Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԱՐՈՒԵՍՏԸ

/417/ Բայց Միսաք Մեծարենց մեր բանաստեղծութեան մէջ պիտի ապրի մանաւանդ իր արուեստովը։

Տեսնելու եւ լսելու զարգացած կարողութիւններ, ներքին ապրումի քանի մը յաջող պահեր բաւական չեն, որպէսզի բանաստեղծ մը տեւէ աւելի քան իր սերունդը։ Իրմէն ետք, ուրիշներ նոյն այդ կարողութիւնները ցոյց տուին մօտաւոր չափով, բայց չազատեցան իրենց տժգունութենէն։ Մեզի եկան ուրիշներ, երբեմն իրական խառնուածքներ, հիւանդ կամ ոչ, որոնք դեգերեցան իր ճամբաներէն։ Բայց անոնց պակսեցաւ հարկադրող ուժը։

Ի՛նչ որ գործերը կը պաշտպանէ ժամանակէն ու անոր ահաւոր մաշումէն, ձեւին ամրակուռ այդ պատեանն է, որով զրահուած, անոնք կրնան մտնել ցեղին հաւաքական հարստութեանց դամբարանը, գրականութեան պատմութեան։

Մեծարենցի արուեստը անոր կը բերէ պատմուճանը չմեռնող այս կեանքին:

Ու բոլոր անոնք, որ գործերուն խորը մեծ-մեծ բաներ կը փնտռեն ու կը գտնե՜ն, բոլոր անոնք, որ քերթուածի մը բարիքը կամ բարոյախօսական առաքինութիւնները կը դրուատեն ու բոլոր անոնք, որ արուեստէն կը սպասեն այլապէս բարձր ու շինարար «աշխատանք», կրնան զարմանալ, երբ այսքան պարզ, հազիւ երկու լար լեցնող զգայնութիւն մը կը կանչուի այսքան ծանր փառքի մը։

Բայց անոնք կը մոռնան ձեւը։ Ձե՜ւը։ Անիկա աստուածային հիւսքն է, որ նիւթին պղտոր ու անգոյն զանգուածէն կը զատէ գիծերուն ու երանգներուն ազնուական փունջերը ու անձնականութիւնները կ՚արձակէ մարմինին միօրինակ, մարմինին տափակ ալիքներուն վերեւ։ Բայց ձեւն է միայն, որ հասարակաց զգայնութեան դարձեալ պղտոր ու անգոյն հոսանքները կը կառավարէ, տանելու համար անոնց վազքը անհատական երակումին ու անոր բազմաճիւղ ցանցերուն։ Բայց ձեւն է միայն, որ սովորական ու խառնուրդ կաւէն (որ /418/ մեր յուզումներուն ենթահողն է վերջապէս), կը բարձրացնէ դէմքերուն ու աչքերուն, ձայնին ու ականջին բիւրազան հէնքը։

Երբեմն պարզ զգայնութիւնը կամ խառնուածքը, մինակ, բաւեց որպէսզի բանաստեղծ մը դիմանար իր շրջանին, կամ աւելնար անկէ։ Բայց այդ հրաշքը հազուադէպ է ու դարերու կարօտ։ Ու, տիրող, շրջապատի միջինէն անոր վեր կամ վար մնալը ապացոյցը չէ՞ արդէն իւրայատուկ ձեւին, իրական տարբերացումին։ Այն անտարբերութիւնը, որով կը դիմաւորէ արուեստագէտը շրջանակին թշնամութիւնը, կամ այն ըմբոստութիւնովը, որով կը խթանէ ան դարձեալ, շրջանին թմբիրը, ի վերջոյ կը նոյնանայ խառնուածքին հետ։ Ու ժամանակաւոր անհաղորդութենէն ետքը, կու գայ սերունդը, որ կը հաշտուի հալածող կամ հալածուած արուեստագէտին հետ։ Կարեւորը չվախնալն է լքումէն, կամ աւելի ճիշդը չհեղգանալը դրուատիքէն։ Վասնզի գովեստ կամ պարսաւ միջին գիծերն են ընդհանուր բարեխառնութեան մը։

Ձե՛ւը։ Այո՛։ Բայց ինքնատիպ, անհատական, ուրիշին ոչինչ պարտական ձեւը։ Այլապէս, հակառակ մեծ արժանիքներու, գործերը իրենց գովեստին խորունկ ձանձրոյթին տակ, պիտի քնանան անայց մոմիաներու նման։ Չե՛մ գիտեր ինչ պիտի մնար այսօր Պետրոս Դուրեանէն, եթէ իր ներշնչումները դարմանէր, զարդարէր ու յղկէր, յարմարցնելու համար զանոնք օրուան ճաշակներուն։ Ատիկա գիտենք այսօր Պէշիկթաշլեանի գործին վրայ, ուրկէ շատ քիչ բան կ՚ազատի։ Ու խորհիլ, որ ան պսակաւոր քերթողն էր եօթանասունի սերունդին։

