Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՌՈՒԲԷՆ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ 

. ՍԵՒԱԿ) (1885 - 1915)

/7/ Կարճ շրջան մը 1909-1914-ը որ սակայն մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, ստեղծագործ ճիգի ու խոր ապրումներու փայլակնային իր նկարագիրովը, հաւատարիմ կը մնայ իր նմաններուն։ Ուրիշ ժողովուրդներու մօտ սա նկարագիրները դանդաղ հոլովոյթի մը մէջէն կը զարգանան ու իրենց լիութիւնը կը գտնեն առնուազն հասակին մէջը ամբողջ սերունդի մը։ Մեզ մօտ տարբեր է պարագան։ Չեմ իջներ մեր պատմութեան անդրագոյն ակունքը մինչեւ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ սրտագին ուշադրութեամբ կանգ առնել սա անուններուն առջեւ. «Հիւսիսափայլ» (1859—1864), Ազգային Սահմանադրութիւն եւ իր սերունդին գործը, Պէշիկթաշլեան—Դուրեան զոյգին ընդարձակ տարողութիւնը, իրապաշտները, «Ազատամարտ»ի սերունդը ։ Այս իրարու աննման շարժումներուն համար կայ սակայն հասարակաց յայտարար մը. ատիկա ես կ՚առնեմ տեւողութեան պարունակէ մը, կարճութի՛ւնը, որուն մէջ իրագործուած են այդ արդիւնքները, փաստն է այս ժողովուրդին թաքուն ուժերէն մէկուն։

Սեւակի անունը անշուշտ անբաւարար կու գայ, «Ազատամարտ»ի սերունդը ընդհանուր կոչումին տակ մեր նորագոյն պատմութիւնը լեցնող շարժումը իր ամբողջականութեան մէջ թելադրելու։ Իրողութիւն է, որ այդ շարժումին մէջ կայ բացառիկ համադրում մը մէկէ աւելի սերունդներու։ Անոր մէջ բաժին ունին Զօհրապի, Հրանդի նման 1885–ի մարդեր, այսինքն մեր իրապաշտութեան ամենէն հզօր դէմքերը։ Հոն են Զարդարեան, Տիկին Եսայեան, այսինքն ամենէն վաւերական վարպետները մեր արուեստագէտ սերունդին։ Ու հոն են դարձեալ Վարուժան, Սիամանթօ, Գեղամ Բարսեղեան, Վահրամ /8/ Թաթուլ, Ռուբեն Սեւակ, որոնց տաղանդին առաջին շողարձակումը պիտի շարունակուի, պայծառակերպ լիութեան մը վերածուելու համար, մինչեւ որ անօրինակ ոճիր մը գայ այդ ամէնը խղդելու։

 

Այն տղաքը, որ 1909-1915–ի շրջանին մէջ ջանք ունեցան իրենց դիմագիծը վերջնապէս ճշդելու, արժանի են նոյն գուրգուրոտ հետաքրքրութեան եւ իրական յարգանքին, որուն փաստերը դուք տեսաք արձանագրուած կանխող տասնամեակի եղերաբախտ մեծ դէմքերուն վերլուծման առթիւ։ 1895–ի փողոտումներէն ետք, իրենց տաղանդին լիութիւնը գտնող մեր մեծ դէմքերը, դուք գիտէք անունները անոնց, պատկանելով հանդերձ ժամանակին (իրենց), աւելի են անկէ։ Իրաւ է, որ Չրաքեանի մը թերութիւնները, բացատրելի թերեւս, պայմանուած ալ են այդ ժամանակով։ Բայց աւելի քան իրաւ է, որ անոր առաւելութիւնները մաս կը կազմեն հայոց, աւելի պատկերաւոր բառով մը Հայաստանեայց գրականութեան։

 

Ու նոյն ատեն, անոնք որ 1908–էն վերջ սպասը ստանձնեցին արեւմտահայ գրականութեան, ծանր ու իրաւ տղաք էին։ Անոնցմէ շատին գրական նախափորձերը կ՚իջնեն մինչեւ այս դարուն սկիզբը։ Բայց ահա տարբերութիւն մը. ներկի ու սեթեւեթի, անհարկի նրբութեան եւ հաստ պոռնկագրութեան անկարող բռնազբօսումին եւ բառամոլ նկարագրութեան ընդհանուր ախորժանքին մէջ, այդ տղաքը կը թելադրեն ուրի՛շ ալ բաներ, թէեւ տարտամ ու անբաւարար։ Կը պատահի այս երեւոյթը ճաշակներու տիրապետութեան շրջաններուն։ Մարդիկ կը հիանան Արտաշէս Յարութիւնեանի, Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆի դատումներուն եւ պատմումներուն, Միհրան Ուղուրլեանի եւ Լեւոն Քիրիշեանի, Մերուժան Պարսամեանի եւ Հրանդ Նազարեանի քերթողութեան վրայ, մինչեւ որ Միսաք Մեծարենց մը յայտակերպէ ինքզինք։ Ու իրաւ է, որ այդ օրերուն նուէրն ըլլայ ու ի՜նչ չարաշուք նուէր մեր արձակ քերթուածը ու խումբը քերթողներու, լուսանկարիչ դատողներու ( վայրկենական instantané վերնագրին տակ մարդիկ փորձը կ՚ընեն գրագէտներ նկարելու, երբեմն դիմաստուերելու։ Թերեւս յիշողութիւնս չի բաւեր ինծի, երբ կը խորհիմ կարդացած ըլլալ նաեւ կէս–վայրկենականներ, որոնց վրայ յամեցում մը չեմ ներեր ինծի։ Ու կ՚ըսեմ՝ այդ օրերուն նուէրներն են մեզի դարձեալ « Նոր տաղեր »ը, « Ներաշխարհ »ը։ Մեր գրականութեան մէջ մարմին են դարձած հայ հոգիին ամենէն ամուր քանի մը շնորհները Թլկատինցիի վիպակներուն եւ թատերական յօրինումներուն /9/ կերպարանքին տակ ու գրուած են այն ընտիր էջերը, որոնք աւելի վերջը խմբուին պիտի « Ցայգալոյս » խորհրդանշական պիտակին տակ եւ այն մեծ ու խոր, զուսպ ու կատարեալ քերթուածները, որոնցմով պիտի կազմուին « Ցեղին սիրտը » եւ « Հրաշալի յարութիւն »ը։ Կը յիշեմ այս ամէնը, ո՛չ թէ վերագնահատելու համար արուեստագէտ սերունդին աւագ թեւին արժանիքները, այլ կարելի զանազանութիւնը ճշդելու համար, որով կը տարբերին իրարմէ, կրտսեր թեւի մը իրականութիւնն ու իրագործումները։ Պէտք կա՞յ, թարմացնելու եւ ուրիշ ալ իրողութեանց փաստը, որոնց համեմատ մեր կրտսեր ռոմանթիքները ի՜նչպէս սպաննեցին Դուրեաններու զմայլելի քնարականութիւնը եւ տաղաչափութեան անարգ կրկէս մը ըրին մեր նոր գրականութեան մօտաւորապէս քառորդ դարը։ Այն գրողները, որոնք կը կոչուին Վահրամ Թաթուլ, Գեղամ Բարսեղեան, Ռուբէն Սեւակ բաղդատելի չեն Յովհաննէս Սէթեանի, Թովմաս Թերզեանի, Մկրտիչ Աճէմեանի, նոյնիսկ բանաստեղծող ալ Եղիային, ո՛չ ի հարկէ տաղանդային թելադրանքներով, այլ գրականութիւնը ըմբռնելու ծանրակշիռ տագնապովը։ Երբ սիրոյ եւ մահուան այնքան խոր եզերք մը գինն է հանճարային քսանամեակէ մը (Պետրոս Դուրեան), անոր ետեւէն հասակ առնող Թովմաս Թերզեանը այդ ողբերգութիւնը պիտի վերածէ լեզուական truc–ներով սպառազէն ու ճամարտակ տաղաչափութեան։ Վահրամ Թաթուլի քերթուածները չունին անշուշտ շունչը Վարուժանին, բայց իրենք իրենց համար կատարելութիւններ են յաճախ։ Ջնջեցէ՛ք հայ գրականութենէն Թերզեանի երկահատոր քերթողութիւնը, դուք թերեւս բարւոք ծառայութիւն մը կ՚ըլլաք մատուցած հայ գրականութեան, ինչպէս կ՚ըսեն։ Վահրամ Թաթուլէն կազմուելիք դիւան մը այդ գրականութեան մէկ շնորհը ծրարած պիտի ունենար իր ներսը, շնորհը՝ նրբենի զգացումներ առանց բռնազբօսման արտաբերելու։ Տակաւին հոս կ՚արձանագրեմ անունը Տիգրան Չէօկիւրեանի, որ սահմանուած է այդ անունէն աւելի ըլլալու։ Այդ օրերուն է, որ հայ գրականութեան մէջ իր մուտքը կ՚ընէ Ռուբէն Չիլինկիրեան [1] ։

