաճաճեան մը մեծ մարդ մը չէր, բայց իր « Փունջ »ը ապրեցուց՝ ըսել կ՚ուզեմ, յաջողեցաւ այդ անկանոն լոյս տեսնող չորս թերթերուն վրայ պահել որոշ շահեկանութիւն։ 1880–ի մարդերը նկատի չունիմ իբր եզրեր առաջարկելու։ Մեր 1900–ը ուրիշ աշխարհ մըն է, բոլորովին ուրիշ հոգեբանութեան մը հետամուտ: Այդ հոգեբանութիւնը ազգային հոգեբանութիւն մը, ժողովրդապաշտ ախորժակներ, վերանորոգչական փառասիրութիւններ չի կրնար պահանջել իր թերթերէն, որոնք տնտեսական ձեռնարկներ են, աւելի կամ նուազ հասոյթներով։ Անտոնեան, Տիգրան Արամեան (խմբագիր՝ « Ճէրիտէի շարգիյէ » թրքաբառ հայաթերթին անունով աշխատաւորի մը մահը գուժող քրոնիկի մը մէջ Լոյս », 1903) կը թելադրէ այն յղփացած վիճակը, որուն հայթայթումին համար այդ մարդուն աւելի քան քառորդ դարը սպառեցաւ, թերթին տէրերուն պալատական կենցաղին դիմաց, թերթին հոգիին, իրական գործաւորին ցամաք հացերու ողբերգութիւնը արիութեամբ պոռալով։ Բերայի ամենէն կարեւոր մէկ կեդրոններուն մէջ « Բիւզանդիոն » հայաթերթը (1896-1915) իր տիրոջը՝ կեսարացի Բիւզանդ Քէչեանի անուան բարձրացուց մեծակառոյց խումբը յարկաբաժիններու։ « Արեւելք »ի տէրերը բարձր անձնաւորութիւններ էին, քաղաքականապէս շատ ամուր, ընդարձակ, հոգ չէ թէ ազգային տեսակէտով կասկածելի յարաբերութիւններու հանդէսով մը ուշագրաւ։ 500 օրինակը չանցնող « Մանզումէ »ն Քասիմի խմբագրապետութեամբ կը բարձրանայ 3. 500–ի։ Ու մի՛ մոռնաք, որ այս թերթին լեզուն թուրքերէն էր։ Թերթերը՝ տնտեսական ձեռնարկներ, էին նոյն ատեն մութ հաստատութիւններ, շրջանի մը, ուր ազգային կեանքին վրայ կ՚իշխէր ծանրագոյն մղձաւանջներէն մէկը մեր պատմութեան։ Ջարդերուն հետեւորդ ցայգալուսային հոգեբանութիւն մը իր տրտմութեանց խորը ծնունդ պիտի տար այն տղոց, որոնք ամէն տասնհինգ-քսան տարին հեղ մը, կը նորոգեն մտաւորականութեան մը դիմագիծը, ըսել կ՚ուզեմ սերունդ մը կ՚ըլլան, ասկէ անկէ հաւաքուած միտքերուն պարտադրելով ընդհանուր կաղապար մը, քանի որ անոնց /298/ հոգին արդէն իր արմատները ունի ժամանակին ընդհանուր յատակին խորը։ Մարդիկ կը մատնէին ու էին նոյն ատեն ազգին ամենէն պատուաւոր բարձրագահ փառքերը, փաշա, իշխան, երեսփոխան, եպիսկոպոս, առեւտրական եւ այլն։ Մարդիկ կը խաբէին ու նոյն ատեն կը վարէին իմաստուն, խլրդօրէն մագիստրոս արարածներու լրագրական ձեռնարկները։ Ո՛չ միայն Բիւզանդ Քէչեանը ուժ մըն էր, այլեւ Երուանդ էֆէնտի Տեր–Անդրէասեանը, որ « Մանզումէ »ի « Նայէ-Ֆրայէ Փրէս »էն իր թարգմանութիւններով մեծ դիւանագէտ մըն էր ու ազդեցիկ անձնաւորութիւն։ Մարդիկ կը սպառնային այս ու այն եկեղեցականին, իշխանաւորին, մեծահարուստ ջոջին առտնին գայթակղութիւնները հրապարակ թափելու ու էին նոյն ատեն հանդէսներու, թերթերու, համախմբումներու մէջ ամենէն պատկառուած, մեծարուած, շփացած մեծութիւններ։ Ու ասիկա այսպէս, գրականութեան դաշտին երեսէն, ուր ամէն տաղանդաւոր տղայ պարտաւոր էր այս ու այն մենաշնորհեալին պաշտպանութիւնը նախօրօք ապահովելու։ Եւ որովհետեւ թերթերու տէրերն ու տնօրէնները միշտ խոշոր ազդեցութիւններու կեդրոններ էին նոյն ատեն (պետութենէն, ազգային շրջանակներէն, կիներէն, հարուստներէն, մութ ուժերի շահագործուած) անոնց ձեռքին տակ աշխատաւորները, եթէ երբեք օժտուած էին քիչիկ մը ընթացիկ առաքինութիւններով քսութեան, խառնակչութեան, ինքնաբերաբար կը բարձրացնէին իրենց ստորագրութեանց կշիռը։ Արամ Անտոնեան մեծ մարդ մըն էր, հազիւ քսանամենի, վասնզի « Արեւելք »ի մէջ աջ ու ձախ հարուածելը կը վայելցնէր իր վերը յիշուած շնորհներուն։ Յետոյ, միշտ այդ 1900–ին, մեր ժողովուրդը, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, վախին մէջ էր լուրջ, ուշագրաւ շարժումներու, այսինքն ասոնց հետամուտ թելադրութիւններու։ Ու չունէին գոյութիւն ծանր, ծաւալուն, հասարակաց տագնապները կանխող սերունդին։ Գրիչը վտանգաւոր կը դառնար, ծիծաղելի, վնասակար, յիմարական ըլլալէ ետք։ Այդ է պատճառը, որ հանրային դերէ մը չյաճախուած մարդեր կոտրէին, թափէին, պատգամէին, ճառէին, գովէին ու պարսաւէին, իրենց ըրածին բացարձակ այլուրութեամբ մը։ Այս հանգամանքներուն մէջ միջազգային քաղաքականութիւնը թէեւ վտանգաւոր, բայց վարպետորդի թարգմանիչի մը գրիչին տակ, կը դառնար մեր թերթերուն սիրական մարզանքը։ Գերմաներէն ու ամենէն կանուխ հասնողներն էին վիեննականները օրաթերթերու քաղաքական տեսութիւնները։ Ֆրանսականներու համով ու նուրբ ֆանթեզիները։ Անգլիական մեծածաւալ օրաթերթերուն խմբագրականները։ Ասոնց քովն ի վեր, երբեմն–երբեմն հո/299/գեւորականներու պատրաստութիւնը, պատասխանատուութիւնները։ Գաւառներէն տէրտէրի, թաղականի, վարժապետի հարցերը, եպիսկոպոսացողներու կենսագրումը, Արմաշականներու վրայ պարսաւ կամ գովեստ։ Մեր հանրային կեանքին սա ծիրով նեղնալը դիւրացուց անշուշտ, որ վարժապետներ, պաշտօնեաներ, Արամ Անտոնեանի, Միսաք Քօչունեանի նման քարտուղարներ իրենք զիրենք թերթերու գլխուն գիտնային, կարենային արժեւորել։ Էջեր անբաւական պիտի գային այդ մամուլին մեծ գիծերը սեւեռելու։ Կը ծանրանամ գրականին վրայ, որ կը պատկանի արդէն « Համապատկեր »ի հետաքրքրութեանց։ Յօդուած գրելը միայն խմբագիրներուն մենաշնորհը չէ։ Վարժապետներ, բժիշկներ, քարտուղարներ, առեւտրականներ, եկեղեցականներ (մեծ մասը արմաշական վարդապետներ), դեղագործներ իրենց սրբազնագոյն փառասիրութիւններէն կը նկատեն իրենց ստորագրութիւնը տպագիր պտըտցնել։ Չեմ պատմեր խելայեղ ուրախութիւնը մեր գիւղի մէկ վարժապետին, որուն մէկ թղթակցութիւնը լոյս էր տեսած պոլսական թերթի մը մէջ։ Այդ իսկ փառքով ան անձնաւորութենէ մը աւելին էր։ Բայց բոլորին մէջ հետաքրքրականը գրական հարցերու շուրջ խորունկ սէր մը։ Բանաստեղծութի՞ւն։ Բոլո՛րն ալ։ Չեմ կարծեր, որ Արամ Անտոնեան կրցած ըլլայ զերծ մնալ այդ յիմարութենէն։ Քննադատութի՞ւն։ Բոլո՛րն ալ, մեծն ու պզտիկը։ Գաւառացի վարժապետ մը, Յովհաննէս Գազանճեան, իր մենաշնորհը կը նկատէր տարիին մէջ լոյս տեսած գիրքերը ցուցակագրել։ Գրական տարին օրաթերթերու բացառիկ թիւեր (ընդհանրապէս նոր տարին առիթով), հանդէսներ կը սնուցանէր խուռն կեանքով մը։ Մարդիկ (գրողներ) զիրար գովելու արարքը ազատագրեր էին ութսունի մարդոց միամտութիւններէն ու մեծ անուններ, օտար գրականութիւններէն, կ՚ընտրէին իրենց պզտիկ անուններուն իբրեւ փարավան: Խօսեցայ, որ Թէոդիկ, Տոմինօ, Չիֆթէ–Սարաֆ ինչ դիւրութեամբ կը կենդանագրէին ( վայրկենական, կէս-վայրկենական կենդանագիրները մինակ վերնագիրներ չէին, այլեւ հոսհոսութեան շքեղ, որքան տրտում փաստեր)։ Արշակ, Լեւոն Մեսրոպ, Լեւոն Քիրիշճեան, Յակոբ Ճօլօլեան . Ճ. Սիրունի), Մ. Ուղուրլեան, Ա. Նաւարեան, երկրի գրագէտները, մալկարացի գեղեցկագէտ—քննադատը, Մուշի Գալուստ Անդրէասեանը կը խօսէին մեր ու օտար գրագէտներէն մեծ ձեռնհասութեամբ։ Եդուարդ Գոլանճեան, Ռուբէն Որբերեան թէ՛ կը քերթէին, թէ՛ կը դատէին։ Մերուժան Պարսամեան, Ենովք Արմէն, Հրանդ Նազարեանց, Վահրամ Թաթուլ, Միսաք Մեծարենց, Տիրան Չրաքեան, Զապէլ Եսայեան, Սիպիլ, Ա/300/նայիս, Զարուհի Գալէմքեարեան, Գեղամ Բարսեղեան, Միքայէլ Շամտանճեան կարճ՝ բոլոր նորեկները, միջակները, տարեցները առնուազն քննադատներ էին։ Արամ Անտոնեան այս եռուզեռի՞ն մէջ։ Անշո՛ւշտ։ Իր թերթերը, հանդէսները, հետաքրքրութիւնները, հարազատ խմբագրական խառնուածքը ի խառնակչութիւն, զայն կ՚ընեն ամենէն կրքոտ, խանդավառ, փնտռուած, հալածուած jeune premier–ն, փոխ առնելու համար թատերական բացատրութիւն մը։ Արամ Անտոնեանի գրական հասկացողութի՞ւնը։ Առնուազն Ենովք Արմէնի չափ, որ իր հերթին քանի մը տարի « Մասիս »ի խմբագրապետութիւնը քրմապէս վարած է, անմոռանալի անուն մը ապահովելով իրեն, Մեծարենցի դէմ իր աղտոտ որակումներուն փառքովը։ Առնուազն Տիգրան Արփիարեանի չափի, որ գրական քաղաքականութիւն մը կը վարէր անգլիացիներուն policy–ին չափ ներդաշնակ ու հեռահայեաց։ Առնուազն Միքայէլ Շամտանճեանի չափ, որ 1898–ի «Մասիս»ին մէջ Անտոնեանի ու Արտաշէս Յարութիւնեանի քրքիչներովը գրոհ կու տար Եղիայի համբաւին։ Ու 1900–էն ասդին մինչեւ 1908–ի « Լոյս »ի իր խմբագրապետութիւնը Արամ Անտոնեան հարիւրաւոր, չըսելու համար հազարաւոր քրոնիկներ, պարսաւներ, քրոնիկներ, կենդանագիրներ, ընդհանուր ու մասնակի եզրերու շուրջ (անշուշտ գրական) տեսութիւններ ստորագրած է։ Չեմ երթար առաջ իր անպատրաստութիւնը, կրքոտութիւնը, լրբութիւնը, կողմնակցութիւնը իրեն ընդդէմ իբր հակազէնք գործածելու։ Ոչ ոք՝ որ ըլլար այդ մարդոց մէջէն, հանդերձուած իր դերին, որպէսզի նման պահանջ մը բանաձեւէր իր հասցէին։ Արամ Անտոնեան ո՛չ միայն ողջամիտ գաղափարներու համար որոշ զիջում մը պիտի ընէր, այլեւ պիտի զգար, բնազդական իմաստութեամբ մը կարգ մը փառքերու կամ ոտքերը, շատ կանուխէն։ Արտաշէս Յարութիւնեանի համար իր արհամարհանքը փաստ մըն է, ո՛չ անշուշտ նկարագրի։ Մալկարացի քննադատը իրեն հաւասար էր օրուան բարեխառնութիւնը արձանագրելու։ Արամ Անտոնեան զայն երբ հողմացոյցի մը կը նմանցնէ, անուղղակի կերպով իր պատկերը կը թելադրէ հովին հետ կարծիք փոխող քննադատը դատափետած ատեն։ Ըսի, թէ հալածած է Չրաքեանը, որուն գործին շուրջ ստեղծուած գայթակղութիւնն էր ապահովաբար զինքը անհանգիստ ընողը։ Արամ Անտոնեան խորունկ արհամարհանք ունի ամէն բանի դէմ ։ Չմոռնանք ասիկա։ Ու այդ ամէն բանին մէջ՝ ամենէն ծանրը, գրականը կու գար։ Պաշտպանած է Մեծարենցը, սանկ մենծ-աղա հոգեբանութենէ մը տարբեր պարզութեամբ։ Կը զգա՞ր այդ տղուն մէջ իրաւ բանաստեղծը։ Դժուար է հաստատական պատաս/301/խանը։ Բայց իր խառնուածքէն էր հարուածը, արարածը պաշտպանել։ Յետոյ, այս խոշոր սկեպտիկը տաք սիրտի մէկէ աւելի փաստեր է տուած։ Ջերմ, անվերապահ՝ իր քաջալերը չէ խնայած Յակոբ Տէր-Յակոբեանին, Ժագ Սայապալեանին, որոնք, ճլտորելէ ետք զինք պիտի հալածէին։ Նմանելով մարդկային միջինին, միշտ իր երախտաւորումը հերքելու ատեն այնքան տգեղ հոգեկան պատկերներ պարզող։ Ողջմտութեան պահե՞ր։ Շատ ու շատ։ Իր ընդհանուր տեսութիւնները գրականութեան ընդհանուր հարցերու շուրջ ( գրողի իրաւունք, պատրաստութիւն, պատասխանատուութեան զգացում, հիներու հանդէպ արհամարհանքին տգեղութիւնը, յիշելու համար քանի մը մեծ rubrique–ներ), միջին ճաշակին արտայայտութիւնները կը մնան, գրուած ալ ըլլալով առանց յաւակնութեան, ոճի քրտինքին, անիրական անօսրացումին տագնապներուն։ Սերունդ մը չեն կշտացներ այդ գրութիւնները, եւ ընդունիմ։ Բայց կը ստեղծեն շարժում հետաքրքրութիւն, կենդանութիւն։ Յետոյ, չմոռնալ հիմնականը։ Միշտ թանձր մեղք մը կը գունաւորէ այդ էջերը։ Մենծ-աղայական թերթը, « Արեւելք », իր խմբագրութեան տակ, հիմնովին նկարագիր է փոխած։ Ուր որ իր մուտքը կ՚ընէ այդ անունը, հոն կը ստեղծուի այն անորակելի հոգեխառնութիւնը, որուն մէջ սահեցան Անտոնեանի երիտասարդութիւնը, չափահասութիւնը։ Մարդիկ կը վարակուին անիմանալի իր անլրջութենէն։ Ամենէն իրաւ հարցերը, այդ իսկ հոգեխառնութեան մէջէն անցած, կը թեթեւնան, առնուազն կը կորսնցնեն թրաժիքը ։ 1910–ին Արամ Անտոնեան պոհէմ մըն է, գրական