Սա ժամանակակից զգայնութիւնը երգող բանաստեղծներ դատապարտուած են նոյն ճակատագրին։ Մօտ է օրը, երբ ուրիշ սերունդ մը պիտի ծիծաղի բոլոր այն գեղեցկութեանց վրայ, որոնք ովսաննայով ընդունուեցան հասարակութեան բերանէն։

Ու բանաստեղծի մը արուեստը կը կապուի անոր ինքնատպութեան։ Այս վերջինն է, որ պիտի պաշտպանէ անոր խորքին ընդհանրական տարրերը անխուսափելի քայքայումէն, անշուշտ որոշ չափով։

Ու Մեծարենցը կը փրկէ ինքզինք, իր ձեւին ինքնեկ տարազովը։

* * *

Մեծարենցի արուեստին ենթագիծերը կու գան Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն։

Պոլիս ինծի ցոյց տուին անոր պզտիկ մէկ տետրակը, ուր ճանկիւլիւմներ, ժողովրդական երգեր, Ակնայ բարբառով ոտանաւորներ, /419/ անէծքի եւ օրհնութեան տարազներ, աղօթքներ իրարու քով եկած էին։

Խորհեցայ վերագրել երեւոյթը թելադրութեան մը, որ այդ օրերուն պոլսական մամուլին մէջ երեւան եկած էր։ Ազգագրական տեսակէտներով մամուլը կը շահագրգռուէր մեր անգիր բանահիւսութեամբը։ Միւս կողմէն, իրապաշտ ու զուտ պոլսական արուեստին դէմ յայտարարուած հակահոսանքն ալ կրնար ազդակ մը դառնալ, դէպի ինքնատիպ, որով եւ ազգային ներշնչումներ տանելու համար պատանի հետաքրքրութիւնը բանաստեղծին։

Բայց ասիկա ամենէն առաջ պարտական է իր հողին թերեւս շատ աւելի, որքան չենք կասկածիր։ Քանի մը իսկապէս մեծ անուններ եկած են մեզի իր գաւառէն։ «Անտունի»ները շատ բարձր բանաստեղծութեան մը ճաշակը կու տան։ Ու անոնց երգիչներուն բերանէն ինծի արուած է մտիկ ընել եղանակներուն ամենէն արցունքոտը, սրտառուչը, երբ երաժիշտները կը պատմեն մօր ու տղու, հարսին ու պանդխտող փեսային մասին։

«Ըլլայի»ներու զմայլելի litanie–ն կը մեկնի ժողովրդական երգի մը մոթիֆէն, ուր, այդպէս ցանկութիւններու տողանցի մը մէջ մարմին կը հասնին սիրողներու բոլոր երազները։ Երգին զանազան փոփոխակները հասած են ուրիշ գաւառներ։ Տեղ-տեղ թուրքերէն են բառերը։ Բայց Ակնայ բանահիւսութիւնը լեզու չի զատեր, ինչպէս սովորական է ատիկա աշուղներուն համար։

Ուշագրաւ է կրկնութեան մը ճարտար գիծը, որ քերթուածը կարծես կը նստեցնէ իր կեդրոնին վրայ։ Ատիկա յաճախադէպ է Քուչակին, ինչպէս ժողովրդական երգերուն մէջ։ Տողի մը կէսը կրկնել յաջորդի մը սկսումին։ Կամ ամբողջ տողը կրկնել յաջորդ տունին վրայ։

Իր խորքին համար իր ծննդավայրը բերած է կարեւոր նպաստ։ Քանի մը քերթուածներ ուղղակի կը բխին տղու յիշատակներէ։ Ատկէ դուրս, իբր ընդհանուր թոնալիթէ, անոր ոտանաւորներուն շատերը շեշտեր ունին մայրաքաղաքէն օտար, հեռաւոր շրջանակէ մը, աւելի կոյս զգայութիւններէ։

Բայց աւելի բացասական եղած է Արեւելքի ազդեցութիւնը անոր վրայ։

Եթէ իր ձեւը երկար ատեն տառապեցաւ պոլսեցիներուն «ծփծըփուն» կամ «տռփամոլ» եղանակներէն, եթէ իր բառերը երկար ատեն իրենց պարապ յաւակնութիւնները պտըտցուցին անոր տողերուն վրայ, մեղադրելի չէ բանաստեղծը, որ տարիներով վախցաւ ինք/420/զինք տալէ եւ յարգանքի հարկի մը պէս չնետեց ուսերէն դպիրի խեղճ այդ շապիկը, որով բանաստեղծները պաշտօն կը մատուցանէին նշանաւոր քոյրերուն։ Երբ պատռեցաւ իր երկչոտութիւնը ու բանաստեղծը հերարձակ նետուեցաւ իր գեղեցկութեանց ետեւէն, արդէն մահը իր կալանքը կը դնէր անոր թեւերուն։