* * *

/10/ Ռուբէն Սեւակ թերեւս համադրող պատմիչի մը համար շատ թելադրական անուն մը ու առիթ մըն է նոյն ատեն։ Ինքն է, որ 1900–ին բոլոր երկրորդական ազդեցութիւնները իր մէջ ընդունելով հանդերձ, կը թելադրէ նոյն ատեն արուեստագէտ աւագ սերունդին մեծ արժանիքները։ Եթէ աստիճանաւորումը անհրաժեշտ է գրեթէ յաճախ սա մեր աշխարհին շատ մը արժէքներուն հասկացողութեանը մէջ, այն ատեն կը ներուի ինծի ընել այդ աստիճանաւորումը նոյն սերունդին անուններուն միջեւ։ Տաղանդի տեսակարար կշիռ, տարիք, միջավայր, անհատական ապրումներ եւ թերեւս ուրիշ շատ բաներ կը մի/11/ջամտեն, որպէսզի իրարմէ որոշ տարբերութիւններ պարզեն մեզի ժամանակակից, գրեթէ տարեկից անուններ։ Շատ քիչ է թիւը տարիներուն, որոնցմով իրարմէ բաժնուած են Թլկատինցին եւ Ռ. Զարդարեանը։ Բայց ի՛նչ խոշոր է տարբերութիւնը իրենց գործերուն։

 

Արուեստագէտ սերունդին մէջ կրտսեր թեւ մը զատելու սա ստիպողութիւնը կ՚արդարանայ ուրիշ ալ պատճառներով։ Չեմ կրնար առանձին ուշադրութեամբ վերլուծման ենթարկել դէմքեր, որոնց տաղանդը ոչինչով կը մնայ վար վաւերագրուած տաղանդներէ։ Մեծ տաղանդ մըն էր Վահան Մանուէլեանը, բայց որմէ մեզի հասած արդիւնքը մեզ չ՚արտօներ համադրական սա պատմումին մէջ իրեն /12/ տալ այդ տաղանդին արժանաւոր միջոց մը, վասնզի մարդերու պատմութիւն մը ըլլալէ աւելի (հետեւաբար տաղանդներու վերլուծում) գաղափարներու, ձգտումներու համադրութիւն մըն է իմ փորձը։ Աղեքսանդր Շաքլեան շքեղ տաղանդ մըն էր, բայց դժուար էր իր տեղը զատել։ Ու ասիկա այսպէս՝ քիչ մը ամէն սերունդի համար։

Անգամ մը, որ ներուի ու նուիրագործուի կրտսեր թեւին տարազը, մէկէն կը դառնան հասկնալի շատ մը մշուշոտ յղացքներ։ Կ՚ըմբռնենք, թէ այդ թեւին մէջ ընկերային ու ազգային զօրաւոր ձգտումներ քով քովի կրնան ապրիլ արուեստի ամենէն ձախ ու անիշխանական հակումներուն հետ։ Չենք զարմանար, թե ինչո՞ւ այդ թեւին լաւագոյն բանաստեղծը՝ Վահրամ Թաթուլ, ըլլայ mythe, կամ ծիծաղի միայն արժանի անուն մը, մինչ ուրիշ կերպ է իրականութիւնը։ Արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ այդ մնայուն տղուն տեղը մօտիկն է ամենէն մեծերուն։ Արեւմտեան սէմպոլիսթներուն յաճախանքին մէջ կազմուած այդ արուեստագէտը տուած է մեր քնարերգութեան տասնէ աւելի քերթուածներ, ուր ձեւին նրբահիւս կատարելութիւնը չի զառածեր ստերջ պաղութիւնը մինչեւ Սիպիլեան բառամոլութիւն, եւ ուր զգայնութիւնը, թունդ arôme–ի մը նման, գոլուտ ու խոր, չէ խղդուած բառերուն խիստ ընտրանքէն։ Ուրիշ /13/ անորակելի տաղանդ մըն է Գեղամ Բարսեղեան, ան ալ մնայուն տղայ մը, որ սեթեւեթին ու բռնազբօսեալին ջուրերուն մէջ որսաց իր որսը, բայց չեղաւ յիմար՝ շուքը իրականութեան տեղ հալածելու։ Ու սխալի մէջ չեմ, երբ Ռ. Սեւակը կը նկատեմ կարելի նմոյշ մը կրտսերներէն, իր ապրումներուն ու երազներուն ընդարձակութեանը ու մեզի ձգած գործին զանազանութեանը համար։ Ան իր վրայ կը միացնէ աւագներուն ծանրութիւնը եւ նորագոյններուն, ձախերուն յանդգնութիւնն ու դժգոհանքը [2] ։

* * *

/14/ Եղեռնի տարին, Պոլիս։

Չեմ կրնար ճշդել, ստոյգ, օրը։ Բայց եօթնեակը չլրացած տեղի պիտի ունենային Ապրիլեան ձերբակալութիւնները, չարաշուք քաղաքին բոլոր թաղերէն, թուրքերուն մէջ քիչ անգամ դիտուած գիշերաջան, կատարելատիպ ամբողջութեամբ մը։

Այդ օրէն շաբաթ մը առաջ ուրեմն, գիշեր մը, հրաւիրուած էինք Ռուբէն Սեւակի տունը։

Վարուժան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Գեղամ Բարսեղեան, Արիս Իսրայէլեան, որ ուշագրաւ նոր անուն մըն էր հին խորքով քերթուածներէն ինքզինքը ազատագրելու իր ճիգին մէջ սրտառուչ եւ համակրելի, շատ բան ու զուարթ Թէոդիկը ու իր կինը՝ պատուական Արշակուհին, որուն հանդէպ իմ զիջումը գինն էր իր լրջութեան, /15/ սեթեւեթի պակասին ու արիութեան, կիներու սուտ ու փուս խումբին մէջ այնքան անակնկալ։ Ու տակաւին քանի մը աւելի մատաղ անուններ «երիտասարդութենէն», կուսակցական ամեհի եւ աղմկոտ գործունէութեան օրերէն, եւ որոնց մէջ գրական հետաքրքրութիւնները կամրանային տակաւ։ Հրաւէրին առիթը եւ գիշերուան ընդհանուր ապրումը պատմած եմ ուրիշ տեղ («Արեւ» օրաթերթ, չեմ յիշեր տարին, 1924–էն վերջն է հաւանաբար, ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած թիւի մը մէջ)։ Հոս նպատակն է Ռուբէն Սեւակը ներկայացնել իր գրական խառնուածքին եւ գաղափարաբանութեան մէջ, որոնք միշտ հետաքրքրական են, մանաւանդ երբ ինքզինքը լիովին չիրագործող մարդու մը մասին կը տրուին։

 

Գերմանուհի իր կինը կը մասնակցէր խօսակցութեան, արագ ու առատ ընդհատներով։ Անուշիկ պզտիկ մը, Սեւակի ծունկերուն իր բազուկները օղակ ըրած, կը նայէր հայու սեւ, սրտառուչ նայուած/16/քով, խարտեաշ բացութեանը մէջէն մորթին, որ մօրմէն կու գար ու կ՚ըլլար տեսակ մը գրաւչութիւն։ Անխօս, տրտում, մանուկի այդ գլուխը կը թելադրէր հզօր հպարտութիւն։ Ու աւելի պզտիկ մէկ ուրիշ մանուկ, քիչ մը աղմկոտ, բայց որուն մորթէն ոսկեգոյն բան մը կը ցոլցլար։ Սրահին ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, քաղաքին վրայ խորացող գիշերուան սա պահուն, սա պզտիկները մոռցեր էին պառկիլը, ու մենք կը ներէինք անոնց ներկայութիւնը, թերեւս քերթուածային գեղեցկութեանը սիրոյն անոնց մատաղութեան, քաղցրութեան։