քաղաքի մը մէջ (Պոլիս), ուր այդ բառով թելադրելի ապրումները այնքան գայթակղալի կը թուին։ Պարոնեան կը քալէր, անշուշտ, բայց ատոր մէջ կը մնար խորապէս պարկեշտ, քաղքենի, էսնաֆ, չվիրաւորելով հասարակաց դիւրազգածութիւնը գրչի, կրօնքի, խօսքի աշխատաւորները սրբազան շղարշի մը պէս պարուրող։ Իրմէ ետք Օտեան ալ պիտի սպասարկէ այդ հեղուկ աստուածութեան, բայց գլելով անցնելով ո՛չ միայն գինետունին սահմանները, այլեւ բարքերով հանդուրժելի ազատութիւնները։ Արամ Անտոնեան 1910–ին սեպհական թերթ մը չունէր։ Հանդէս մը հրատարակելու համար, իր ճարպիկութիւնը, գաղափարներու մթերքը, շրջանակը լրջօրէն կը մնային անբաւական։ Անսպառ մա՛րդը։ Իրեն համար անկարելի՝ կռնակը տալ այս ու այն կուսակցութեան, որոնք միշտ հրապարակին վրայ իրենց դիրքը, գերակայութիւնը ամուր ընծայելու համար պարտաւոր էին առնուազն հոսհոս չըլլալ։ Չանցաւ Քէչեանի թերթին, ուր խմբագրապետին ահաւոր ծանրութիւնը կրնար /302/ հակակշռել իր հոգեկան ահաւոր թեթեւութիւնները։ Ողջ ըլլային շրջանին լիտրները, ընդհանրապէս իրենց կերպարանքները ազգային երեսփոխանական ժողովին մէջ կազմակերպող։ Ողջ ըլլային շրջանին արու եւ էգ գայթակղութիւնը։ « Խարազան »ի մէջ Արամ Անտոնեան կերպը գտած է իր երգիծողի մեծ տաղանդին փաստերը բազմաթիւ էջերու, մանաւանդ ծաղրանկար պատկերներու վրայ արժեւորելու։ Ողջ ըլլային գրավաճառները, որոնց ոսկեդարն էր այդ երանելի շրջանը, դասագիրքի մեծատարած հանքերը անհուն զօշաքաղութեամբ մը շահագործելու։ Արամ Անտոնեան ամէն տեղ էր։ Հոն, ուր թերթ կը տպուէր։ Գիրք մը կը թարգմանուէր։ Գայթակղութիւն մը փողոց իջնելու վրայ կ՚ըլլար։ Յիմարութիւն մը կը քրմանար։ Իր « Կաւէ արձանները », ազգային երեսփոխանական ժողովի քանի մը հերոսներու ծաղրանկարումովը գոյաւոր, չոր, քաղցր, անգութ, որքան հաճելի սաթիր մըն է։ Ու տեղի ունեցաւ անխուսափելին։ Մարդիկ ա՛լ չէին վախնար այս ապերասան բամբասողէն։ Կուսակցական կիրքե՞րը։ Անշուշտ։ Բայց լուրջ այդ մարդերը, կուսակցութեանց ծանրագլուխ պետերը կամ եռանդուն տեռորիստները Անտոնեանի հետ չափուելուն մէջ ոչ մէկ փառասիրութիւն կրնային ապահովել։ Ու ձգեցին, որ խածնէ, սպառնայ։ Կը տեսնեմ զինքը, Պոլսոյ մէջ, այդ օրերուն, ազգին ամենէն հանգամանաւոր գրողներուն հետ քիթ քիթի, պատմելով, խնդացնելով, կճելով, ծաղրելով իրեն յատուկ բնականութեամբ մը։ Ու կը խորհէի իր յօդուածներուն, յորդ ու անյայտ ստորագրութիւններով, այս ու այն անկիւնի թերթուկներին եւ կամ թղթիկի ձեւերով, որոնց մէջ ան դրած էր կարելի դաժանութիւն։ « Կաւէ արձաններ »ուն հերոսներէն մէկը, Յ. Շահրիկեան, այդ սրճարանին մէջ, մտերմաբար կը խօսէր իրեն։ Ու ասիկա այսպէս ազգային բոլոր շրջանակներուն համար։ Սարսափն էր եպիսկոպոսներուն ու կը հասկնաք իր զէնքերուն ահաւոր ուժը։ Սարսափն էր ջոջ–աղա խմբագիրներուն ու կը հասկնաք, թէ ուրկէ կու գային իրեն սա կախարդական արժանիքները։ Սարսափն էր հին ռեժիմէն նորը անվտանգ սահող մեծահարուստներուն, պաշտօնատարներուն։ Ու դարձեալ նեղութեան մէջ չէք այս ամէնը հասկնալու։ Թէ ինչո՞ւ կը գրուին սա նշմարները։ Կը գրուին, որպէսզի բացատրեն ցաւը, որ ծնունդն է իմ մէջ այսքան ճոխ ուժերու անպտուղ վատնուելուն։ Ի վերջոյ, քիչ անգամ գրողի մը մօտ մենք կը հաստատենք կարգ մը թանձր յիմարութեանց պակասը, այդ, ինչպէս իր շրջանակը, շրջանը այդքան տիրապէս, կատարելապէս հագած մարդու մը իրականութիւնը։ Դարձեալ, քիչ անգամ մեզի կը տրուի առիթ խօսելու, առանց ամօթի, /303/ լրբութենէ, անգթութենէ, պարսաւէ, բամբասանքէ, որոնք թերութիւններ ըլլալով հանդերձ բարոյական կարգին մէջ, մեզի ըլլան որոշ չափով տանելի, այս անգամ ուրիշ բարիքներով հակակշռած իրենց ժխտական հանգամանքները։ Արամ Անտոնեան այդ 1900–ին բոլոր մեղքերովը մեղաւո՞ր։ Անշո՛ւշտ։ Բայց այդ 1900–ին մարդերն էին Զապէլ Եսայեանը, Միսաք Մեծարենցը, Տիրան Չրաքեանը, Թլկատինցին, Ռուբէն Զարդարեանը, այսինքն մեր գրականութեան ամենէն ջոջ անունները։ Դրէ՛ք զայն առնուազն Պարոնեանի մը պարկեշտութեան սահմաններուն, Մամուրեանի մը լրջութեան մօտիկ։ Մեր ունենալիքը, Անտոնեանի գրիչէն, շրջանի մը լիակատար հանդէսը պիտի ըլլար։ Ի՞նչ փոյթ, որ այդ օրերուն ազգային ջոջերը պարզէին աւելի կոկ յիմարութիւններ։ Ջոջեր էին ու կը բաւէր ատիկա։ Աւելի խղճմտանք, աւելի լրջութիւն, աւելի հաւատք՝ գրականին վրայ, այդ սաթիրը կրնար բարձրացնել « Ազգային ջոջեր »ու անմաշ փառքին։ Աւելի պարկեշտութիւն, աւելի իրաւութիւն, աւելի խղճմտանք դարձեալ, Արամ Անտոնեանի քրոնիկները տասնապատիկ արժանիքներով պիտի դառնային ազգային նամականի մը, այս անգամ աւելի թեթեւ շնորհներով, քան ծանրատաղտուկ « Հայկական ու անգլիական նամականի »ները եւ կամ Չիլինկիրեանի « Ուղեւորութիւն »ը։ Արամ Անտոնեան մեր լրագրութեան մէջ ի վիճակի էր առնուազն « Մեծ Ծիծաղելիութիւնը » վերնագրելի խոշոր հատոր մը կտակելու, քանի որ մարդոց յիմարութիւնները իրեն համար ո՛չ նորութիւն էին, ո՛չ ալ ընդունելի՝ անոնց արժանիքները։ Արամ Անտոնեան, 1937–ին, Փարիզ, Բարեգործական մատենադարանին մէջ իր խորունկ ձանձրոյթը գիտէր ոսկեզօծել… սպառնալով, պոռալով ու պահելով երեսուն տարի առաջուան պոհէմին ամբողջ աղն ու պղպեղը։ Իրմէ կը վախնային Փարիզի ջոջերը, ինչպէս վախցած էին Պոլսոյ ջոջերը։ Բայց, ինչպէս որ 1915–ին ան վրիպեցաւ իր տաղանդին համարժէք գործ մը ազատելու, նոյն էր եղած իր ճակտին գիրը, այդ 1900–էն մեզի չկամենալ ձգելու եթէ ո՛չ իր անունը, գէթ շրջանը լրիւ համադրող։