* * *

Մեծարենց կազմուած է Արեւմտեան արուեստին ամենէն ընտրուած արուեստագէտներուն յաճախումին մէջ։

Իր պատանութեանը մէջ ան կը ճանչնայ կախարդ Ուայլտրօն ու անոր ոսկիի ու ադամանդի աշխարհը, բնական ու արուեստական լոյսերու ու շողարձակ մթութիւններու հրաշազան խառնուրդը, իրականութեան եւ երազին մէջտեղ դիմանալ կարենալու յարմարութիւնը, կեանքը հեքիաթի մը պէս տալու ու հեքիաթի մը մէջ քաղաքակրթութիւններ ծրարելու անոր զօրութիւնը ու մանաւանդ ազնուական, պերճ ու գունագեղ բառերու եւ թանկագին քարերու ու հազուադէպ գոյներու ետեւէն անոր արշաւը ազդած են շատ բարերար եղանակով մը։ Ան թեթեւնալ ու լուսաւորուիլ կը սորվէր, ամէն տպաւորութիւն լոյսին դէմ անգամ մը բռնող ու զննող այս էսթէթէն։

Իբրեւ քնարերգակ, ան դժուար պիտի ենթարկուէր սփիրիթիւալիսթ դեղագէտ-քննադատներու մշուշոտ տեսութիւններուն։ Ան, հակառակ Էմըրսընը յամառօրէն կարդալուն, անհաղորդ է մնացած անոր համագրաւ մտածումին, որ իրերուն վրայ հոգի կը դառնայ ու տպաւորութիւնները խորերէն կը զտէ։ Ո՛չ մէկ ուղղութիւն, որ իբրեւ փիլիսոփայութիւն գործին մէջ կմախքը նետէր։ Ան կամաւոր ուրացումն է բոլոր այն բաներուն, որոնք ականջին ու աչքերուն տարողութենէն դուրս կը մնան։ Ու բախտ մըն է, որ Մեծարենց չարչարուած չըլլայ աւելիին ետեւէն։

Այս զուտ երգ, զուտ գոյն ու մաս մըն ալ զգացումներէ կազմուած գործը օտար կը մնայ բոլոր այն հակամարտ ձգտումներէն, որոնք մեծ քաղաքակրթութիւններուն մռայլ մղումները կ՚առաջացնեն արուեստագէտին հոգիէն։ Ո՛չ մէկ անտեղի հետաքրքրութիւն, որոնք քնարերգութեան կալուածէն դուրս ըլլային։

Ան մեղադրուեցաւ մտածումէ ու «իմաստասիրական»?? շունչէ զուրկ ըլլալուն։ Լաւագոյն ապացոյցը անոր բանաստեղծի, քնարերգակ բանաստեղծի արժանիքներուն։ Ու ան վարկաբեկուեցաւ իբրեւ խորհրդապաշտ։

/421/ Պատրանք մը կայ այս վերագրումին մէջ, որ իրեն տրուեցաւ իր բարեկամներէն ալ։

Սէմպոլիզմը մեր մէջ հոմանիշ է սանձարձակութեան, խրթնութեան, մթութեան կամ, աւելի բարբարոս բառով մը՝ անհասկանալիութեան։ Սովորական ու պատրաստ մեղադրանքը, որ Փարիզէն փոխադրուեցաւ Պոլիս նոյնութեամբ։

Բայց անիկա այլապէս բարդ ու զօրաւոր շարժում մըն է, իր լայնքին մէջ հաւասար ու գերազանց, քան այն, որուն տեղը անցաւ։

Գրական այս վարդապետութիւնը կարելի չէ յստակ սահմաններու ենթարկել։ Բայց կարելի է մօտենալ անոր մէկ քանի մեծ գիծերուն։ Սէմպոլիսթները աշխատեցան ոտանաւորէն վերցնել խստամբեր սահմանադրութեան մը ծանրութիւնը։ Ոտանաւորը ազատագրել արտաքին աշխարհին այլամերժ սպասարկումէն։ Տապալել կարծր ու հաստատ գոյներուն ու սառած ձեւերուն էսթէթիքը։ Մօտենալ երաժշտութեան ու բառերուն հագուեցնել կարելի շարժում ու կարելի թրթռում։ Ասոնք անմիջական ու իրական պահանջներն են դպրոցին։