Քիչ մը քովնտի, սեղանին շարժումներէն ազատ մնալու ցանկութեամբ, մեր պզտիկ խմբակը կը խօսէր։ Մեր նիւթը գրականութիւնն էր։ Սեւակ ոգեկոչեց Զուիցերիայէն լեռնային տեսարան մը (գտայ որ նկարչական չէին իր տպաւորութիւնները, բայց տարօրէն կենդանի, իրաւ), ուր քանի մը տարի առաջ կարդացեր էր ինձմէ վիպակ մը, « Թիւրքմէնին աղջիկը », լոյս տեսած «Շանթ» հանդէսին չեմ յիշեր ո՛ր տարին եւ ուր թիւին մէջ։ Լեռնական բարքերու եւ տիպարներու փոքր այդ պատկերը հաւանաբար չափած էր Սեւակի մտքին մէջ իր տարողութենէն աւելի, նպաստաւորուելով վայրին ու պատին /17/ որ, թաքուն ազդմունքներէն, ընթերցումը վերածելով ներքին բիւրեղացման մը (Uթանտալեան իմաստովը այս վերջին բառին)։ Շնորհակալութեամբ կը յիշէր իր խորունկ ու նուրբ հաճոյքը, որուն մէջ կը միանար իր կինն ալ իր թերխաշ հայերէնովը, ան ալ հաւանական խուժումին տակը տեղական յիշատակներու այդ լեռնագնացութենէն։ Սեւակի սա խռովքի հասնող ընկալչութիւնը գիւղի յուզումներուն համար փաստը չէր անշուշտ իր մանկութեան անդրանիկ զգայնութիւններուն միայն։ Սիլիվրին, ուր ծնած էր եւ անցուցած իր առաջին եւ երկրորդ մանկութիւնները, Պարտիզակը, որ անոր տուած ըլլալու էր պարմանութեան առաջին (հոգի) ծուփերը, գիւղեր էին, բայց անոր Պոլիսը, անոր Լոզանը կը մնային տիրական անոր ոչ միայն մարմնեղէն կազմին, այլեւ իմացական յօրինման մէջ ալ։ Իր պարագան շատ մօտիկէն կը յիշեցնէր Վարուժանը, որ գիւղի ծնունդ՝ քաղքենի հոգեբանութիւն մը միայն եղաւ։ Սեւակի կարօտը հարազատ գիւղէն, որուն տեսլացած մէկ ձեւն է իր «Երնե՜կ ջուր» քերթուածը, ինծի կ՚ընէ այսօր հասկանալի իր բանաստեղծութեան ընդհանուր վրիպանքը։ « Թիւրքմէնին աղջիկը »ին վրայ իր հիացումը անգիտակից զիջում մըն էր իր միտքէն, կատարուած՝ իր արեան եւ ժառանգութիւններուն։ Գիւղացին անոր մէջ մշուշ մըն էր այլեւս։ Ու իր զարմանքը զինքը կ՚ընէր բարեացակամ, հարազատ գիւղը իրեն դարձնող ամէն պատեհութեան վրայ։ Այս նկատողութիւնները անշուշտ սա յստակութեամբ չերեւցան այդ գիշերուան մեր խօսակցութեան ընթացքին։ Իրողութիւնը սակայն պարզ էր ինծի։ Սեւակի գործը տիրական խառնուրդ մըն էր գիւղի, քաղաքի, Եւրոպայի խուլ ազդմունքներուն։ Անհուն բաղձանքներով թրթռուն իր զգայնութիւնը նկարագիր ունեցաւ արագ փոփոխութիւն մը։ Անոր համար էր, որ այդ զգայնութեան փշրանքները իր քերթուածները մասնաւորաբար մեզ կը տպաւորեն անաւարտ, տհաս բաներու յատուկ անբաւարարութեամբ մը։ Ու նոյն հանգամանքն է թերեւս, որ կը մնայ թելադրողը իր խնամքին, արտայայտութեան իր յանդգնութեանց, զանցումներուն, բոլորին ետին ըմբռնելի ընելով այդ անբաւարարութիւնը փոխարինելու թաքուն պապակ մը։ Այլապէս, իր գործը պիտի ներկայացնէր մեզի այսօր լիութեան, միութեան, միատարրութեան ներդաշնակ պատկեր մը։ 1915–ի այդ գիշերին իմ նկատողութիւններուն գլխաւոր նիւթը կու գար սակայն « Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր » ընդհանուր վերնագրին տակ « Ազատամարտ » օրաթերթին մէջ լոյս տեսած պատմութիւններէն։ Չէի ծածկած իրմէ, թէ այդ կտորներուն շատ խնամուած, նրբահիւս, շողարձակ ոճը ինծի կը յիշեցնէր քիչ /18/ մը 1900–ը, որմէ իմ զգացած սարսափս հազիւ կը հակակշռէին արուեստագէտ սերունդին մեծագոյն փառքերը, Մեծարենցը, Չրաքեանը, Տիկին Եսայեանը։ Դարձեալ, այդ 1900–ին կը պատկանէին այն տղաքը, որոնց անունները ունեցան Վահրամ Թաթուլի, Գեղամ Բարսեղեանի, քիչ մը Տիգրան Չէօկիւրեանի, կրտսեր թեւը այդ սերունդին։ Ու իմ խօսքը դառնութեամբ լրջացաւ, երբ դատեց սեղանին գլուխը բաժակները դիւցազներգող Թէոդիկը, որ այդ ոգիին ամենէն վաւերական ներկայացուցիչն էր այդ օրերուն, իր « Ամէնուն Տարեցոյցը »ներուն ժողովրդականութիւնը շահագործելով, վերստեղծելու համար անտանելի հոգեվիճակը 1905–ի բռնազբօսներուն։ Սեւակ կը հասկնար գիւղացիի իմ անվստահութիւնս այդ նրբամոլութեանց դէմ։ Բանաստեղծութեան համար իմ վերապահութիւնը Սիպիլեան թեքնիքին ու գաղջ համակրութիւնը՝ Չրաքեանի խուժ բայց ամուր չափերուն վրայ։ Կը բաժնէր իմ բացարձակ խանդավառութիւնը Վարուժանի արուեստէն։ Յառաջացող գիշերուան մէջ լռութիւնը կ՚ամրանար։ Փողոցէն կասկածելի, ստուերատիպ ձեւեր կ՚ուրուանային ու կը հալէին ու մենք պարտաւոր էինք նկատի առնել գաղտնի ոստիկանութիւնը, որուն գործակալները ճշդումներու կամ զինուորական փախստականներ փնտռելու պատրուակին տակ կը մտնէին տուներէն ներս, հեշտագին սարսափ մը նետելու համար խաղաղ բնակարաններէն ներս։ Նման ընդհատէ մը ետք մենք դարձանք մեր խօսքին։ Վիպելը կը մնար առարկայ։ Ո՛չ Վարուժան, ո՛չ Թէոդիկ չգտան վերստին իրենց հաւասարակշռութիւնը։ Վարուժան մռայլ էր ու վախերով պաշարուած։ Սեւակ, աւելի անփոյթ, աւելի վստահ՝ շարունակեց իր նկատումներուն ընթացքը։ Մօփասանի եւ Չեխովի թեքնիքներուն համար իմ խանդավառութիւնս անիկա փորձեց հակակշռել Կուրմոնի վրայ նոյնքան զօրաւոր իմ հաւատքովս։ Վէճը կը խորանար։ Լքուած էին սեղանին վրայ գաւաթները, որոնց մէջ թուխ–խարտեաշ հեղուկը երբեմն–երբեմն կայծեր կ՚արձակէր դէպի վեր։ Մօտիկս տեղ առաւ Բարսեղեանը, որուն պատմումը հակադիր ախորժակներ կը փաստէր եւ որոշ հակում ցոյց կու տար տարտամին, անիրութեան։ Քովն էր Տիգրանը, որ դէմք էր արդէն եւ գրեթէ քաւած մեղքը իր պատանութեան երգերուն եւ վիպակներուն, արդիւնք՝ նոյն մեղապարտ թեքնիքին։ Հոս չեմ կրնար այս խօսակցութեան մէջ իւրաքանչիւրին տեսակէտները վերակազմել։ Կը յիշեմ իմ պաշտպանողականը։ Կուրմոնի վիպակները, ինչպէս խորունկ խորհրդապաշտութեամբ մը մթասքօղ իր քերթուածները, անոր գործին ամբողջութեանը մէջ կը կազմէին եթէ ոչ տկար, գէթ նուազ լուրջ /19/ մաս մը, քանի որ գրուած էին գրական տեսութիւններ կիրարկելու, փաստելու նպատակով եւ ո՛չ թէ տագնապին մէջ արուեստի անկախ գործեր ստեղծելու, որոնք գրեթէ միշտ գինն են անկաշկանդ մղումներու։ Ամէն կատարեալ նուաճում արուեստի մէջ գործադրուած է բացարձակ անկախութեան մը ընդմէջէն։ Վարուժան կը պահէր տրտում իր լռութիւնը, աչքով հետեւելով մեր վէճին, որ քիչ-քիչ կը ստանար նկարագիրն ու ճակատագիրը նման բոլոր վէճերուն դառնալ կրքոտ ու անօգուտ:

Ըրինք շրջանը ամբողջ արեւմտահայ գրականութեան, իր հաստատ, որքան ուշագրաւ կերպով անհատական բաժանումներով, իւրացուցած արժէքներով ու համաձայն էինք « Մեհեան »ով պահանջուած քանի մը հիմնակէտերու շուրջ։ Սեւակ կը հասկնար իմ մտահոգութիւնները, մեր գրականութիւնը մեր ժողովուրդին արտայայտութիւնը դարձնելու իմ աննահանջ կեցուածքը։ Ու կը հասկնար այն գրեթէ թշնամական արհամարհանքը, որով կը դատէի մեր գրականութեան ամենէն վաւերական նկատուած փառքերը, երբ ասոնք կու գային գիրքերու ճամբով, ըսել կ՚ուզեմ՝ գործը մեր կրտսեր ռոմանթիքներուն, մեծ մա՛սը 1900–ի ժառանգութեան։ Բացարձակ տաղանդ մը միայն շնորհ ունէր իմ առջեւ, որուն միջոցով Մեծարենցի, Չրաքեանի, Զարդարեանի, Թլկատինցիի ստեղծումներէն որոշ քանակ, ըլլալով հանդերձ նուազ հարազատ, նոյնիսկ պոլսական նրբախտով վարակուած, արժանի էր գուրգուրանքի, պայմանաւ, որ գործադրուէր անհրաժեշտ զեղչը սուտէն, ներկուածէն, փչուածէն, կեղծէն, պաճուճուածէն, արիւնաքամ ըսուելու չափ նրբացածէն թերութիւններ, որոնք ճակատագրական են գրական ամէն ճաշակներու մէջ։