Արամ Անտոնեան խմբագրական կրթանքին բոլոր ձեւերը փորձած է, միշտ առանց պատուելիութեան, գոնէ անգամ մը միայն ապացուցանելով թեթեւ շնորհին, աշխոյժ պատմումին, ողջամիտ դատողութեան (ո՜վ հեգնութիւնը մեր բառերուն, որոնք այնքան ծանր հակասութիւններ ստիպուած են երբեմն հաշտեցնել), ինչպէս անգութ ծաղրին, լիրբ յարձակումին, շնական պարսաւին, իրարու ներհակ արժանիքներուն դրացնութեամբը։ Անոր քրոնիկները այդ շնորհէն լայն չափով մը կը նպաստաւորուէին ու կը կարդացուէին իրենց /304/ ներքին շահեկանութեանը չափ, ձեւին ալ ողորկ, միշտ հաճելի, յարդարուն բարիքովը։ Ճիշդ է, որ չեն իջեցներ սեռին մեծ յաջողուածքները (իրապաշտներուն մօտ), բայց կը պահեն աղուաշ համ մը, որ արդէն Անտոնեանի քիչիկ սա բարոյական անձնաւորութեան իսկատարրը (էսանս) կը կազմէ։ Անոր պատմումները, իր օրերէն ինչպէս մերձաւոր անցեալին անցքերէն ու դէմքերէն, յաջողութիւններ են, իբր վերարտադրում ու իբր կենսաւորում ինչ որ ասպարէզէն պատմողը կը յատկանշեն։ Զուր տեղը չէ, որ առաջները յիշուած նամակին մէջ ան իբր գրական զբաղում տուած է պատմական ձեռնարկներու անուններ։ Ու գործադրուած պատմութիւն են « Պալքանեան պատերազմ » ընդարձակ հատորը, « Մեծ ոճիրը »։ Ու այդ պատմումին կը պատկանին հարիւրաւոր յօդուածներ, միշտ հին անձերէ ու անցքերէ, որոնք մեր օրերու կեանքին մէջ ան փոխադրած է ստեղծագործող գրողի մը ջերմութեամբը, կենդանութեամբը։ Կատարեալ թերթօն մըն է 1902–ի « Մասիս »ին մէջ սկսուած ու 1903–ին մէջ շարունակուած Ոստանիկ Տէր Մարգարեան արկածախնդրին վրայ իր յեղումը, ուր ասպարէզէն վիպող մը, ինչպէս վաւերագիրը գործածելու մէջ մասնագիտացած հնախոյզ մը, թուականներուն փաստէն ու կեանքին զգայարանքէն հաւասարապէս նպաստ ճարող, էջերը կը վերածէ ճշմարիտ վայելքի։ Մարդ իր այս արդիւնքներուն հետ կ՚այցուի կենսագիրներէն, Աբրահամ Այվազեան, Արշակ Ալպօյաճեան, որոնցմէ վերջինը հմտութեան տաղտուկը այնքան աւելորդ փոյթով մը ջանացած է բարեխառնել գրական դատաստաններով, կարծես իր աշխատանքին կրատան բարձրացնելու թաքուն տագնապով մը, մինչ իր թիւերը, փաստերը լիուլի բաւ էին իր վաստակը արժեւորելու։ Արամ Անտոնեան այս մարզին վրայ ալ կը մնայ ենթակայ տիրական իր խառնուածքին ճնշումին։ Գիտենք, թէ ո՛չ մէկ բան, ախորժակ կամ կիրք՝ լուրջ, մնայուն, յամառ էին իր մօտ։ Այս վերագրումը լրջութեամբ կը տարածուի իր պատմական վերարտադրումներուն վրայ։ Իր նախասիրութիւնն է մանր դիպուածը, յատկանշական անեկտոդը, շրջանակ մը գծող ծանր հոսանքներուն թելադրանքները հետապնդել, ու վախնալ նկարելու, նկարագրելու, կեանքը տալ, արագ, թեթեւ, ոստոստուն կամ եղերական։ Իր այս կարգէ աշխատութիւնները ցրուած են երկայնքովը իր խմբագրական աշխատանքին, որոնցմէ վերջին հանգրուան մըն է « Լոյս » պարբերաթերթը (1908)։ Հոն Անտոնեան ստորագրած է բազմաթիւ նշխարներ։ Մերսետէս, Սուրխաթան, Արամ Անտոնեան, Ա., իր ծածկանուններն ու անունը մենք կը գտնենք այդ սեռէ գրուածքներու ներքեւ, բոլորն ալ /305/ աշխոյժով կարդացուող։ Ու ըլլալու համար ամբողջ, հոս կը յիշեմ իր հարիւրաւոր filet–ները, երբեմն բազմաթիւ էջերու վրայ տարածուող, ուր ան խայթոց մը, հարուած մը, ակնարկութիւն մը, սնափառ գովեստ մը կամ ճիղճ պարսաւ փոխարինելու, փոխադարձելու, դիմաւորելու առիթները վերածած է տաք, կրքոտ, քիչ մը աղմկայոյզ ելոյթներու, համեմուած՝ զուարթ չարութեան մը, երբեմն հատ զայրոյթի մը, միշտ հաճելի երգիծանքի մը բարիքներովը։ Pamphlet–ն, մեր մէջ, մենաշնորհն էր Սուրէն Պարթեւեանի, մանաւանդ 1908–էն առաջ, արտապոլսական մեր գրականութեան մէջ։ Եւրոպայէն ասդին, արեւմտահայ գրականութեան սահմաններէն ներս, այդ մենաշնորհը անառարկելի կերպով մը կը պատկանի Արամ Անտոնեանին։ Դարձեալ, գրական իր պայքարները, ծանր մեղադրանքներով, անգութ ուրացումներով փոխնիփոխ ուշագրաւ, կը ծառայեն ո՛չ անշուշտ գրական քննադատի տրտում պաշտօնատարութիւն մը հայթայթելու իրենց հեղինակին, այլ կը ծառայեն ըմբռնելու, իրենց բոլոր սնոտիքին ու ծիծաղելիութեան մէջ, ինչ որ այդ 1900–ին շքեղ փառասիրութիւնները կը կազմէին։ Հաւաքեցէ՛ք անոր հայհոյանքները իր ժամանակակից ջոջ գրողներու հասցէին (Պէրպէրեան, Տիրան Չրաքեան, Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆ, Արտաշէս Յարութիւնեան, յիշելու համար քանի մը անուններ), դուք պիտի ունենաք գումար մը տրտում, չըսելու համար աղտոտ խօսքերու, բայց որոնց թաքուն բարիքն ըլլար նկարել հարազատ ներքինները այդ մարդերուն, այնքան այդ սատանորդի տղան գիտէր տկար կողմերը ցայտեցնել քանի մը touche–երով։ Այս տողերը ձեզ կը զգուշացնեն սակայն նայելէ աւելի անդին, այսինքն այդ պայքարներուն ետեւէն գտնել յաւակնիլ գրական որոշ խառնուածք, հասկացողութիւն, մեծ բառով մը՝ հանգանակ ։ Հոս ալ Անտոնեան կը մնայ հպատակ իր տիրական նկարագրին, իր թեթեւութեան։ Անշուշտ Չրաքեանի վրայ իր եպերանքը միայն լուտանքներու հանդէս մը չէ։ Արամ Անտոնեան Տ. Կամսարականի կազմած « Գրական կոչունք »ը կը բանայ Շիրվանզատէի վրայ կենսագրական esquisse–ով մը։ Արդ, այդ արագ տողերուն ետեւէն գրեթէ կը յառնէ արեւմտահայ վիպասանը, շատ մը լռուած, շուք մնացած մասերով։ Անտոնեան այդ մարդուն մեծ համբաւը կը հանդուրժէ, իրեն յատուկ լայնամտութեամբ մը, քանի որ անոր ունայնամտութիւնը Թիֆլիսէն փոխադրուած չէր Պոլիս 1913–ին։ Ու վէպին հանդէպ իր խորունկ ալ համակրանքը կրնար անդրադառնալ վիպողին վրայ արժանիքները խոշորցնելու։ Ու ասիկա այսպէս մեր գրականութեան կարգ մը կարեւոր դէմքերուն վրայ։ /306/ Անձնապէս կրնամ վկայել իր նախասիրութեանց նկարագիրներէն, որոնք ճիշդ հակառակն էին իր մեղքերուն։ Ամէն սրբութիւն հասարակացնող այս մարդը չէ ախորժած ցուցամոլութենէն, կանոնաւորութենէն, սեթեւեթէն, շատ–գիտցուկ փառասիրութիւններէն, որոնցմով վարակուածները լեգէոն էին միշտ այդ 1900–ին։ Յետոյ, ըսի թէ աննախանձ ու սիրտբաց՝ տուած է իր բազմահնար միջոցներն ու պաշտպանութիւնը բոլոր իրեն դիմող նորերուն ու իր հոտառութիւնը հոս բաղդատելի է ու նոյնիսկ քիչիկ մը գերազանց, քան Արտակ Չօպանեանինը։ Արամ Անտոնեանի մէջ գրական քննադատը չկայ ու ատիկա բարիք մըն է։ Բայց իր հետաքրքրութիւններէն լաւագոյնները կը պատկանին գրական հարցերուն, իր ծրագրած մատենագրութեանը։ Գործի չվերածուած մտադրութիւնները երբեմն բան մը կ՚ապացուցանեն։ Ինչ որ ստոյգ է իր մօտ, նման ձեռնարկի մը փառասիրումը արդարացնող, ատիկա գիտնալն էր, կարդացած ըլլալն էր արեւմտահայ մտքէն դուրս եկած ամէն արժէքաւոր վկայութիւն։ Բոլոր հանդէսները իր մտքին մէջ ապրող էակներ էին [1] ։ 1937–ին դի/307/ւային հաճոյք էր զինքը ողողողը։ Պիտի իջնէր Մարսէյլ, Չերազի L՛Arménie–ին հաւաքածոյէն պակսած քանի մը թիւերը գնելու։ Արդ, Չերազի թերթը մեր գրականութեան մէջ տէր մը չէ, հազիւ՝ անուն մը։ Անոր ամբողջական հաւաքածո՞ն։ Հաւաքողի ստերջ փառասիրութիւնն ու գոհունակութիւնը չէին ազդակները այս փոյթին։ Ի՜նչ հպարտութեամբ ինծի կրցաւ ցոյց տալ արեւմտահայ մամուլին բոլոր հատորները, 1850–էն մինչեւ իր օրերը, կազմուած, գուրգուրագին հպարտութեամբ մը դասաւորուած։ Կը հրաւիրէր զիս այդ ամէնէն կարելին հանելու։ Ու համոզուած էր պարկեշտ ու հասկցող աշխատաւոր մը այդ մթերքով ի վիճակի էր երախտաւորել մեր գրականութիւնը։ Փարիզի պէս տեղ, այսքան ուշ, Բարեգործականի մատենադարանին համար սա վերակազմումը հայ թերթերուն եւ հանդէսներուն ո՛չ միայն իր յաղթանակն էր, այլ իր լքումը, տրտմութիւնները, դառնութիւնը հակակշռող արդար գոհունակութիւն մը։ Այս յիշատակութիւնը աժան անեկտոդ մը չէ իր հասցէին։ Արամ Անտոնեան կը հասկնար գրականութիւնը: Անշուշտ, Արշակ Ալպօյաճեան ալ կը հասկնայ Ոսկանը, Տիւսաբը, Զօհրապը, Չերազը, բա՛յց։ Ու այս բայցը հոս ունի իր այլապէս բարդ կշիռը։ Մի՛ մոռնաք գրողէ մը պահանջելի հիմնական մագաղաթը որ վկայէր այդ մարդուն կեանքի թէկուզ համեստ գործաւոր մը ըլլալուն, մահկանացու լեզուով՝ ըլլար փորձած նուաճել կեանքը թուղթի վրայ, ինք իր հաշւոյն, առանց հմտականին գոհացման մը սիրոյն։ Ու մենք գիտենք, որ Արամ Անտոնեան մեծաքանակ էջեր է վատնած այդ պարզ, բարդ կեանքերը սեւեռելու։ Ու դարձեալ գիտենք, որ իր երիտասարդութեան օրերուն Արշակ Ալպօյաճեան ինչ քիչ բան կը հասկնար կեանքէն, երբ իրեն ներեց Սրբուհի Տիւսաբի վրայ ուսումնասիրութիւն մը, ուր այդ կնիկին գաղափարագրութիւնը կը յաւակնէր բացատրել մեզի, մինչ կեանքը գրեթէ կը լռուէր։ Այսօ՞ր։ Որքա՜ն գեղեցիկ գիրք մը կ՚ըլլար այդ կինը ներկայացնող նոյնիսկ գէշ գրուած գիրք մը։ Հոս է, որ իրարմէ կը զատուին գիրքերուն զգայարանքը ու կեանքին զգայարանքը: Այս հիմնական մտածումն է, որ կը վարէ « Համապատկեր »ը, թէ՛ իբր դատում, թէ՛ իբր կենսագործում։ Արամ Անտոնեան, հարուստ խառնուածք, կեանքին ալ զգայարանքը բաւարարող տարր ճարած է իր քննադատական (ներեցէ՛ք մեծ բառին) նշմարանքներուն։