Մեծարենց վարդապետութեան այս մասը որդեգրած է առանց անտեղութեան։

Բայց ատով հեռու ենք հրապարակին մտապատկերած սէմպոլիզմէն:

Դպրոցը այնքան ալ չծանրացաւ թեքնիքի այս մանրամասնութեանց վրայ։ Անիկա իր յաւակնութիւնները փոխադրեց խորքի հեռապատկերներուն։ Աշխատեցաւ մատ նետել, երեւոյթներու մշտահոս աշխարհին մէջէն, այնպիսի ձեւերու, որոնք շարունակէին իրենց վազքը տեսնելէ անդին։ Ուրիշ խօսքով, անտեսանելիէն որսալ ձեւեր ու բանտարկել զանոնք վերջնական ու պերճ կաղապարներու, սէմպոլներու մէջ։

Ասոր intuition-ը ունեցաւ Մեծարենց ու երազեց խորհրդանշաններուն։ Բայց անոնք այլամերժ էին ու մտիկ չըրին Արեւելքի պարզուկ երգիչը:

Դարձեալ շատ զարգացած, մշտական գրգռութեանց պատճառով շատ նրբացած զգայութիւններու մէկ շրջումն է ան դէպի անորոշ ոլորտները, ծփանուտ գետինները, իրականութենէն հալածուող ու զայն չհանդուրժող հոգիներուն փախուստը կեանքին հասարակ հանդէսներէն։ Երազին մէջ ապաստանելու տրտմաբար ըղձաւորութիւն մը։ Ներկայ քաղաքակրթութենէն բաժնուելու ու իրերէն դուրս ելլելու մեծաթռիչ ու եղերական լարում մը։

/422/ Մեծարենցի գործը քիչ ցոլքեր կը պարունակէ այս հոգեբանական բարեխառնութենէն։

Այս դպրոցին կարկառուն գիծերը։ Այս սկզբունքներուն յաղթանակին համար է, որ պայքարեցաւ փառաւոր սերունդ մը։ Ու եթէ մէկ–երկու արուեստագէտներ իրենց խղճահարութեանը մէջ շատ չարչարուեցան ու չարչարեցին լեզուն (Մալարմէ, Կել եւ ուրիշներ), դպրոցը մնաց ամենէն լուսառատ, ամենէն թելադրող, ամենէն երաժշտաւէտ բանաստեղծութեան վառարանը, որ ջերմութիւն ու կեանք ներարկեց ա՛լ սպառած քերթողութեան մը։

Ասիկա է սէմպոլիզմը։ Անիկա արուեստն է Սամէնին, արուեստն է Ժիւլ Ռընարին, արուեստն է Մեթէրլինկին ու Հանրի տը Ռենիէին, որոնք աշխարհներով հեռու են մեր մշուշոտ ու անհասկնալի մակագրած արուեստին։

Ու Մեծարենց աշակերտած է գոյնին ու բանին (verbe) այս հսկայ աստուածներուն։

Ամենէն աւելի անոր մէջ կարելի կ՚ըլլայ ճանչնալ օրհնուած եղբայրութիւնը Սամէնին։ Ճակատագրով, ջիղերով ու խառնուածքով այնքան նման են անոնք իրարու։

Երկուքն ալ կեանքէն վռնտուածներ, որոնք պարտադիր համակերպութեամբ երազին կը դառնան ու կ՚ապրին իրենց հրդեհը, վճիտ ջահերու նման, բոց առած ներսէն ու դուրսէն։

Երկուքն ալ ունին տեսնելու ու քանի մը գիծերով պատկերը բեւեռելու հուրքը։ Ու երկուքին ալ ոտանաւորը կ՚երգէ լուսաւոր ու գունագեղ մեղեդին, որ կրակի վրայ բռնուած պրիսմակէ մը անցած ըլլար։

* * *

Եթէ զեղչենք իր գործէն կարեւոր թիւ մը քերթուածներու, մեզի կը մնայ անդին մեր լեզուին ամենէն գեղեցիկ, ամենէն գունաւոր, ու քաղցր ու սրտառուչ բանաստեղծութեանց անկորուստ հատոր մը։

Անով կը սկսի արուեստագէտ զգայնութիւնը մեր մէջ։

Ու այդ զգայնութեան ամենէն հարազատ թարգմանն է ան։ Ժամանակը, որ աղիտաբեր է ուրիշներու, որ պիտի տապալէ գուցէ ամբողջ Սիամանթօն ու շատ բան Վարուժանէն, անզօր պիտի մնայ անոր տաղարանին առջեւ, ինչպէս անզօր մնաց Դուրեանին առջեւ։

Ան խառնուածքով ու արուեստով բանաստեղծն է մեր սերունդին։