 

Ատեն մը խօսքը մասնաւորուեցաւ վաղուան գրականութեան տարազին այլեւս ապայժմէ նկատուած տարողութեան վրայ։ Իրողութիւն էր, որ 1909–էն ասդին արեւմտահայ գրականութիւնը խենթութեան շրջան մը կ՚ապրէր։ Քաղաքական մտահոգութիւնը տիրական իրողութիւն էր ու կը գրաւէր բովանդակ ուժը, ստեղծագործ աւիշը մեր իմացական ընտրանիին ու այն երիտասարդութեան, որուն զգայնութեան լարերը արեան մէջ էին կազմուած եւ որուն միտքը ոստայնուած էր սրբազան պատրանքովը ցեղին Երազին։ Այդ խանդի, անհուն ակնկալութեանց, ինքնամոռացման նորատիպ ու ահաւոր ռոմանթիզմի օրերը հազուադէպ աղէտներու կը նմանին. կու գան /20/ առանց մունետիկի, կը տրորեն ամէն ինչ իրենց անցքին վրայ ու երբ կ՚անցնին, յաճախ անճանաչելի ըրած են բեմը իրենց գործունէութեան։ 1915–ը կար արդէն 1909–ի մէջ։ Չեմ խորանար, հոս, այդ օրերու բովանդակ նկարագիրը պարզելու։ Քանի մը ցուցմունքներ միայն, որոնք, Ապրիլի այդ գիշերուան խօսակցութեան մէջ տարակարծութեանց ալ տեղի տուին։ Սեւակ եւ Չէօկիւրեան կը պատկանէին քաղաքական կուսակցութեան մը, որուն մէջ իր փառքի տեղը ունէր Վարուժան։ Ինծի համար պարզ էր, որ մեր ուժերը սահման մը ունին։ Թէ ստեղծումը այդ ուժերուն լաւագոյն ու լայնագոյն տարրին սպառումովը միայն կարելի կը դառնայ։ Թէ այդ կարելիութենէն դուրս էր ստեղծագործումը այն մարդոց համար, որոնք իրենց օրը յատկացուցած էին թերթի, դասի, դասախօսութեան, հանդէսի, փրոփականտի, ներկայացման, բազմապիտակ ժողովներու եւ այն հազար ու մէկ չնչին, բայց ժամանակը ուտող տարապարհակներու վրայ, այնքան իրաւ ու անհրաժեշտ, Պոլսոյ նման ցրուած քաղաքի մը մէջ, ուր մարդ մը գտնել կը նշանակէր օր մը կորսնցնել։ Այս զարհուրելի պարտքը վճարելէ ետք, ձեզի կը մնայ ճշդել տակաւին քանակը ուժին, որ պիտի յատկացուէր տեւական ու տիրական արժէքներու սեւեռման։ Դիտել տուի Սեւակին, թէ 1908-1914 շրջանին մեր գրականութեան մէջ որքան քիչ էր թիւը իրաւ գործերուն։ « Ցեղին սիրտը », գէթ իր լաւագոյն մասին մէջ, կազմուած էր այդ թուականէն առաջ։ « Հեթանոս երգեր »ուն լաւագոյն մասն ալ երկնուած էր Պոլսէն դուրս։ « Հրաշալի յարութիւն »ին գրեթէ ամբողջը կու գար այդ թուականէն առաջ եղող հոգեբանութենէ մը։ Կը մնար Տիկին Եսայեանի « Աւերակներուն վրայ » հատորին կսկծագին փառքը։ Եւ սակայն այդ գիրքը վկայութիւն մըն էր, գինն էր իրական ապրումներու։ Մնացեա՞լը։ Հիներէն անոնք, որ ամուր վարկ եւ վաւերական տաղանդ ունէին (յիշելու համար քանի մը անուն՝ Զօհրապ, Հրանդ, Սիպիլ, Չրաքեան, Տիկին Եսայեան, Չօպանեան) ստիպուած եղան քաղաքական այս ու այն երանգէ գործունէութիւններու փոխ տալ իրենց ժողովրդականութիւնը եւ կամ չընդոտնուելու համար, խառնուիլ ասոնց։ Ու խորունկ ցաւ էր, որ անխառն արուեստագէտներ, ինչպէս էին Վարուժանը, Սիամանթօն, Զարդարեանը, Գեղամ Բարսեղեանը, Վահրամ Թաթուլը, ըլլային կլանուած (ինչպէս կը գրէին սեթեւեթեալ իրենց հայերէնովը 1880–ի մարդերը, քաղաքական այդ գործունէութեան անյագուրդ ախորժակէն։ Ու այս պատահական դժբախտութեամբ կը բացատրէի նահանջը Զարդարեանի տաղանդին, որմէ ոչինչ էր եկած մեր գրականու/21/թեան 1905–էն ասդին, տժգունութիւնը Սեւակի « Կարմիր գիրք »ին, որ զօրաւոր ձգտումներ բայց քիչ բիւրեղացում էր յայտնաբերած։ Այլապէս ուշագրաւ էր նոր տաղանդներու ցանցառութիւնը, չըսելու համար չգոյութիւնը։ Միակ անուշիկ ու գեղեցիկ խոստում, կար երիտասարդ մը, որ Յակոբ Մնձուրի [3] անունին տակ թանձր զգայնութեամբ եւ հայեցի ամուր խորքով պատկերներու ուշագրաւ շարք մը տուած էր հրատարակութեան։ Հայեցի հարազատութիւն մը, քնքուշ ու ոչ–երեսք, առանց խորութեան անշուշտ, բայց որուն տիրական արժէքը անուշ ու իրաւ բանաստեղծութիւն մըն էր, ոչ՝ բառերով ճարուած ու գործով պատրող, ինչպէս էր պարագան Ռ. Զարդարեանի արձաններուն, ասոնք ալ պատկեր մարդերէ կամ արտաքին աշխարհէ։ Ո՛չ Խրիմեանի, ո՛չ ալ Թլկատինցիի գեղջուկ համերը։ Բայց անոնցմէ բոլորովին տարբեր այդ բանաստեղծական խառնուածքը նո՛ր էր մեր գրականութեան մէջ։ Բնական էր, որ ըլլայի խանդավառ անոր երեւումով, քանի որ իրապէս կը հաւատայի այդ /22/ թաքուն առաքինութեանց, ցեղային ինքնատիպութեան պատգամին, հայ հոգիին գիւտին ու այն անայց գեղեցկութեանց, որոնք կը մնային շտեմարանուած խորը մեր ժողովուրդի դարաւոր փորձառութեան։ Ահաւոր դէպքեր զուր չեն անցնիր մարդոց գլուխէն ու պատմութիւն մը անուշիկ կամ լացնող հեքիաթ մը չէ։ Արեան ու քաջութեան, ցաւին ու վայելքին, լքումին ու փառքին տրտմութիւններն ու քաղցրութիւնները ճաշակելով, դարուն ու կարիքին համեմատ ասոնք իրարու վերածելու աստուածային գիտութիւնն ալ ապացուցած ապրեր էր այդ ժողովուրդը ու ասեր մեր օրերուն։ Զայն սիրելը, խենթութեան հասնող չափու մը վրայ (որուն փաստը տուաւ իր հերոսներուն աննման փաղանգովը, հակառակ անոր որ մեր գրականութիւնը, քաղաքական իմաստութիւնը կ՚անգիտանային նման գեղեցկութիւն մը, մեծութիւն մը), աւելի էր քան բնախօսական հասարակ պարտքը, զոր մենք ունինք հանդէպ մեր արեան ու տուրքերուն։ Չեմ իջներ մինչեւ տեսանելի, պայծառ անցեալը։ Աւելի քան ստոյգ է ին/23/ծի, որ մեր ժողովուրդին գրականութիւնը շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ, ձայնն էր անոր փորձանքներուն, անոր խուլ, անվերածել, տրտմանուշ հծծիւններուն։ Ու գոյնն էր անիկա արնաշաղախ պատմուճանին, որուն կտաւը հիւսեցին մեր դարերը, անհուն չարիքին եւ անորակելի տառապանքին մէջ, երբեւիցէ վիճակուած ոեւէ ժողովուրդի։ Այսօր դերերը չէին փոխուած։ Դար մը ու աւելի առաջները եկեղեցին մեր կենդանի գրականութիւնն էր, մեր յաւիտենական աւազանումը, ինչպէս ասոնք փոխակերպելու մոգական գաղտնիքին ընդունարանը։ Այսօր մեր գրականութիւնը կ՚ըլլար փոխանորդը այդ մտայղացքին։ Հայելին էր մեր մարդկային փորձառութեանց։ Որքա՞ն այդ գրականութիւնը ինքզինք մերժէր դուրսէն ազդեցութիւններու, այնքա՛ն աւելի արդիւնքով կը կիրարկէր իր դերը։ Որքա՛ն քիչ ընդհանուր թեմաներ անոր սնունդ տայինք, այնքա՛ն մերը, մեր ապրածը լաւապէս իւրացնելու պատեհութիւն ունէինք։ Ու իմ համակրանքս, հիացումս տոհմիկ ոգիով մեր գրողներուն հասցէին խոր արդարացում մը կը գտնէր այդ մտածումներուն ընդմէջէն։ Ու խօսքը կը քակուէր հեքիաթին կծիկին նման։