Դարձեալ, լրագրողի փարակրաֆին մէջ կ՚ուզեմ խօսիլ երգիծողէն ։ Իսկութիւն մը չէ անշուշտ իր մօտ սա ախորժակը։ Բայց իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը այդ իսկութենէն միշտ մասեր պիտի ու/308/նենայ։ Չեմ կրնար իր անունին հետ յիշել ո՛չ Արփիարեանը, ո՛չ Միքայէլ Կիւրճեանը, այն գլխաւոր փաստին պատճառով, որ այդ տաղանդներուն մէջ այդ տարրը հիմնական է յաճախ։ Արփիարեանի երգիծական հատուածները, խմբուած ծածքի մը տակ, բաւ են անոր անունը ոչ միայն պաշտպանելու, այլեւ մեր գրականութեան իրաւ, յաջող հատորներէն մէկը հանդիսանալու։ Նոյնն է պարագան Միքայէլ Կիւրճեանի համար։ Արամ Անտոնեանի « Կաւէ արձաններ »ը, ըսի անգամ մը, alerte, խածան, կծու գիրք մըն է, բայց գրուած է երկակենցաղ մտահոգութիւններով։ Անտոնեան կը հաւատայ, թէ ծաղրելուն չափ ու թերեւս աւելի, կը ծառայէ մեր պատմութեան։ Այս թաքուն մտահոգութիւնը գործը գրկած է այն aisance–էն, արձակութենէն, ազատութենէն, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն « Ազգային ջոջեր » հատորին մէջ։ Բայց « Կաւէ արձաններ »ը լայնօրէն ողողուած է երգիծականով։ Իր « Խարազան »ը ծաղրանկարի մէջ մեր առաջին ու դեռ չգերազանցուած յաջողութիւնն է։ Իր տոմսերը, նամակները, աւուր պատշաճիները, աջուձախները, կսմիթները, ելոյթները, ճշդումները, տասնեակներով ծածկանուններու ներքեւէն, կը վկայեն մէկ ու նոյն յատկութենէն, որ մասն էր նաեւ իր խառնուածքին: Վերերը յիշեցի, թէ յիսուն հոգինոց շրջանակի մը մէջ գիտէր գաղտնիքը կեդրոնական անձնաւորութիւն մը մնալու, դէպքերը, դէմքերը ներկայացնելու համով իր եղանակին համար, զուրկ՝ այն թափթփվածութենէն, որ (Օտեանի խորքն էր մտերմութեան մէջ, շնականութենէն, որով կը ծանրանար, կը լրբանար Սուրէն Պարթեւեանի խօսքը, սովորական սեղանի մը շուրջ։ Անտոնեան Թլկատինցիին humeur–էն աւելի ծանր որակով համեմած է իր ծաղրը, որ միայն լրագրական կեանքի ասպետները չունի իբր ծաւալման ազդակ։ Իր ամէն կարգի կտորներուն մէջ այդ հumeur-ը կ՚երեւայ մէկէ աւելի անգամներ։ Ու տիրական յաջողուածք մըն է այդ փայլակնաձեւ, մեֆիսթոֆելեան ժպիտը չարիքի ասպետին, բնական, անդիմադրելի ու կացութիւն մը, անձնաւորութիւն մը, մտայնութիւն մը ընդմիշտ կերպադրող։ Նամակէ մը, գրուած կենսագրութիւն մը առաջադրող ոգիով (իրը), անցողակի ան ըրած է սա տեսակ սեւեռումներ. «… Կը յիշեմ որ օր մը, քանարիկ մը խեղդած ըլլալու համար, քիչ մնաց ականջներէն մէկը վրայ տայի: Մայրս որ այդ օրը վրայ հասնելով ականջս փրկեց, վստահ եմ թէ բնաւ պիտի չմիջամտէր, եթէ երբեք պզտիկ կասկած մը ունենար որ այդ խուլնալիք ականջները օրին մէկը U. Գասպարեանի եւ ուրիշի մը պէս հռետորներ լսելու տխուր բանտին պիտի ենթարկուէին » (Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», 1912, /309/ էջ 365)։ Տող մը, բայց որուն ներքեւ շրջան մը, մտայնութիւն մը, մարդ մը կը մնան քանդակուած, խորաքանդակուած նոյնիսկ։ Նոյն այդ նամակէն, քանի մը տող վարով: «… Վարժարանին դուռը որ ոչ իսկ բարձր էր, Բարձրագոյն Դուռէն աւելի բողոքներ կ՚ընդունէր ամէն օր, սոսկ իմ պատճառովս։ Եւ այդ համեստ դրան մօտ՝ եղած դիմումները այնքան միայն արդիւնք կու տային որքան Ազգային Պատրիարքարանի անվերջանալի դիմումները տալու վրայ են դուռներու Բարձրագոյնին մօտ » (նոյն տեղ)։ Ամբողջ անցեալ մը կը յառնէ այս կարճ տողերէն։ Ու այս եղանակը, գրեթէ ամէն տեղ, ամէն առիթով։ Կը յիշեմ իր անունին հետ Վահան վարդապետ Տէր Մինասեանը, բնածին հեգնող, կենդանի ոճի մը տէր, որ մօտիկ բարեկամն էր արդէն Անտոնեանի։ Յետոյ, 1900–ը շրջանն էր Յ. Ալփիարի, Վահրամ Փափազեանի։ Այս անունները ուրիշ անգամ չեն կրկնուիր իմ « Համապատկեր »ին մէջ, բայց, այդ պատիժէն անկախաբար, անոնք վայելած են Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆի ժողովրդականութիւնը։ Օտեան, Կիւրճեան (Միքայէլ), Արփիարեան դուրս են արեւմտահայ գրականութեան պարունակէն։ Թլկատինցին մերձաւոր բայց խաւարակուռ Ասիոյ խորերէն միջոց չունի այդ սպրիկ Պոլիսը, իր անհուն ծիծաղելիութեան մէջ սեւեռելու։ Արամ Անտոնեան այդ տասնամեակին մեր հեգնողներուն մէջ եղած է ամենէն տանելին, նոյնիսկ տաղանդաւորը։ Թէ այդ ամէնէն (ինչ որ ելած է իր գրչէն այդ ոգիին հպատակ) մեզի չի տրուիր բարիքը, որով մեզ կ՚երախտաւորեն հեգնողները, ըսել կ՚ուզեմ՝ իր ատենին շրջան մը, իր ամենէն ցայտուն գիծերուն վրայով, դարձեալ իրականութիւն է, բայց հարազատ է այդ իրականութիւնը Անտոնեանի տաղանդին իսկ նկարագրին։ Ի՞նչն էր ամբողջը այս պոհէմին մօտ, կեանքէն ինչպէս վաստակէն, որպէսզի ըլլար ատոնց մէկ երեսը գոնէ։ « Համապատկեր »ը Անտոնեանի վաստակը համադրելու ատեն կը ճշդէ այս վրիպանքն ալ։