Մեր հակաճառութիւնը, համամարդկային թեմաներու արժէքին եւ մեզի համար ներկայացուցած վտանգին լուրջ, պիտի հասնէր իր բարձրակէտին։ Սեւակի « Կարմիր գիրքը » կու գար աշխարհին լայ/24/նատարած պողոտաներուն վրայ ամէն րոպէ գալարուող տառապանքէն, զոր արդար է որ գլխագրեմ։ Նոյն ատեն գիտէի, թէ համոզուած էի, թէ անոր հեղինակը չէր այն ապազգայնացած թշուառականներէն, որոնք հեշտանքով, գրեթէ կատաղութեամբ կ՚անարգէին մեր ցաւը, զայն ստորադասելով գլխագրուած Ցաւին, բնազանցական ու խորհրդաւոր, եւ որուն մունետիկները չէին ամչնար, դեռ այդ օրերուն, մեր սրբազան դատը ծաղրել ծանօթ որակումներով ( շովինիզմ, ռոմանթիզմ, արկածախնդրութիւն եւայլն)։ Սեւակի համար պարտք մըն էր հայ գրողին վրայ ընդարձակել իր հետաքրքրութիւնը դէպի Ցաւին բոլոր անդաստանները, ուր պիտի հանդիպէր այդ գրողը իր ալ ժողովուրդին։ Ինծի համար նման հետաքրքրութիւններ ազդակներ էին տկարութեան։ Մեր ժողովուրդը անդադար արիւնաքամ, իր ուժերը պարտաւոր էր օգտագործել ի՛ր իսկ բարիքին։ Ի՞նչ էր մեր ժողովուրդին մթերքը այն գրականութեան մէջ, որ ահա վաթսուն ու աւելի տարիներու հասակ մը ունէր, ընդդէմ ժանեակին, փրփուրին, լուսինին, արշալոյսին ու անցեալին հռետորաշունչ ոգեկոչումներուն բոլորը այնքան հեշտագին յիմարութեամբ մը փառերգուած։ Որքա՛ն քիչ էին էջերը, ուր այդ ժողովուրդին հարազատ ապրումները ըլլային սեւեռուած։ Ու մարդոց որդիներուն ճակատագրուած ցաւին մէջ մերը մասնիկ մը ըլլալէն աւելին ալ էր։

 

Ինչպէս յաճախ կը պատահի նման վիճաբանութիւններու ընթացքին, ժամեր սահած էին։ Մեր դիրքերուն վրայ աւելի քան ամուր, անզիջող, մենք շարունակեցինք իրար հերքել մայր այս նիւթին շուրջ։ Մեր ջանքերը, խօսքը տարածելու դէպի արուեստի ուրիշ հարցերը, կը մնային անյաջող։ Հրաւիրեալներէն ոմանք գինովցեր էին։ Վարուժան կարդաց « Կարմիր հողը », այնքա՛ն խոր ու իրաւ զգայնութեամբ մը, որ սարսուռ անցաւ բոլորին վրայէն։ Սեւակ կ՚արտասուէր…:

Անոր արցունքը անցած էր գերման իր կնոջ։ Մէկէն, իբր թէ սեւ ձեռքէ մը, մեր մտքերուն վերեւ կախուած զգացինք սուգի մեծ շղարշ մը։ Ամէնքս ալ տեղեակ էինք մեր ժողովուրդին դէմ մութին մէջ պատրաստուած բանի մը, սեւ ու անորոշ, մեր մէջ անզետեղելի։ Ու լռեցինք։

 

Իրմէն բաժնուած պահուս գիշերը անցած էր կէսէն։ Բերայի լայն պողոտան ամայի։ Դժնետեսիլ մարդեր, տօնական իրենց տարազը երբեմն-երբեմն կը ցցէին մեծ ճամբուն վրայ բացուող փողո/25/ցիկներու բերնին, երկար, սեւեռ մեզ հալածող իրենց նայուածքներով, որոնք ցանցառ լոյսերու ներքեւ կերպը կը գտնէին մեր սիրտերը իջնելու։ Ես փնտռուած մըն էի ոստիկանութենէն։ Անոնք՝ վախին մէջ հաւանական խստութեան։ Ուրիշ նման խօսակցութիւններ, աւելի առաջ, մենք ունեցեր ենք այս բոլորին շուրջ։ Յաջորդ եղերական դէպքերը ունեցա՞ն իրենց անդրադարձը, որ այդ գիշերուան մեր խօսքը ստանար տեսակ մը սրբազան կտակի նկարագիր. ո՛չ իսկ ծուէն մը տկարացում ունի իմ մէջ։

Քառորդ դար է դարձել այդ օրերուն վրայէն։ Հիմա, երբ կը փորձեմ, գրական մեր համայնապատկերին մէջ Սեւակի տեղն ու դերը վերջնական կերպով սեւեռելու, ճշդելու, այցուած կը զգամ ինքզինքս այդ գիշերուան անոր արցունքներէն։ Իր մահը չի պատմուիր, այնքան մարդերու երեւակայածէն վեր ու դուրս չարչարանք մըն է ան։ Երբ իրեն չափ անուշիկ միւս տղուն հետ (Վարուժան) իրենց մարմինները նեարդ առ նեարդ կը փրցուէին, անոնք, վստահ եմ, մտքով եղան Բերայի այդ տունը, իրենց կիներուն ու զաւակներուն ողկոյզին մէջ ու ապրեցան այդ գիշերը, թերեւս դիմանալ կրնալու համար այդպէս մեռնելու ամօթին։

Քանի՜–քանի հեղ, Աստուծոյ տարին, այդ նահատակութեան մղձաւանջը կ՚այցելէ ինծի, յանգելու համար տարօրինակ գիշերին։ Ու աւելի տարօրինակը ա՛ն՝ որ գործին վերընթերցումը ինծի ետ բերաւ մարդը պայծառութեամբ մը, որ կը զարմացնէ։ Ուրիշներու հետ այս փորձառութիւնը, գործէն մարդուն բարձրացնելու, չունեցաւ սա բզկտող արձագանգը։ Խորունկ մտերմութիւն մը չ՚երաշխաւորեր այդ յուզեալ վիճակը ինձմէ ներս։ Սեւակ 1914–ի կէսին պիտի դառնար Պոլիս։

Ան իր սերունդին շքեղ արժէքներուն քով, հետ, կը կրէր նաեւ անոր տկարութիւնները, հեւքի մէջ հատնող պարմանութեան մը աճապարոտ անփութութիւնը, ու առանց թերեւս իր գիտնալուն, մեր ամէնքէն, ան միակն էր, որ մեր ցաւերուն դարմանումը, մեր ազգային կործանումը դիմաւորելու կամքը իր գրականութեան աւագ զսպանակ ունեցաւ։ Այնքան շատ էր իր խանդը, այնքան լեցուած էր իր ժողովուրդին ցաւովը, որ չզգաց, թէ իր միջոցները այդ ամէնուն ընդառաջման չէին ամրացած։ Ու ամէն խանդոտ տղու նման, նետեց իրմէ դուրս իր խռովքները, բողոքը, ցասումը, երազանքը բոլորը /26/ առանց բիւրեղացման։ Այս հաստատումը կ՚ընեմ իր գործը վերլուծելէ առաջ։ Ան իր սերունդին ամենէն գործօն, ամենէն եռանդուն, ամենէն կատաղի հաւատացեալն էր։ Ու այդ հաւատքը այն քաղցր մշուշն է, որ բարիքի մը պէս կը ծաւալի անոր մեզի ձգած արդիւնքին երեսին, մեղմելով խակութիւնները, ծածկելով խրամատները ու երբեմն ոսկեզօծելով գողտրիկ անկիւններ, հրաշահիւս գեղեցկութեան մը մէջ, որ ծածանէր ընդմէջ երազին ու իրականութեան։ Սեւակ ունի բացարձակ արժէքով մէկէ աւելի քերթուածներ ու արժէքներ։ Այս փոքր յաջողուածքն իսկ զինք կ՚ընէ իրաւատէր տունի մը մէջ, ուր իրմէ նուազ երախտաւորներ այնքան տարի իրենց ուռած համբաւները պարտադրեցին։


 



[1]     Արդար ու պարզ (այսինքն ոչ պատճառաբանեա՜լ) լռութիւն մը կը խորհիմ, թէ արդար ու պարզ վարձատրութիւն մը կազմէր պիտի խումբ մը մարդոց մասին, որ այդ օրերուն տէր ու տիրական էին արեւմտահայ գրականութեան մէջ: Տաղանդի հարցը չէ, որ զիս կ՚ընէ խիստ կամ ցասկոտ: Գիտեմ, թէ այդ տաղանդը շուկայէն գնուելիք ապրանք մը չէ։ Բայց դառնագոյն փորձառութեամբ ալ գիտեմ դարձեալ, որ միս-մինակը այդ տաղանդը աւելի չ'արժեր քան անուշիկ, սնափառ միամտութեան մը վստահութիւնը: Կան երիտասարդներ, որոնք կը հիանան իրենց մարմնական գեղեցկութեան եւ յիմար են այդ հիացումը մեզ մատուցանելու: Առանձին, տաղանդը նման տկարութիւն մըն է հոգեղէն իրականութեան մէջ։ Այդպիսով է, որ գործեր կը գրուին, որոնք պիտի չազատին։ Ոչ ոք կ՚ուրանայ, որ Ռ. Պէրպէրեան անունին հետին իրական տաղանդ մը գոյութիւն ունէր։ Աւելին՝ այդ տաղանդը պաշտպանող որոշ ալ զգայնութիւն, կեանքի փորձառութիւն։ Դուք տեսաք, թէ ինչ կ՚արժէր «Ովասիս»ը։ Չեմ մերժեր դարձեալ այդ տաղանդը ո՛չ Արտաշէս Յարութիւնեանին, ո՛չ ալ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆին։ Բայց չեմ ալ մերժեր՝ «Նոր Քնար»ը . Յարութիւնեան) կամ «Միամիտի մը արկածները» . Չիֆթէ-Սարաֆ) աւելի բարձր գնահատելու, քան «Յուզման ժամեր»ը (Յովհաննէս Սէթեան) եւ «Թիապարտը» կամ «Եըլտըզէ Սասուն»ը (որոնց հեղինակները անուանելու սրբապղծութիւնը չեմ ներիր ինծի սա էջերուն), երկուքն ալ իրարու հաւասար թերութեանց յորդ հանդէսով մը, այնպէս, որ տաղանդը անզօր է մնացած բան մը փրկելու մեծատարած այդ ոչնչութիւններէն։ «Արեւելքի բոցեր» (Եդուարդ Գօլանճեան), «Խաչուած երազներ» (Հրանդ Նազարեան), «Փանդիռ» (Լեւոն Էսաճաճեան) գործեր են, ուր կայծեր կը թրթռան այդ տաղանդէն, բայց խաւարչտին խոնաւութեանը, անմարդկայնութեանը մէջ միւս տարրերուն կը մարին, առանց կարենալ կենագործելու անարգ կաւը, որ նախանիւթն է ամէն ստեղծումի, մարդու թէ արուեստի մարզերէն։ Ու կու տամ ձեզի ուրիշ ալ անուններ Անայիս, Զարուհի Գալէմքեարեան անուններուն տակ ծածկուած է բաւական ստուար մթերք մը չափուած բառերու, արձակ քերթուածներու, ուր միշտ այդ տաղանդին յուշքը կը տառապի, այն անգամ սնոտիքին, նուրբին, փրփուրին ու պղպջակին անլուր յոխորտանքէն։ Երբ մեր ուշադրութիւնը փոխադրենք աւելի բարձր որակով անուններու (Զարդարեան, Սիամանթօ, Սուրէն Պարթեւեան, Սիպիլ, Արփիար Արփիարեան), պիտի զգանք սրտի սեղմումով, թէ որքա՛ն տառապած է նոյն այդ տաղանդը, այս անգամ իր բոլոր լիութեանը մէջ, ստեղծելու համար «Ցայգալոյս»ը կազմող էջերուն մօտաւոր կէսը (հռետորական էջեր, գեղապաճոյճ հեքիաթները, այսինքն` «Եօթը երգիչներ»ը եւ «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ»ը), «Ամբողջական գործը» (Սիամանթօ), ուր ազնիւն ու հասարակը, խորն ու ծանծաղը, իրաւի ու փչուածը ճիտ ճիտի կը գալարուին, նիւթական ցաւի մը նման մեզ պրկելով։ «Ձայնը հնչեց» կամ «Անմահ բոցը» . Պարթեւեան), որոնք գռեհիկ խաչագողութիւններ են, ամենէն ահաւոր դէպքերէն ամենէն զզուելի զոհը հետապնդող։ «Ցոլքեր»ը (Սիպիլ), ուր շատ քիչ է բաժինը սիրտին, «Խնդամոլիկ աղջիկը» (Արփիարեան), որ լրագրական աճպարարութիւն մըն է, վիպակ ըլլալէ առաջ: Այս վերյիշումները նպատակ ունին մեզի թելադրելու, թէ 1900–ի մարդոց երկրորդ խումբը, որոնց համար է բացուած այս ծանօթութիւնը, աւելի թշուառական արարածներ էին, քանի որ տաղանդի սա կայծէն կամ կրակէն հիմնովին զուրկ ծնան: Աւելի կամ նուազ վաւերական կիներ (ինչպէս պիտի ըսէր մեծատաղանդ պարսաւողը արեւմտահայ գրականութեան՝ Սուրէն Պարթեւեան), աղջկան դիմակ առած մանչեր (անմոռանալի է Մարի Յովհաննէսեանը, որ քանի մը տարի 1900–էն ետք իր վրայ խօսեցնելը վերածեց իր միակ փառասիրութեան եւ շարունակեց հաւատալ իր մէջ ենթադրած բանաստեղծին իրականութեան Մերուժան Պարսամեան), Ռոպէրթ գոլէճ աշակերտած ըլլալու արիստոկրատ ունայնամտութիւնը վաւերացնել ձգտող տաղաչափներ, տարեդարձի վաճառականներ, երանելի խմբագիրներ, անասելի հասառուներ, թաքուն թշուառութիւններ (խորհիլ որ Տոմինօ, Քրիզանթէմ, Լիլա մինակ ծածկանուններ չեն, այլ օրուան կարելի գրական փառքերը), բոլորը մէկ իրար կը գտնեն գրականութեան բզկտուած ծիրանիին ներքեւ։

       Պոռնկագրութիւնը, զոր այնքան ահաւոր հաշիւներով թուրք գրաքննութիւնը կը քաջալերէ, մեր հոգին թուլացնելու տիրական ազդակ մը դատելով զայն, մարմներգութիւնը, որ մէկ ուրիշ փոփոխակն է վերի մոլութեան ու նոյնքան աղիտաբեր, գրական հռետորութիւնը, որ ճշմարիտ ստեղծումը կը կաշկանդէ, մեզ ընելով գոհացող բառերով (se paver des mots), սուտն ու փուտը, ներկն ու փոշին, ժանեակն ու թաւիշը կը մրցին իրարու հետ, դարավերջիկ օտար ձգտումներուն ալ նորութեամբը, գրաւելու համար մրցարանը, ուր կատարուած էր սրբազան պայքարը մեր ժողովուրդին հոգեւոր ազատագրութեան։ Այս պատմութեան մէջ, այսքան մը յիշատակութիւն աւելորդ չեմ գտներ: Անանուններ կան այդ խումբին մէջ, որոնք իրենց ծիծաղելիին ընդարձակութեամբը թերեւս պիտի փրկուին մոռացումէն։ Ամեն անգամ, որ պիտի յիշենք Միսաք Մեծարենցը, Եփեսոսի տաճարը հրդեհող յիմարին հետ զուգորդօրէն մեր մտքին պիտի ներկայանան մարդուկը, որ «Նոր տաղեր»ը կոյանոցի ծաղիկ անուանեց եւ այն միւսը, որ բառախաղը ըրաւ մի սագի վերածելու նուիրական անունը եղերաբախտ քերթողին։ Դժբախտ բան է անշուշտ սա պատիժը, բայց անբաւարար, երբ կարգը կու գայ գին տալու «ՄԻԱՄԻՏԻ ՄԸ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ» յիմարապատումին, որ նկատուեցաւ արուեստի մեծ գործ . Փափազեան, իր «Պատմութիւն հայ գրականութեան» աշխատութեան մէջ) եւ որուն առջեւ հեշտագին ու սխրագին խունկ ծխելը կը փառերգէր այդ օրերու հասկացող գեղեցկագէտ-քննադատը՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, խելացի եւ իրաւ մարդ մը, որուն դժուար պիտի ներուի վերի մեղքը։