բ. Արամ Անտոնեան վիպասան մըն է, այս անգամ ոչ ի պաշտօնէ։ Այսինքն այդ մարզին վրայ ան չէ ցոյց տուած այն կիրքը, եռանդը, հետեւողականութիւնը որոնց հետ իր երկար ասպարէզը եղած է միշտ հաշտ։ Վիպակը, իր հասկացողութեամբ, գրական մղումի մը ծնունդը չէ իր մօտ։ Այլ՝ լրագրական էջի պահանջին գոհացում մը։ Եւ սակայն, իբրեւ քանակ, անոր այս գիծէ աշխատասիրութիւնը վար չի մնար մեր հրապարակին ոեւէ տիտղոսաւոր վիպասանին մեզի ձգած ժառանգութենէն։ Լեւոն Բաշալեանի վիպակներուն թիւը տասը չանցնիր։ « Վարժապետին աղջիկը »ին հեղինակը աւելի քիչ պատմուածքներու մթերք մը ունի իր յիշատակը ծանրաբեռնող։ /310/ « Աղջկան մը սիրտը » պաշտպանուած է « Կնոջ հոգիներ » յորջորջուած նորավէպերու շարքով, որոնց գումարը վար է քսանէն։ Այս անուններուն մեզի ձգած վիպակներէն անդին կան վէպերը անշուշտ, ինչպէս Արամ Անտոնեանի վիպակներուն հետ ու անոնցմէ առաջ ու ետք՝ վէպ մը, իբր թերթօն « Սուրհանդակ »ի մէջ, « Դրամի քօղին տակ »։ Անմոռանալի՜ բայց անզետեղելի Քասիմէն առաջ եւ ետք, Արամ Անտոնեան բարքի վէպին մէջ ծրագրած է մտցնել գրական այն զգայարանքը, որուն փաստը այնքան տիրական էր իրապաշտներու վէպին մէջ։ Տիպարներ, միջավայր, մտայնութիւն, բոլորի, տեղական գոյն, պատմումի որոշ շնորհ կը պաշտպանեն այդ վէպը բայց չեն փրկեր, վասնզի հեւիհեւ ու անխնամ արտադրելու վարժութիւն մը, մանաւանդ կառուցման վրայ կ՚անդրադառնան տրտում արդիւնքներով։ Ինչ որ Երուանդ Օտեանի բազմանուն ու բազմատարած թերթօնները կը հարուածէ, անոնցմէ շատ շատին զլանալով գրականութեան պատմութեան մը մէջ անուանուելու տարրական իսկ բարիքը, գոյ է նոյնութեամբ « Դրամի քօղին տակ » վէպին ալ ներսը։ Չեմ ներեր ինծի մեղքը յիշելու, այդ վէպին հետ « Թիապարտը », « Եըլտըզէ Սասուն »ը, « Բերրի գիշերներ »ը, բոլորն ալ մեծ վարկի հասած թերթօններ։ Անտոնեան առնուազն կը ճանչնայ իր օրերուն եւրոպական գրականութիւնը։ Երկրորդ, քիչ մը աւելի ազատ, առանձին ալ հատորի ձեւով լոյս տեսած վիպակն է « Ճշմարտութիւնը »։ Արամ Անտոնեան հոս ալ կը կրկնէ իր առաջին երիտասարդութեան մեղքերը։ Նոյն անփութութիւնը, կեանքին հետ խաղալու նոյն անլրջութիւնը։ Կացութիւններ forcer ընելը իր նկարագրին մաս կը կազմէ, մեծ մասամբ։ Ու ինչ որ վիպական այդ գործը կը տանի բռնազբօսութեան, չըսելու համար կեղծիքի, տարօրինակը, շինծուն օրինականացնելու, ճշմարտանման ընծայելու իր միամտութիւնն է, տանելի քիչը՝ չարամտութիւն։ Թող պատմէ գեղջկական սիրերգութիւն մը Հովուերգական հեքիաթ »), Արամ Անտոնեան պիտի գոհանայ քմայքին պաշտպանութեամբը, ա՛լ փոյթ չընելով կեանքին, ասոր կնիքին կշիռը պատմումին վրայ։ « Ճշմարտութիւնը » վիպակին հերոսը քահանայ մըն է, որ կը խենթանայ խոստովանանքի մէջ լսուած ոճիրի մը յաճախանքին մէջ։ Վիպակը երկար յամեցումներով որոնք 1900–ի վարդեջրուած իրապաշտութիւնը կտակած է մեր գրականութեան, դպրոց կազմելու չափ միօրինակ, նկարագրութեան, տեսարաններու յարդարանքին ընկալեալ ընդլայնումներով պիտի ջանայ էջեր շահիլ, որպէսզի այդ կէս տողնոց իրողութիւնը տարածուի 60-70 էջերու ծանծաղուտին։ Եւ որովհետեւ 1900–ին հիւանդագինը, ախտա /311/ ժէտը, տարփալիցը, հեշտագրգիռը, անհնարինը, շինծուն իրարու հետ կը մրցէին, Արամ Անտոնեան լրագրողի իր մարզ գրիչը պիտի շահարկէ այս կարգէ յօրինումներու։ Ծանր է անշուշտ այս վերագրումը, մանաւանդ իր հետեւանքներուն մէջ։ Երբ տիպարը մտացածին է, դուք կը հասկնաք քմայքին բռնութեան տակ անոր ստանալիք այլանդակումները։ Երբ տիպարը մօտիկ շփումներու բարիքով մը պաշտպանուած է, գրողին քմայքը ակամայ կը ճկի դէպի այդ հանգամանքներուն ճնշումը ու կ՚ըլլայ առնուազն իրականի մօտ, բոլոր յիմարութիւններուն մէջ մնալով փախուկէն անդին։ Այդ գիծէն յաջողուածք մըն է՝ « Տէր Թուրիկ »ը։ Ի զուր, փողոցի ստահակէն, քոքուրէն, իր ճիգը իրաւ մնալու, երբ աղայի մը քմահաճոյքը շուն քարոտող, ձի թռցնող, հաւնոց պարպող առաւ–փախած մը տէրտէր մը կը ստեղծէ ։ « Տէր Թուրիկ »ը Անտոնեանի վիպակներուն տիպարային յատկանիշները կը համադրէ։ Անոր մէջ նոր հունով դրուագում մը, այդ փողոցի անառակէն։ Արամ Անտոնեան այս գոյնին տակ միշտ յաջող մարդեր է տուած։ Բայց այդ մարդը պատրաստ է ապրիլ, որ հոն կը նշանակէ՝ շրջափոխուիլ ։ Եւ դուք պիտի ունենաք անկարելի ու անտանելի farce, միջնադարեան հեքիաթները յիշեցնող։ Այդ աւաղակէն տէրտէ՞ր մը ։ Արամ Անտոնեան չի տառապիր անհեթեթէն։ Այս ամբաստանութիւնը կը տարածուի բոլոր վիպական իր ստեղծումներուն։ Այնքան տիրական է այս տկարութիւնը, որ « Այն սեւ օրերուն »ը գլուխ-գործոց մը ըլլալու բախտէն բաւ է եղած զրկելու։