[2]     Այս պիտակը յարմար կու գայ շարժումի մը, որ 1914–ին մարմին առաւ Մեհենական անունով եւ որուն զսպանակներէն կարեւորագոյնը կը մնան նորութիւն եւ ազգայնացում։ Պէտք չէ խրտչիլ հեթանոս Վարուժանը մօտիկը տեսնելով, այդ հանդէսին մէջ, միասքօղ եւ անլուրջ Զարեանին, հիմնովին հռետոր այս տողերը գրող չոր վերլուծողին ու այն միւս տղուն, որ խմբագրական աշխատանքը ամենէն հերոսաբար մարմնացնողը եղաւ, անհրաժեշտը (Գեղամ Բարսեղեան, որ միս–մինակը կ՚ընէր «Ազատամարտ» օրաթերթին սեւ աշխատանքը, ազնուապետական յիմարներու կողքին, որոնց բաժինն էր՝ իրենց շուքերը դնել ձեռնարկին մէջ)։ Ձախերուն հետապնդած նորութիւնը ընդարձակ մտադրութիւն մըն էր, տեսակ մը հակազդեցութիւն 1900–ի ձեւական նորամոլութեան դէմ։ Անիկա չէր նման իրապաշտ հակազդեցութեան ընդդէմ մեր կրտսեր ռոմանթիքներու ձեւական մարմրուքներուն, բառերով եւ բացագանչութիւններով միայն ինքզինքը իրագործող։ Ուզուածը նորութիւնն էր, ծնունդ՝ նոր խորքերու, ինչպէս կար փաստը Վարուժանի «Ցեղին սիրտը» հատորին մէջ, մանաւանդ «Հեթանոս երգեր»ը լեցնող կայծկլտուն որքան հաստատ լոյսին մէջ։ Ուզուածը բարդ ֆրազը, շատ–շատ քերթուածը կամ էջը նորափետուր ընծայող բռնագիւտ պատկերներու եւ փոխաբերութեանց հտպտանքը չէր, այլ այն հարազատ կերպարանքը, որ նիւթէն կը բխի ու զայն կը սեւեռէ, իբրեւ թէ առաջին անգամ ըլլար երեւան եկած։ Խորհեցէ՛ք Օհան Կարօ, Համաստեղ անուններուն ու ջանացէք ճիշդ բառ մը գտնել որակելու համար ձեր տպաւորութիւնը։ Նոր չէր այդ տղոց նիւթը, բայց նոր՝ զայն կերպադրող արուեստը: Դարձեալ, ձախերուն հետապնդած ազգայնացումը հիմնովին հերքումն էր վաթսունի (1860) մարդոց հռետորական օգտապաշտութեան, պատմամոլութեան, լիպերալիզմին, որոնք ընկերա–քաղաքական շարժումներ էին աւելի քան գրական ուղղութիւն (օրիենտացիա պիտի գրէին արեւելահայերը)։ Այս ազգայնացումը՝ դէմ մանաւանդ Մխիթարեաններուն, որոնց հնոտի, տափակ պաշտամունքը մեր լեզուին (գրաբար) փլասթիք շնորհներուն այնքան աղիտաբեր եղած էր մեր բանաստեղծութեան եւ վէպին։ Աւելի քան քառորդ դար «Նուագք» եւ «Յուշիկք Հայրենեաց» գիրքերը գրական ընթերցումներ ու հանգանակ էին նոյն ատեն։ Այդ ազգայնացումը վերադարձնել էր մեր գրականութիւնը իր ցեղային հարազատութեան, խորքին, իրական մոյնքին, բայց տարբերութեամբ մը գաւառական գրականութիւն բանաձեւին տակ զետեղուած յղացքէն ալ։ Ձախերը կը հաւատային իրենց ցեղին մէջ անայց շտեմարաններու յոյզէն, գեղեցկութենէն: Այդ ընդերքը մինչեւ խորանալ, հոն պահ դրուած գանձերը բերել լոյսին։ Ասիկա կը նշանակէր արեւմտահայ գրականութիւնը ընդունիլ թերի, հատուածական, ու ընդարձակել այդ գրականութեան սահմանները Պոլսէն, Իզմիրէն, Վենետիկէն շատ անդին, դէպի Արեւելք, դէպի սիրտը մեր երկրին։ Անոնք չէին վախնար այդ ճամբով նոյնիսկ հանդիպումը ընելէ արեւելահայ ուրիշ տափակութեան մը, այն լրագրա–ընկերային օգտապաշտ ոգիին, որ դպրոց կազմած էր Թիֆլիս։ Այս արագ նշմարները անբաւական են անշուշտ իր լիութեան մէջ նուաճելու իմ երիտասարդութեան տագնապները (գրականութիւնը ինծի համար եղած է նիւթական ցաւ մը, կիրք մը, սիրահարում մը), բայց կը թելադրեն ուրուային տեսիլքը այդ գրողներուն։ Տարբեր մարդեր էինք, գեղեցկագիտական գրեթէ հակադիր հանգանակներու սպասարկու: Բայց կատաղի պաշտամունքովը հաշտ էինք իրարու, մեր գրականութեան ազգայնացման, տարազին տալով tellurique, հողային տարողութիւն։ Ատկէ՝ ոգեղէն միութիւն, որում երկրորդ երեսը պիտի ըլլար պայքարի կեցուածք մը, ճիգը միանգամ ընդմիշտ տապալելու մէկէ աւելի ճաշակներու ձախորդ ժառանգութիւնը կանխող երկու սերունդներուն։ Դէմ չէինք անշուշտ իրապաշտներուն այնքան ամուր խորքին, բայց դառնութեամբ կը հաստատէինք, որ 1895–էն ասդին, մօտ երեսուն տարուան մէջ, մեր վէպը կը մնար իր խանձարուրքին մէջ, աւելի ճիշդը կեանքը շեշտ, ջերմ տեսնելու եւ իբր այդ միայն օգտագործելու հանգանակին ենթակայ, ու կը տառապէինք մեր զոյգ տառապանքները, որ պակսիլն էր մեր ժողովուրդին՝ մեր հին ու նոր գրականութեանց։ Երեսուն տարի մեր լաւագոյն տաղանդները մեր կեանքին շատ քիչ մէկ մասը տեսեր ու արուեստին էին բերեր։ Մեր բանաստեղծութիւնը կ՚անձնանար, մեր թատրոնը վարժապետական ճամարտակութեանց ժամադրավայր մը կ՚ըլլար, գլխաւորաբար Լեւոն Սեղբոսեանի (Շանթ) պիէսներուն մէջ։ Մեր ժողովուրդը, իր լայն յատկանիշներով, մենք կ՚ուզէինք մեր գրականութեան մէջ (պատերազմէն վերջ Զարեանի, Օշականի ընդարձակ փորձերը այդ կեանքէն լայն գօտիներ նուաճելու չունին ուրիշ մեկնակէտ), ու կը հաւատայինք ատոր կարելիութեան։ Յետոյ, դէմ էինք իրապաշտ արտայայտութեան, որուն աղքատախնամ պարզութիւնը անշուշտ որ յաջողութիւն մըն էր Լեւոն` Բաշալեանի, Արփիարեանի քանի մը վիպակներուն մէջ, բայց որուն ծեքծեքուն ալ զարդարանքը մեզ կ՚ընէր դառնօրէն տրտում Սիպիլի, Չօպանեանի, նոյն այդ Բաշալյանի գործերէն մէկ մասին մէջ։ «Աղջկան մը սիրտը» վէպին վրայ այդ երկուութիւնը յստակ է հայելիի պէս։ «Կրիան» եւ «Նոր զգեստը», երկուքն ալ Լեւոն Բաշալեանի գրիչէն, երկու հակադիր հանգանակներու կը պատկանին կարծես։ Արտայայտութեան խնամքը, կորովը, գեղեցկութիւնը կը պահանջէինք, ու գիտակ էինք վտանգին, որով յաճախ կ՚իրանան այս շնորհները (Կոստան Զարեանի ոտանաւորը, «Մեհեան»ի մէջ, կը տառապէր այդ խորհրդապաշտական truc-ներով։ «Օրերի պսակը», լոյս տեսած պատերազմէն ետք, թօթափած է այդ մեղքերը մթութիւն, բռնազբօսութիւն, արուեստակութիւն)։ Դէմ էինք դարձեալ արտայայտութեան կերպերուն այն գրողներուն, որոնց տաղանդը գիտէինք բարձր, արի, հարազատ: Բառամոլութիւնը, նրբամոլութիւնը մեր սարսափը կը կազմէին։ Շատ բարձր գնահատելով հանդերձ «Ներաշխարհ»ը, կը տառապէինք (ամենէն աւե լի` այս տողերը գրողը) արտայայտութեան զանցումներէն ու աճպարարական տկարութիւններէն, որոնք կը վտանգեն «Ներաշխարհ»ը։ «Մեհեան» հանդէսին մէջ Զարդարեանի մէկ էջը դուռ էր բացած ծանր վիճաբանութեան։ Նոյն ատեն, «Նաւասարդ» տարեգիրքին մէջ նոյն հեղինակին մէկ ուրիշ հեքիաթը, «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ», տեղի տուաւ զօրաւոր բախումներու ընդմէջ Վարուժանի եւ տողերս ստորագրողին։ Հրանդ Նազարեանցի, Վրթանէս Փափազեանի, Լեւոն Սեղբոսեանի վրայ յարձակողականները («Հարթենք» ընդհանուր վերնագրին տակ) ծնունդ էին արուեստի որոշ հաւատամքներու: Վէճ կար Զարեանի եւ Վարուժանի մէջտեղը, այնքան զօրաւոր, որ «Հեթանոս երգեր»ը նոր տպող բանաստեղծը չկրցաւ հանդուրժել դեռ խոստում միայն եղող Զարեանի յաւակնութիւնները: Թէ խմբակին նահատակ գրողներէն Վարուժան ինքզինք լիովին իրագործած արուեստագէտ մըն էր, չունիմ տարակոյս, բայց Զարեան իր լիութիւնը պիտի գտնէր պատերազմէն ետք։ «Անցորդը եւ իր ճամբան» յաջող պատկեր մըն է ընդարձակ կեանքի մը: Բայց Գեղամ Բարսեղեանը չբացուած, բացուելու ատեն չունեցող վարդի մը պէս անցաւ մեր գրականութեան մէջէն։ Արտաշէս Յարութիւնեան երէցներու տրամադրութիւնը կը պատկերէ հոն յստակ վերլուծումներով։ «Մեհեան»ը, ուրիշ անունով «Բարձրավանք» (1922), երբ կը ծնէր Պոլսոյ մէջ, աւերակներու վրայ զուր, ձրի ծաղիկ մըն էր իմ մտքին մէջ։