Ո՞ր աշխարհին անդրադարձումն է Անտոնեանի վէպը։ Հարցումը ո՛չ աւելորդ է, ո՛չ ալ մեղաւոր։ Իբրեւ ծաւալ, Անտոնեանի վէպը հաւասար է իրապաշտ վարպետներուն մեզի ձգածին։ Այս հարցումը շատ բնականութեամբ ես ըրի իրապաշտներէն իւրաքանչիւրին համար։ Այս հարցումը յստակ իր պատասխանը ունի Տիկին Եսայեանի գործին վրայ։ Արամ Անտոնեան կը խաղայ երկու լարի վրայ։ Անոր պատմուածքները մեծ չափով մթնոլորտ ունին գիւղը, որ չես գիտեր, թէ ո՛ր երկրին մէջ կը գտնուի։ Պոլսամերձ գիւղերու մէջ իր ճամբորդութիւննե՞րը (Արմաշ, Պարտիզակ, Ատաբազար, Իզմիր, Արսլանպէկ գիւղեր էին թէ՛ իբր միտք, թէ՛ իբր բարք) կը շահագործէր ան, երբ իր երեւակայած մարդոց աչքին կը դնէր այդ աշխարհները։ 1900–ին Պոլսոյ մէջ գիւղացին անհետացած է գրեթէ, քանի որ Պոլիս ճամփորդութիւն մը, գաւառներէն, արքայութիւն մտնելու չափ ծանր իրողութիւն մըն էր։ Ուշագրաւ է, որ իր հերոսները մեծ մասով ըլլան ընտրուած այրերէ։ Ու 1900–ին գիւղացին Պոլսոյ մէջ սպասուհի է, ստնտու եւ սանկ ու նանկ տուներու ապրանք, /312/ Զօհրապի նորավէպին մէջ քանի մը յաջող կերպարանքներու տակ սեւեռուած։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ ժլատ է չափազանց պոլսական միջավայրը պատկերող կտորներէ։ Բայց այն իրեն կը ներէ իր պոլսական եղանակը (նկարագրելու) փոխադրել գիւղ, ան ալ՝ ամենէն նախնական շրջանները։ Դուք կը տառապիք, երբ լայնածաւալ էջեր կը տրամադրուին տանուտէր աղայի մը տունը, անոր աղջիկը մեզի ներկայացնելու Հովուերգական հեքիաթ ») որպէսզի այդ աղջիկը կանչէ այդ տղան, հովի՛ւ ալ, որպէսզի անունը (կտորին) արդարանալ ու իր մարմինը անոր բազուկներուն յանձնէ, հեքիաթին մէջ ալ արգիլուած պայմաններով։ Արամ Անտոնեանի համար վէպը՝ անպատասխանատու բաջաղանք է գրեթէ։ Ու աշխարհ մը, մտայնութիւն մը, բարքերու տախտակներ, վերջապէս շրջանի մը վկայութիւն, սեւեռումներ որոնք ամենէն գէշ գրողն ալ երբեմն կը բախտաւորեն Անտոնեանի համար չունին գոյութիւն։ Ան բոպիկ Շիտանեան մը, աշուղ Շահնազար մը, Սմբատ Բիւրատ մը չէր սակայն։ Ան կ՚արհամարհէր Միսաք Քոչունեանը, այսինքն անոր անժուր (անհամ) վէպը։ Այս խաւարումը ճամբայ կը հարթէ՞ դէպի 1900–ի վիպակը, որ աւելի կամ պակաս չափով մը կը տառապի գէթ երկրորդական, երրորդական վիպողներու գրչին տակ համապատիւ մեղքերով։ 1908–ի « Լոյս »ին մէջ (որ իր խմբագրութիւնն է) ան հիւրընկալած է Գալուստ անունին տակ բաւական երկար վիպակ մը, « Անմեղ մեղաւոր »։ Կ՚ենթադրեմ, որ վիպակին հեղինակն է Գալուստ Անդրէասեան, որ այդ թուականին Մուշ էր գացած… մեռնելու։ Բարքերու արդար այդ պատկերացումին ի՞նչն է պակսածը, որպէսզի այդ իրապէս ապրուած էջերը չբարձրանային այն պայծառ վկայութեան արժէքին, որուն հանդէպ չենք առարկեր « Սեւ հաւը կանչեց »ին մէջ։ Լեզուն այդ կտորին ընտիր է իբր արտայայտութիւն, ինչպէս ընտիր է միշտ այդ լեզուն Զարդարեանի գրչին տակ։ Դարձեալ, այդ թուականներուն ու տակաւին աւելի ետք, մինչեւ 1900, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Փայլակ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Գեղամ Բարսեղեան, Մուշեղ վարդապետ եւ եպիսկոպոս, Լեւոն Քիրիշճեան, Մ. Ուղուրլեան, մանաւանդ Ենովք Արմէն մեր հանդէսներուն, օրաթերթերուն մէջ կը ստորագրեն հեշտագրգիռ պատմուածքներ։ Ու կայ անյաջող գործը կիներուն, սկսեալ մեծատաղանդ Տիկին Եսայեանէն (որմէ այդ թուականներուն բազմաթիւ սուտուփուտ վիպակներ, սքանչելի յաջողուածքներու հետ զարմանալի է, որքան դժուար հասկնալի, հակադրութիւն մը կը կազմեն, մինչեւ Եւտէրպէներու, Անայիսներու, Զարուհի Գալէմքեարեաններու, Հայկանոյշ Մառքերու անզետեղելի թա/313/ցիկութիւնները։ Զուր տեղը չէ, որ « Ներաշխարհ »ն իբր վէպ մը յղացուած, զառածումով մը փոխեր է ճամբան։ Յաջող էջեր են Շ. Շաւարշի (Միքիաս Արապեան), Խոսրովի արագ պատմումները։ Զուր տեղը չէ, որ իրաւ գոյներու սովին մէջ կարդացուող ու միայն այդ եղող ուրիշ պոռնկագրութիւն մը « Միամիտի մը արկածները » ողջունուի իբրեւ մեծ յաջողութիւն մը։ Երբ միջակ գործ մըն էր « Շնորհքով մարդիկ »ը, գրական կատարեալ յաջողանք մըն էր « Սպասման սրահին մէջ »ը։ Նոյն այդ Տիկինէն « Կեղծ հանճարներ »ը, առաջին իրաւ, սաթիրիք վէպը։— Դժուարութի՞ւնը։ 1900–ի վէպը յատկանշելու այս հակասութեանց մէջն է ահա։