 

 

[3]     Յակոբ Մնձուրի, Մեծ Արմուտանէն, որ մեր հայրենիքին ամենէն հեշտախորհուրդ գեղեցկութեանց հանդիսարանն է տեսնել կրցողին, ըրաւ իր մուտքը արեւմտահայ գրականութենէն ներս «Ազդակ» (1909) երիտասարդ հանդէսին մէջ, զոր կը խմբագրէին Շաւարշ Միսաքեան, Վահրամ Թաթուլ եւ Գեղամ Բարսեղեան երիտասարդ գրողները, եւ որուն իրենց վարկը, հովանաւորութիւնը պատուակալօրէն շնորհած էին Ռ. Զարդարեան եւ Տիկին Եսայեան եւ ուրիշներ։ Հանդէսը տմոյն, աղմկոտ, խանդավառ բայց խակ, ձայնը չէր կրնար ըլլալ գրական սերունդի մը, քանի որ զայն խմբագրող երիտասարդութիւնը ունէր որոշ կաղապար, ամրօրէն կնքաւոր 1900–ի ախորժակներով, որոնց վրայ կ՚աւելնար քաղաքական գործունէութեան ամուլ ու վնասակար իսկ տենդը։ Նորերու զգայութի՜ւնը՝ նորերու հանդէսին մէջ։ Ամբողջ մեր երիտասարդութիւնը բացառիկ յուզումով մը իր բովանդակ ուժերը տրամադրած էր քաղաքական այդ գործունէութեան սպասին, թունդ որքան այլամերժ, յամառ որքան անխելք խանդավառաւթեան մը անձնատուր, զոր չէին պակսեր արժեցնելէ աշխարհի բոլոր ծագերէն Պոլիս խուժած կուսակցական գործիչներ, ամէն գոյնէ եւ հաւատքէ։ Ճառի, թերթի, պրոշիւրի, վէճի, բանախօսութեանց ճշմարիտ ջրհեղե՜ղ։ Յակոբ Մնձուրի այն քիչերէն էր, որոնք յաջողած էին պահել համեմատական հանդարտութիւն եւ որոշ ալ անկախութիւն: Անորակելի հրաշքով բռնկած այդ երիտասարդութեան մէջ, զոր ընկերային, ազգային իրարամերժ դաւանանքներ կ՚ընէին բաժան–բաժան, գրականութիւնը անվաւեր, չորրորդական զբաղում մըն էր, այն գրականութիւնը, որ լման երկու սերունդի իմացական հաւասարակշռութիւնն էր տուած եւ որուն կարգախօսը այդ տղոց բերնին մէջ վերածուած էր բոցաթռիչ հռետորութեան, Սիամանթոյի գլխաւորու թեամբ ու Վարուժանի փաղաղիչ հրապոյրով քրմացող ինքնաբաւութեան։ Յակոբ Մնձուրի կը բերէր մեր հայրենիքը, բայց ո՛չ անոր զուլումին հերարձակ ու յոգնեցուցիչ եղերերգութիւնը։ Ան կը բերէր անպատմելի այն բոյրը, համը, հողային հոգին, որոնք երկիր մը կը մասնաւորեն, կ՚անցնին հոն ապրող շարժուն տարրին մարդուն ու կ՚ըլլան անձնաւորութիւնն իսկ այդ հողերուն։ Ու այս բերքը՝ համակ ինքնատպութի՛ւն, որ չըլլա՛ր բառերու կամ բացատրութեան փնտռուած միջոցներու շնորհ մը, այլ չտեսնուածին, չլսուածին սեւեռումը: Մարդեր ու բարքեր կային անոր պատկերներուն ամէն մէկ մասին մէջ: Պոլսեցիներուն ծիծաղելի դարձուցած գաւառը նոր իրաւունքներ կը նուաճէր, վաղուան գրականութեան կորանքէն ետք։ Յակոբ Մնձուրի ունէր պատմումին էական կիրքը, որ մարդերն ու անոնց հոգին իրարու հաշտ ընծայելն է, դէպքերը ղեկավարելու բաւարար շնորհ, որուն մէկ ուրիշ անունն է գործողութեան բնազդ կամ զգայարանք, կեանքի, այսինքն բարքերու ազնուորակ մթերք մը, առնուազն քանի մը կարեւոր տարուան անաղարտ հնութեամբ մը (քանի որ այդ դժուարամատոյց խորշերուն մէջ ամէն ինչ՝ մանաւանդ արտաքին ազդեցութիւնը ենթակայ են խոր հակազդեցութիւններու։ Դաշտը կը մաշէ, լեռը կը պահէ մարմինը ինչպէս հոգին։ Մնձուրիի բարքերը այնքան հարազատ էին, որ պահ մը մեզ տպաւորեցին իբր տարաշխարհիկ յայտնութիւն։ Յետոյ, զանց չեմ ըներ արտայայտութեան ալ յատուկ նկարագիրը, արու, հաստատ, զուսպ, առողջ: Ան կերպը գտեր էր Զարդարեանի բառական հռետորութենէն չվարակուելու, փափուկ ու հնչագեղ յարդարումին փոխան զուսպ ու հիմնական տարրեր միայն գործածելու իր աշխարհին յօրինման։ Նոյնպէս, գիտակից էր անփութութեան-լրագրական արձակութեան, ըսելիքով միայն մտագրաւուած, բայց այդ ըսելիքին տարազը, վայելչութիւնը, ոճը խնամքի անարժան դասող միամտութեան վտանգներուն, որոնք այնքան ալ մեծ դեր մը ունին մեր գործերուն ճակատագրին վրայ։ Փորձառութիւնն առա՞ծ էր Թլկատինցիին լայն վրիպանքին, որ գինն էր այդ միամտութեան: Մեր ամենէն մեծ գրագէտը դառնալու բոլոր առաքինութիւններով օժտուած այդ մարդը զոհն էր այդ անփութութեան։ Յակոբ Մնձուրի Պոլսոյ մէջ շարունակեց իր պապերուն արհեստը։ Հաց կ՚եփէր ան։ Գործաւորի շապիկին մէջ ան, աւելի վերջերը, փաստն ալ տուաւ ոճին բարիքին, որ ձեր մտքին մէջ պէտք չէ արթնցնէ պոլսական փաղաքուշ, սպրիկ կամ բոցաճաճանչ գրելու կերպը, մանաւանդ 1900–ի դպրոցին գրքունակ փառքը։ Քանակէն տառապող այս գրագէտը ստորագրած է անմոռանալի էջեր Շաքարեանի, Վահան Մանուէլեանի (Կ. Տօղրամաճեան), Աղեքսանդր Շաքլեանի նման։ Պատերազմէն ետք ան չբաժնուեցաւ Պոլսէն։ Մինչեւ 1930 հանդիպելի էր իր անունը տեղական թերթերու եւ թշուառ հանդէսներու մէջ, իր սկզբնական շնորհներուն իր կողմէ պարտադրուած դալկացումով մը, որ կը յուզէ հասկցողը։ Պոլիսը՝ հիմակուանը՝ հերքումն իսկ է անոր տաղանդին, քանի որ մեր ժողովուրդը հոն դատապարտուած է իր դարերը ուրանալու: Այնքան յուսադրիչ սկիզբով սա արուեստագէտին այնքան անօգուտ կերպով թառամիլը աւելի է ինծի քան սովորական ցաւը։