Արամ Անտոնեան այդ վէպին վրայ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն է ունեցած։ Ինչպէս իրապաշտ վէպին վրայ այդ ազդեցութիւնը չունեցաւ Եղիան, որ վիպակ մը սկսելու արարքը դրական ճշմարիտ հեշտանք մը կ՚ընէր, իրեն ինչպէս ընթերցողին համար, առաջին քանի մը էջերը գունաւորելով զմայլելի բնականութեան մը, հարազատութեան մը շնորհներովը…, զառածելու համար հետզհետէ մինչեւ անտանելի քմայքը, սեւամաղձոտ մտալլկանքները ջղագարին։ Չեմ խօսիր 1900–ի վիպակին յաջողուածքէն (Թլկատինցի, Զարդարեան, Տիկին Եսայեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Շ. Շաւարշ թէեւ հատուածական ու երբեմն երբեմն օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ մոլորած արժանաւոր կտորներու մոռցուած հեղինակները [2], քանի որ այդ մարդոց իւրաքանչիւրին հետ ես ըրեր եմ անհրաժեշտ աշխատանքը, մեր ժողովուրդին մէկ քանի կերպարանքները սեւեռելու։

* * *

/314/ Արամ Անտոնեան արեւմտահայ գրականութիւնը չէ երախտաւորած անշուշտ, անոր կտակելով գրական տեսակէտով միակտուր յաջողուածք մը, փառք մը։ Արամ Անտոնեան մեր գրական սեռերէն որեւէ մէկուն վրայ վերջնական նուաճումի մը բախտն ալ չէ ունեցած իր անունին, յիշատակին համար վերջնական։ Բայց եղած է մեր ժողովուրդին մեծագոյն երախտաւորներէն մէկը, աղէտէ մը մէկ հատիկ արդար ու իրաւ վկայութեան հեղինակը։ Իր անխնամ իսկ կերպարանքին տակ «Այն սեւ օրերուն»ը հեղինակին ո՛չ միայն յիշատակը կը փրկէ մոռացումէ, այլեւ արեւմտահայ գրականութեան, ինչպէս եւ Արամ Անտոնեանի բազմաթիւ տկարութիւնները, մեղքերը կը գնէ արդարութեամբ։ Իր երկրորդ գո՞րծը՝ « Մեծ ոճիր »ը։ Դարձեալ աւելի՝ քան պատմական պարկեշտ փառասիրութիւն մը։ Երկու գիրքերուն մէջ ալ Արամ Անտոնեան շատ մօտիկէն շփուած է գլուխ—գործոցի բախտին։ Չէ յաջողած։ Դարձեալ ինքն էր հեղինակը այս դժբախտութեան։ Մենք մարդկօրէն կ՚առնենք ու կ՚արժեւորենք ինչ որ տուած են մեզի։ Ու Արամ Անտոնեան չի կրնար մոռցուիլ իր տուածովը։

Իր մեղքե՞րը։ Բայց շրջանինն են անոնք։

Իր հոսհոսութիւննե՞րը։ Բայց Պոլիսինն են անոնք։

Իր անլրջութի՞ւնը։ Բայց մեր լրագրական բարքերուն ծնունդն է ան։

Իր գրականութեան կեղծի՞քը։ Բայց քաւած է ան այդ բոլոր մեղադրանքները այնքան սրտառուչ, թանկագին հրիտակովը զոյգ մը գիրքի։

Ան նոյն ատեն տխուր օրինակ մըն է վրիպանքի։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց մեր գրականութեան մէջ այդ վրիպանքը տիրող պայման է նոյնիսկ մեծագոյն անուններուն հետ։ Զմայլելի « Վերջին բաժակը » իրեն եղբայր կամ քոյր ունի ապօրծին « Նահանջող ուժեր »ը եւ « Երբ այլեւս չեն սիրեր »ը։

Մի՛ արժեզրկէք այս փաստերը։

 

 


 



[1]     Դուք այն ատեն կը հասկնաք լաւ տարողութիւնը այս վկայութեան, երբ վիեննացի բանասէրի մը կողմէ . Գ. Գալէմքեարեան) «Պատմութիւն հայ լրագրութեան» անունը կրող ճիղճ գրքոյկը ձեռք առնէք։ Վիեննացի միաբանը ունէր իր տրամադրութեան տակ անշուշտ այդ նիւթին ամբողջ մթերքը։ Այդ մասին ո՛չ մէկ կասկած։ Հայ մամուլը օրաթերթ ինչպէս պարբերաթերթ հոն էր, ոչ միայն իր ձեռքերուն տակ, այլեւ իր մտքին ալ դաշտերուն: Պակսա՞ծը: Բայց խմբագիրը, չըսելու համար գրագէտը՝ այդ վաստակաւորին ետին։ Պատուական վարդապետը ահագին այդ թղթեղէնէն երբ ուշագրաւ այնքան քիչ բան մը կը գտնէ, ատով փաստը տուած կ՚ըլլայ հիմնական անհասկացողութեան մը, որ վիեննացիներուն բանասիրական կրթանքը վերածած է անհոգի, անկնիք հաւաքումի, ցուցակագրումի։ Դրէ՛ք այդ դէզին առջեւ Արամ Անտոնեանը, աւելի համեստ Յովհաննէս Գազանճեան մը, քիչ մը աւելի փառասէր Արշակ Ալպօյաճեանը, դուք պիտի ունենայիք այդ թղթեղէնին ներսը քնացած կեանքին, իւրաքանչիւր հաւաքողի խելքին, ախորժակներուն չափովը, որոշ վերբերումներ, որոնք կը նորոգէին այդ մօտիկ սակայն փոշիացած ապրումները մեզ կանխող երկու սերունդներուն։ Խորհեցէ՛ք անգամ մը «Արեւելք»ին եւ «Արեւմուտք»ին . Ոսկանին թերթերը) ու վերակազմեցէ՛ք այդ անըմբռնելի մարդը։ Վերակազմեցէ՛ք կիրքերը, որոնց հրահրումը ըլլար այդ շատ պատրաստուած, շատ օժտուած, բայց շատ քիչ ողջամիտ գրագէտը (Ոսկանի մէջ գրագէտ մը կայ)։ Մեր կեանքն էր, որ այդ առիթով կը յառնէր փոշիներէն եւ ո՛չ թէ քանի մը խեղճ ու պատառ թիւեր, անուններ, յօդուածներու վերնագիր եւ այդքան։

[2]     Պոլսէն ինչպէս գաւառէն, ընդհանրապէս այս ու այն կեղծանուններուն ապաստանած ու բարքի ինչպէս ապրումի բարիքներով զարդարուն շատ մը կտորներ կը սպասեն հաւաքուելու բախտին։ Անշուշտ «Ուր խեցիներ ժողվեցի»ն մէկն է անոնցմէ։ «Էրթողրուլ»ը՝ մէկ ուրիշը: Բայց Յակոբ Տէր Յակոբեան այս հատորիկէն առաջ ու վերջ ունի յաջող պատմուածքներ: Տիգրան Սիւրմէլեան ունայն փառասիրութեան մը չէր սպասարկեր այդ էջերուն («Էրթողրուլ») հրատարակութեամբը, քանի որ աւելի յետոյ գիրքի հանդէպ հզօր կիրք մը Արտաւազդ Սրբազանը մղեց անդադար արտադրելուն, անշուշտ կրօնական վայել մարզերուն վրայ վատնելով իր կորովը։ Ենովք Արմէն ո՛չ միայն բազմաթիւ վիպակներ տարտղնած է այդ մամուլին էջերուն, այլեւ գտած կերպը կինը հաւաքական ալ կազմելու անոնցմէ ընտրելագոյններէն։ Ու դուք չէք կրնար մոռնալ հեքիաթունակ բախտը Յովհաննէս Տոհմիկի (Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ) վիպակին։ Մեր վիպակը, այս մարդոց ու նմաններու ձեռքը հետզհետէ պիտի կորսնցնէ իր պարկեշտ իմաստը։ Անիկա այլընդայլոյ յերիւրանք մըն է Արամ Անտոնեանի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի, Ենովք Արմէնի գրիչներուն տակ։ Կիները, նոյնիսկ տաղանդաւոր Տիկին Եսայեանն ու անզուգական քերթողուհի Սիպիլը դուրս չեն մեղադրանքէ։ Ընդհակառա՛կը։ Բայց բան մը կար Շ. Շահինեանի, Շ. Շաւարշի, իւրովի բարքէ վերարտադրութեանց մէջ։ Հատորներ, ահա նման կտորներէ, պիտի ըլլային շահ մեր արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր մթերքին: